Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

«ՆԵՐԿԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ԴԻՄԱՑ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄՆ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Այս շեշտաւորումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Յունաստանի հայութեան, Աթէնքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, որ մատուցուեցաւ Նորին Սրբութեան Յունաստանի հայոց թեմին տուած հովուապետական օրհնաբաշխ այցելութեան երկրորդ օրը՝ Կիրակի, 12 Մարտ 2023-ի առաւօտուն։

 

Հայրապետը դիմաւորուեցաւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան կողմէ, որոնք եկած էին լսելու Հայրապետին պատգամը եւ ստանալու անոր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը բարձր գնահատանքով ողջունեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի, ինչպէս նաեւ հոգեւոր դասուն, Ազգային Վարչութեան եւ հայ կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններուն խանդավառ ու բեղուն ծառայութիւնը:

 

Հայրապետը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանին հետեւեալ տողերը՝ «Ես եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի խաւարին մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ’առաջնորդէ» (Յհ 8.12): Նորին Ս. Օծութիւնը ըսաւ, թէ լոյսը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ, ինչպէս Ծննդոց գիրքին մէջ կը կարդանք: Տիեզերքի ստեղծագործութեան առաջին օրը Աստուած ըսաւ՝ թող լոյս ըլլայ եւ լոյս եղաւ: Ուստի, լոյսը Աստուածային յայտնութեան ու ստեղծագործութեան առաջին ու էական երեւոյթներէն մէկն է: Լոյսն է, որ տիեզերքի այլ տարրերուն իմաստ ու նապատակ կու տայ: Հայրապետը՝ բացատրելով լոյսին քրիստոնէական հասկացողութիւնը, հաստատեց, թէ լոյսը եւ խաւարը չեն կրնար գոյակցիլ: Լոյսը ստեղծուած է Աստուծոյ կողմէ. անոր գոյաւորման աղբիւրը Աստուած է: Խաւարը լոյսին բացակայութիւնն է: Հետեւաբար, ուր լոյս չկայ հոն խաւարը կը տիրէ: Շարունակելով իր պատգամը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Լոյսը սոսկ ֆիզիքական երեւոյթ մը չէ, անիկա հոմանիշ է Աստուծոյ ներկայութեան: Աստուած ոչ միայն ստեղծիչն է լոյսին, այլ նաեւ անոր ներկայութիւնն է. լոյսին իմաստ ու նպատակ տուողը Աստուած Ինքն է: Երբ լոյսը բացակայ է, հոն կը տիրէ խաւարը, այլ խօսքով՝ ուր Աստուած բացակայ է, հոն կը տիրէ չարիք: Հին Կտակարանի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդը հեռացաւ լոյսէն, այլ խօսքով՝ Աստուծմէ՝ ընտրելով խաւարը եւ չարը: Ուստի, ուր խաւար կը տիրէ, հոն նաեւ չարը կը տիրէ: Ահա այս կացութեան դիմաց լոյսի աղբիւրը՝ Աստուած, Իր Միածին Որդին ղրկեց, որպէսզի դառնայ խաւարին մէջ մնացած աշխարհին լոյսը: Քրիստոս Ինքն է ճշմարիտ լոյսը աշխարհին: Անոր առաքելութիւնը խաւարին դիմաց լոյս տարածել, մարդկային կեանքը լոյսով լեցնել էր: Աւետարանները յստակ կերպով կը պարզեն, թէ Քրիստոս Իր կեանքով ու հրաշքներով ցոյց տուաւ մարդուն լոյսի ճամբան: Լոյսի ճամբան կեանքի ու փրկութեան ճամբան է, եւ Քրիստոսի հետեւելու ուխտը կատարած անձը պէտք է քալէ այդ ճամբէն»:

 

