ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ

Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց միջ-եկեղեցական պատասխանատուներ՝ Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն, Ամերիկայէն, Եգիպտոսէն, որոնք Լիբանան ժամանած էին խորհրդակցութիւններ ունենալու Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան գծով եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու շրջանի եկեղեցիներուն՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ.) ճամբով։   Պատուիրակութիւնը երկօրեայ քննարկումներ կատարած էր յիշեալ Խորհուրդի…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանին։   Հայր սուրբը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց մանկապատանեկան երգչախումբին անցնող տարուան գործունէութեան մասին եւ պարզեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները։ Ան յայտնեց, որ երգչախումբը պիտի սորվի հայրենասիրական ու ազգագրական երգեր, որպէսզի Սրբոց Թարգմանչաց…

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ ընթացք առաւ իմաստասիրական եւ բարոյագիտական նիւթերու շուրջ դասախօսական շարք:   Յիշեալ դասախօսական շարքը կը ներկայացնէ Նորին Ս. Օծութեան հրաւէրով Գերմանիայէն Մայրավանք ժամանած դոկտոր Սարգիս Քէհեաեան: Դոկտ. Քէհեաեան Կաթողիկոսարանի ՀԱՍԿ պաշտօնական ամսաթերթին մէջ ստորագրած է բազմաթիւ…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը։   Հոգեւոր խորհրդատու հայր սուրբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց նախորդ վարչութեան տարած աշխատանքները եւ յայտնեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ին վարչական,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Արեւելեան Ուղղափառ-Անկլիքան Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր տարեկան հաւաքը կայացուց 24-29 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անգլիոյ մէջ՝ վայելելով ղպտի եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմի հիւրընկալութիւնը։ Յանձնախումբը իր ժողովը գումարեց Էսսէքսի Պռէյնթրի աւանին մէջ գտնուող ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ «Պեթել» կեդրոնին մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, սոյն յանձնախումբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերապատիւ…

ՄԱԿԱՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՇԳԱՐԵԱՆ՝ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ նշանակեց Գերաշնորհ Տէր Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանը։   Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2022-ին, սրբազանը մեկնեցաւ Հալէպ, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն. Վրդ. Նաճարեանի եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։   Հայրապետական Նուիրակ սրբազանը անցնող տարիներուն ծառայած է Դպրեվանքէն ներս իբրեւ հսկիչ եւ ուսուցիչ, Յունաստանի մէջ՝ որպէս հոգեւոր հովիւ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԺԸՆԵՒ

  Երկուշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը չորսօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ժընեւ, Զուիցերիա, ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանի։   Ժընեւի մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը յաջորդաբար աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած կարգ մը ծրագիրներու շուրջ։

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ, ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Հոկտեմբեր 17-19 2022-ին, Գահիրէէն (Եգիպտոս) քիչ անդին գտնուող Անպա Պիշոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Անտիոքի Պատրիարքութեան եւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում։ Յայտնենք, որ 1996 թուականին, Վեհափառ Հայրապետին, ասորի եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. Պատրիարքին եւ ղպտի եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքին միաձայնութեամբ հաստատուած միջ-եկեղեցական գործակցութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՀԻՐԷ

Երեքշաբթի գիշեր, 18 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Գահիրէ (Եգիպտոս)։   Վեհափառ Հայրապետը, ղպտի եկեղեցւոյ Պատրիարք Թաուատրոս Բ.ը եւ ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Աֆրամ Բ.ը հանդիպում պիտի ունենան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական գործակցութեան եւ շրջանէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան առնչուած հարցերու գծով։  

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ – ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ –» ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ճիշդ տարի մը առաջ (2021 Հոկտեմբերի կիսուն), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն, լոյս տեսաւ ՀԱՍԿի Գերմանիոյ մեր աշխատակից դոկտ. Սարգիս Քէհեաեանի բարոյագիտութեան վերաբերեալ «ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ — փիլիսոփայական ակնարկ —» արժէքաւոր գիրքը, մեկենասութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին։   632 էջնոց հատորը կը բովանդակէ յառաջաբան մը, վերջաբան մը եւ հետեւեալ տասը մասերը.-   Ներածութիւն, Բարոյագիտութեան…

«ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ՝ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԵՒ ՎՃՌԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԿԻԶԱԿԷՏԸ ԴԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հոկտեմբեր 28-31-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»ի գծով Cilicia TV-ն Կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացաւ, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Տիար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ «Գագաթնաժողով»ին մասնակցելու: Մեր ազգը եւ յատկապէս Հայաստանը ու Արցախը դիմագրաւող ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներ-Հայաստանեան ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՈՒՆ ԿԱՅՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 28-29 Սեպտեմբեր 2022-ին, յանուն Կաթողիկոսութեան, Երեւանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին նախաձեռնած երկօրեայ գիտաժողովին, ուր զեկուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գրահրատարակչական առաքելութեան պատմական ընթացքին եւ ներկայ իրավիճակին մասին: Զեկոյցը զիրար ամբողջացնող հինգ մասերէ կը…

ՎԵՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆ ԿՐԵԼՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՆ

Հանդիսապետութեամբ եւ տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հինգ երիտասարդ միաբաններ ստացան վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները՝ ձեռամբ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանին։   Եկեղեցւոյ ատեանին մէջ, Շահան…

ՎԵՑ ԱԲԵՂԱՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս ազգընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերու, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութեան Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածու վեց երիտասարդ հոգեւորականներու վարդապետական աւարտաճառի ներկայացումը՝ Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեանի, Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի, Հոգշ.…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԽԱՉԻԿ ԱՐԺԻՆԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մարմնակազմաւորման ախոյեան Խաչիկ Արժինեանը։ Արժինեան, իբրեւ Լիբանանի ախոյեան, զանազան երկիրներու մէջ մասնակցած է մարմնակազմաւորման մրցանքներու եւ՝ յաջողութիւններ արձանագրած։ Ան 26 տարի առաջ եղած է Դպրեվանքի աշակերտ եւ շրջանաւարտ՝ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլէճէն։ Այժմ Խաչիկ Արժինեան կը ծառայէ լիբանանեան բանակին մէջ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Էլ-Խազէնին:   Հանդիպման ընթացքին կատարուած քննարկումներուն առանցքը հանդիսացան Լիբանանի ներկայ քաղաքական կացութիւնը եւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնները:

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԻՈՎ ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2022-2023 ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդակերտման հնոց Դպրեվանքը, պաշտօնական հանդիսութեամբ մեկնարկեց իր 2022-2023 կրթական—ուսումնական տարեշրջանը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի դահլիճին մէջ։   Նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՊԻՏԻ ՆՇԷ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850 ԱՄԵԱԿԸ

Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կաթողիկոսարանի Շնորհալի երգչախումբի նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։   Յանուն երգչախումբին, հայր սուրբը որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, երգչախումբի գործունէութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան ու զօրակցութեան համար։ Այս առիթով, խմբավար հայր սուրբը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2022-2023 կրթական-ուսումնական տարեմուտի շեմին, Դպրեվանքի սրահին մէջ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Վեհափառ Հայրապետին, կայացաւ ուսուցչական ժողով, Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2022-ին։ Ժողովին ներկայ էին Դպրեվանքի ուսուցչական կազմէն խումբ մը հոգեւորական եւ աշխարհական դասատուներ։   Դպրեվանքի տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեան իր խօսքին մէջ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Քանի մը օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ազգային Ծերանոցի տնօրէնին եւ խնամակալութեան: Անոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին պարզելու հաստատութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները։   Նորին Սուրբ Օծութիւնը, առաջին հերթին, իր հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը յայտնեց Ազգ. Ծերանոցին, հոն հաստատուած մեր հայրերուն ու մայրերուն եւ բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ…

ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐՐՈՐԴ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2022-ն «Սփիւռքի Տարի» հռչակելուն առիթով, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ երրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը:   Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը, մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէօլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Հայաստանէն` Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովել Շնորհոքեան, Անգլիայէն՝ Հրաչ Գույումճեան եւ Հրաչ Չիլինկիրեան, Զուիցերիայէն` Թենի Փիրի-Սիմոնեան, Արժանթինէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Լիբանանի Համազգայինի «Քնար» պարախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ իրենց վարչութեան, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ:   Յայտնենք, որ անցնող շաբաթներու ընթացքին, ընդառաջելով Քոմոթինիի (Յունաստան) քաղաքապետութեան, պարախումբը ելոյթ ունեցած էր «Հայկական Պարերու Փառատօն»ին՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին: Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց պարախումբին եւ ընդհանրապէս Համազգայինի ընտանիքին ու մաղթեց, որ Համազգայինը իբրեւ…

ՀՌՈՄԷՆ ՔԱՐԻԹԱՍԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Լիբանան կատարած իրենց այցելութեան ծիրէն ներս, Հռոմի Քարիթասի ներկայացուցիչները այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Լիբանանի Քարիթասի ներկայացուցիչները:   Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց Լիբանանի ժողովուրդին ընկերատնտեսական դժուարութիւնները եւ իր գնահատանքը յայտնեց Քարիթասին՝ անոր կատարած ընկերային օժանդակութիւններուն համար, միաժամանակ ան թելադրեց, որ մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱՀԱՆԳԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԸՆՕ ՄԻՒՍԷԼԻԷՆ

Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, հարաւային Ֆրանսայի նահանգի նախագահ Ռընօ Միւսէլիէ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորելով տասը հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան եւ թղթակիցներու:   Հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը: Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Լիբանանի հայութեան, Հայաստանն ու Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ֆրանսա եւ Հայաստան-Ֆրանսա…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամները, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, իրենց տարեկան այցելութիւնը տուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Հանդիպման սկիզբը ուղերձ ընթերցեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան ատենապետուհի Ռիթա Աստիքեան: Իր ուղերձին մէջ, յանուն Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի մեծ ընտանիքին, ան շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Ապա, ատենապետուհին ընդգծեց, թէ անցնող տարուան ընթացքին, Նորին Ս. Օծութեան օրհնութեամբ,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու Դպրեվանքի աշակերտութեան, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։ Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։  …

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը կայացաւ 31 Օգոստոսէն մինչեւ 8 Սեպտեմբեր 2022-ին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ Խորհուրդի անդամ աւելի քան 350 եկեղեցիներու շուրջ 4000 պատուիրակներու։ Համաժողովը կը կրէր «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան Եւ Միասնութեան» խորագիրը։ Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը համաժողովին իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՆԳԼԻՈՅ ԷԼԻԶԱՊԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՉԱՐԼԶ Գ.Ի ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԸ

Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2022-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Անգլիոյ դեսպան Հէյմըշ Գաուըլի հետ: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի հայութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին Էլիզապէթ Բ. թագուհիին մահուան առիթով եւ ողջունեց Չարլզ Գ. թագաւորին թագաւորական պաշտօնի ստանձնումը, ինչպէս նաեւ դեսպանին յանձնեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ՝ ԱԶԵՐԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումներուն հետեւանքով հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած եւ իրենց կեանքը զոհաբերած հայոց բանակի քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։    Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Լիբանանի շրջանային վարչութեան:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազերի բանակին կատարած յարձակումին եւ անոր վտանգալից հետեւանքներուն: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգին դիմաց…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԱԶԵՐԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (Ե.Ա.Հ.Կ.) ուղղած իրենց միացեալ նամակին մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղարները, իրենց խորհուրդներու անդամ եկեղեցիներու անունով կոչ կ՚ուղղեն՝ միջամտելու ազերի բանակին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կատարուած յարձակումը անմիջապէս կասեցնելու, զինադադար հաստատելու եւ շրջանէն ներս արդար ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու: Անոնք կը յիշեն, թէ շաբաթ…

ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, այս առաւօտ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կիպրոսի նախագահին ներկայացուցիչ Ֆոդիս Ֆոդիուին, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքոսին:   Ներկայացուցիչը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Կիպրոսի նախագահին եւ կառավարութեան բարեմաղթութիւնները։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Կիպրոսի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայ ընկերատնտեսական ու քաղաքական կացութեան:   Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով պետութեան…

ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ՁԵՌՆԱՐԿԵԼ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2022-ի գիշերը, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական նիստ, որուն մասնակցեցան համասփիւռքեան-համահայկական գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Նիստին միակ օրակարգն էր Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին պատճառով ստեղծուած կացութեան քննարկումը եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական…

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՐԲԱՐՈՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Այո՛, հայոց բանակին կողքին համահայկական ու համաժողովրդային դիմադրութիւն ցեղապաշտ, արիւնարբու ու յարձակողապաշտ Ազրպէյճանի դէմ: Փաստօրէն այլ ճանապարհ չկայ՝   Երբ 4-օրեայ ու 44-օրեայ պատերազմներով ու ապա շարունակուող յարձակումներով Ազրպէյճան կը փորձէ ինքնիշխան ու խաղաղ ապրելու մեր ժողովուրդին իրաւունքը խլել:   Երբ անտեսելով միջազգային օրէնքը, թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ զինադադարի շրջանին, կը փորձէ դիմել անմարդկային ու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՔԱՌՈՒՂԻՆԵՐՈՒՄ. ՍԻՍԻՑ ՄԻՆՉԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍ 1914-1939» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմագիութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքին, երկօրեայ գիտաժողով տեղի ունեցաւ յիշեալ համալսարանին մէջ, 8-9 Սեպտեմբեր 2022-ին։   Հինգշաբթի առաւօտ գիտաժողովի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ, ուր համալսարանի տնօրէն Սրբուհի Գէորգեան կարեւորեց գիտաժողովի իրականացումը ներկայ պայմաններուն մէջ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը արտասանեց Գերշ. Տ. Անուշաւան…

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանայի Վարչութեան, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եւ Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի։   Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ին, Լիբանանը դիմագրաւող ընկերատնտեսական տագնապին եւ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ գործակցութեան հետ կապ ունեցող շարք…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի նամակը՝ ուղղուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին.-   Երեւան, 7 սեպտեմբեր 2022թ.   Վեհափառ Տեր,   Ընդունեք խնդրեմ, իմ անկեղծ եւ ջերմ շնորհավորանքը Եկեղեցիների համաշխարհային խորհրդի նախագահ ընտրվելու կապակցությամբ։   Բարձր եմ գնահատում Ձեր բազմամյա անձնվեր գործունեությունը Եկեղեցիների համաշխարհային խորհրդում՝ ի նպաստ միջեկեղեցական համերաշխության։ Դուք մեծ հեղինակություն եք վայելում…

ՎԵՐԱՑՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ԵՒ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն 14 Սեպտեմբերի մերձակայ Կիրակին կը նշուի Վերացման Ս. Խաչի տօնը: Տաղաւար տօներուն վերջինը հանդիսացող Վերացման Ս. Խաչի տօնը խաչին նուիրուած ամենաիմաստալից ու նշանակալից տօներէն մէկն է: Պատմական իրողութիւնները կը յայտնեն, թէ Վերացման Ս. Խաչի տօնին սկզբնաւորութիւնը կը հասնի մինչեւ քրիստոնէութեան առաջին դար, երբ Յակոբոս Տեառնեղբայր Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտին նմանութեան քառաթեւ խաչ…

