ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Չորեքշաբթի, 15 Ապրիլ 2015-ին, Յունաց Տիեզերական Պատրիարքութեան պատրիարքարանին մէջ, Կոստանդնուպոլիս, տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եկեղեցիներուն (Քաղկեդոնական եւ Ոչ-քաղկեդոնական) Մնայուն յանձնախումբին եւ Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութեանց (UBS)՝ Եկեղեցիներու Յարաբերութեան յանձնախումբին միօրեայ հանդիպումը: Սոյն ժողովին, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշգարեան:   Հանդիպման հիմնական նպատակն էր քննութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՁԵՌԱՄԲ Կ’ՕԾՈՒԻՆ Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՂՈՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐՆԵՐԸ

Կիրակի, 19 Ապրիլ 2015-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ, հայ ժողովուրդին մէջ քրիստոնէութեան առաջին սերմերը նետած եւ Հայ Եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներուն՝ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարթողոմէոսի սրբապատկերներուն օծումը, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Պատարագի կիսուն, նախքան քարոզի պահը, Նորին Սրբութիւնը իջնելով…

«ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ՈՉ ԹԷ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԷՐ. ԱՆ ԶՈՀՆ Է ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» Շեշտեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Իր վերջին Վատիկան այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցող պաշտօնական ընդունելութեան մը ժամանակ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ Vatican Insider կայքէջի տնօրէնին՝ Ճիաննի Վալէնթէի հետ: Յիշեալ կայքէջը Վատիկանի ամէնէն հեղինակաւոր եւ վստահելի լրատուութեան աղբիւրներէն մէկն է՝ իր ունեցած հարցազրոյցներով, հայթայթած առարկայական տուեալներով ու ճշգրիտ տեղեկութիւններով: Նորին Սուրբ Օծութեան հետ Vatican Insider-ի ունեցած հարցազրոյցը շօշափեց…

ԴԺՈԽՔԻ ՎԱ՞Խ, ԹԷ՝ ԱՐՔԱՅՈՒԹԵԱՆ ՍԷՐ

Կան այնպիսի մարդիկ որոնք Աստուծոյ կը դառնան, որոնք կ’աղաղակեն եւ արցունք կը թափեն անոր առջեւ, ո´չ թէ որովհետեւ կը սիրեն զինք եւ կամ անոր հետ ըլլալ կը փափաքին, այլ որովհետեւ կը վախնան դժոխք նետուելէն: Այդպիսիներուն մտահոգութիւնը պարզապէս դժոխքին մէջ չնետուիլն է: Դժոխքին վախն է որ այդպիսիները ծունկի կը բերէ Աստուծոյ առջեւ եւ ո´չ թէ Քրիստոսի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ

17 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Տէյվիտ Հէյլի։               Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Վատիկանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով Սրբազան Քահանայապետին կատարած յայտարարութիւնը, ինչպէս նաեւ Վեհափառ Հայրապետին խօսքը և Թուրքիոյ հակազդեցութիւնը։ Նաեւ արծարծուեցան Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր՝ ներառեալ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՆՁԱՄԲ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 16 Ապրիլ 2015-ին, Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Միաբան Հայրերէ կազմուած թափօրի առաջնորդութեամբ, ուղղուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին հիւսիւսային աւանդատան կողքը՝ Սրբալոյս Միւռոն եփելու աշխատանքներու համար պատրաստուած վայրը: Նորին Սրբութիւնը կաթսային մէջ լեցուց Ս. Միւռոնի համար պատրաստուած ձիւթաիւղն ու դափնիի իւղը, աղօթքներու ու շարականներու երգեցողութեամբ եւ ապա, միւռոնադրոշմ Հայրապետական Աջով…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ ՄԻՒՌՈՆԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ

Հայ Եկեղեցւոյ Սրբալոյս Միւռոնը կ’օրհնուի եօթը տարին անգամ մը: Ս. Միւռոնի պատրաստութիւնը տեղի կ’ունենայ զանազան հանգրուաններով եւ ամիսներու վրայ երկարող աշխատանք կ’ենթադրէ: Ս. Միւռոնը կը պատրաստուի քառասունէ աւելի բոյսերէ: Առ ի տեղեկութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, կ’ուզենք յայտնել, որ Շաբաթ, 18 Յուլիս 2015-ին տեղի ունենալիք Միւռոնի օրհնութեան պատրաստութեան վերջին հանգրուանի աշխատանքները պիտի սկսին հետեւեալ ժամանակացոյցին համաձայն.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ

Երեքշաբթի գիշեր, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Զօրավար Սէյրան Օհանեանը։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպանը և Նախարարին ընկերացող զինուորական պատուիրակութիւնը։               Պաշտպանութեան Նախարարը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց իր այցելութեան նպատակը. և իր ունեցած հանդիպումները Լիբանանի պետական պատասխանատուներուն և Լիբանանի հայ գաղութին հետ։ Նորին Սրբութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Վատիկան կատարած իր կարճատեւ այցելութեան վերջին օրը, Երկուշաբթի, 13 Ապրիլ 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի բարձրաստիճան հետեւեալ կարտինալներուն հետ։ Առաջին հերթին, Վեհափառ Հայրապետը իր իջեւանած Վատիկանի հիւրանոցին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Բարոլինիի հետ, Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի ներկայութեան։ Հանդիպման ընթացքին, Նորին…

«ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՆՔ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄ ՈՒ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Ապրիլ 2015-ի առաւօտ, Վատիկանի Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ, օտար թէ հայ հազարաւոր ներկաներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած պատարագի ընթացքին, Ն.Ս. Ֆրանչիսկոս Պապի խօսքէն յետոյ խօսք առնելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի եւ անուրանալի իրողութիւն մըն է՝ անջնջելի կերպով արձանագրուած 20-րդ դարու պատմութեան տարեգրութեան մէջ եւ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՂԲԱՅՐԱԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՈՒ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԻ ԽՕՍՔԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ (12 Ապրիլ 2015)

            Ներկայ պահը հոգեւոր ապրումներով եւ իւրայատուկ պատգամով լեցուն պահ մըն է մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան մէջ։ Այս հոգեպարար առիթով պիտի ուզէինք երեք յատկանշական երեւոյթներու անդրադառնալ հակիրճ կերպով։               Ա) Առաջին հերթին Մեր եղբայրական սէրը ու երախտագիտութիւնը կ’ուզենք յայտնել Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, որ մեծապէս գնահատելի նախաձեռնութիւնը ու իմաստուն…

ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՃԱՆԱՉՈՂՈՒԹԻՒՆ

«Կը ճանչնամ ոչխարներս եւ անոնք ալ զիս կը ճանչնան» (Յհ 10.14): Քրիստոս այստեղ կը խօսի փոխադարձ ճանաչողութեան մասին եւ ո´չ թէ միակողմանի ճանաչողութեան մասին: Քիչ չէ թիւը անոնց՝ որոնք կը յայտարարեն որ կը ճանչնան զՔրիստոս, եւ որոնք սակայն, դատաստանի օրը անկէ պիտի լսեն. «Բնա´ւ ձեզ չեմ ճանչնար» խօսքը (Մտ 7.23, 25.12): Օր մը ուսուցիչ մը…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «ՔԵՍԱՊ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հրամանաւ, Ապրիլ ամսուան մէջ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայահոծ շրջաններու նուիրուած վերահրատարակուող յուշամատեաններու Ը. Հատորը:   Քեսապի նուիրուած այս հատորը ընթերցողին կը փոխանցէ ամբողջական պատկերը հայահոծ բնակավայրին: Ամբողջական եւ հարուստ էջերով հրատարակութիւն մըն է Քեսապի սոյն հատորը, որ ոչ միայն կը ներկայացնէ…

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ «Լիբանանեան Վկայութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան Հրատարակչական Հիմնադրամի, «Լիբանանեան Վկայութիւններ Հայկական Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ» խորագրով արաբերէն հատորը, որ կը ներկայացնէ վկայութիւններ, կարծիքներ եւ կեցուածքներ, լիբանանցի պետական, հոգեւոր եւ այլ ականաւոր անձնաւորութիւններու: Նմանօրինակ գիրք մը նախապէս եղած չէ բնաւ. այս աշխատանքը վաւերագրական ու յատուկ տիպի գործ մըն է։ Կը շօշափէ մարդկային վսեմ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՍՕՐ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆ

Ընդառաջելով Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսքոս Պապի եղբայրական անձնական հրաւէրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այս առաւօտ մեկնեցաւ Վատիկան։ Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, Գերաշնորհ Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան, գաւազանակիր…

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 9 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ասորի կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը բաղկացած երեք անդամներէ։ Աշխարհի զանազան մայրաքաղաքներուն մէջ իրենց կեդրոնները ունեցող Ասորի կուսակցութեան նպատակն է ասորի համայնքներուն շահերը հետապնդել, ինչպէս նաեւ արդարութիւն պահանջել Թուրքիայէն։ 1915-ին ասորիները եւս ենթակայ դարձած են Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած ջարդերուն։ Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպման ներկայ եղաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլ 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հոգեւորականաց Համախմբումի ներկայացուցիչները: Հանդիպումին ներկայ էր, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Սոյն Հանդիպումին մաս կը կազմեն Լիբանանի բոլոր քրիստոնեայ թէ իսլամ համայնքները: Համախմբումին անդամները Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահեց, իր կատարած աշխատանքներուն մասին եւ 12 Ապրիլին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին…

Քրիստոսի մահն ու Յարութիւնը

Փեսայ Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի փրկէ իր հարսը՝ եկեղեցին, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի սրբէ ու արդարացնէ զայն:   Բարձրեալ Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի կենդանացնէ մեղքով մեռածը, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի զայն բարձրացնէ Բարձրեալ Աստուծոյ ներկայութեան:   Իշխան Քրիստոսը մեռաւ, որպէսզի ազատէ մարդը Չարին իշխանութենէն, եւ յարութիւն առաւ, որպէսզի մարդը Աստուծոյ իշխանութեան ենթակայ դարձնէ:   Տէր Քրիստոսը մեռաւ,…

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍԻՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆ Է ԽԱՒԱՐԻՆ ԴԷՄ»   Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս բառերով Քրիստոսի յարութեան աւետիսը փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասի Մայրավանքէն մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Ան ըսաւ, «Աստուծոյ Որդին գերեզման իջեցնելով մարդիկ կարծեցին որ կեանքի ու ճշմարտութեան լոյսը կարելի է թաղել։ Քրիստոս իր յարութեամբ ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ ո՛չ, կարելի չէ լոյսը գերեզմանել։ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ լոյսը հոմանիշ է ճշմարտութեան, յաւիտենական կեանքի։ Քրիստոս ըսաւ ես…

Ճրագալոյցի առիթով

Ի՞նչ կը նշանակէ «Ճրագալոյց»: «Ճրագալոյց» բառը կազմուած է երկու բառերէ` «ճրագ» եւ «լուցանել»: Լուցանել բառը գրաբար է եւ կը նշանակէ` վառել: Այս իմաստով, «Ճրագալոյց» կը նշանակէ` ճրագը կամ ճրագները վառել, լուսաւորել: Նախապէս մեր եկեղեցին բոլոր մեծ տօներու նախընթաց երե­կոյին նախատօնակ կը կատարէր. նախատօնակի բոլոր արարողու­թիւնները կը կոչուէին` Ճրագալոյց, որովհետեւ արարողութեան ընթացքին եկեղեցւոյ կանթեղները, եւ այլ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԳԵՐԵԶՄԱՆԵԼ   Աւետարանիչը կը պատմէ թէ Կիրակի վաղ առաւօտ, Մարիամ Մագթաղենացին եւ խումբ մը բարեպաշտ կիներ իրենց հետ խունկ առնելով Քրիստոսի գերեզմանը գացին. գերեզմանին մուտքը փակող հսկայ քարը գլորուած գտնելով՝ ներս մտան, բայց Յիսուսի մարմինը հոն չգտան։ Մինչ զարմացած կը դիտէին պարապ գերեզմանը, երկու հրեշտակներ կը մօտենան անոնց ու կ’ըսեն՝ ինչո՞ւ ողջը…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒ ՀՈԾ ԲԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մեր ժողովուրդի զաւակները հոծ բազմութեամբ մասնակից դարձան Աւագ Շաբթուան արարողութիւններուն։ Աւագ Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2015-ին, Քրիստոսի Թաղման Կարգը կատարուեցաւ հոգեպարար նոյն մթնոլորտին մէջ մասնակցութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ու յատկապէս երիտասարդներուն։ Արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր շուրջ ունենալով Միաբան Հայրերը։ Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ ծունկի եկած Վեհափառ Հայրապետը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Կիրպոսի Հանրապետութեան Խորհրդարանին կողմէ առնուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէական յանցանք նկատուելու որոշման առիթով, Ուրբաթ, 3 Ապրիլ 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հետեւեալ նամակը յղեց Կիպրոսի Հանրապետութեան Նախագահին եւ Խորհրդարանի Նախագահին.-   Մեծ ուրախութեամբ իմացանք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Կիպրոսի Հանրապետութեան Խորհրդարանը միաձայնութեամբ պատմական որոշում մը առած է յատուկ օրէնք մը հաստատելով, որու համաձայն Հայոց…

Քրիստոսի թաղման առիթով

Քրիստոսի թաղման առիթով երեք մտածումներ.- 1) Քրիստոս իր մահուամբ ու թաղումով կը յիշեցնէ մեզի, թէ մենք պանդուխտ ենք երկրի վրայ, եւ թէ` մեր գոյութիւնը այս աշխարհին մէջ ժամանակաւոր հանգամանք ունի: Արդարեւ, մարդը ստեղծուած է ուրիշ աշխարհի մը համար, ուստի` պէտք չէ ապրի այս աշխարհին համար: Ստեղծուած է երկինքի համար, ուստի` պէտք չէ երկրին ու երկրայինին…

«ՍԷՐԸ ՄՂԻՉ ՈՒԺԸ ՈՒ ՆՊԱՏԱԿԸ ԴԱՐՁԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՓՐԿԱԳՈՐԾԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ Աւագ Շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցող արարողութիւններու մասնակից կը դառնան մեր ժողովուրդի զաւակները, յատկապէս մեր երիտասարդները, հաղորդուելով աւետարանական ճշմարտութիւներով ու արժէքներով։   Արդարեւ, Աւագ Շաբթուան իւրաքանչիւր օրը առնչուած է Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի ու փրկագործական առաքելութեան յատկանշական մէկ երեսին։ Աւետարանական ընթերցումներով, շարականներով ու քարոզներով մեր եկեղեցին հաւատացեալները կը հրաւիրէ ոչ միայն տեղեակ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ

Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Պապական Նուիրակ Կապրիէլ Գաչեայ Եպիսկոպոսը: Անոր կ’ընկերանար իր օգնական եպիսկոպոսը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան նախագահական ընտրութեան և Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ աղերս ունեցող հարցեր ու ծրագիրներ։ Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ շաբաթ Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարելիք այցելութեան՝ ներկայ ըլլալու համար Սրբազան Քահանայապետին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Մ.Ա.Կ.-Ի ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆ

2 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կրօնական Ազատութեան Բաժանմունքի պատասխանատու Դոկտ. Հէյնըր Պիելեֆելթ, ընկերակցութեամբ իր երկու օգնականներուն։ Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչին առաքելութիւնն էր մօտէն ուսումնասիրել խղճի ազատութեան առնչուած հարցեր ու մտահոգութիւններ, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս ու յատկապէս Լիբանանի մէջ։ Իր առաքելութեան աւարտին, Մ.Ա.Կ.-ի ներկայացուցիչը իր զեկոյցը պիտի ներկայացնէ…

Տիրոջ չարչարանքներուն մասին

Տէր Յիսուս Քրիստոս, Փրկի´չ աշխարհի   Գաւազանահարուեցան ոտքերդ: Այն ոտքերդ՝ որոնք եթէ համբուրուին՝ մեղքեր կը սրբուին, յանցանքներ կը քաւուին:   Ծակուեցան ձեռքերդ: Այն ձեռքերդ՝ որոնք կը շարժին՝ միայն օգնելու, եւ կը բարձրանան՝ միայն օրհնելու:   Ցաւցուեցան մատներդ: Այն մատներդ՝ որոնցմով ուրիշներուն ցաւերը փարատեցիր, որոնցմով կոյրերու աչքեր եւ խուլերու ականջներ բացիր:   Ապտակուեցան երեսներդ: Այն երեսներդ՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 1 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մավրոմատիս` դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատուին ընկերակցութեամբ։         Վեհափառ Հայրապետին և դեսպանին հանդիպումը առիթ մը եղաւ առաջին հերթին ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին կացութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող վերիվայրումներուն։ Ապա, Նորին Սրբութիւնը լայն…

Յիսուսի ձեռքով լուացուելու անհրաժեշտութիւնը (Ոտնլուայի առիթով)

Վերջին ընթրիքի պահուն էր երբ Յիսուս ոտքի ելաւ, ղենջակ մը առաւ եւ մէջքին կապեց եւ սկսաւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուալ: Երբ կարգը հասաւ Պետրոսի եւ ուզեց անոր ոտքերը լուալ` Պետրոս թոյլ չտուաւ: Յիսուս անոր ըսաւ. «Եթէ ոտքերդ չլուամ՝ ինծի հետ բաժին պիտի չունենաս» (Յովհաննէս 13.8): Տէրը իր այս բառերով, յստակօրէն ցոյց տուաւ, որ եթէ ինք…

ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՆՇՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Աւագ Երեքշաբթի, 31 Մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն տեղի ունեցաւ «Տասը Կոյսերու» Յիշատակի Ժամերգութիւնը: Այս ժամերգութիւնը իր անունը առած է Յիսուսի պատմած Տասը Կոյսերու առակէն, որ կ’ընթերցուի Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին: Առակը կը խորհրդանշէ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը, եւ կը թելադրէ բոլոր քրիստոնեաներուն միշտ պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալ,…

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ “ԱՐՄԷՆԲՐԷՍ”Ի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

1.- Վեհափառ Տէր, այս տարի հայ ժողովուրդը կþոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը։ Ո՞րն է Ձեր պատգամը հայ ժողովուրդին եւ միջազգային հանրութեան։             Երբ շուրջ երեք տարիներ առաջ սկսած էինք պատրաստուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման նախապատրաստական աշխատանքներուն, Մենք կարեւորութեամբ շեշտեցինք հետեւեալը, որպէս մեկնակէտ ինչպէս նաեւ նպատակակէտ մեր գործընթացքին։ Առաջին հերթին ըսինք, որ սովորական ամեակ մը չէ…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՎ

Բազմահազար հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն առաջնորդութեամբ, այս առաւօտ փութացին Անթիլիաս տօնախմբելու Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ։ Հոգեպարար տեսարան պարզուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս երբ մեր սիրելի մանուկները մոմերով ու ձիթենիի ճիւղերով մասնակից դարձան ծաղկազարդի թափօրին և ապա լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հայրական խօսքը։               «Այսօր մենք կը դիմաւորենք մեր Փրկիչին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ։ Ի՜նչ գեղեցիկ…