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով մեր ազգի դիմագրաւած դժուարութիւններուն՝ ըսաւ. «պատմութեան ընթացքին յաճախ խաւարը փորձեց տիրապետող ներկայութիւն դառնալ մեր կեանքէն ներս, սակայն Քրիստոսի լոյս ներկայութեամբ, մենք կրցանք խաւարը վանել մեր կեանքէն, յաղթել խաւարին տիրապետութեան եւ մեր կեանքը Քրիստոս-լոյսով պայծառակերպել: Ներկայ ժամանակներուն խաւարը տարբեր կերպերով ու անուններով դարձեալ շրջապատած է հայ կեանքը, ամէն տեղ, Արցախէն սկսեալ, Հայաստան եւ Սփիւռք: Որպէս երկնային լոյսը ընդունած առաջին ժողովուրդ, մենք կոչուած ենք այդ լոյսով զինուած յաղթահարել ամէն տեսակ խաւարային մածումներ, մօտեցումներ ու ծրագիրներ, որոնք կը փորձեն մեր ժողովուրդը պահել խաւարին մէջ: Մենք լոյսի՛ ազգ ենք, լուսապա՛շտ ազգ ենք, լուսաւորիչներ ծնած եւ աշխարհին լոյս սփռած ազգ ենք: Այս հաւատքով ու գիտակցութեամբ պէտք է ապրինք՝ մեր կեանքը շաղախելով լոյս-Քրիստոսով»:

 

Նորին Ս. Օծութեան պատգամին վերջին բաժինին կեդրոնական մտածումն էր Սփիւռքի վերակազմակերպումն ու հայ երիտասարդութիւնը։ Արդ, Վեհափառ Հայրապետը, խօսելով իր հովուապետական այցելութեան առանցքային նպատակին մասին, յիշեցուց, որ 2022 ու 2023 տարիները հռչակած էր «Սփիւռքի Տարի» եւ այս ծիրին մէջ անդրադարձած Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսունականացման հրամայականին: «Այս ուղղութեամբ, մեր թեմերու վերակազմակերպումը առանցքային կարեւորութիւն ունի։ Մեր հովուապետական այցելութեան ընթացքին կարեւորութեամբ պիտի անդրադառնանք Յունաստանի հայոց թեմի վերակազմակերպման ծրագրին եւ թեմի հոգեւոր թէ՛ աշխարհական պատասխանատուներուն հետ միասին պիտի մտածենք, թէ ի՞նչ ձեւով կրնանք թեմական կառոյցները ու անոնց աշխատանքը վերատեսութեան ու վերակազմակերպման ենթարկել՝ ա՛յնպիսի մօտեցումով, որ անոնց գործունէութիւնը համապատասխանէ մեր ներկայ կեանքի պայմաններուն ու կարիքներուն: Վերակազմակերպման մեր աշխատանքին հիմնական նպատակը երիտասարդութիւնը մեր եկեղեցւոյ շուրջ համախմբելն է։ Այս ուղղութեամբ յատուկ ծրագիրներ հարկ է, որ պատրաստուին եւ Ազգային Առաջնորդարանին եւ ծուխերուն կողմէ համադրուած կերպով իրականացուին՝ երիտասարդներուն մասնակցութեամբ։ Դժբախտ երեւոյթ մըն է, որ կը դիմագրաւէ հայութիւնը, ամէն տեղ: Այսօր երիտասարդութիւնը հետզհետէ կը հեռանայ մեր հաւաքական կեանքէն: Հնամաշ ու զմռսուած մօտեցումներով ու կեցուածքներով աւելի պիտի հեռացնենք երիտասարդութիւնը թէ՛ ազգային եւ թէ՛ եկեղեցական կեանքէն: Հետեւաբար, պէտք է երկխօսութիւն ստեղծել երիտասարդութեան հետ ու վստահիլ անոնց՝ փոխանակ զանոնք հեռու պահելու մեր կառոյցներէն ու ընդհանրապէս մեր հաւաքական կեանքէն», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

 

Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ծաղկեալ փիլոնի տուուչութիւն թեմին մէջ ծառայող երկու քահանայ հայրերուն՝ Արժ. Տ. Պարետ Քհն. Խաչերեանին եւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհն. Շահինեանին։ Ապա, Հայրապետը, իբրեւ գնահատանք թեմէն ներս կատարուած ծառայութեան, Գերպ Տ. Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտըճեանին նուիրեց լանջախաչ։ Յիշեալ արարողութիւններէն ետք, տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն եւ աջահամբոյր, որուն յաջորդեց պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին թեմական ու համայնքային պատասխանատու մարմինները: