Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն

Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ամենէն կարեւոր մարզերէն մէկն է։

Հայ եկեղեցին, ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, միշտ նեցուկ կանգած եւ յատուկ կարեւորութիւն է տուած քրիստոնէական դաստիարակութեան։

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի գործունէութեան մէջ առանցքային տեղ կը գրաւէ Աստուածաշունչի ուսուցումը։ Բաժանմունքի դաստիարակչական ծրագրին մաս կը կազմեն հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնները, բարոյական արժէքները եւ մեր հայրերէն մեզի հասած հոգեւոր ժառանգութիւնները։

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը իր մշակած ծրագիրներու ճամբով յագեցում կու տայ մանուկներու, պատանիներու, երիտասարդներու թէ տարեցներու հոգեւոր կարիքներուն, զանոնք հաղորդ դարձնելով մեր եկեղեցւոյ պատմութեան, դաւանանքին, աւանդութիւններուն, սուրբերուն ու տօներուն՝ թէ՛ հայկական եւ թէ համաքրիստոնէական շրջագծերէն ներս։ Իր տարեկան աշխատանքներուն մէջ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը կը ներառէ նաեւ յատուկ ծրագիրներ՝ Կիրակնօրեայ վարժարաններուն, տիկնանց եւ երիտասարդաց համախմբումներու համար։

Աստուածաշունչի սերտողութիւններուն, դասախօսական շարքերուն եւ հրատարակութիւններուն կողքին, բաժանմունքը ունի նաեւ համացանցի օգտագործման լայն կարելիութիւն։

E-mail: christian-edu@ArmenianOrthodoxChurch.org