Շաբաթ, 11 Մարտ 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Աթէնք (Յունաստան) եւ օդակայանին մէջ արժանացաւ պաշտօնական ընդունելութեան։ Նորին Ս. Օծութեան դիմաւորելու եկած էին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Տիգրան Վարդանեան եւ Լիբանանի դեսպան Ղատի Ալ-Խուրի, Յունաստանի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Արքեպիսկոպոսին ներկայացուցիչը, Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գերյ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Պէզազեան, Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքի պետ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան, թեմին մէջ ծառայող միաբան, քահանայ հայրեր ու ազգայիններ։
Օդակայանին մէջ տեղի ունեցած ընդունելութենէն անմիջապէս ետք, պետութեան կողմէ տրամադրուած ինքնաշարժով Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը մեկնեցան Ազգային Առաջնորդարան, ուր Հայրապետը դիմաւորուեցաւ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ: Հայրապետը թափօրով առաջնորդուելէ ետք Ս. Խորան՝ կատարուեցաւ կանոնական աղօթք։ Իր ողջոյնի խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, թէ Վեհափառ Հայրապետին Յունաստանի հայոց թեմ այցելութիւնը յատուկ խանդավառութիւն եւ տօնական մթնոլորտ ստեղծեց թեմէն ներս: Ան բարի գալուստի խօսքին մէջ բազմաբեղուն ծառայութեամբ լեցուն երկար տարիներ մաղթեց Նորին Սրբութեան եւ ապա հրաւիրեց Հայրապետը՝ իր պատգամը փոխանցելու հաւատացեալ ժողովուրդին։
Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոս իր ուրախութիւնը յայտնեց Յունաստանի հայոց թեմէն ներս գտնուելուն առիթով՝ ընդգծելով, թէ հովուապետական այցելութեան հիմնական նպատակը ժողովուրդին հետ ըլլալ է, անոր ցաւերը լսել ու դիմագրաւած դժուարութիւնները ճանչնալ է: Ան իր խօսքին մէջ յատուկ կերպով շեշտեց թեմին վերակազմակերպման անյետաձգելի հրամայականը: «Անցնող երկու տարիները հռչակեցինք «Սփիւռքի Տարի»: Սփիւռքի մեր կեանքէն ներս թեմերը կարեւոր դեր ունին: Ուր որ գաղութ հաստատուած է՝ հոն եկեղեցիներ նաեւ կառուցուած են, եւ եկեղեցիներուն շուրջ՝ թեմական կառոյցներ գործած են: Հետեւաբար, Մեր այս տարուան հովուապետական այցելութիւններու ընթացքին պիտի խօսինք Սփիւռքի մեր կեանքը վերակազմակերպելու ու վերակենսունականացնելու մասին: Ո՛չ միայն պիտի խօսինք, այլ ծրագրումի գործընթացներ պիտի հաստատենք», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, Հայրապետը մտերմիկ հանդիպումներ ունեցաւ հոգեւորականաց դասուն, Առաջնորդարանի անձնակազմին եւ ազգայիններուն հետ: