Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան

ԱՐԱՄ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՐԲԵՐՈՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

«Թռչնոց բոյն»ի շրջափակին մէջ գտնուող «Արամ Պէզիքեան» Ցեղասպանութեան որբերու թանգարանը հիմնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով։ Անիկա ո՛չ միայն հոն ապրած որբերուն յիշողութեան կոթող ու Մարիա ՃԷյքըպսոն վիթխարիին յարգանքի տուրք մըն է, այլ նաեւ՝ հաւաքական յիշողութիւնը վերաթարմացնող ու անոր ընդմէջէն մարդկային հասարակակաց արժէքներն ու սկզբունքները կարեւորող, հանդուրժողականութիւն եւ համագործակցութիւն ընդգծող ու մարդկանց իրաւունքներն ու արժապատուութիւնը բարձրացնող ամենօրեայ կանչ։

Թանգարանը, որ կը պատկանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի գործունէութեան ծիրին, իրականացաւ շնորհիւ Արամ Պէզիքեան բարերարին, ինչպէս անունը կը յուշէ։

Թանգարանը կը բաղկանայ երեք մասերէ,-

-Առաջին մասը կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին կեանքը Օսմանեան տիրապետութեան տակ։

-Երկրորդ մասը կը ներկայացնէ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերը։

-Երրորդ մասը կը ներկայացնէ վերապրողներուն նոր կեանքը՝ գաղթակայաններէն մինչեւ գաղութային կազմակերպում։

Թանգարանին շրջապտոյտը կ՚աւարտի «Թռչնոց բոյն»ի հիմնադիր Մարիա Ճէյքըպսոնին նուիրուած Դամբարանով։

Թանգարանը բաց է ամէն օր բացի Երկուշաբթի օրերէն, առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 5:00։

Այցելողը միջին հաշուով մէկուկէս ժամուան ընթացքին կրնայ ըմբոշխնել թանգարանին բոլոր մանրամասնութիւնները։

Թանգարանի մուտքը ունի յատկանշական 5 ամերիկեան տոլար  մեծերու եւ 3 ամերիկեան տոլար փոքրերու, աշակերտներու եւ խումբերու մուտքի սակ։ 12 տարեկանէն վար մանուկներուն մուտքը յանձնարարելի չէ, իսկ հակառակ պարագային՝ ծնողներու ընկերակցութեամբ։

Թանգարանի յանձնախումբի անդամներն են՝, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Բանճարճեան, Տիար Ալեքքօ Պէզիքեան, Տիար Յարութ Պէզճեան եւ Տիկ. Ռիթա Գալինճեան-Տաղեր

Փոխ տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Բանճարճեան

Քարտուղարութիւն՝ Գրիգոր Սրկ. Ալոզեան