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան:   Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցնող շրջանին իր կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Կեդրոնական Վարչութեան անդամները Նորին Ս. Օծութեան յանձնեցին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու առիթով պատրաստուած յուշանուէրը:   Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնն…

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընտրուեցաւ Ե.Հ.Խ.ի նախագահ՝ ներկայացնելով Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները եւ Միջին Արեւելքը։   Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ ստացաւ ազգային եւ օտար շրջանակներէ՝ գրաւոր թէ հեռաձայնով։ Ստորեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի շնորհաւորական գիրը՝ ուղղուած Նորին Ս. Օծութեան.-   Վեհափառ Տեր,   Արցախի ժողովրդի, իշխանությունների…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ

Այս օրերուն Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջագծէն ներս, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին։   Յայտնենք, որ միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ քաղաքական գիտութեանց ու միջազգային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Չորեքշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը ընդունեց Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) նախագահ Պերճ Սեդրակեանի այցելութիւնը:   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումին առանցքը դարձան Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան հետ աղերս ունեցող խնդիրներն ու մարտահրաւէրները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու Հայաստանի ու Լիբանանի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ ՆԱԽԱԳԱՀ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Գերմանիոյ Գարլսրուէ քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը ընտրեց Խորհուրդի նախագահ՝ ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիները:   Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետը երկու շրջան (1991-1998 եւ 1998-2006) ընտրուած էր Ե.Հ.Խ.ի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետ։   Արդարեւ, ընդառաջելով միջ-եկեղեցական անձնաւորութիւններու ու շրջանակներու ջերմ փափաքին, ինչպէս նաեւ միջ-եկեղեցական շարժումին նոր մղում…

ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 5 Սեպտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Մուճդապի Ամանիին:   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Իրանի հայութեան եւ Լիբանանի յառաջիկայ նախագահական ընտրութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր: Դեսպանը անդրադարձաւ Իրանի հայութեան գործօն մասնակցութեան՝ երկրին առաւել զարգացման եւ յառաջդիմութեան աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին, շեշտեց Իրանի հայութեան եզակի դերը սփիւռքահայութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՆԱՐԵԿԱՑԻ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՆՇԵՑ ԻՐ 5-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Շաբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ Կաթողիկոսարանի Նարեկացի մանկապատանեկական երգչախումբը նշեց իր հիմնադրութեան 5-րդ տարեդարձը: Հանդիսութեան ներկայ էին երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան, վարչութեան անդամները, խնամակալութիւնն ու երգչախումբի անդամներուն ծնողները: Հանդիսութեան սկիզբը երգչախումբի անդամներէն երկու պատանիներ արտասանեցին բացման խօսք, ուր յայտնեցին երգչախումբի առաքելութեան նպատակը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

  Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը եւ տուեալ ժամանակաշրջանի դժուարութիւններն ու տագնապները դիմագրաւելու եւ քննարկելու յարմար միջավայր մը ստեղծելու նպատակով 1948-ին հիմնադրուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ) 11-րդ համաժողովը սկիզբ պիտի առնէ Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2022-ին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ:   7 տարին անգամ մը գումարուող համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի զանազան շրջաններէն Խորհուրդի աւելի քան 300 անդամ եկեղեցիներ՝…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ ՎԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Վերջերս տեղի ունեցած միաբանական հաւաքի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը ողջունելով միաբան հայրերը՝ անգամ մը եւս յիշեցուց, թէ մեր Սուրբ Աթոռին Միաբանութիւնը մէկ ամբոջութիւն է, Մայրավանքին մէջ թէ թեմերէն ներս ծառայող միաբաններով։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ զանազան պաշտօններու կոչուած միաբան հայրեր կրնան փոխուիլ, սակայն ծառայութիւնը կը մնայ նոյնը, որուն ամբողջական նուիրումով կոչուած են բոլոր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԹԵՄԵՐԷՆ ՆԵՐՍ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ «ՍՈՒՐՄԱԼՈՒ»Ի ԶՈՀԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 21 Օգոստոս 2022-ին, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի մատրան մէջ  կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Երեւանի «Սուրմալու» առեւտրական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով ինկած զոհերու հոգիներուն համար։   Յայտնենք, որ Նորին Ս. Օծութեան Հայրապետական տնօրինումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն…

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսին: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնապէս յանձնել Diálogos Fraternos հատորը:   Յայտնենք, որ ամիսներ առաջ Արժանթինի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ յիշեալ հատորը պատրաստուած էր, ուր ներառուած էին զանազան կրօններու պատկանող կարեւոր դէմքերու յօդուածները: Նորին Ս. Օծութիւնը ընդառաջելով պատասխանատուներու խնդրանքին,…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՂՊՏԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Երեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Թաուատրոս Բ. Պատրիարքին, 14 Օգոստոսին Եգիպտոսի Կիզա նահանգին Ապու Սէյֆէյն եկեղեցւոյ մէջ բռնկած հրդեհին պատճառով զոհ գացած հաւատացեալներուն մահուան տխուր առիթով։   Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցագիրին մէջ ըսաւ. «Յուզմունքով կը հետեւինք աղէտի զարգացումներուն եւ այս տխուր պայմաններուն մէջ կը…

