«ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՄԲ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ ԱՌԱՒԵԼ ՈՐԱԿ ՏԱԼՈՒ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս սպասումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երէկ գիշեր՝ Հինգշաբթի, 27 Յուլիս 2017-ին, ողջունեց համալսարանաւարտները Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, իրենց ի պատիւ տրուած ընթրիքին ընթացքին։ «Ոեւէ ընկերութեան ամէնէն կենսական երակը կը կազմեն մասնագիտութեամբ թրծուած երիտասարդ համալսարանականները։ Անոնք է որ ընկերութեան կեանքը կը դնեն զարգացման ու յառաջդիմութեան մնայուն ընթացքի մէջ։ Անոնք է որ տուեալ ընկերութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆ ՈՒ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 27 Յուլիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Յունաստանի Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ՝ Գերշ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ նորընտիր Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Պօղոս Չոլաքեանի այցելութիւնը։ Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Թեմին յառաջիկայ աշխատանքները, ծրագիրները ու առաջնահերթութիւնները։ Նորին Սրբութիւնը ողջունելով նոր Առաջնորդի ու նոր Վարչութեան ընտրութիւնները՝…

ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆԳՈՒՑԵԱԼ ԳԵՐՇ. Տ. ՆՈՐԱՅՐ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄՆ ՈՒ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ

«ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԿԱՅԱԿԱՆԸ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Երկուշաբթի 24 Յուլիս 2017-ին, շրջապատուած միաբան հայրերով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. ԿաթողիկոսԱնթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, վերջին օծումը կատարեց հոգելոյս Տ. Նորայր Եպիսկոպոս Աշըգեանին։ Իր դամբանական խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ հանգուցեալ Սրբազանին քառասուն տարիներու նուիրեալ ծառայութեան՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Կ’ՈՂՋՈՒՆԷ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 10-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ

 Ընդառաջելով իրեն ուղղուած խնդրանքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ջերմօրէն ողջունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 10-րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի ունեցան Երեւանի մէջ։   Այս առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ուղղած իր Օրհնութեան եւ Գնահատանքի Գիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կը գրէր.- «Անցնող հարիւր տարիներու ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.-ը իր աշխարհացրիւ կառոյցներով ու անդամներով եղաւ տիրական ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Մեր ժողովուրդին ու…

ԳԵՐՇ. Տ. ՆՈՐԱՅՐ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆ (1956-2017)

Աւազանի անունով Մովսէս, ծնած է 1956 թուականին, Քէսապ (Սուրիա): Նախնական ուսումը ստացած է Քէսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ: 1971-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, որուն Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելով 1973-ին, սարկաւագ ձեռնադրուած է:          1976-ին աւարտելով Դպրեվանքը, ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ, վերակոչուելով Նորայր Աբեղայ: Մինչեւ 1979, վանական պաշտօններու առընթեր, Դպրեվանքէն ներս դասաւանդած է հայագիտական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՀԵՌԱՏԵՍԻԼԻՆ ՀԵՏ

Եգիպտոսի ղպտի եկեղեցւոյ հովանին վայելող արբանեակային հեռատեսիլը յաջորդական երեք հարցազրոյցներ ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ Հայ Եկեղեցւոյ դաւանանքին, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուած նիւթերու մասին։

«ՄԵՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՆ ՈՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս առաւօտ՝ Հինգշաբթի, 20 Յուլիս 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքներու գործակցութեամբ կազմակերպուած «Սուրբ Գրոց Ամառնային Վարժարան»ի աշակերտները։ Հակառակ այն իրողութեան, որ յիշեալ հանդիպումը չէր ծրագրուած, սակայն Նորին Սրբութիւնը շուրջ կէս ժամ հանդիպում ունեցաւ անոնց հետ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Լեռնային Ղարաբաի Նախագահ՝ Բակօ Սահակեանի վերընտրութենէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայնային կապ հաստատեց վերընտրեալ Պրն. Նախագահին հետ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր անունով ջերմօրէն շնորհաւորեց անոր վերընտրութիւնը, միաժամանակ վերահաստատելով Կաթողիկոսութեան եւ անոր Թեմերուն ամբողջական զօրակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ամրապնդող բոլոր աշխատանքներուն։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորական գիր մը յղեց Պրն. Նախագահին,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՍԻԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐԻ ԽՈՐՀՐԴԻ CCA ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ 10-15 Յուլիս 2017

Առնուած «Ալիք» Օրաթերթէն Ասիայի Եկեղեցիների Խորհրդի CCA Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը Խորհրդի հիմնադրութեան 60-ամեակի առիթով եւ առաւել զարկ տալու համար միջ-եկեղեցական շարժումին, կազմակերպեց միջազգային մի խորհրդակցութիւն «Դէպի վերաշխուժացում միջ-եկեղեցական յարաբերութեան շարժման Ասիայում» թեմայով Չիանկմայ քաղաքում, Թայլանդ, որտեղ է նաեւ խորհրդի կենտրոնը։ Սոյն խորհրդակցութեան մասնակցեցին վաթսուն փորձագէտ անձնաւորութիւններ Ասիայի բոլոր երկրների եկեղեցիներից։ Խորհրդակցութիւնը տարածւած էր երկու օրերի վրայ 11 եւ…

«ՍՓԻՒՌՔԸ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒՆ ԻՆՔՆԱՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ» ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԷՆ ԲՂԽԱԾ ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

    11-13 Յուլիս 2017-ին, նախաձեռնութեամբ եւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի համալիրին մէջ, տեղի ունեցաւ «Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» թեմայով համաժողովը։ Համաժողովին մասնակցեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան։   Այժմէական եւ հրատապ այս խնդրի քննարկումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սփիւռքէն եւ Հայաստանի հանրապետութենէն պատմագէտներ, ազգագրագէտներ, ակադեմականներ, հասարակաան…

«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» Խորագրեալ Համախմբումը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

«Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» խորագիրով համախմբումը երէկ` Հինգշաբթի, 13 Յուլիսին աւարտեց իր աշխատանքները` յայտարարութիւն մը բանաձեւելով:   Վերջին օրուան առաջին նիստին նիւթն էր «Ո՞վ է Սփիւռքի հայը. ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ (Ինքնութեան պահպանո՞ւմ, վերանորոգո՞ւմ, նոր հասկացողութի՞ւն, նոր մօտեցո՞ւմ)», անոր ընթացքին զեկուցումներով հանդէս եկան Շիրազ Ճէրէճեան, դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան եւ…

Հայկական Ինքնութեան Բնորոշման Ուղիներ` Հայաստան-Սփիւռք Գործակցութեան Ու Պահանջատիրութեան, Մերօրեայ Մարտահրաւէրներուն, Իսլամացած Հայերու Իրականութեան Լոյսին Տակ