Քրիստոս ի´նքն է որ կը ծաղկազարդէ մեր սիրտը, հոգին, միտքը եւ կեանքը (Ծաղկազարդի առիթով)

Մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի մուտքը Երուսաղէմ բնորոշուած է Ծաղկազարդ անունով, ո´չ միայն որովհետեւ անոր մուտքը տեղի ունեցած է գարնան, երբ գետիններն ու արտերը ծածկուած էին վարդերով ու ծաղիկներով, այլ նաեւ ու յատկապէս անոր համար` որ Յիսուս ի´նք պիտի ըլլար մարդոց աշունացած հոգիները գարունի վերածողը, մարդոց սգատուն դարձած սիրտերը երկնային հարսնարանի փոխակերպողը: Քրիստոս իր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ SAT 7 ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՐԲԱՆԵԱԿԱՅԻՆ ՀԵՌՈՒՍՏԱԿԱՅԱՆԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

25-26 Մարտ 2015-ին, Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքին մէջ, գումարուեցաւ Sat 7 քրիստոնէական արբանեակային հեռուստակայանի տարեկան ընդհանուր ժողովը: Ընդհանուր ժողովէն առաջ տեղի ունեցաւ Sat 7-ի Յանձնախումբի ժողովը: Զոյգ ժողովներուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որ մնայուն անդամ է Sat 7-ի Յանձնախումբին: Սեպուհ Սրբազան թէ՛ Յանձնախումբի եւ թէ Ընդհանուր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Երեքշաբթի, 24 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Քրիստոնեայ-իսլամ Երկխօսութեան Յանձնախումբին ատենապետ Էմիր Հարըս Շէհապը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչ Դոկտ. Ժան Սալմանեանը։          Քննարկումի նիւթ դարձան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Լիբանանի կացութեան առնչուած հարցեր ու մտահոգութիւններ։ Էմիր Շէհապը Նորին Սրբութեան յայտնեց, թէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՄՈՒՆԻՊ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Երէկ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Երուսաղէմի Լուտերական Եկեղեցւոյ առաջնորդ Մունիպ Եպիսկոպոսը։ Յայտնենք, որ ան նաեւ Լուտերական Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդին ներկայ նախագահն է, եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին նախագահներէն մէկը։   Մունիպ Եպիսկոպոսին հանդիպումը Վեհափառ Հայրապետին հետ աշխատանքային բնոյթ ունէր։ Հանդիպման ընթացքին քննութեան առարկայ դարձան յատկապէս Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին կապուած վարչական ու յարաբերական…

ԱՐԱՄ Ա., ԹԱՒԱՏՐՈՍ Բ. ԵՒ ԱՖՐԱՄ Բ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱԴՆԻՊՈՒՄ ԳԱՀԻՐԷԻ ՄԷՋ

Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ 19-20 Մարտ 2015-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Գահիրի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Սրբութիւն Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. Պատրիարքի միջեւ։ Սոյն հանդիպումը մաս կը կազմէր շուրջ քսան տարիներ առաջ Միջին Արեւելքի մէջ իրենց կեդրոնը ունեցող…

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԻՐ ՀԱՒԱՏՔԻ ՀՕՐ՝ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ ԱՋԻ ՄԱՍՈՒՆՔՈՎ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑ ԻՐ ՀԱՒԱՏՔԸ

Կիրակի, 22 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ողողուած էր հազարաւոր ուխտաւորներով, որոնք եկած էին վերանորոգելու եւ իրենց հաւատքը ամրապնդելու, «հաւատքի հօր»՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Աջի մասունքով: 21 Մարտը տօնն էր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանաց եւ մուտն ի վիրապին, որ նաեւ Ուխտի օրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Ուխտի Կիրակի օրուան արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

Գալստեան Կիրակի

Գալստեան Կիրակիին առիթով երգուած շարականները կը խօսին ոչ միայն Տիրոջ առաջին գալուստին մասին, այլեւ` անոր երկրորդ գալուստին մասին: Եւ այս առիթով, կ’ուզենք ցոյց տալ Տիրոջ առաջին եւ երկրորդ գալուստին տարբերութիւնը.- Առաջին անգամ եկաւ սրբելու մեր մեղքերը ու մեզ փրկելու, իսկ երկրորդ անգամ պիտի գայ` իրենց մեղքերէն սրբուածներուն յաւիտենական փրկութիւն շնորհելու: Առաջին անգամ եկաւ իր թագաւորութիւնը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՀԻՐԷ

Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մեկնեցաւ Գահիրէ մասնակցելու Միջին Արեւելքի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու հանդիպումին։ Շուրջ 15 տարիներ առաջ ընթացք ստացած Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերու հանդիպման պիտի մասնակցին Վեհափառ Հայրապետը, Ղպտի եկեղեցւոյ Թաուատրոս Բ. Պատրիարքը և Ասորի եկեղեցւոյ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. Պատրիարքը։             Յիշեալ հանդիպումէն օր մը առաջ պիտի հանդիպի հոգեւոր պետերուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Երեքշաբթի, 17 Մարտ 2015-ի երեկոյեան, «Բողոքական Բարեկարգութիւնը եւ Միջին Արեւելքը» համագումարի նախօրեակին, Պէյրութի Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, պաշտօնական ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ հոգեւոր առաջնորդներուն եւ համագումարին մասնակիցներուն:   Սոյն ընդունելութեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: Ներկայ էին Լիբանանի քրիստոնեայ համայնքները ներկայացնող առաջնորդներ, Լիբանանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԲԱՐԵԿԱՐԳԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

  Երեքշաբթի, 18 Մարտ 2015-ի յետ միջoրԷին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Բարեկարգեալ Եկեղեցիներու Միջազգային Խորհուրդի նախագահ Դոկտ. Քրիս Ֆերկընսըն, ընկերակցութեամբ Հայկազեան Համալսարանի տնoրԷն Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու միջ-եկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ վիճակը, միջ-կրoնական երկխoսութեան ու գործակցութեան հրամայականը եւ յատկապԷս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը ու քրիստոնեայ համայնքներուն առնչուած մտահոգութիւններ…

100-ԱՄԵԱԿԻ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆԱԾ ՇԻՆԱՐԱՐԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ

    Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հրատարակչական մշակութային կրօնական ու պահանջատիրական բնոյթ ունեցող բազմաթիւ նախաձեռնութիւններու ու աշխատանքներու կողքին նաեւ ձեռնարկեց շինարարական հետեւեալ ծրագիրներուն.- Պիքֆայայի ցեղասպանութեան ու վերածննդեան յուշարձանի շրջափակի ընդլայնում ու բարեզարդում և նոյն վայրին մէջ Նահատակաց Խորանի շինութիւն, Թռչնոց Բոյնի մէջ Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանի հաստատում, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս Նահատակաց Մատրան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Հ. ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒՀԻ ՏԻԿԻՆ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ

Ուրբաթ, 13 Մարտ 2015-ի առաւoտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մԷջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մoտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի:   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած աշխատանքներու եւ ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետ առնչուած ծրագիրներու: Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Տիկին Յակոբեանի նուիրեալ…

ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ

Բոլորիս ծանօթ է այրի կնոջ եւ դատաւորին առակը (Ղուկաս 18.1-8): Երեք հարցումներ.-   — Որո՞նց համար Յիսուս պատմեց առակը: — Ի՞նչ յայտնելու համար պատմեց, եւ— Ի՞նչ ցոյց տալու համար պատմեց:   Պատասխանենք հարցումներուն առանձնաբար.   1) Որո՞նց համար Յիսուս պատմեց այս առակը:   Ղուկաս Աւետարանիչ կը հաստատէ, թէ Յիսուս այս առակը «պատմեց իր աշակերտներուն»: «Աշակերտ»…

«ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ ԱՌԻԹ Է ՈՒ ՀՐԱՒԷՐ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԵԱՆ»   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքին առիթով, Չորեքշաբթի, 11 Մարտ 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդառաջելով Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանի ու Ազգ. Իշխանութեան հրաւէրին, Պէյրութի Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան եւ իր Հայրապետական պատգամը տուաւ ժողովուրդին։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին արարողութեան ներկայ եղան նաեւ միաբան հայրեր. արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Դպրեվանքի աշակերտութիւնը։…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՏՈՒՑՄԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ INTERNATIONAL CRIMINAL LAW REVIEW-Ի ԲԱՑԱՌԻԿ ԹԻՒԸ

Միջազգային ակադեմական մասնագիտական մարզէն ներս, Միջազգային Քրէական Օրէնքի կապուած կարեւորագոյն հրատարակութիւններէն է International Criminal Law Review պարբերաթերթը, որ կը հրատարակուի Durham համալսարանի հովանաւորութեամբ։   Եւրոպայի մէջ լոյս տեսնող Միջազգային Օրէնքի կապուած երեք ականաւոր պարբերաթերթերուն շարքին՝ այս պարբերաթերթը միակն է որ կը կեդրոնանայ յատկապէս Միջազգային Քրէական Օրէնքին International Criminal Law վրայ։ Հայոց Ցեղասպանութիւնը առնչուած է Միջազգային…

Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ձայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ» Է. Հատորը

2015 Մարտ ամսուան մէջ, հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ՝ «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Ձայնագրեալ Շարականներ»ու 7-րդ հատորը, որ կը բովանդակէ.-   Ս. Աստուածածնի երեք օրերու կանոնները Վերացման խաչի եօթը օրերը Խաչի Նաւակատիքի կանոնը Շողակաթի կանոնը Վարագայ Խաչի կանոնը Գիւտ Խաչի կանոնը:   Ձայնագրեալ շարականներու այս հատորներուն նպատակն է եկեղեցական…

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր կարեւոր հանդիպումներու շարքին՝ միջ-եկեղեցական բնոյթի հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.- Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015-ին, Նորին Սրբութեան այցելեցին Գերմանիոյ Բողոքական Եկեղեցինրու Խորհուրդին երկու ներկայացուցիչները՝ Եան Եանսըն Եպիսկոպոս եւ Փրոֆ. Օ. Պորսմա։ Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի…

Տնտեսի Կիրակին Մեզ Կը Հրաւիրէ Հաւատարիմ Տնտեսութեան

Ո՞վ է տնտես մարդը: «Տնտես» կը կոչուի այն մարդը, որ ուրիշին քով պաշտօնի կը մտնէ, եւ որուն տէրը անոր տրամադրութեան տակ կը դնէ իր հարստութիւնն ու ստացուածքները, որպէսզի անոնց շահարկումը եւ միաժամանակ մատակարարումը կատարէ:   Տնտեսի առակին պատումով, Յիսուս առաջին հերթին կ’ուզէ պարզել, թէ մարդ արարածը Աստուծոյ կողմէ տնտես նշանակուած է այս աշխարհին մէջ, իսկ…

ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Կիներու միջազգային օրը, 8 Մարտը, յիշեցում մըն է կանանց ունեցած դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս աւելի շեշտելու: Հայ ժողովուրդը հին դարերէն սկսեալ յատուկ յարգանք ու վերաբերում ունեցած է հայ կնոջ նկատմամբ: Ամէն բանէ առաջ հայ կինը մեզի համար եղած է հայ մայր, այլ խօսքով՝ընտանիքի դաստիարակը, մեր հոգեմտաւոր արժէքներու պահապանը, մեր ազգային ձգտումներուն ռահվիրան: Այսօր հայ մայրը…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Կ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 5 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը տեւող հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Դոկտ. Սիկրիտ Քաակի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած հարցեր եւ մասնաւորաբար հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը. նաեւ անդրադարձ եղաւ Միջին Արեւելքէն ներս տիրող ընդհանուր…

ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ 4 ՄԱՐՏ 2014, ԱՆԹԻԼԻԱՍ-ԼԻԲԱՆԱՆ

                      3-4 Մարտ 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աստուածաբանական երկխօսութեան 6-րդ նիստը՝ Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Ստորեւ յիշեալ հանդիպումի աւարտին հրապարակուած միացեալ յայտարարութիւնը:   Փառք կու տանք Ամենակալ Աստուծոյ, որ անգամ մը…

«ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՐՄԱՏԱՑԱԾ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՀՐԱԺՀԵՇՏ Է ՆՈՐ ԱՐԵՒԵԼՈՒՄ ԵՒ ՈՒԺԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պատշօնական բացումը կատարելով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իսլամական Մշակոյթի եւ Յարաբերութեանց բաժանմունքին միացեալ ծրագրումով տեղի ունեցող համագումարին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու ու գործակցութեան նոր ուժականութիւն տալու հրամայականը։ Յիշեալ համագումարին ընդհանուր բնաբանն է «Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւն՝ ի խնդիր Միջին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՆԱԽԱԳԱՀԷ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

1 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն հոգիներուն համար:               Այս տարի 27-ամեակն է, Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ, թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն եւ ջարդերուն, որոնք իրենց…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 3 Մարտ 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ բացումը տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Կրօններու Յարաբերութեան Բաժանմունքի միջեւ երկխօսութեան 6-րդ նիստին: Շուրջ 15 տարիներ առաջ սկսած, եւ երկու տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ երկխօսութիւնը, յաջորդաբար տեղի կ’ունենայ Անթիլիասի եւ Թեհրանի մէջ: Ներկայ…

Անառակ Որդիին Առակը

Անառակ որդիին առակին վերաբերեալ հակիրճ նշումներ.-   1) Մեղքը կը դժբախտացնէ մարդ արարածը: Որպէսզի ասիկա գիտնանք, կը բաւէ որ նկատի առնենք այն իրավիճակը որուն մատնուեցաւ կրտսեր որդին իր հօրմէն հեռանալէ ետք.- ա) Երբ լքեց իր հայրը, օտարի մը ձեռքին տակ ծառայ եղաւ: Երբ լքենք զԱստուած` Սատանային ձեռքին տակ ծառայ կ’ըլլանք: բ) Երբ լքեց իր հօրենական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԻՍԼԱՄ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿՈՂՄԷ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒՄԸ ԵՒ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Ժընեւ կատարած իր վերջին այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն հետեւեցաւ Սուրիոյ Հասաքէի շրջանէն ներս ստեղծուած կացութեան։ Արդարեւ, երկու օրեր առաջ իսլամ ծայրայեղականներ յարձակած էին շրջանի ասորի գիւղերուն վրայ, եկեղեցիներ այրած եւ շուրջ հարիւր հոգիներ առեւանգած։ Այս առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լեռնալիբանանի ասորի համայնքի Առաջնորդ Մետրոպոլիտ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոս։ Ան տեղեակ պահեց Նորին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ ԻՐ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ՁԵՒԸ

Անցնող օրերու ընթացքին, Ժընեւի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ բացուելիք դատով զբաղող յանձնախումբը ունեցաւ իր վերջին նիստը: Մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբը անցնող շուրջ երկու տարիներու ընթացքին, միշտ Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ, հանդիպումներ ունեցած էր պատրաստելու համար Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի պահանջքին դատական թղթածրարը:   Յիշեալ թղթածրարը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԵՇՏԷ ՄԻՋ-ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

Անցնող քանի մը օրերու ընթացքին յաջորդական այցելութիւններու եւ հանդիպումներու ճամբով, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերը շեշտեցին միջ-քրիստոնէական գործակցութիւնը ամրապնդելու հրամայականը, ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն դիմաց: Յուսիկ Ծ. Վրդ. մասնակցեցաւ Արեւելեան Կաթոլիկ Պատրիարքներու ժողովի 25-ամեակի հանդիսութեան, Յոյն Կաթոլիկ Պատրիարքարանին մէջ: Հայր Սուրբը Վեհափառ Հայրապետին ողջոյնները փոխանցեց Լահհամ Պատրիարքին եւ…

ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Արտաքսման Կիրակին մեր նախածնողներուն` Ադամին ու Եւային դրախտէն արտաքսման խորհուրդը կը պատմէ: Այս առիթով հակիրճ կերպով պատասխանը կու տանք չորս հարցումներու.-   1) Ի՞նչ բանը պատճառ եղաւ, որ Ադամ ու Եւա մեղանչեն: Սատանային հետ երկխօսութիւնը: Սատանան չի կրնար մարդը առաջնորդել մեղքի եթէ երբեք երկխօսութեան մէջ չմտնէ անոր հետ: Ան կը ճանչնայ մարդոց տկարութիւնները, եւ ուստի`…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՍԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

        Ասիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդը՝ որուն մնայուն անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, գումարեց իր Գործադիր Վարչութեան նիստը 9-13 Փետրուար, 2015-ին, Պանքոքի մէջ:               Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, որպէս անդամ յիշեալ վարչութեան: Վարչութիւնը ունէր օրակարգի գլխաւոր երկու նիւթեր.- ա) Ընդհանուր…

ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ (18 Փետրուար – 27 Մարտ 2015)

          Քառասնօրեայ պահեցողութիւնը եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ սահմանուած այն կարեւոր ժամանակամիջոցն է, որուն ընթացքին իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կը հրաւիրուի ինքնագիտակցութեան, ինքնաքննութեան եւ ինքնասրբագրումի, պատրաստուելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան հրաշափառ տօնին: Եկեղեցին այս շրջանին, Քրիստոսի եւ աստուածաշնչական զանազան այլ կերպարներու օրինակով՝ պահեցողութեան ու աղօթքի կը հրաւիրէ հաւատացեալները:               Սակայն, պէտք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ ԿԸ ՅՂԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ԹԱՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցական ու զօրակցութեան նամակներ յղեց, Եգիպտոսի Նախագահ Սիսիին եւ Ղպտի Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Թաւատրոս Բ. Պատրիարքին, Լիպիոյ մէջ 21 ղպտի եգիպտացիներու տխուր մահուան առիթով, իսլամ ծայրայեղականներու կողմէ: Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք Եգիպտոսի ժողովուրդին յիշեցուց՝ ծայրայեղականութեան վտանգաւոր հետեւանքներուն մասին, որ շրջանէն ներս կը խաթարէ քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութիւնը: Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի ուղղած…

Ի՞նչ է Բուն Բարեկենդանը

«Բուն Բարեկենդան»ը Ադամի ու Եւայի մեղքէ զերծ «դրախտին կեանքն էր», կ’ըսէ Գրիգոր Տաթեւացին: Արդարեւ, եկեղեցին, ինչպէս շարականագիր հայրապետները ցոյց կու տան, «Բուն Բարեկենդան» ըսելով, կը հասկնայ Ադամի ու Եւայի կեանքի այն ժամանակահատուածը` ուր չկա´ր մեղք, չկա´ր պատուիրանազանցութիւն ու անհնազանդութիւն, այլ` կա´ր միայն անմե­ղութիւն, պատուիրանապահութիւն եւ հնազանդու­թիւն:   «Բուն» կը նշանակէ` իսկական, ճշմարիտ, իրական, վաւերական: Իսկ…

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ «ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 17 Փետրուար 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Միացեալ Նահանգներու «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» Համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինի եւ իր խորհրդականը՝ Ալեքսիս Մուքարզէլ:         Ուաշինկթընի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող յիշեալ համախմբումին նպատակն է, Միացեալ Նահանգներու մէջ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական ներկայութիւնը պաշտպանող նախաձեռնութիւններու դիմել, յատկապէս քաղաքական մարզէն ներս: Յայտնենք, այս շրջագիծէն ներս…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՀՈԼԱՆՏԷՆ ՆԱՄԱԿ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.Կաթողիկոս հետեւեալ նամակը ստացաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտէն:   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Անթիլիաս-Լիբանան   Կ’ուզեմ Ձեզի շնորհակալութիւն յայտնել, ինծի ուղղած համակրանքի, զօրակցութեան եւ բարեկամութեան Ձեր պատգամին համար, երբ Ֆրանսայի սիրտը հարուած էր ստացած, աննկարագրելիօրէն ահաւոր ու սարսափելի յարձակումի մը հետեւանքով: Այս ատելի արարքին ճամբով պետութեան հեղինակութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնն…

ՀՅԴ-Ի ԲԻՒՐՈՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Շաբաթ, 14 Փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նորընտիր Բիւրոյին գլխաւորութեամբ՝ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի։ Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկները թէ՛ Հայաստանի և թէ Սփիւռքի մէջ ու յատկապէս համահայկական հռչակագիրը և անոր թողած դրական արձագանգը մեր ժողովուրդի…

ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏԳԱՄԵՑ՝

«ՄԵՐ ԾՆՈՂՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ ՎԵՐԱԾԵՆ ՓՈՔՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ՝ ՍՐԲԱԶԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ»   Տեառնընդառաջի տօնը յատուկ տեղ կը գրաւէ հայ ծնողներուն ու մանուկներուն մօտ, որոնք Քրիստոսի քառասնօրեայ Տաճար ընծայումի տօնին խորհուրդով իրենց հաւատքը կ’ամրապնդեն: Ուրբաթ, 13 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Տեառնընդառաջի տօնին առիթով տեղի ունեցած նախատօնակին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը լեցուած էր ծնողներով ու մանուկներով, որոնք եկած…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆՍՏԱՎԱՅՐԷՆ Կ’ՈՂՋՈՒՆԵՆՔ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԱՐԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ՝ ՆՈՐՕՐԵԱՅ ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՄԻԿՈՆԵԱՆՆԵՐԸ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հինգշաբթի, 12 Փետրուար 2015-ի առաւօտուն, Սրբոց Վարդանանց տօնին առթիւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ: Պատարագը մատուցեց Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան: Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ՝ հայ ժողովուրդի միասնականութեան կարեւորութեան, հայ ժողովուրդի քրիստոնէական նկարագրին եւ հաւատքի ամրութեան ու յանուն արդարութեան…

ՔՐԻՍՏՈՍ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՄԵԶ  ՄԵՐ ԱՆՈՒՆՆԵՐՈՎ

«Իրենց անուններով կը կանչէ իր ոչխարները եւ դուրս կը տանի զանոնք» (Յհ 10.3): Քրիստոս մեզ մեր անուններով կը կանչէ որովհետեւ անձնապէս կը ճանչնայ մեզ: Անունը գիտնալը պատկերացումն է այն սերտ մտերմութեան, որ գոյութիւն ունի Աստուծոյ եւ իր զաւակներուն միջեւ: Երբ Քրիստոս կը յայտարարէ, որ մեզ մեր անուններով կը ճանչնայ, խորքին մէջ կ’ուզէ ցոյց տալ մեզի,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՈԳԻՈՎ ՈՒ ԱՄՈՒՐ ՎՃՌԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇԵԼՈՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԸ

Անցնող երեք օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստերը, մասնակցութեամբ յիշեալ մարմիններու Լիբանանի եւ արտասահմանի անդամներուն։ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան ժողովներուն յաջորդեց Թեմակալ Առաջնորդներու հանդիպումը յիշեալ մարմիններուն հետ։ Վարչական, տնտեսական, յարաբերական եւ այլ բազմաթիւ հարցերու շարքին, ժողովական հանդիպումները յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ՏԻԱՐ ԳՐԻԳՈՐ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 4 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան, Վեհարանի դահլիճին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Ապու Տապիի ազգայիններէն Տիար՝ Գրիգոր Մահսերէճեանը։ Պարգեւատրումի հանդիսութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպանը, շրջանէն ներս վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին ծառայած միաբան հայրեր, Ապու Տապիէն եւ Տուպայէն ժամանած ազգայիններ,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ԵՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Երեքշաբթի, 27 Յունուար 2015-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան եւ Գիտութեան նախարարութեան դահլիճին մէջ, կրթական բնագաւառէն ներս համաձայնագիր մը կնքուեցաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին եւ Երեւանի Պետական Համալսարանին միջեւ։   Համաձայնագիրը կ’ընդգրկէ.-   Ա) Հայագիտական ու ընկերաբանական նիւթերու ուսուցիչներու փոխանակում եւ ուսուցչական կազմերու միջեւ գործակցութիւն։   Բ) Դպրեվանքէն շրջանաւարտներուն տրուելիք լայն…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, յառաջիկայ օրերուն Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, պիտի գումարուին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ հանդիպում տեղի պիտի ունենայ թեմակալ առաջնորդներու հետ: Յիշեալ ժողովներուն կրօնական, դաստիարակչական, տնտեսական, վարչական, յարաբերական, միջ-եկեղեցական եւ այլ հարցերու շարքին, յատուկ կարեւորութեամբ պիտի քննուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուած ծրագիրներ ու աշխատանքներ, թէ՛…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

25-30 Յունուար 2015, Հռոմի մէջ, գումարուեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցի-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներ Աստուածաբանական Երկխօսութեան 12-րդ ժողովը։   Հայ Եկեղեցին իր զոյգ Կաթողիկոսական Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս ժողովին։ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Հոգշ. Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Գերշ. Տ.…

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿՈՒԻ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Կեդրոնական Յանձնախումբի նիստի աւարտին, Նախագահ Սերժ Սարգսեան, ընկերակցութեամբ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն ու ժողովականներուն, այցելեց Ծիծեռնակաբերդ: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, երկու Վեհափառ Հայրապետներու նախագահութեամբ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:   Ապա, Կեդրոնական Յանձնախումբի անդամները այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը եւ ծանօթացան…

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԹԱՆԳԱՐԱՆ-ԻՆՍՏԻՏՈՒՏԻ ԲԱՑՄԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը գտնուի Երեւան, մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին նիստերուն: Հինգշաբթի, 29 Յունուար 2015-ի առաւօտուն Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները ներկայ գտնուեցան Կոմիտասի թանգարան-ինստիտուտի բացման հանդիսութեան:   Ապա, կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ 100-ամեակի ձեռնարկները համակարգող Կեդրոնական Յանձնախումբի 5-րդ նիստի աշխատանքները սկսան:

