Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ԺԸՊՐԱՆ ՊԱՍԻԼԸ

Երեքշաբթի, 28 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց լիբանանեան Ազատ Հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլը, կուսակցութեան պատկանող երկու պետական երեսփոխաններու հետ միասին։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեան հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։   Քննարկումները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան վրայ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.-   — Երկուշաբթի, 27 Մարտ 2023-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան այցելեց Նորին Ս. Օծութեան։ Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան, Լիբանանի այժմու կացութեան, յատկապէս նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցերու։   — Կիրակի, 26 Մարտ 2023-ին, Հայրապետը ընդունեց եւ…