Նոր հորիզոններուն դիմաց սփիւռքի պարզած պատկերը, սփիւռքահայուն ինքնահասկացողութիւնն ու ինքնութեան պահպանման ներկայ պայմանները եւ մարտահրաւէրները քննարկելու նպատակով 11 յուլիսին Պիքֆայայի մէջ ընթացք առած համախմբումը իր աշխատանքները շարունակեց երէկ` չորեքշաբթի, 12 յուլիսին:   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կազմակերպութեամբ Դպրեվանքի սրահին մէջ տեղի ունեցող այս համախմբումին առաջին նիստը ընթացք առաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին, անոր նիւթն էր «Ինքնութիւն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ «ՍՓԻՒՌՔԸ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅՈՒՆ ԻՆՔՆԱՀԱՍԿԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ» ԽՈՐԱԳԻՐՈՎ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, երէկ` Երեքշաբթի, 11 Յուլիս 2017-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ընթացք առաւ «Սփիւռքը Նոր Հորիզոններու Դիմաց. Սփիւռքի Հայուն Ինքնահասկացողութիւնը» վերնագիրով համախմբումը: Հաւաքական քննարկումին ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար՝ Հրանուշ Յակոբեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն ժամանած մտաւորականներ, զանազան բնագաւառներէ ներս մասնագիտութեան…

ՕՏԱՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 8 Յուլիս 2017-ի առաւօտու, շուրջ 150 օտար ուխտաւորներ այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքը:             Ուխտաւորները դիմաւորեց եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մասին բացատրութիւններ փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդ Միաբան Հայրերէն Հոգշ. Տ. Թաթուլ Աբղ. Գարտանաքեանը:             Ուխտաւորներ շրջեցան Վանքին զանազան բաժանմունքները եւ ապա ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Օրհնութիւնը:  

«ՀԱՅՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԷՋ ԼՈՒՐՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ ՄԸՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Համահայկական այս լուրջ մտահոգութենէն մեկնած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շուրջ հրաւիրեց աւելի քան երեսուն, սփիւռքի զանազան գաղութներէն զանազան մասնագիտութեան տէր տարբեր սեռի ու տարիքի պատկանող տարբեր փորձառութիւններ ունեցող ազգայիններ, միասնաբար մտածելու, խորհրդակցելու ու քննելու սփիւռքի հայուն ինքնահասկացողութիւնը, զինք շրջապատող պայմաններու ու տագնապներու դիմաց:             Այս կացութեան մասին խօսելով, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Հեռու պէտք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍԵՑ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ

Երեքշաբթի, 4 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան մասին դասախօսութիւն մը տուաւ, շեշտելով համաքրիստոնէական այս շարժումին կարեւորութիւնը, ներկայացնելով անոր դիմագրաւած ներկայ խնդիրներն ու մարտահրաւէրները: Վեհափառ Հայրապետը միաժամանակ իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցիներ սկսած են անտարբերութիւն ցոյց տալ ներկայ աշխարհը տագնապեցնող հարցերուն եւ Միջ-Քրիստոնէական այս շարժումին նկատմամբ:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԱԹԱՐԻ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2017-ի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Քաթարի Հայոց Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Արտակ Գաբլանեանը: Վարչութեան ատենապետը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց երկրէն ներս ստեղծուած կացութեան եւ վերջին օրերու նոր զարգացումներուն մասին: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայ համայնքին ներկայ վիճակին, Ազգային Վարչութեան աշխատանքներուն եւ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Սարգիսեանի տարած…

«ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԸ»

Արաբերէն լեզուով, աւելի քան հազար էջերու վրայ տարածուած հատոր մը լոյս տեսաւ վերջերս, որ կը կրէ «Արեւելեան Եկեղեցիներու Նահատակները» խորագիրը: Հատորը լոյս տեսաւ Լիբանանի Ամերիկեան Գիտական եւ Արհեստագիտական Համալսարանի (AUST) կողմէ: Գիրքին նախաձեռնութիւնն ու պատրաստութիւնը ստանձնած է Մարունիթ եկեղեցւոյ Դպրեվանքի Սանուց Միութիւնը: Շուրջ Տարի մը առաջ, սոյն հատորին խմբագրական կազմը հանդիպում ունեցած էր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆՇԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 22-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

«Տէր ամենակալ, կ՚աղաչենք Քեզ, անսասան պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ անոր Սրբազնագոյն Գահակալին պարգեւէ արեւշատ առո՛ղջ կեանք, իբրեւ ազգընտիր Հովուապետ անհուն իմաստութեամբ եւ բոլորանուէր ծառայութեամբ հովուելու իր խնամքին եւ հոգածութեան ապաւինած զաւակները մեր հայ ժողովուրդին…»։ Այս բառերով աղօթեց Հայ Եկեղեցին, նշելով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Կաթողիկոսական ընտրութեան եւ օծման 22-րդ տարեդարձը։ Արդարեւ, Կիրակի,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Երէկ առաւօտ երկրորդ անգամ ըլլալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց յառաջիկայ Հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք Միջին Արեւելքին նուիրուած համաժողովին պատասխանատուները։               “Ի պաշտպանութիւն Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան” շարժումը Միացեալ Նահանգներու մէջ յառաջացաւ ու կազմակերպչական դրութիւն ստացաւ վերջին չորս տարիներու ընթացքին։ Այս ծիրէն ներս առաջին համագումարը տեղի ունեցաւ 2014-ին, ուր…

“ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄԸ ՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԸ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՆՏԵՂԻՏԱԼԻ ՊԱՀԱՆՋՔՆ Է”   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ  

  Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ ընդունելով 25 հոգիներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ըսաւ. «Հայ ժողովուրդին անտեղիտալի կեցուածքն է ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը»։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին հայ, արաբ, քիւրտ, թուրք, եզիտի, ասորի, ռուս, գերմանացի, պատմագէտներ, քաղաքական գործիչներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ ու երեսփոխաններ։ Անոնք կը գտնուէին Լիբանան Փոքր Ասիոյ ժողովուրդներու իրաւունքներուն նուիրուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒՀԻՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երէկ երեկոյեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շուրջ երկու ժամ հանդիպում–զրոյց մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայագիտական Ուսմանց դասընթացքի ուսանողուհիներուն հետ։ Վեհափառ Հայրապետին բնորոշումով, մեծապէս գօտեպնդիչ պահ մը ստեղծուեցաւ՝ ի տես հայագիտական մարզէն ներս ուսանողուհիներուն ձեռք ձգած լայն ծանօթութիւններուն ու ինքնավստահութեան։               Շուրջ երեք տարիներէ ի վեր Անթիլիասի…

ՄԻՕՐԵԱՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻՆ

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը, կազմակերպեց Ուխտագնացութիւն մը, դէպի Լիբանանի Տէր Էլ Ամար Գիւղ, յերկրպագութիւն Սուրբ Խաչին՝ «Ժապալ Էլ Սալիպ» եւ օրհնաբանելու Աստուածածին Մարիամը՝ «Սայիտէթ Էլ Թէլլի» եկեղեցներուն մէջ։             Արդարեւ, 20 Յունիս, 2017-ի առաւօտեան, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուած կանոնական աղօթքէն ետք, 125…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՏԸ ՄԻՍԹՈՒՐԱՅԻ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Երեքշաբթի, 20 Յունիս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ժընեւէն Տը Միսթուրայի փոխանորդ՝ Անթուան Լահհամին։ Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կողմէ նշանակուած Սուրիական տագնապի քաղաքական լուծման ընդհանուր պատասխանատուն է Տը Միսթուրան եւ իր կեդրոնը կը գտնուի Ժընեւի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կեդրոնատեղիին մէջ։ Իր գլխաւորութեամբ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ

              Դպրեվանքը Սփիւռքի այն իւրայատուկ կառոյցներէն մին է, որ իր ուսերուն վրայ բարձած է մարդուժ մատակարարելու նուիրական առաքելութիւնն ու սրբազան պատասխանատուութիւնը։ Անցնող 87 տարիներու ընթացքին Դպրեվանքը մնաց հաւատարիմ իր առաքելութեան մէջ՝ հայ ժողովուրդին ընծայաբերելով հոգեւորականներ, ազգային գործիչներ եւ ուսուցիչներ։ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ գործող Դպրեվանքը, այս տարի եւս, առաւել…

ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ԿԻՊՐԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՏԵՐԸ ՆՈՅՆ ՆՊԱՏԱԿԸ ՈՒՆԻՆ՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ՆՈ՛ՅՆ ՀԱՍՑԷՆ՝ ԹՈՒՐՔԻԱ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Այս առաւօտ՝ Չորեքշաբթի, 14 Յունիս 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Նիքոս Անասթասիատիս։ Նախագահին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի Արտաքին, Ներքին, Տնտեսութեան եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարները, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց…

«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՊԷՏՔ Է ՊԱՀԵԼ ԱՌՈՂՋ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ, ՀՈԳԵՒՈՐ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՄԱՍՏՈՎ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այսպէ՛ս պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս առաւօտ՝ Երեքշաբթի, 13 Յունիս 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հաւաքուած աւելի քան 200 հայ տիկիններուն։ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը ամէն տարի մեր եկեղեցւոյ առնչուած դէպքերու, դէմքերու, հոգեւոր արժէքներու եւ աւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի գիրքերու մեկնաբանութեան հետ աղերս ունեցող դասընթացքներ ու դասախօսական շարքեր կը պատրաստէ, նպատակ ունենալով հայ տիկիններուն ո՛չ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՔՆԵՐՈՒՆ

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան հետ միատեղ, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումը դարձուցած է առաջնահերթութիւն իր հայրապետական աշխատանքի ծիրէն ներս։ Սուրիահայութեան վերականգնումը նկատելով համահայկական տարողութեամբ կատարուելիք աշխատանք, այս ուղղութեամբ ան մնայուն կապի մէջ է թեմերուն, Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կառոյցներու եւ անհատներու հետ, որպէսզի վերականգնումի գործընթացքը դրուի աւելի կազմակերպ հիմքերու վրայ ։   Այս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏՆԵՐԸ

Այս առաւօտ, 12 Յունիս 2017-ին, Անթիլիասի Վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ փաստափան Ժոզէֆ Կանիմեանը։ Տիար Կանիմեանի, որ միաժամանակ Ամենեայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ է, կ’ընկերանար Ռամկավար Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ արծարծելու Հիւսիսային Ամերիկայի հայ համայնքին, կաթողիկոսական…

ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԵՒ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՆ ԹԱԳԱՒՈՐՆԵՐԸ ՈԳԵՂԷՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐՔԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

Սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ հայակերտումի ու մարդակերտումի առաքելութեան լծուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, այսօր առաւել յանձնառութեամբ ու ամբողջական գիտակցութեամբ կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ սփիւռքահայութեան մատակարարելով անշահախնդիր ծառայող հոգեւորականներ եւ գիտակից հայ մշակներ։ Դպրեվանքը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, այս տարի եւս, ան ազգին ընծայաբերեց երկու նուիրեալ նորաօծ կուսակրօն քահանաներ։ Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բազմազան առաքելութեան մաս կը կազմէ նաեւ սատարել Աստուածաշունչի հրատարակութեան եւ նոր թարգմանութիւն տրամադրել հաւատացեալ ժողովուրդին: Արդարեւ, Լիբանանի Աստուածաշունչի Ընկերութեան (Bible Society) կողմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ հրաւէր ստացած էր ներկայ գտնուելու յիշեալ հաստատութեան տարեկան հաւաքին ու իր պատգամը փոխանցելու: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Դպրեվանքի Տեսուչ՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ՍԱՄԻ ԺԵՄԱՅԷԼԸ

Այսօր երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի Փաղանգաւոր Կուսակցութեան ղեկավար` Սամի Ժեմայէլ։ Հանդիպման ընթացքին առաւելաբար քննարկուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՈՒՂՂԱԾ ՆԱՄԱԿՈՎ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՑ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀԱԾ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ

  Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Նախագահ՝ Հասան Ռուհանիի յղած իր նամակով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս խստօրէն դատապարտեց Թեհրանի մէջ յաջորդաբար Խորհրդարանին եւ Այաթոլլա Խումէյնիի դամբարանին դէմ եղած ահաբեկչական արարքները։             Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Ահաբեկչութիւնը ներկայ աշխարհին մէջ դարձած է համամարդկային չարիք։ Չարիք մը, որ ազգ եւ կրօնք չի ճանչնար. չարիք մը, որ կը փորձէ քանդել բարոյական,…

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

Ընդառաջելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի թելադրութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովը իր վերջին նիստին որոշած էր երիտասարդական համագումարներ կազմակերպել՝ շրջանային մակարդակի վրայ։ Սոյն մօտեցումը որդեգրուած էր, որպէսզի երիտասարդական համագումարները հեռու մնան ընդհանրացումներէ եւ մասնակիցները առիթ ունենան արտայայտուելու զիրենք յուզող հարցերուն, ինչպէս նաեւ իրենց շրջաններուն առնչուած մտահոգութիւններուն մասին։               Մեկնելով յիշեալ…

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉԱԿԱՆ ԸՆԿԵՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Երեքշաբթի, 6 Յունիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, ընկերակցութեամբ իր տիկնոջ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ու յատկապէս Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին առնչուած ծրագիրներուն։ Յայտնենք, որ Զաւէն Խանճեան, որպէս նախկին ատենապետ Քալիֆորնիոյ Սուրիոյ Օժանդակութեան Միացեալ Մարմնին, քաջատեղեակ է Սուրիոյ հայութեան կատարուած օժանդակութեան աշխատանքներուն։…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «TELE LUMIERE»-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

«Tele Lumiere» պատկերասփիւռի կայանին 27-ամեակին առիթով, հաստատութեան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Մարոնիթ Պատրիարքարանէն ներս։ Հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով, որու ընթացքին Րաաի Պատրիարքը իր գնահատանքը յայտնեց «Tele Lumiere»-ի հոգեւոր առաքելութեան, ո՛չ միայն Միջին Արեւելքէն ներս, այլեւ աշխարհի չորս տարածքին։ Յիշեալ հանդիսութեան ներկայ եղան Կաթողիկոսարանիս Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Դոկտ.…

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ԴԱՍԱԽՕՍՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի խումբ մը դասախօսներու։ Ներկաները երկար տարիներէ ի վեր յիշեալ համալսարանէն ներս կը դասաւանդեն զանազան մարզերու առնչուած նիւթեր։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան եւ յատկապէս Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, ինչպէս նաեւ այս…

ԴՊԻՐԱՑ ԵՒ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԱՑ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

  «Ի՜նչ սիրելի է տաճարդ, ամենակալ Տէր, ամբողջ հոգիով կը ցանկամ եւ կը փափաքիմ գաւիթներուդ մէջ բնակիլ» սաղմոսի առաջնորդութեամբ, Կիրակի 4 Յունիս 2017-ին, հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տասը ժառանգաւորներ ստացան դպրութեան աստիճան եւ Ա. Ընծայարանի երեք սաներ՝ կիսասարկաւագութեան կարգ: Ձեռնադրութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Այսօր՝ Շաբաթ, 3 Յունիս 2017-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը ուղղափառ միջ-խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի Խորհրդարնի երեսփոխաններէն՝ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Մաթնի ուղղափառ համայնքի երեսփոխան՝ Ղասսան Մուխէյպէր։ Ուղղափառ երեսփոխաններու կազմակերպութիւնը ստեղծուած է շուրջ 25 տարիներ առաջ։ Անոր մաս կը կազմեն բոլոր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ «ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ» ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

22-26 Մայիս 2017-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Տուպայ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Առաքելութիւն Եւ Աւետարանչութիւն» (Mission and Evangalism) աշխատանքային յանձնախումբին երկրորդ հանդիպումը։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սոյն ժողովին մասնակցեցաւ Վանա Կիտցինեան։ Հանդիպումին նպատակն էր յառաջիկայ տարուան ընթացքին Թանզանիոյ (Ափրիկէ) մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Առաքելութիւն» համագումարին օրակարգը ծրագրել ու դասաւորել։ Վանա Կիտցինեան ներկայացուց…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն վերջերս լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» շարքին 8-րդ հատորը։ Սոյն հատորը իր մէջ կը բովանդակէ Մարտիրոսաց «Օրհնութիւն»ներու կանոնները եւ Մարտիրոսաց «Հարց»երը՝ իրենց սարքերով։             Ձայնագրեալ շարականներու այս հատորներուն նպատակն է եկեղեցական երգեցողութեանց միատեսակութիւն ստեղծել։ Անոնց մէջ նաեւ պահպանուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւանդական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

«Հայաստան» Հիմնադրամի Հոգաբարձուներու Խորհուրդի ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 27 Մայիս 2017-ին Կառավարութեան ընդունելութեան պալատին մէջ, նախագահութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի։ Սոյն ժողովին յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին մասնակցեցաւ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանը։ Սրբազանը ժողովի ընթաքին ժողովականներուն փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները ժողովի արդիւնբերութեան համար, միաժամանակ շնորհաւորելով հիմնադրամի հոգաբարձուներու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Երեքշաբթի, 30 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մօտ Կիպրոսի Դեսպան Տիկ. Քրիսթինա Րաֆթի, քաղաքական հարցերու իր օգնականին ընկերակցութեամբ։               Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի ու Կիպրոսի յարաբերութեան, Կիպրոսի մէջ յոյն եւ թուրք համայնքներու միջեւ բանակցութեան եւ Կիպրոսի հայ համայնքին առնչուած հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը եւ իր հիւրը քննարկեցին նաեւ Կիպրոսի նախագահին Լիբանան…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶՕՐԱԿՑԻ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏԻ ՇՈՒՆՉՈՎ ՀԱՅՈՑ ՀՈՂԸ ՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ՊԱՇՏՊԱՆՈՂ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակի նախօրեակին՝ Կիրակի, 28 Մայիս 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած քաջարի հերոսներու հոգիներու յիշատակին: Արարողութեանց հանդիսապետեց Ս. Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը:              …

«ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔՆ Է ԳԱՂՈՒԹԻ ԾԱՂԿՄԱՆ ՈՒ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քուէյթի հայ համայնքին կատարած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս յատուկ տեղ գրաւած էին հանդիպումները գաղութէն ներս գործող կառոյցներուն հետ։ Արդարեւ, Առաջնորդ Հայր Սուրբին ներկայութեան, Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, Դպրոցի Հոգաբարձութեան եւ յարակից բոլոր մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու վարիչ մարմիններու հետ։ Անոնք հակիրճ կերպով Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուցին իրենց գործունէութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Շուրջ ժամ մը առաջ, ուխտագնացութենէն վերադարձի ճամբուն վրայ, ահաբեկիչներու կողմէ յարձակումի ենթարկուելով զոհուեցան Ղպտի եկեղեցւոյ պատկանող 26 հաւատացեալներ եւ ծանրօրէն վիրաւորուեցան 25 անձեր: Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ նամակը յղեց Ղպտի Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ.ին.- Նորին Սրբութիւն Թաուատրոս Բ. Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Գահիրէ Քիչ առաջ խոր ցաւով ու ընդվզումով…

«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՅՈՅՍՈՎ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը դարեր շարունակ պաշտպանն է եղած հայ մշակոյթին եւ արուեստին, ինչպէս նաեւ անոր զարգացման հոլովոյթին։ Ան նեցուկ կանգնած է հայ մշակոյթին՝ արժեւորելով թէ՛ արուեստը եւ թէ՛ արուեստագէտը, որուն մեծագոյն վկաներն են անցնող տասնամեակներու ընթացքին Կիլիկեան Կաթողիկոսներու կողմէ գնահատուած ու պարգեւատրուած արուեստագէտները։ Նոյն նախանձախնդրութենէն մեկնած, Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2017-ին, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ

Քուէյթի Հայոց Թեմին իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէր Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցած միջ-եկեղեցական արարողութիւնը։               Արդարեւ, միջ-եկեղեցական արարողութենէն առաջ Վեհափառ Հայրապետին բարի գալուստի եկած էին Քուէյթի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերը՝ գլխաւորութեամբ Քուէյթի, Պահրէյնի, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց ու Քաթարի պապական նուիրակ՝ Ֆրանչիսկոս Մօնթէսիլլօ Բատիլլա Արքեպիսկոպոսին։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը…

Նոր Հրատարակութիւն

      Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյս տեսած է Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքի Տեսուչ` Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեանին, «ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆԴԱՆԻ ԸԼԼԱԼՈՒ ՆՇԱՆ Է» խորագիրը կրող գրքոյկը։               Սոյն գրքոյկէն օրինակ մը ստանալ վերոյիշեալ Բաժանմունքի Գրասենեակէն։

ՊԱՀՐԷՅՆԻ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

  Քուէյթի մօտ Պահրէյնի թագաւորին անձնական ներկայացուցիչ՝ Շէյխ Խալիֆա Պըն Ահմատ Ալ Խալիֆան, Վեհափառ Հայրապետին Քուէյթ կատարած այցելութեան երկրորդ օրը այցելեց Նորին Սրբութեան իր իջեւանած պետական հիւրանոցին մէջ։ Սիրալիր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ թագաւորին ներկայացուցիչին միջեւ։ Յայտնենք, որ Նորին Սրբութիւնը մօտէն ծանօթ է Շէյխ Խալիֆային, որովհետեւ երեք տարիներ առաջ, Պահրէյնի մէջ, պետութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

  Քուէյթ իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի ու Հայաստանի դեսպանատուները։             Լիբանանի դեսպանը՝ Մահէր Խէր լիբանանեան յատուկ հիւրասիրութեամբ եւ բացառիկ ընդունելութեամբ դիմաւորեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հոգեւոր պետեր եւ Քուէյթէն ներս գործող շարք մը դեսպաններ։             Ճաշկերոյթի սկիզբը խօսք առնելով դեսպանը,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Այս օրերուն, Գերմանիոյ մայրաքաղաք՝ Պերլինի մէջ տեղի կ’ունենայ Միջազգային համագումար մը, նուիրուած ներկայ աշխարհի մէջ կրօնքի ունեցած դերին: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ հրաւէր ստացած էր Գերմանիոյ պետութեան կողմէ, մասնակից դառնալու յիշեալ համագումարին: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Համագումարին կը մասնակցին Ատրպատականի թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեան եւ Կաթողիկոսարանիս Միջ-Եկեղեցական եւ Միջ-Կրօնական յանձնախումբի…

ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ` Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Շաբաթ, 20 Մայիս 2017-ի երեկոյեան, քուէյթահայութիւնը «Շիրաթոն» Պանդոկի «Տայմոնտ» ճաշասրահէն ներս, սիրոյ սեղանի մը շուրջ համախմբուեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շուրջ: Երեկոն սկիզբ առաւ Վեհափառ Հայրապետին աղօթքով եւ Քուէյթի ու Հայաստանի Հանրապետութեանց զոյգ քայլերգներով, որմէ ետք օրուան հանդիսավար` Քուէյթի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տոքթ. Ժանօ Պէպէճեան ողջոյնի խօսք արտասանեց ըսելով. «Վեհափառ Տէ՛ր, Ձեր նկատողութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ԻՐԱՆԻ ՎԵՐԸՆՏՐԵԱԼ ՆԱԽԱԳԱՀ՝ ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Իրանի վերընտրեալ Նախագահ՝ Հասան Ռուհանիին.- Նորին Վսեմութիւն Դոկտ. Հասան Ռուհանի Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Թեհրան Ձերդ Վսեմութիւն, Ուրախութեամբ իմացանք Ձեր վերընտրութիւնը որպէս Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան։ Արդարեւ, Ձեր վերընտրութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է Ձեր անձին նկատմամբ Իրանի ժողովուրդին ունեցած սիրոյն, վստահութեան ու ակնկալութեան։ Նախագահական Ձեր նախորդ շրջանին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՅԻ ՀԱՅ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

           Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող շաբաթներու ընթացքին մօտէն հետեւեցաւ Վենեզուելայէն ներս ստեղծուած անապահով կացութեան եւ յատկապէս՝ հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ տեղեկութիւնները ստացաւ գաղութի պատասխանատուներէն մէկուն կողմէ.-               «Աւելի քան տարի մը կ’ընէ, որ Վենեզուելան կը գտնուի ահաւոր դժուարութիւններու առաջ. քաղաքականապէս՝ քայքայուած եւ տնտեսապէս՝ սպառած է ան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՔՈՒԷՅԹ ԿԱՏԱՐԱԾ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Քուէյթ տուած հովուապետական այցելութիւնը լայն արձագանգ գտաւ Քուէյթի արաբատառ թէ անգլիատառ մամուլին մէջ։   Անկախ Քուէյթի Էմիրին հետ ունեցած իր հանդիպումին գծով հեռատեսիլներուն ու մամուլին լայն արձագանգին, եկեղեցւոյ օծումէն սկսեալ Վեհափառ Հայրապետին այցելութիւններն ու հանդիպումները կարեւոր տեղ գրաւեցին մամլոյ էջերուն մէջ։   Այս ծիրէն ներս յատուկ ուշադրութեան արժանի է Նորին Սրբութեան…

ՔՈՒԷՅԹԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՈՒՄ

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՅԾԱՌԱՑՆԵՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ԵԿԵՂԵՑԻՈՎ ՄԵՆՔ ՊԱՅԾԱՌԱՆԱՆՔ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՔՈՒԷՅԹԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ              «Ուրախացի՛ր, ծարաւ անապատ: Անապատը պիտի ցնծայ եւ պիտի ծաղկի շուշանի պէս»: Մարգարէական այս հրաշալի տողերը կարծէք թարգմանը հանդիսացան քուէյթահայութեան անսահման ցնծութեան ու հոգեփոխութեան, երբ Ուրբաթ, 19 Մայիս 2017-ին, համայնքային կեանքը ծաղկազարդուեցաւ նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց…

«ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵՆԷ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԸՆԹԱՆԱԼ ԴԷՊԻ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան երրորդ օրը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս դասախօսութիւն մը տուաւ Քուէյթի համալսարանին մէջ, նիւթ ունենալով «Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութիւնը Եւ Հանդուրժողութիւնը (Tolerance)»։ Համալսարանի տնօրէնութեան, դասախօսներու եւ ուսանողներու ներկայութեան իր տուած դասախօսութեան սկիզբը, Վեհափառ Հայրապետը նախ յիշեցուց, թէ քրիստոնէութիւնը եւ իսլամութիւնը, որպէս միաստուածեան կրօններ, իրենց հիմքը կը նկատեն աստուածային յայտնութիւնը։ Աստուածային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՔՈՒԷՅԹԻ ԷՄԻՐԻՆ ՀԵՏ

17 Մայիս 2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Քուէյթի Պետութեան Էմիրին ապարանքը, ուր հանդիպում ունեցաւ Քուէյթի Էմիր՝ Շէյխ Սապահ Ալ Ահմատ Ալ Ժապէր Ալ Սապահի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էին Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան եւ Քուէյթի մօտ Լիբանանի դեսպան՝ Մահէր Խէր։   Սիրալիր մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին,…

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԸ ՔՈՒԷՅԹԻ ԻՐ ՀՕՏԻՆ ՀԵՏ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը քուէյթահայութեան հետ իր առաջին հրապարակային հանդիպումը ունեցաւ Երեքշաբթի, 16 Մայիս 2017-ի երեկոյեան, Ազգային Վարժարանի շրջափակէն ներս, ուր Վեհափառ Հայրապետը պատուոյ շքերթով եւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդութեամբ մուտք գործեց Ազգ. Վարժարան եւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութենէն ետք, խումբ մը ջահակիր ՀՄԸՄ-ականներու առաջնորդութեամբ իր օրհնութիւնները փոխանցեց զինք դիմաւորող հոծ բազմութեան:             Քուէյթի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔՈՒԷՅԹԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Քուէյթ ժամանման յաջորդ օրը՝ 16 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, այցելեց նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի եւ Ազգային Առաջնորդարան, ուր շինութիւններն ու նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ հասած էին իրենց վերջին հանգրուանին։ Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Առաջնորդ Հայր Սուրբին, Ազգային Իշխանութեան անդամներուն եւ բարերարներուն, իրենց ղեկավարութեամբ կատարուած այս մեծ իրագործումին համար։ Յայտնենք, թէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՎԵՑ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐՈՒ ԿԸ ՇՆՈՐՀԷ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԼԱՆՋԱԽԱՉ ԿՐԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ հետեւեալ վեց միաբան հայրերուն շնորհեց վարդապետական լանջախաչ կրելու իրաւունք.- Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեան, Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան, Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Հոգշ. Տ. Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան։ Յիշեալ միաբան հայրերը քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՔՈՒԷՅԹԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՐԸ

Այս գիշեր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Քուէյթ եւ օդակայանին մէջ պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Առաջնորդ՝ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպոյեանի, պետութեան ներկայացուցիչին, Լիբանանի Դեսպանին եւ Հայաստանի հիւպատոսին կողմէ։ Նորին Սրբութեան դիմաւորելու օդակայան եկած էին նաեւ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչները։ Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը շաբաթ մը պիտի մնայ Քուէյթ՝…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՄԻՋ-ԴՊՈՐՑԱԿԱՆ ԱՅՍ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ ու բարձր տնօրինումով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ութերորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» հիմնադրամի լիբանանահայ վարժարաններու Միջ-դպորցական Հայ լեզուի եւ գրականութեան, Հայոց պատմութեան ու կրօնի, ինչպէս նաեւ ասմունքի մրցումները:             Մրցումներու առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Մարտ 2017-ի յետ միջօրէին Ասմունքի մրցումով, որուն յաջորդեցին Հայ Լեզուի ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՔՈՒԷՅԹ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս երեկոյ կը մեկնի Քուէյթ՝ հովուապետական այցելութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանան Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան եւ Գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Բանճարճեան. իսկ յառաջիկայ օրերուն, Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան պիտի միանան Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝…

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՐԱՊՐԵՑՈՒՑ «ԱՆՈՒՇ» ԵՒ «ԴԱՒԻԹ ԲԵԿ» ՕՓԵՐԱՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբը, ներկայութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Շաբաթ՝ 13 Մայիս 2017-ին, «Սեն Ժոզեֆ» համալսարանի սրահին մէջ անգամ մը եւս հայ երգարուեստի գոհարներ հրամցուց, երաժշտասէր հանրութեան ներկայացնելով հայ երգահան, հայկական-ազգային օփերայի հիմնադիր՝ Արմէն Տիգրանեանի աշխարհահռչակ «Անուշ» եւ «Դաւիթ Բեկ» օփերաները:   «Շնորհալի» երգչախումբը ղեկավարութեամբ Դպրեվանքի փոխ-տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին…

“ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ՈԵՒԷ ԵՐԿՐԷ ՆԵՐՍ ՊԱՀԵԼՈՎ ՀԱՆԴԵՐՁ ԻՐ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՈՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՆԸ, ՄԻՇՏ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՂԱԾ Է ԱՅԴ ԵՐԿՐԻ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՈՒ ՇԱՀԵՐՈՒՆ” Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

    Անցնող օրերու ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար հարցազրոյցներ ունեցաւ քուէյթեան եւ եգիպտական թերթերու եւ հեռատեսիլի կայաններու հետ։ Յիշեալ հարցազրոյցներու ընթացքին արծարծուեցան յատկապէս քրիստոնեայևիսլամ երկխօսութեան, Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան, հայ համայնքներուն ինչպէս նաեւ հայոց ցեղասպանութեան առնչուած նիւթեր։   Վերոյիշեալ նիւթերուն գծով Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւններ տուաւ պատմական հակիրճ ակնարկ նետելով ու յատկապէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԱԾ ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԽԱՂԱՂԱՊԱՀ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄՈՂ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՋՈԿԱՏԸ

Լիբանանի հարաւը տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող հայկական ջոկատը` գլխաւորութեամբ ջոկատի հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեանի, այսօր՝ Երեքշաբթի, 9 Մայիս 2017-ի առաւօտուն այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ Վեհարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան՝ Սամուէլ Մկրտչեանի։ Հրամանատար քափիթեն Կարէն Աթոյեան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ ջոկատի անդամներուն առաքելութեան` նշելով,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՆԱԽԱԳԱՀ՝ ԷՄԱՆՈՒԷԼ ՄԱՔՐՈՆԸ

Ֆրանսայի նորընտիր նախագահ՝ Էմանուէլ Մաքրոնի ընտրութեան առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս շնորհաւորական հետեւեալ նամակը յղեց.-   Վսեմաշուք Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Նորընտիր Նախագահ Ֆրանսայի Հանրապետութեան, Փարիզ.   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, իրեն ենթակայ թեմերու ժողովուրդին անունով, եւ անձնապէս, Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնները կը ներկայացնենք Ձեզի՝ Ֆրանսայի նախագահ ընտրութեան առիթով։ Մեր երկու ժողովուրդներուն ունեցած պատմական եւ բարեկամական կապերը…

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ԱՐՑԱԽԻ ՀԵՐՈՍ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

    Ողջո՜յն Արցախի մեր հերոս ժողովուրդին։   Ողջո՜յն Արցախի անկախութիւնը կերտած մեր քաջ բանակին։ 8 Մայիս 1992 թուականը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ պիտի մնայ խորհրդանիշ Արցախի ժողովուրդի խոր հաւատքին, ամուր վճռակամութեան ու արեան գնով իր ազգային իրաւունքը պաշտպանելու գիտակից յանձնառութեան։   8 Մայիս 1992 թուականը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ արձանագրուած պիտի մնայ…

ԱՐՑԱԽԻ «ՆՈՐ ԿԻԼԻԿԻԱ» ԳԻՒՂԻ ՏՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ՏՐՈՒԻՆ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Արցախի մէջ «Նոր Կիլիկիա» անունով գիւղ մը հաստատուեցաւ իր նորակառոյց բնակարաններով եւ անհրաժեշտ կառոյցներով ու յարմարութիւններով։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Արցախի իշխանութեան յատուկ կարգադրութեամբ «Նոր Կիլիկիա»ի տուները առաջնահերթութեան կարգով պիտի յատկացուին Արցախի նահատակներու ընտանիքներուն։ Յայտնենք, որ «Նոր Կիլիկիա» գիւղի բնակարաններու շինութեան երկրորդ հանգրուանը աւարտած…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՈՐԲԵՐՆ ՈՒ ԹԵՐԱՃՆԵՐԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՃԱՇԻ ՀԻՒՐԸ ԵՂԱՆ

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին, Սիսէն մինչեւ Անթիլիաս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը յատուկ կարեւորութիւն ընծայած է բարեսիրական հաստատութիւններու եւ միութիւններու՝ հիմնելով ու հովանաւորելով ծերանոցներ, որբանոցներ, կուրանոցներ եւ այլ մարդասիրական հաստատութիւններ: Արդարեւ, Շաբաթ՝ 6 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց «Թռչնոց Բոյն» եւ «Զուարթնոց» մարդասիրական հաստատութիւններու 75 որբերն ու թերաճները։ Զոյգ…

ԱՍՈՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Հինգշաբթի՝ 4 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Բաժանմունքի ներկայացուցիչները։ Անոնք հանդիպում ունեցան Կաթողիկոսարանիս Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Նշան Վրդ. Լախոյեանին հետ։ Հանդիպումը առիթ եղաւ, որ երկու քոյր եկեղեցիներու երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ հայր սուրբերը ծանօթանան երիտասարդութեան գծով իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ տարած աշխատանքներուն մասին։ Շուրջ ժամ մը տեւած այս հանդիպման աւարտին, այցելուները…

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 3 Մայիս 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մԷջ ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Տիար Պերճ Սեդրակեանի: Հանդիպման ներկայ Էր նաեւ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ նախկին նախարար՝ Արթիւր Նազարեան:            Աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպումին քննարկուեցան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնն ու Սփիւռքը յուզող մարտահրաւէրները:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

         Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի ունեցաւ միօրեայ համագումար՝ մասնակցութեամբ Սուրիոյ հայութեան հոգեւոր ու համայնքային պատասխանատու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ անցնող տարիներուն Սուրիոյ հայութեան օժանդակած կարգ մը կառոյցներու ներկայացուցիչներուն։             Սուրբ Ծնունդի առիթով, Հալէպի հայութեան տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի…

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի համագումար տեղի ունեցաւ այսօր՝ Շաբաթ 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին կողքին համագումարին ներկայ էին Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Պատրիարքը՝ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ՝ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները,…

ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒ ՊԱՏՄԱ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ`ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս գումարուեցաւ Հայ Դատի եւ պատմա-քաղաքական նիւթերու յատկացուած՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ գործող Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամի հերթական նիստը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցած նիստին ներկայ էին Երուանդ Փամպուքեան (ատենապետ), Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Կաթողիկոսարանիս Դիւանապետ՝ Խաչիկ Տէտէեան:   Նիստը Հիմնադրամի…

«ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՈՅԺԵՐ» ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐԸ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 26 Ապրիլ 2017-ի յետ միջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք այցելեցին «Լիբանանեան Ոյժեր» Կուսակցութեան համալսարանական ուսանողները՝ երկխօսութիւն ունենալու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ինչպէս նաեւ մօտէն ծանօթանալու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան: Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց ուսանողները։ Ուսանողներու կողմէ համալսարանի դասախօսը խօսք առնելով շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ այս գեղեցիկ առիթը ընծայած…

«ԿԸ ՍՊԱՍԵՆՔ ՈՐ ԵՒՐՈՊԱՆ ԶԻՆՔ ՊԱԽԱՐԱԿՈՂ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՔԱՋ ԿԵՑՈՒԱԾՔ ՈՒՆԵՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներու խուռներամ բազմութեան, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակը: Այս առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան:   Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ապրիլեան Նահատակներու յիշատակին բարձրացած աշխարհի առաջին…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 23 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարար՝ Ճըպրան Պասիլ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիպման ներկայ էր Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Լիբանանի արտաքին քաղաքականութեան հետ առնչուած հարցեր։

«ԱԶԳ ՄԸ ՉԻ ՄԵՌՆԻՐ, ԵԹԷ ԿԵԱՆՔԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԻ, ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ` ՏԵՍԼԱԿԱՆ» Պատգամեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Կազմակերպութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանեան Ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի, երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Մեհրապի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչում:   «Ժողովուրդին կամքը … գոյատեւման պատմութիւն» խորագիրը կրող ձեռնարկին Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը: Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ պետական նախարարներ եւ երեսփոխաններ, Լիբանանեան…

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԸ ՈՂՈՂՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲԱՑԵԱԼ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՎ

          Կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով, երէկ` Ուրբաթ, 21 Ապրիլ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ։ Քայլարշաւին ներկայ էին քաղաքական գործիչներ, լիբանանեան զանազան կուսակցութիւններու երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ։             Քայլարշաւը ընթացք առաւ Ս. Աստուածածին Վանքի մուտքէն, որմէ ետք…

ԵԹՈՎՊԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Եթովպիոյ Եկեղեցին ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։ Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Եթովպիոյ Պատրիարքին եղբայրական ողջոյնները, Եթովպիոյ եկեղեցիին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ շարք մը հարցեր՝ կապուած Լիբանանէն ներս Եթովպիոյ համայնքին։   Յայտնենք, որ Եթովպիոյ եկեղեցին դաւանակից է Հայ Եկեղեցւոյ եւ Լիբանանէն ներս Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս օգտակար հանդիսացած է,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑՆԵՐԸ ԱՊՐԻԼ 24-Ի ԱՌԻԹՈՎ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ ամեակի նախաշեմին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող քանի մը օրերու ընթացքին հետեւեալ հարցազրոյցները ունեցաւ. Իտալիոյ լրատուական հեռատեսիլի կայաններուն հետ, լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններուն հետ (որոնք Վեհափառ Հայրապետին խօսքը պիտի սփռեն Ուրբաթ՝ 21 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 05։00-ին, Լիբանանեան Ոյժերու կողմէ տեղի ունենալիք ձեռնարկին ընթացքին)։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ընդհանրապէս Հայ Դատի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, 19 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին երկու ժէնէրալներ եւ Գաղտնի Ոստիկանութեան բարձրաստիճան պատասխանատու մը։ Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց բանակի ընդհանուր հրամանատարին բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ շնորհիւ բանակի հսկողութեան ապահովութիւն կը տիրէ երկրի զանազան շրջաններէն ներս։ Ողջունելով բանակի հրամանատարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան…

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԵՐԲ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՓՈԹՈՐԻԿՆԵՐՈՒ ՆԱՅԵՑԱ՛Ւ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՅԴ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՀԶՕՐԱՑՈՒՑ ԻՐ ԿԵԱՆՔԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

