ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Կաթոլիկ եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ քոյր եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան յանձնախումբը իր 19-րդ նիստը գումարեց 30 Յունուարէն 5 Փետրուար 2023-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ սոյն յանձնախումբին հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանը։

 

Յանձնախումբին հիմնական քննարկումը կեդրոնացաւ մարեմաբանութեան վրայ՝ Ս. Կոյս Մարիամը եկեղեցւոյ դաստիարակութեան եւ կեանքին առաքելութեան ընդմէջէն։

 

Ժողովի վերջին նիստին որոշուեցաւ յառաջիկայ տարուան հանդիպման թուականը, ներկայացուելիք ուսումնասիրութիւններու նիւթերը, ինչպէս նաեւ ժողովի վայրը՝ Վատիկան։