ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ Ե.Հ.Խ.Ի ԺՈՂՈՎԻՆ
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) անդամ եկեղեցիներու աւելի քան 60 միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքներու պատասխանատուներ առցանց ժողով մը գումարեցին 21-23 Մարտ 2023-ին։ Սոյն ժողովին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։ Ժողովը կը նպատակադրէր ամրացնել Ե.Հ.Խ.ի անդամ եկեղեցիներուն մասնակցութիւնը Խորհուրդի կեանքին…