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԽԱՂՈՂՕՐՀՆԷՔ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Կիրակի, 14 Օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան։   Յընթացս Ս. Պատարագին, մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, օրհնուեցաւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՀԱՅՐԵՆԻ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Երկուշաբթի, 15 Օգոստոս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վանաբնակ միաբան հայրերը հաւաք մը ունեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքէն ներս, գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։   Նորին Ս. Օծութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան եւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին նշման մեծ թիւով հաւատացեալներու մասնակցութեան։ Ապա, ան միաբան հայրերուն կարգ մը յիշեցումներ կատարեց…

ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱՆՈՒՆ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

«ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՇԵՇՏՈՒՄ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Շաբաթ, 13 Օգոստոս 2022-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրէն ներս։ Բացօդեայ Սրբոց Նահատակաց Ս. Խորանին վրայ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի»…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով, 8-12 Օգոստոս 2022-ի առաւօտները, Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր խորհրդածութեան պահեր եւ քարոզախօսութիւններ։   Այս առիթով, Ուրբաթ, 12 Օգոստոսին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպեցաւ մեր ուխտաւոր ժողովուրդի զաւակներուն հետ եւ իր հայրական պատգամն ու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ 15-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Անկլիքան եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներու 15-րդ միջազգային համաժողովը տեղի ունեցաւ 26 Յուլիսէն 7 Օգոստոս 2022-ին, Անգլիոյ Քենթրպրի քաղաքի Քէնթ համալսարանին մէջ՝ հրաւէրով Քենթրպրիի Արքեպիսկոպոս Ճասթըն Ուէլպիի։ Սոյն ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան, իսկ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը՝ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան։   Տասը տարին անգամ մը գումարուող համաժողովին այս տարուան բնաբանն…

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ՝ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.), լիբանանահայ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէն աւելի քան 80 մասնակիցներ միօրեայ զրոյց մը ունեցան Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրահին մէջ։ Զրոյցին խորագիրն էր «Սփիւռքահայ Երիտասարդը՝ Այսօր Եւ Վաղը»։ Մասնակիցները յիշեալ նիւթին շուրջ իրարու հետ բարձրաձայն մտածելու առիթը…

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԶՐՈՅՑ ՈՒՆԵՑԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

«Սփիւռքի Տարի» հռչակման առնչուած աշխատանքներու ծիրին մէջ, Շաբաթ, 30 Յուլիս 2022-ին, լիբանանահայ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններէն աւելի քան 80 երիտասարդներ հաւաքուած էին Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրէն (Պիքֆայա) ներս գտնուող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի սրահին մէջ, մասնակցելու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին հովանաւորութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան կազմակերպած «Սփիւռքահայ Երիտասարդը՝ Այսօր եւ Վաղը»…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

Հինգշաբթի, 28 Յուլիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Փաքիստանի դեսպան Սըլման Աթհարին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան քաղաքական պատասխանատուներուն:   Նորին Ս. Օծութիւնը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց նորանշանակ դեսպանին նախ Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած խնդիրներուն ու մտահոգութիւններուն ու ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համազգային առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին: Ընդառաջելով դեսպանին փափաքին,…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐ 2»Ի ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ուրբաթ, 22 Յուլիս 2022-ի առաւօտուն, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութիւնը վայելող «Ամառնային ծրագիր 2» աշակերտները այցելեցին Ս. Աստուածածին Վանք (Պիքֆայա) եւ ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական օրհնութիւնը։ Աշակերտներուն կ՚ընկերանային Շրջանային Վարչութեան անդամներ եւ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ատենապետը։ Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ «Ամառնային Ծրագիր 2»ի աշխատանքներուն, որմէ ետք աշակերտները մտերմիկ զրոյց մը ունեցան Վեհափառ Հայրապետին…

ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Մատրան մէջ, Կիրակի, 24 Յուլիս 2022-ին, նշուեցաւ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն երրորդը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Այլակերպութեան) յիշատակը։ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց…

ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 80 ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ

«Կիլիկիա» բանակումը, 7-9 Յուլիս 2022-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ համախմբեց 10-14 տարեկան 80 պատանիներ, որոնք դաստիարակչական ծրագիրներու ճամբով հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անմոռանալի օրեր անցուցին։ Բանակումը կայացաւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին։   Չորս խումբերու բաժնուած պատանիները՝ Գլաձոր, Դրազարկ, Արմաշ եւ Աղթամար, աղօթքի, շարականի եւ հայրենասիրական երգերու ուսուցումներու,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 12 Յուլիս 2022-ին, Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան Վատիկան այցելեց եւ յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին հանդիպումներ ունեցաւ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ։ Սրբազանը նախ տեսակցեցաւ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի ընդհանուր քարտուղար՝ Պրայըն Ֆերրըլ եպիսկոպոսին հետ եւ քննարկեց Կաթոլիկ Եկեղեցին եւ Հայ Եկեղեցին ու Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները շահագրգռող միջ-եկեղեցական հարցեր։ Յայտնենք, թէ Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքի նախագահ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Հինգշաբթի, 7 Յուլիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մայք Խարապեանը, ընկերակցութեամբ յիշեալ Վարչութեան անդամ եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի:   Հանդիպման առանցքը հանդիսացան մասնաւորաբար Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը եւ Սփիւռքի վերակազմակերպումը՝ Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ին լոյսին տակ: Հայրապետը դարձեալ կարեւորութեամբ յիշեցուց Ռ.Ա.Կ.ի պատասխանատուներուն կուսակցութեան…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 7 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (Ե.Հ.Խ.) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (Մ.Ա.Ե.Խ.) ներկայացնող պատուիրակթիւն մը, գլխաւորութեամբ յիշեալ խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ խորհուրդներուն մէջ գործող բարձրաստիճան պատասխանատուներ:   Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող կարգ մը հարցերու…

Ռ.Ա.Կ.Ի ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Չորեքշաբթի, 6 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Հրաչ Գույումճեանը:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու մեր ժողովուրդը յուզող այժմէական հարցերու շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը դիմագրաւող տագնապներու լոյսին տակ: Այս ծիրէն ներս, Նորին Ս. Օծութիւնը…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Երկուշաբթի, 4 եւ Երեքշաբթի, 5 Յուլիս 2022-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, Հայրապետանիստ Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին եւ Կիլիկիա թանգարանի սրահին մէջ կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովը։   Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ ու միաբան հայրերու մասնակցութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած ժամերգութեան աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ անցնող տարիներուն Կիլիկեան…

ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 91-ՐԴ ՀՈՒՆՁՔԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, տարագրութենէն 91 տարիներ ետք, տակաւին կը շարունակէ իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնը։ Առ այդ, Դպրեվանքը 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը բոլորեց ընծայաբերելով դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ եւ նուիրեալ երեք կուսակրօն քահանաներ։   Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան, Պիֆքայայի Ս. Աստուածածնի Վանքին մէջ բարձրացած Եղեռնի Նահատակաց յուշարձանին լանջերուն եւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին կրկնապատկերին կողքին,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, Շաբաթ, 2 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 07:30-ին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 25 ամեակին (2020-ին համավարակին պատճառով կարելի չէր եղած նշել Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25 ամեակը) նուիրուած ձեռնարկ` ներկայութեան Լիբանանի եւ Սփիւռքի տարածքին գտնուող թեմակալ առաջնորդներու,…

ԵՐԵՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ՎԵՐԻՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 27 ԱՄԵԱԿԸ

Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգընտիր Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 27 ամեակը։   Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Հայրապետական Մաղթանքի ճամբով, միաբան հայրեր եւ ժողովուրդ միասնաբար աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, որ անսասան եւ իր հովանիին…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔՈՎ ԵՒ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 27 ԱՄԵԱԿԸ

Անցնող շաբաթավերջին, արժանավայել կերպով նշեցինք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արժանընտիր գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 27 ամեակը։ Այս առիթով, Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբան հայրեր Ս. Խորանէն ընթերցեցին Աւետարանական հատուածներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՁԵՌԱՄԲ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Հայ Եկեղեցին վերանորոգող ու մարդ անհատի հոգին մաքրող արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, որ աւանդութեան համաձայն տեղի կ՚ունենայ եօթը տարին անգամ մը։ Հասած է ժամը Միւռոնօրհնութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան Անթիլիասական շրջանի տասներրորդ Միւռոնօրհնութիւնն է որ կատարուեցաւ։ Աշխարհի չորս անկիւններէն հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ եկած են մասնակից դառնալու եւ դիտելու,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱԹՈՌՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս ընդունեց Միւռոնօրհնէքի հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելու նպատակով ժամանած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեանն ու Գերշ. Տ. Վրթանես Եպս. Աբրահամեանը, իսկ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։   Սրբազան հայրերը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 31-ՐԴ ՆԻՍՏԻՆ

Յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ՄԵծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 31-րդ նիստին, 25 Յունիս 2022-ին, Երեւանի մէջ: Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէր Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան (Մատենադարանապետ): Ժողովը քննարկեց օրակարգային երեք նիւթեր՝ գործադիր տնօրէնի 2021-ի գործունէութեան հաշուետուութիւնը, տարեկան՝ 2021-ի նիւթական հաշուետուութունը եւ կանոնադրութեան փոփոխութեան հարցը: Ժողովը համապատասխան տնօրինումներ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։   Շուրջ երկու ժամ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ կարգ մը գաղութներու առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն իրագործուելիք շարք մը ծրագիներ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՕՐՀՆԵՑ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐԸ

Երկուշաբթի, 27 Յունիս 2022-ին, Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ նորընծայ երեք միաբան հայրերուն։ Քառասուն օրեր առաջ, Դպրեվանքի աւարտական դասարանի երեք սարկաւագները, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցան ու օծուեցան եւ վերանուանուեցան Հայր Արմէն, Հայր Առաքել եւ Հայր Ազատ: Աւանդաբար, նորաօծ եկեղեցականը…

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»ԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ՉՈՐՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

