Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Երկուշաբթի, 13 Փետրուար 2023-ին, Կաթողիկոսանիստ Վանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, մեծ շուքով նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ անդաստանի հոգեպարար արարողութիւնը, մեր Տիրոջ՝ Քրիստոսի կեանքի օրինակով մանուկներու տաճար ընծայումը եւ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող աւանդական խարոյկի հրավառութիւն։
Տեառնընդառաջի նախատօնակի առիթով ներկայ թէ առցանց հետեւող հաւատացեալներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց հայ ազգի ողջ պատմութեան ընթացքին հաւաքական հաւատքին ու վճառակամութեան, յոյսին ու վառ տեսլականին ցուցաբերած յաղթանակը՝ ընդդէմ պատմութեան պարտադրած բոլոր տեսակի տագնապներուն։ Այս գծով, ան վերյիշեցուց առաքեալին այն խօսքը, թէ երբ մարմնին մէկ անդամը ցաւի, ամբողջ մարմինը կը ցաւի (հմմտ. Ա.Կր 12.26)։ Նորին Ս. Օծութիւնը դիտել տուաւ, թէ ոչ միայն Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ երկրաշարժէն տուժած մեր հայորդիները կը տագնապին, այլեւ հայրենի ու Արցախի մեր ժողովուրդի զաւակները, բոլորս, ազգովին կը տագնապինք մեր ազգին ցաւով։ Մենք իրաւունք չունինք անտարբեր մնալու նման կացութեան դիմաց՝ թէ՛ Կիլիկեան աշխարհին պատկանող մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ թէ Հալէպի մեր գաղութի ցաւերուն, որովհետեւ բոլորս մէ՛կ ազգի կը պատկանինք։ Ուստի, կոչ ուղղեց աղօթք բարձրացնելու մեր զոհերու հոգիներուն փրկութեան եւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար. եւ, վերջապէս, աղօթենք, որ նման ցաւեր, տառապանքներ ու չարիքներ վերանան ու հեռանան մեր կեանքէն։
Անդրադառնալով Արցախի արգելափակման՝ Հայրապետը ըսաւ, որ աւելի քան 120 հազար հայորդիներ ձմրան ցուրտին կը շարունակեն տոկալ թշնամիին պատճառած դժուարութիւններուն ներքեւ՝ զրկուած ըլլալով կեանքի տարրական կարիքներէն ու մարդկային նուազագոյն իրաւունքներէն։ Ան հաստատեց, որ մենք ոչ միայն կը ցաւինք Արցախին շուրջ ստեղծուած տագնապով, այլ մեր ժողովուրդը կոչուած է իր հաւակաքան կեցուածքը արտայայտելու եւ պայքարելու արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի վերահաստատման։
Վերջապէս, Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը անդրադարձաւ Տեառնընդառաջի պատգամին։ Ան ընդգծեց, որ տարին անգամ մը նշուող արարուղութիւն մը չէ այս, այլ ամէնօրեայ կենցաղակերպ է։ Մանուկ Քրիստոսի օրինակով, մենք եւս հրաւիրուած ենք մեր զաւակները Աստուծոյ ընծայելու, որովհետեւ Աստուծմէ կու գանք ու Աստուծոյ կը պատկանինք. ուստի հաւատարիմ պէտք է մնանք Աստուածային պատգամին եւ Տեառնընդառաջի խորհուրդը ապրինք ամէն օր։ Աւարտին, Հայրապետը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ խնդրեց Ամենակալէն, որ մեր կեանքը լեցնէ Իր երկնային շնորհներով, որպէսզի մենք, իբրեւ եկեղեցւոյ զաւակներ, Քրիստոսի զաւակներ, մեր Տիրոջ ուխտը, ներկայութիւնը եւ կտակը մեր կեանքին հետ շաղախենք՝ Աստուածային օրհնութեամբ։
Պատգամին յաջորդեց մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի ծնողքին օրինակով, ներկայ ծնողներուն կողմէ իրենց զաւակներուն Ս. Խորանին ընծայման արարողութիւնը։ Ապա, աւանդութեան համաձայն, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Մայրավանքի շրջափակ, ուր Վեհափառ Հայրապետը Ս. Սեղանէն բերուած ճրագով վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը, որուն շուրջ Դպրեվանքի սաները ազգային երգեր երգեցին։ Աւարտին, հաւատացեալներ Քրիստոսի Լոյսը խորհրդանշող լոյսը իրենց հետ տուն տարին, իբրեւ Աստուածային օրհնութիւն։