ԼՈԶԱՆԻ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ՝ ՄԱՍՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, 22-24 Ապրիլ 2023-ին տեղի ունեցան խորհրդակցական նիստեր՝ յատկացուած «Լոզանի 100-ամեակին Ընդառաջ» թեմային։   Տարեսկիզբին, Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ կայացած հերթական  նիստերու ընթացքին ընդգծուած էր անհրաժեշտութիւնը Լոզանի պայմանագրին 100-ամեակին ընդառաջ նախապատրաստուելու՝ հիմնական երկու ուղղութիւն նկատի ունենալով.- առաջին,  գտնել իրաւական այն ուղիները,…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ԵՒ ԲԱՐԵԽՕՍԱԿԱՆ ԿԱՐԳ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Հայոց Ցեղասպանութեան 108 ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ Ցեղասպանութեան զոհ սրբացեալ նահատակներու յիշատակին, ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի։   Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մօտ Հայաստանի…