«Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբ

2017-ին կազմուեցաւ Կաթողիկոսարանի մանկապատանեկան երգչախումբը՝ 8-15 տարեկան փոքրիկներու եւ պատանիներու համար:

Շուրջ մէկ տարուան փորձերէ ու պատրաստութենէ ետք, երգչախումբը առաջին անգամ ներկայացաւ հանրութեան, կատարելով սուրբ Պատարագի երգեցողութիւնը,  Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 23-րդ տարեդարձին առիթով։ Շաբաթ, 11 Օգոստոս 2018-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին, երգչախումբը դարձեալ կատարեց Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը երգչախումբը անուանեց «Նարեկացի», ի յիշատակ Գրիգոր Նարեկացիին։

Երգչախումբի անդամները ձայնամարզութեան եւ դաշնամուրի դասընթացքի կողքին նաեւ կը հետեւին քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեան ծրագիրներու։

Խումբի վարչական պատասխանատուներն են՝ Թամար Քէշիշեան, Սեւան Գոճայեան, Մայտա Քիրէճեան, Լուլու Գատէմեան, Շողիկ Եփրեմեան եւ Սիրուն Պէքարեան:

Փորձերը տեղի կ՚ունենան շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 9:30-էն 12:30։ Երգչախումբի անդամակցիլ փափաքողները կրնան դիմել Կաթողիկոսարան, կամ հեռաձայնել երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին՝ 79 305 838 թիւին։