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Չորեքշաբթի, 28 Յունուար 2015-ին, Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները, Երեւանի Ալ. Սպենդիարեան անուան օփերայի եւ պալետի ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ, ներկայ գտնուեցան Հայկական Բանակի օրուան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 23-ամեակին նուիրուած՝ «Ծաղկիր իմ երկիր, ես քո զինուորն եմ» տօնական համերգին: Համերգէն ետք, Վեհափառ Հայրապետները ընթրիքի հիւրը եղան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանին:

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԵՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ԲԱՐՁՐԱՑԱՆ ԵՌԱԲԼՈՒՐ

Բանակի օրուան առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը և Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հ. Հ. Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Լ.Ղ.Հ. նախագահ Բակո Սահակեանի հետ եւ Հ.Հ. բարձրագոյն ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ այսօր այցելեցին Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, ուր յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին:

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԱԵԽ-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Անցնող երկու օրերու ընթացքին, Ամմանի մէջ (Յորդանան), գումարուեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, որ նախագահներէն մէկն է յիշեալ ժողովին, չկրցաւ անձամբ ներկայ գտնուիլ։ Վեհափառ Հայրապետը իր նկատողութիւններն ու առաջարկները գրաւոր յղեց ժողովին։ Դոկտ. Ժան Սալմանեան որպէս անդամ Գործադիր Վարչութեան իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ ժողովական աշխատանքներուն։               Գործադիր Վարչութիւնը լսեց ընդհանուր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ՝ ՍԱԼՄԱՆ ՊԸՆ ԱՊՏԸԼ ԱԶԻԶԻՆ, ԻՐ ԵՂԲՕՐ՝ ԱՊՏԱԼԼԱ ՊԸՆ ԱՊՏԸԼ ԱԶԻԶ ԹԱԳԱՒՈՐԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ցաւակցական նամակով մը բաժնեց վիշտը Սէուտական Արաբիոյ Սալման Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին, իր եղբօր՝ Ապտալլա Պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին մահուան առիթով։ Նամակին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնած էր հանգուցեալին հայրենասիրական իրագործումներուն և միջ-կրօնական գործակցութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հետաքրքրութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի նկատմամբ ունեցած զօրակցութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄՕՏԷՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Ուրբաթ, 23 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի և Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էր նաեւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Սուրիոյ կացութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Հայաստան։ Հայաստան կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման Կեդրոնական Յանձնախումբի ժողովին, ինչպէս նաեւ երկու Վեհափառ Հայրապետները պիտի նախագահեն Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու Սրբադասման Յանձնախումբի ժողովին։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 22 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին և Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին հետ։            Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Հոգեւոր հայրերը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ Ն.Ա. ՊՇԱՐԱ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Երեքշաբթի, 20 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, առանձին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին և Պշարա Րայի Պատրիաքին միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առնչուած հարցեր։ Երկու հոգեւոր պետերը հրամայական նկատեցին նախագահական շուտափոյթ ընտրութեան կազմակերպումը։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, բոլոր եկեղեցիները Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը նուիրած են եկեղեցւոյ միութեան աղօթքի շաբթուան։ Այս շաբթուան ընթացքին, եկեղեցիներէն ներս հոգեւորականներուն ու ժողովուրդի մասնակցութեամբ, յատուկ միջ-եկեղեցական արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան ու քարոզներ կը խօսուին՝ շեշտելով եկեղեցւոյ միութեան հրամայականը:   Լիբանանի մէջ եկեղեցւոյ միութեան շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Կիրակի, 18 Յունուար 2015-ին, Պէյրութի Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ։…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԹԱՄԱՄ ՍԱԼԱՄ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 17 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Լիբանանի Վարչապետ Թամամ Սալամ այցելութիւն մը տուաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Վարչապետին ու Վեհափառ Հայրապետին միջեւ տեղի ունեցած մտերմիկ հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան, կառավարութեան աշխատանքներուն և Լիբանանի նախագահական ընտրութիւններուն հետ աղերս ունեցող հարցեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՄԻՆ ԺԵՄԱՅԷԼԸ

Ուրբաթ, 16 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին Նախագահ Էմին Ժեմայէլը: Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին Քննարկումի նիւթ դարձաւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանրապէս շրջանի կացութեան ու յատկապէս քրիստոնեայ համայնքներու ներկայ իրավիճակին:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելուներուն կարգին նաեւ ընդունեց Անտիոքի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարքի ներկայացուցիչ Ճորճ Սալիպա Արքեպիսկոպոսը։ Սալիպա Արքեպիսկոպոս Նորին Սրբութեան փոխանցեց պատրիարքին շնորհաւորութիւնները Ս. Ծննդեան առիթով, ինչպէս նաեւ ներկայացուց Ասորի Եկեղեցւոյ կողմէ կազմակերպուելիք ծրագիրներուն ընդհանուր պատկերը՝ Օսմանեան թուրքիոյ կողմէ 100 տարիներ առաջ ասորիներուն դէմ կատարուած ջարդերուն նշման առիթով։ Հանդիպման ընթացքին նաեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ՓԱՐԻԶԻ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԱՐԱՐՔՆԵՐԸ ԵՒ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ

Երէկ, Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին ուղղած իր ցաւակցական նամակին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայ Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անունով դատապարտելէ ետք Փարիզի մէջ կատարուած ահաբեկչական արարքները, ըսաւ. «Մեր Եկեղեցին կը հաւատայ կրօններու, մշակոյթներու ու ժողովուրդներու միջեւ փոխադարձ յարգանքի, հասկացողութեան եւ լայնախոհութեան: Մեր Եկեղեցին նաեւ յանձնառու է հարցերու խաղաղ լուծման եւ աշխարհի մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՐԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մարոնիթ Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Րայի Պատրիարքին փոխանորդները՝ Փոլ Սայեահ և Մազլում Արքեպիսկոպոսները։   Ներկայացուցիչները Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին Լիբանանի և ընդհանրապէս շրջանին կապուած Պատրիարքին կարգ մը մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները։ Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ ընդհանուր քննարկումի ենթարկելու Լիբանանի ներկայ կացութիւնը և մասնաւորաբար նախագահական ընտրութիւնը։ Արքեպիսկոպոսները…