«Սփիւռքի Տարի»ին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կազմակերպած առցանց հանդիպումներուն 4-րդը յատկացուած էր տեղեկագիտութեան։ Ժողովին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը։ Առցանց նիստին մասնակցեցան «Սփիւռքի Տարի»ին աշխատանքները համակարգող յանձնախումբի անդամներն ու այս մարզին մէջ աշխատող մասնագէտներ։ Նիստին զեկուցելու համար հրաւիրուած էր «Սինոփսիս» (Syopsys) կեդրոնի եւ «Արմինիըն Վըրչուըլ Քոլէճ»ի (Armenian Virtual College) համահիմնադիր դոկտ.Երուանդ Զօրեան։   Վեհափառ Հայրապետը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

20-24 Յունիս 2022-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ ժողովին 18-րդ հանդիպումը: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ տնօրինումով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս ժողովին կը ներկայացնեն մեր Ս. Աթոռի միաբաններէն Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեան եւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան (համաքարտուղար). իսկ Ամենայն…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 24 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի Մայրավանքի գրասենեակին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուհամմատ Ճալալ Ֆիրուզնիային։   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի պարզած ընկերատնտեսական ու քաղաքական ներկայ կացութիւնը, յատկապէս խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, ինչպէս նաեւ Իրանի հայութեան դերակատարութիւնը երկրի առաւել զարգացման ու յառաջդիմութեան աշխատանքներուն մէջ, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Ե.Հ.Խ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը, 15-18 Յունիս 2022-ին, Ժընեւի մէջ գումարեց իր ընդհանուր ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան եւ Զուիցերիոյ մէջ մեր Ս. Աթոռին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան։   Համաճարակէն ի վեր այս առաջին անգամն է, որ Կեդրոնական Վարչութիւնը անձամբ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 18 Յունիս 2022-ի առաւօտուն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի նորընտիր վարչութեան, գլխաւորութեամբ Զաքար Քէշիշեանի:   Ողջունելով նոր կեդրոնական վարչութեան ընտրութիւնը՝ Նորին Ս. Օծութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի համահայկական դերակատարութեան, կրթական ու մշակութային մարզերէն ներս: Որեւէ ժամանակէ աւելի մենք կարիքը ունինք մեր մշակութային արժէքներու առաւել…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԵՐ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ

Շաբաթ, 18 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան:   Վեր. Հայտոսթեան Նորին Ս. Օծութեան յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հանգստեան կոչուելէն ետք, ինք ստանձնած է յիշեալ պատասխանատուութիւնը մինչեւ նոր նախագահի մը ընտրութիւնը, միաժամանակ շարունակելով Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդի ատենապետի իր պաշտօնը: Վեհափառ…

ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՐՕՆՆԵՐՈՒ ՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹՆԵՐՈՒ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 17 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Իրանի Կրօններու ու Մշակոյթներու Երկխօսութեան Կեդրոնի ներկայացուցիչ Ալ-Սայյըտ Մուհամմէտ Ռիտա Մուրթատաուիի:   Ներկայացուցիչը Նորին Սրբութեան յանձնեց յիշեալ կեդրոնի նորանշանակ ընդհանուր տնօրէնին՝ Մուհամմէտ Մեհտի Իմնիբուրի նամակը: Նամակին մէջ տնօրէնը կը շեշտէ ահաւոր տագնապներ դիմագրաւող ներկայ աշխարհին մէջ կրօններու միջեւ երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ՝ արեւմտեան ընկերութեան մէջ…

ԵՐԵՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԾԱՆՕԹԱՑՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Ներկայ աշխարհի պայմաններուն ու յարաբերութիւններուն մէջ երկխօսութիւնը, փորձառութիւններու փոխանակումը եւ փոխադարձ ճանաչողութիւնը հրամայական դարձած են որեւէ ժամանակէ աւելի։ Ազգեր, ժողովուրդներ, ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ ու եկեղեցիներ երկխօսութեան ու փոխ-յարաբերութեան ճամբով կը ծանօթանան իրար, կը զարգանան մշակոյթներ, կը մշակուին յարաբերութիւններ եւ գործնապէս կ՚արտայայտուին լայնախոհութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը։   Վերոյիշեալ տեսլականներու լոյսին տակ, Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ…

ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Յունիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ձեռամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանի, սարկաւագական կարգ ստացան Դպրեվանքի երեք ընծայարանականներէն Երուանդ Կիս. Եղիայեանը, Անդրանիկ Կիս. Մինասեանը եւ Սերժ…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2022-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութեան, առաջնորդութեամբ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի:   Հայր Սուրբը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց վարչութեան անդամներն ու անոր աշխատանքային ծրագիրը: Ան յայտնեց, որ վերջին քանի մը տարիներուն, համաճարակին եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔԱՐԻԹԱՍ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԲՈԼՈՐԻՆ ՏՈՒՆԸ՝ ՅՈՅՍ ԼԻԲԱՆԱՆԸ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2022-ին, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ լայն մաշտապով ընկերային ծառայութիւններ մատուցող Քարիթաս միութիւնը միօրեայ համագումարով ոգեկոչեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին 25 տարիներ առաջ Լիբանան տուած հովուապետական այցելութիւնը:   Համագումարին առանցքը կազմեցին միութեան կատարած ընկերային ծառայութեանց ընդհանուր գնահատականը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այլազան համայնքներու միջեւ գոյակցութեան ամրապնդումն ու երկխօսութեան զարգացումը:   Համագումարին մասնակցեցան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

