Հինգշաբթի, 9 Փետրուար 2023-ին, Թռչնոց Բոյնի խնամակալութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորութեամբ հաստատութեան տեսուչ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեանի։ Հայր սուրբը ու խնամակալութիւնը լայն զեկոյց տուին Վեհափառ Հայրապետին՝ հաստատութենէն ներս իրագործուող աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին։
Ողջունելով տեսուչն ու խնամակալութիւնը՝ Վեհափառ Կաթողիկոսը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ի տես Թռչնոց Բոյնէն ներս կատարուող մարդասիրական աշխատանքներուն։ Հայրապետը ըսաւ.- «Թռչնոց Բոյնը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունի, որովհետեւ ան նախախնամական մեծ գործ կատարած է Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, դանիացի Մարիա Ճէյքըպսընի գլխաւորութեամբ, խնամելով հազարաւոր հայ որբեր։ Այդ որբերէն շատեր իրենց խնամքը ու դաստիարակութիւնը ստանալով Թռչնոց Բոյնէն ներս՝ գործօն ներկայութիւն դարձած են մեր կեանքին մէջ՝ կազմելով ընտանիք եւ դառնալով ուսուցիչ ու հոգեւորական, մտաւորական ու ազգային գործիչ։ Այսօր նոյն դերակատարութիւնը կը շարունակէ Թռչնոց Բոյնը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անմիջական խնամքին տակ»։
Այս առիթով Նորին Ս. Օծութիւնը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Թռչնոց Բոյնի բարերարներուն ու բարեկամներուն, որոնք նոյնիսկ Ամերիկայի ու Աւստրալիոյ հեռաւոր ափերէն իրենց լուման կը դնեն հաստատութեան ծառայութեան գանձանակին մէջ։ Ան նաեւ գնահատեց Թռչնոց Բոյնի մէջ ծառայող ուսուցիչները եւ փոքրիկները խնամող մայրիկները, որոնք հայր սուրբին գլխաւորութեամբ լծուած են նուիրական առաքելութեան։