Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 28 տարիները եղան ո՛չ միայն հայ կեանքէն ներս բազմազան ու այլազան տագնապներով լեցուն շրջան մը, այլ նաե՛ւ ու մանաւա՛նդ այդ տագնապները հաւատքո՛վ, իմաստութեա՛մբ ու քաջութեա՛մբ դիմագրաւելու շրջան մը՝ առաջնորդութեամբ ու գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Ա՛յս կը վկայէ անցնող աւելի քան քառորդ դարու մեր ազգին պատմութիւնը։ Նորին Ս. Օծութեան կատարած իրագործումներուն ու ծառայութիւններուն արժեւորումը կը թողունք պատմութեան։ Փաստօրէն, մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքին ու առաքելութեան մէջ ոսկի էջ մը բացաւ Հայրապետը։
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 8 Մարտ 2023-ին, Կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ, վանաբնակ միաբան հայրերը, դպրեվանեցիները, պաշտօնէութիւնը եւ Դպրեվանքի տիկնաց յանձնախումբը, որպէս մէկ ընտանիքի զաւակներ, համախմբուեցան իրեց հոգեւոր հօր՝ Վեհափառ Հայրապետին շուրջ եւ աւանդական կարկանդակի հատումով ու բարեմաղթութիւններով՝ շնորհաւորեցին Հայրապետին ծննդեան տարեդարձը։ Յանուն Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեան սրտի խօսք արտասանեց Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, յանուն պաշտօնէութեան՝ դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան եւ Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին՝ Բարշ. Սերժ Սրկ. Քիւշէրեան։
Այս առիթով, Միաբանութիւն, պաշտօնէութիւն եւ Դպրեվանքի մեծ ընտանիք կու գանք մեր որդիական երախտագիտութիւնն ու բարեմաղթութիւնը յայտնելու Նորին Ս. Օծութեան։ Կ՚աղօթենք, որ բարձրեալն Աստուած առողջ ու արեւշատ օրեր պարգեւէ Հայրապետին, իր Հայրապետական ասան մնայ միշտ ծաղկեալ եւ մեր ժողովուրդի զաւակները հովուէ ու հասցնէ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ։