Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Հայոց Ցեղասպանութեան 108 ամեակին առիթով, Երկուշաբթի, 24 Ապրիլ 2023-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ Ցեղասպանութեան զոհ սրբացեալ նահատակներու յիշատակին, ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի։
Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն ու դեսպանատան անձնակազմը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) վերին մարմիններու ներկայացուցիչները, նախկին թէ ներկայ երեսփոխաններ ու նախարարներ, լիբանանահայ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններու, կառոյցներու, մարմիններու ու բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչները։
Յաւարտ Անմահ Պատարագին, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Մայր Տաճարին կից գտնուող Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատուռ, ուր Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ սրբադասեալ նահատակներուն նուիրուած Բարեխօսական Կարգը, որմէ ետք մատրան առջեւ կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներուն կողմէ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւնը։
Ապա, սկաուտական կազմերը եւ անոնց պատկանող շեփորախումբերը (Հ.Մ.Ը.Մ., Հ.Մ.Մ. եւ Հ.Ե.Ը.) Վեհարանին դիմաց կանգնած՝ իրենց որդիական երախտագիտութիւնն ու զօրակցութիւնը արտայայտեցին Հայրապետին։ Նորին Ս. Օծութիւնը Վեհարանի պատշգամէն ողջունելով Մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած մեծ թիւով սկաուտներն ու անոնց պատասխանատու մարմինները՝ յայտնեց, որ անոնք գործող, ծառայող ու մասնակցող ներկայութիւն են մեր հաւաքական կեանքին մէջ. եւ, ահաւասիկ, ձեր ներկայութիւնը այստեղ ինքնին պերճախօս վկայութիւն է, թէ Լիբանանի հայութիւնը, հակառակ իր տնտեսական ու ընկերային բազմապիսի ու այլազան դժուարութիւններուն, ո՛չ միայն պահեց իր ամողջականութիւնը, այլեւ իր հաւաքական ու համայնքային կեանքը, կազմակերպուածութիւնը ու աշխուժութիւնը։ Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան 108 ամեակին առիթով, դուք եկած էք ո՛չ թէ միայն ձեր յարգանքը մատուցանելու մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն, այլ ձեր եւ մեր բոլորին պահանջատիրական յանձնառու պայքարը վերանորոգելու։ Մենք պայքարի՛ ժողովուրդ ենք. մենք պահանջատէ՛ր ժողովուրդ ենք եւ կապուած ենք ու պիտի մնանք կապուած մեր ազգի ընդհանրական արժէքներուն եւ իրաւունքներուն, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը։
Իր խօսքի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը իր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց սկաուտներուն ու պատասխանատու մարմիններուն եւ բարի երթ ու յաջողութիւն մաղթեց անոնց ազգանուէր ծառայութեան մէջ։