Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Ապտալլահ Պին Ապտուլազիզ Բ. Թագաւորի անուան միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային միջազգային կեդրոնի (KAICIID) Fellows Programme ծրագրի կրօնական-կրթական հիմնարկներու տնօրէններու համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ 17-18 Մարտ 2023-ին, Մալիզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լումփուրի մէջ։ Սոյն համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 34 կրօնական-կրթական հիմնարկներ 25 երկիրներէ։ Համաժողովին նպատակն էր միջ-կրօնական կրթական հիմնարկներու ցանց (Network) մը յառաջացնել երկխօսութիւն եւ հաստատութենական գորածկցութիւն ծաւալելու համար։
Հայր սուրբը համաժողովին ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը, յատկապէս Դպրեվանքին ճամբով, որ ոչ միայն կը պատրաստէ ապագայի հայ հոգեւորականը, այլեւ միջ-կրօնական եւ միջ-մշակութային յարաբերութեանց դեսպաններ։ Ան վերահաստատեց Կաթողիկոսութեան միջ-կրօնական երկխօսութեան հանդէպ ունեցած հաւատքը եւ գործնականօրէն նպաստելու պատրաստակամութիւնը։
Համաժողովին որոշուեցաւ ընդլայնել հիմնարկներու գործակցութիւնը միջ-կրօնական երկխօսութեան ծիրին մէջ եւ մշակել այնպիսի ծրագիրներ, որոնք գործնականօրէն կը նպաստեն միջ-կրօնական յարաբերութեան ստեղծման կրթական հաստատութիւններու միջեւ։
Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը KAICIID-ի հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն իր աշխոյժ մասնկացութիւնը կը բերէ անոր զանազան ծրագիրներուն։ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը բազմիցս հրաւէրներ ստացած է, իբրեւ գլխաւոր դասախօս, բանախօսելու միջ-կրօնական գագաթնաժողովներու եւ մասնակցելու միջ-կրօնական ղեկավարներու հանդիպումներու։