ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երեքշաբթի, 14 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Յունաստանի եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնը, ուր ան ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի Արքեպիսկոպոս Երոնիմոս Բ.ին կողմէ:   Արքեպիսկոպոսին շուրջ ներկայ էին մետրոպոլիտներ, եպիսկոպոսներ ու քահանայ հայրեր։   Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող դարաւոր սերտ յարաբերութեան ու գործակցութեան:…