«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ՝
ԱՅԼ ԸՆՏՐԱՆՔ ՉԿԱՅ»
Ճակատագրական է ներկայ հանգրուանը մեր ազգի պատմութեան։ Մութ ամպերով է ծածկուած երկնակամարը հայ կեանքին։ Անորոշ է Արցախին ու Հայաստանին առջեւ բացուած հորիզոնը։ Կարելի չէ այլապէս բնութագրել մեր ազգի կեանքին պարզած ներկայ պատկերը։
Գիտե՛նք, իրապաշտութիւնը երբեմն յուսահատութեան կրնայ առաջնորդել։ Սակայն հաւատքով զինուած, կամքով պրկուած ու միասնական ոգիով գօտեպնդուած, որպէս ազգ կոչուած ենք խոհեմութեամբ ու համախոհութեամբ դիմագրաւելու մեզ շրջապատող բազմազան ու այլազան տագնապները, ներքին թէ արտաքին։ Անհրաժեշտ է, որ մեր մօտեցումները ըլլան իրատես եւ հայեցակէտերը՝ համապարփակ, որպէսզի կարելի ըլլայ խնդիրները ճի՛շդ տեսնել, կացութիւնները ճի՛շդ ըմբռնել եւ մեր շուրջը տեղի ունեցող զարգացումները ճի՛շդ կերպով գնահատել՝ աշխարհաքաղաքական յարափոփոխ պայմաններու լոյսին տակ։
Ապրիլ 24-ը մեր պահանջատիրական պայքարին, իր ռազմավարական ու մարտավարական տարածքներով, վերաշեշտման ու միաժամանակ վերարժեւորման յիշեցում է։ Ապրիլ 24-ը նաեւ այսօր, առաւել քան երբեք, ազգային միասնականութեան ամրապնդումի ու անոր հրամայականին անսալու մարտահրաւէր է։
Եկէք, պահ մը դիտենք մեր ներկայ կեանքը։
Ազրպէյճան իր սուրը ազատօրէն կը շարունակէ ճօճել Հայաստանի ու Արցախի ուղղութեամբ։ Արցախը տակաւին կը մնայ շրջափակուած ու ենթակայ՝ հայաթափումի վտանգին։ Բարոյական զօրակցութենէն բացի, ցարդ որեւէ պետութիւն չուզեց միջամտել՝ վերջ տալու միջազգային օրէնքին ու մարդկային իրաւանց խոտոր համեմատող այլ տեսակի այս ցեղասպանութեան։
Վտանգուած են Հայաստանի սահմանները ու նոյնիսկ գերիշխանութիւնը։ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութեան ճանաչումը ո՛չ միայն ինքնիշխան Արցախին վրայ շիրմաքարի զետեղում պիտի ըլլայ, այլ նաեւ Հայաստանի հանդէպ Ազրպէյճանի ռազմատենչ ախորժակներու առաւել սրում։ Տակաւ արմատացող ու ծաւալող մտահոգիչ երեւոյթ մը, որուն նշանները սկսած են դառնալ ակնյայտ։
Աննախատեսելի հետեւանքներով յղի այս վտանգալից կացութեան դիմաց, Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու կոչուած Հայաստանի ռազմավարական գործընկերը, բնականաբար իր շահերէն մեկնած, կը մնայ սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակին մէջ։ Հայաստանը առանձին է եւ Արցախը՝ փաստօրէն լքուած։ Սակայն, յարգանք ու պատիւ Արցախի ժողովուրդին, որ իր իրաւունքներու պաշտպանութեան պատնէշին վրայ կը մնայ ամուր։ Նո՛յն պատնէշին վրայ ողջ Սփիւռքը Արցախի կողքին ու Արցախին նման կը մնայ ամուր։
Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիութեան գործակցութիւնը փաստօրէն դարձած է մակերեսային։ Հետզհետէ իրարմէ կը հեռանանք. նոր ճեղքեր կը յառաջանան հայ կեանքէն ներս, ամէ՛ն տեղ։ Փոխադարձ մեղադրանք ու ատելութիւն սերմանող լոզունքներով ու կեցուածքներով շրջապատուած ենք։
Հայաստան ու Արցախ կը գտնուին ճակատագրական խաչմերուկի առջեւ։
Եթէ կը կարծուի, որ տարածաշրջանէն ներս համապարփակ խաղաղութեան հաստատման համար զիջումներ կատարելով Հայաստանին համար կարելի պիտի դառնայ մնայուն խաղաղութիւն ու տնտեսական զարգացում ապահովել, հարկ է ըլլալ զգո՜յշ… Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի առջեւ Հայաստանի դռները լայնօրէն բանալով, կրնայ վտանգուիլ Հայաստանի ամբողջականութիւնը, անվտանգութիւնը ու անկախութիւնը եւ Արցախը կրնայ անհետանալ հայ կեանքի քարտէսէն։ Հետեւաբար, ընդունելի չէ, որ Ազրպէյճանի հետ խաղաղ գոյակցութեան համաձայնութիւն գոյանայ՝ ի հեճուկս Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին, ո՛չ ալ Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական ու տնտեսական յարաբերութեան հաստատում՝ ի հեճուկս մեր պատմական իրաւունքներուն, Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման։ Ճկուն ու իրատես դիւանագիտական մօտեցումը չշփոթենք համակերպումի ու զիջումի քաղաքականութեան հետ։