  Մեր Տիրոջ ու Փրկիչին Յարութեան Հրաշափառ տօնին առիթով, Կիրակի, 16 Ապրիլ 2017-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի շրջափակը լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էին լուսաւորուելու եւ քաջալերուելու Քրիստոսի մահուան վրայ տարած յաղթանակով: Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին նաեւ այլ համայնքներու հոգեւոր թէ քաղաքական պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին շնորհաւորելու Նորին Սրբութեան Ս.…

«ԱՅՍՕՐ ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՄԵԶՄԷ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԸ ԻՐ ՀԵՏ ԻՋՆԵԼՈՒ ԳԵՐԵԶՄԱՆ ԵՒ ԱՅՆՏԵՂ ԹԱՂԵԼՈՒ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐ ՄԵՂՔԵՐԸ» ԸՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ  

  Աւագ Ուրբաթ օրը քրիստոնէական կեանքին մէջ ամէնէն սուրբ եւ խորհրդալից օրերէն մէկն է, որ յիշատակումն է Քրիստոսի Թաղման։ Այս առիթով, Աւագ Ուրբաթ՝ 14 Ապրիլ 2017-ի յետ միջօրէի ժամը 4:00-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ Աստուածորդւոյն Թաղման Կարգը։               Նախքան «Խաչի Քո Քրիստոս երկիրպագանեմք» Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՊՐԻ´Լ ՈՒ ՎԿԱՅԵ´Լ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

      Քրիստոնէական հաւատքին ամուր հիմքը ու անոր հզօրութեան աղբիւրը հանդիսացող Աստուծոյ Որդւոյն յարութիւնը վճռական հանգրուան մըն է՝ Բեթղեհէմով սկսած Քրիստոսի փրկագործական առաքելութեան մէջ։   Արդարեւ, մահուան վրայ տարած յարութեան յաղթանակով, անոնք որոնք տակաւին կասկած ունէին Քրիստոսի մասին, վկայեցին անոր աստուածութիւնը։ Անոնք որոնք ուրացած էին Քրիստոս, վերահաստատեցին իրենց հաւատքը։ Անոնք որոնք կը խորհէին թէ…

«ՍԷՐԸ ՀԻՄՔՆ ՈՒ ԷՈՒԹԻՒՆՆ Է ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԻՆ» ՇԵՇՏԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ  

  Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան ամէնէն հարուստ ու խորհրդաւոր օրերէն մէկն է Քրիստոսի տնօրինական կեանքի վերջին Հինգշաբթին՝ Աւագ Հինգշաբթին։ Այս օրը Ս. Պատարագի եւ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատման, ոտնլուայի, Քրիստոսի մատնութեան, ձերբակալութեան ու խաչելութեան յիշատակումի օրն է։               Դարերէն մեզի եկող աւանդութեան համաձայն, Աւագ Հինգշաբթի՝ 13 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԳԵՐՇ. Տ. ԽՈՐԷՆ ԱՐՔ. ՏՈՂՐԱՄԱՃԵԱՆԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ

Կ’ուզենք ուրախութեամբ յայտնել, որ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանը նշանակեց Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ: Խորէն Սրբազանը, անցնող տարիներուն, յաջորդաբար ստանձնած է հետեւեալ պաշտօնները.- Դպրեվանքի Հսկիչ եւ Փոխ-Տեսուչ, գաւազանակիր, Դպրեվանքի եւ հայկական երեք տարբեր Ազգային Վարժարաններու մէջ վարած է ուսուցչական պաշտօններ: 1995-2004 տարիներուն եղած է հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի Հայոց եւ ապա՝…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

Աւագ Երեքշաբթի օրուան ընթացքին Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ նշել մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի գալստեան խորհուրդը, որուն նուիրուած են օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներն ու շարականները։ 11 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Աւագ Երեքշաբթի օրուան յատուկ «Տասը Կուսանաց» յիշատակի «Երեկոյեան» ժամերգութիւնը։ Մատթէոս Աւետարանի 24-րդ գլխուն մէջ…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Մեր թանկագին ժողովուրդի զաւակներուն կ’ուզենք յայտնել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը հրատարակեց նոր գիրք մը որ կը կրէ՝ «Դռնբացէք, Ոտնլուայ, Չարչարանաց, Խաչելութիւն, Խաւարում, Թաղում, Ճրագալոյց» խորագիրը։ Գիրքը գրեց Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերպ. Տ. Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏԻՆ

Քիչ առաջ, իմանալէ յետոյ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած ահաբեկչական ոճիրներուն մասին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ՝ Ն.Ս. Թաւատրոս Պատրիարքին, խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչական արարքները եւ իր խորազգաց ցաւակցութիւնը յայտնեց անոր, ինչպէս նաեւ զոհերու ընտանիքներուն՝ միաժամանակ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԹԱՓՕՐԻՆ

Կիրակի 9 Ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնը արժանաւորապէս նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս հազարաւոր մանուկներու, երիտասարդ-երիտասարդուհիներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մասնակցութեամբ, որոնք եկեղեցական արարողութեամբ ու աւանդական թափօրով դիմաւորեցին Քրիստոսի յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։   Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան: Պատարագի սկիզբը մանուկներու աւանդական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀՈՎԱՆԻԻՆ ՆԵՐՔԵՒ ԳՈՐԾՈՂ ԶՈՅԳ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԻՆ ՄԻՋ-ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅԻՆ  

            Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին ներքեւ գործող «ԿԻԼԻԿԻԱ» եւ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանները իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի Մշակոյթի Նախարարութեան կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող «Թանգարաններու Երեկոյ»ին (Museum Night):               Արդարեւ, Ուրբաթ 7 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ, Կաթողիկոսարանիս զոյգ Թանգարանները ընդունեցին տեղացի եւ օտար աւելի քան երեք հարիւր…

ԱՆԳԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 6 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Անգլիոյ Դեսպան՝ Հիւկօ Շորթըրին։   Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ Նորին Սրբութիւնը եւ Դեսպանը քննարկեն ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր։ Վեհափառ Հայրապետը Դեսպան Շորթըրին լայն բացատրութիւն տուաւ Լիբանանի հայ համայնքին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ Կ’ԱՌԱՋԱՐԿԷ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ԱՐԱԳԱՑՆԵԼ ՍԻՍԻ ԴԱՏԻՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

      Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց Դատարանին գրաւոր հայց ներկայացնելով, Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին Իրաւական Յանձնախումբը յիշեալ դատարանէն պահանջեց՝   Առաջին, 7 Դեկտեմբեր 2016-ին իրեն ներկայացուած Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական թղթածրարը Թուրքիոյ դատարանին չյղել, նկատի ունենալով՝ Թուրքիայէն ներս պարզուած անորոշ վիճակը, դատական-իրաւական օրէնքներուն խախտումը, ապօրէն վերաբերումը դատաւորներու ու փաստաբաններու նկատմամբ, եւ…