Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ Իր Թեմերով, Կառոյցներով, Մարմիններով, Իր Բոլոր Կարելիութիւններով Սուրիահայութեան Հետ Է»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աղէտալի երկրաշարժէն ետք, Հինգշաբթի, 16 Փետրուար 2023-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, հովուապետական զօրակցական այցելութեամբ, շքախումբով ժամանեց Հալէպ, գօտեպնդելու սուրիահայութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զօրակցութիւնը յայտնելու անոր:

 

Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ղօղանջին ներքոյ, Նորին Ս. Օծութիւնը դիմաւորուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի, Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքի համայնքապետ վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական-հիւպատոս Բաբգէն Պատալեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական առաքելութեան խումբի պատասխանատուին, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանի, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, հալէպահայ մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու՝ Համազգայինի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Ս.Օ. Խաչի, Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, Հ.Ե.Ը.-ի, Նոր Սերունդ, Կրթասիրաց, Ազգային Մշկթ., Գերմանիկ Վասպուրական Մշկթ. միութեանց, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն, եկեղեցիներու թաղական խորհուրդներուն, դպրաց դասերուն, Ս.Ե.Մ.-ի, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան անդամներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տարազաւոր սկաուտներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին կողմէ:

 

Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին մաս կը կազմէին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանի տնօրէն եւ Բերիոյ հայոց թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան, Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան։

 

Եկեղեցւոյ մուտքին տեղի ունեցաւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւն, Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբի պարմանուհիներուն տարազաւոր ներկայութեամբ։ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը թափօրով եւ դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի, ուր նախագահեց Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին նուիրուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան։ Պատարագը մատուցեց Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան։

 

Առաջնորդ սրբազանը հոգեւորանակաց դասուն, Ազգային Իշխանութեան, միութիւններուն եւ հալէպահայութեան անունով ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ երկրաշարժէն փրկուած հալէպահայութիւնը արժանի դարձաւ Հայրապետին զօրակցական այցելութեան:

 

Նորին Ս. Օծութիւնը ժողովուրդին ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը՝ ըսելով. «Եկած եմ Հալէպ ձեր ցաւը բաժնելու, ձեր մտահոգութիւնը իմանալու եւ երկրաշարժին յառաջացուցած վնասներուն աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու»: Ապա, աւելցնելով՝ ըսաւ. «Հրաշք է մեր գոյութիւնը այսօր, փոքր ազգ եղանք, սակայն Աստուծոյ դառնալով, Աստուծոյ ներկայութեամբ մեր կեանքը հզօրացնելով՝ գոյատեւեցինք։ Այսօր մեր ժողովուրդը տագնապի մէջ է, փաստօրէն ամէն տեղ՝ Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ մէջ եւ ամէնուր։ Տագնապին ձեւը, տարողութիւնը տարբեր է, սակայն ըստ էութեան մեր ազգը տագնապներով շրջապատուած է: Այս պայմաններուն մէջ մենք պէտք չէ յուսահատինք, այլ մեր հաւատքով հզօրացած պէտք է դառնանք Աստուծոյ, միշտ ըսելով՝ «Դուն ես, Աստուած, մեր կեանքի հզօրութեան աղբիւրը»»։

 

Վեհափառ Հայրապետը հաստատեց. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր թեմերով, կառոյցներով, մարմիններով, իր բոլոր կարելիութիւններով ձեզի հետ է, սիրելի ժողովուրդ հայոց, Սուրիոյ տարածքին հաստատուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։ Կը ցաւիմ. որ մենք վնասներ, մահեր ունեցանք այստեղ, նաեւ նախկին Կիլիկեան աշխարհի մեր քաղաքներուն մէջ՝ Մալաթիա, Մարաշ, Իսկէնտերուն, … այս բոլորը կը յիշենք այսօր, որպէսզի Աստուած իր երկնքի թագաւորութեան մէջ ընդունի հոգիները զոհերուն, շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ բոլոր հիւանդներուն, վիրաւորներուն։ Տակաւին վիրաւոր են մեր ժողովուրդի զաւակները, գիտեմ, յառաջիկայ ժամերուն աւելի մօտէն ամբողջական կերպով պիտի իմանամ, թէ ի՞նչ են կարիքները, մտահոգութիւնները մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ մեր կարելին, գերագոյնը պիտի կատարենք, որպէսզի ձեր ցաւերը բուժուին, ձեր մտահոգութիւնները վերանան եւ կարենանք ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ծառայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն»:

 

Վարդանանց տօնը յիշատակելով՝ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդը Ղեւոնդներ ու Վարդաններ տուաւ, որոնք վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց գիտակցօրէն ու հաւատքով Աւարայր գացին եւ իրենց արիւնը թափեցին։ Հետեւաբար, մեր կեանքի տագնապներուն ու չարիքներուն դիմաց պէտք չէ ընկճուինք։

 

Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով՝ ըսաւ. «Այս պահուն, այս սրբազան խորանէն ես կոչ կ՚ուղղեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ամէն տեղ, մեզի համար սրբազան պարտաւորութիւն է օգնել Սուրիոյ հայերուն եւ մասնաւորաբար Հալէպի հայերուն, տանք ինչ որ կրնանք եւ մասնակից դառնանք Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին»:

 

Ս. Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը լրատուամիջոցներուն դիմաց կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին՝ չեղեալ համարելու Սուրիոյ վրայ սահմանուած պատժամիջոցները եւ փութալու աղէտահար ժողովուրդի օգնութեան։