Չմոռնանք, որ ազգերու իրաւունքը ճշդողը դժբախտաբար ոյժի իրաւունքն է, եւ ո՛չ թէ իրաւունքի ոյժը. շահերն են, եւ ո՛չ թէ արժէքները։ Այսպէ՛ս եղած է միշտ, եւ այսպէ՛ս է նաեւ այսօր՝ միջազգային օրէնքով եւ համամարդկային սկզբունքներով ու արժէքներով ինքզինք կառավարելու ուխտը կնքած աշխարհին մէջ։
Չմոռնանք նաեւ, որ իր հայրենիքին ապագան, իր պատմութեան ընթացքը ճշդողը ժողովուրդն է, ժողովուրդի հաւաքական հաւատքը, կամքը ու տեսլականը, որքան ալ ահեղ ըլլան զինք շրջապատող պայմանները։
Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս մեր ազգը շրջապատող ահաւոր սպառնալիքներուն միայն մէ՛կ հաւաքական ոյժ կրնայ դիմադրել.- ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ։ Մեզի համար սա անժխտելի համոզում է ու միաժամանակ՝ անսակարկելի ու անյետաձգելի հրամայական, մեր պատմութեան ներկայ վճռադրոշմ հանգրուանին։ Այլ ընտրանք չունինք։
Արդ, սիրելի՛ հայորդիներ, զիրար մեղադրելով ու անգոսնելով, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ արհամարհելով, պետութիւնը եկեղեցիէն հեռացնելով եւ եկեղեցին՝ պետութենէն, հայրենիք չենք կրնար կերտել, այլ հայրենիք կը քանդենք։ Իրարու դէմ խօսիլը քաջութիւն չէ. իրարու հե՛տ խօսիլը քաջութիւն է ու նաեւ իմաստութիւն։ Հետեւաբար, իրարու հետ խօսինք պատասխանատու ու յանձնառու ոգիով, ազգին ու հայրենիքին շահերը ամէն բանէ վեր նկատելով եւ նոյնիսկ, ի պահանջել հարկին, մեր համոզումներէն ու կեցուածքներէն, մեր դիրքերէն ու հանգամանքներէն հրաժարելով։ Ժամանակի նշանները ճի՛շդ կարդանք ու ճի՛շդ կերպով կողմնորոշուինք։ Եթէ այսօր Լաչինի ճամբան փակ է մեր առջեւ, վաղը բազո՜ւմ ճամբաներ կրնան փակուիլ մեր առջեւ, եթէ չհամախմբուինք ու չդառնանք մէկ բռունցք, այսօ՛ր, վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ…։
Մենք բազմիցս Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան միակ օրակարգի շուրջ համազգային համախմբումի կոչ ուղղած ենք՝ խորապէս հաւատալով, որ ա՛յս է մեր ազգը ու հայրենիքը դէպի ապահով ու հզօր ապագայ առաջնորդող միա՛կ ճամբան։ Մեր մէկուկէս միլիոն սրբացեալ նահատակներու աճիւններուն դիմաց կանգնած, դարձեալ համազգային համախմբումի կոչ կ՚ուղղենք, այս անգամ աւելի զօրեղ շեշտով։
Մեր յիշած հիմնախնդիրները համազգային բնոյթ ու հետեւանք ունին. հետեւաբար, անոնք համազգային մաշտապով հարկ է քննարկուին։ Ներկայ օրհասական ու անել պայմաններուն մէջ, կը կրկնե՛նք, միակ ընտրանքը համազգային համախմբումն է՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի պետական, քաղաքական ու կրօնական ղեկավարներու գործօն մասնակցութեամբ։ Արդարեւ, առաջնահերթ հրամայական մը, որուն իրագործման գծով Մենք անձնապէս ունինք Մեր պատկերացումը։
Սա պահուն, Մեր պատգամը ժողովուրդին ուղղուած արթնութեան հրաւէր է, իսկ ղեկավարութեան՝ քաղաքական իրատեսութեան ու հեռատեսութեան կոչ։ Պատմութեան դիմաց բոլորս հաւաքական նո՛յն պատասխանատուութեան կոչուած ենք.- ըլլալ Արցախի ու Հայաստանի կողքին, ըլլալ մէկ ազգի անժամանցելի իրաւունքներու կողքին, անվերապահ ու ամբողջական կերպով եւ ազգին ներուժը ի սպաս դնելով մեր գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներու կենսագործման՝ դերերու յստակեցումով, աշխատանքի բաժանումով եւ ներդաշնակ գործակցութեամբ։
Ա՛յս կը պահանջէ ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ իրա՛ւ հայրենասիրութիւնը։
Աւետարանը կ՚ըսէ.- «ականջ ունեցողը թող լսէ» (Մկ 4.9):
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂՒԿՈՍ
ՄԵԾՒ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Անթիլիաս, Լիբանան
23 Ապրիլ 2023