Ուրբաթ, 10 Յունիս 2022-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէն: Նորին Ս. Օծութեան հետ մնայուն յարաբերութեան մէջ գտնուող դեսպանը նախ յայտնեց Վատիկանի ունեցած բարձր յարգանքը Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ եւ փոխանցեց Վատիկանի կարեւոր բաժանմունքներու բարձրաստիճան պատասխանատուներուն ողջոյնները: Ան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց շուրջ տարի մը առաջ Վատիկանի մէջ տեղի…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 10 Յունիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երկար հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտ Ալ-Քարիմ Ալի: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու անցեալ շաբաթ Նորին Ս. Օծութեան Սուրիա կատարած այցելութեան, նախագահ Պաշշար Ասատին…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ ՏՈՒԱՒ 2022 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԻՐ ՀՈՒՆՁՔԸ

Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2022-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի վկայականաց բաշխումը՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հայրապետը գնահատելով եռամեայ հայագիտական ծրագիրը աւարտած չորս շրջանաւարտները, Արաքսի Խրիմեան Աջապահեան, Աւետիս Ասայեան, Նուէր Էլխայաթ Աջապահեան եւ Վերժին Սաաթճեան, ինչպէս նաեւ Կեդրոնի տնօրէնը՝ Ահարոն Շխրտըմեանն ու ուսուցչական կազմը, ընդգծեց հայագիտական ամպիոններուն, ի մասնաւորի…

ՀՈՒՆԳԱՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 9 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հունգարիոյ նորանշանակ դեսպան Ֆէրնզ Չիլաղի այցելութիւնը։   Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով դեսպանին անդրանիկ այցելութիւնը, պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը՝ գլխաւոր երեսներով։ Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ Լիբանանի ներկայ ընկերատնտեսական կացութեան եւ հայ համայնքին որդեգրած դրական ու հաւասարակշռուած դերակատարութեան, իբրեւ Լիբանանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՏՈՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 6 Յունիս 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հանդիպում, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի հատորը, Սփիւռքի տարուան հռչակման կարեւորութիւնը եւ Նորին Սրբութեան Տէր Զօր պատմական այցելութիւնը:   Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց, թէ նման հանդիպումները անհրաժեշտ են տեսակէտներու ու մտահոգութիւններու փոխանակման եւ…

ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պիտի կատարէ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն։   Մեր եկեղեցւոյ ու ազգի կեանքին մէջ յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող դէպք մըն է Միւռոնօրհնէքը։ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար ան առիթ է քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման, հոգեւոր կեանքի վերանորոգման եւ ազգային պատկանելիութեան ամրացման։   Դարաւոր աւանդութեան համաձայն, Միւռոնօրհնութեան առիթով մեր ժողովուրդի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԸՆԾԱՅԱԲԵՐԵՑ 19 ՆՈՐ ՄՇԱԿՆԵՐ

Կիրակի, 5 Յունիս 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Եւ Անմահ Պատարագին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Հոգեգալստեան տօնի առաւօտուն, տեղի ունեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն, ձեռամբ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեանի։   Ուրախութիւն էր Դպրեվանքի մեծ ընտանիքին համար, որ իր…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԱՏՈՒԿ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր բոլորին ծանօթ համաշխարհային եւ լիբանանեան ծանր պայմաններու պատճառով երկար յապաղումէ ետք, կու գանք ուրախութեամբ յայտարարելու, որ լոյս տեսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակին (1995-2020) նուիրուած հատորը։     Հայրապետին արծաթեայ յոբելինականին նուիրուած աշխատասիրութիւնը կը ներկայացնէ Սրբազնագոյն Հայրապետին 25 տարուան ծառայութիւնը՝ զանազան ոլորտներու մէջ եւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դիմաց։ 52 յօդուածագիրներ՝ կղերականներ, միջ-եկեղեցական եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Կ.Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 2 Յունիս 2022-ին երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ներկայացուցիչ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքայի միջեւ։     Հանդիպման առանցքը դարձաւ Լիբանանի ներկայ կացութիւնը, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յառաջիկայ քաղաքական քայլերուն, միջ-համայնքային գործակցութեան ու ընկերատնտեսական տագնապը կարելի փութով մեղմացնելու կարելիութիւններուն շուրջ։ Նորին Ս. Օծութիւնը…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԵՐԳ «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

(Ազդակ օրաթերթէն առնուած)   Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ եւ Ալիս Պօղոսեան ամոլին, Շաբաթ, 28 Մայիս 2022-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Արին Սէնթըր»-ի դիմաց տեղի ունեցաւ «Ազգային Երգերու Համերգ»` կատարողութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «ՇՆՈՐՀԱԼԻ» երգչախումբին խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, ընկերակցութեամբ «ԿԻԼԻԿԻԱ» նուագախումբին:  …

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Կիրակի 22 եւ Երկուշաբթի 23 Մայիս 2022-ին, Գահիրէի (Եգիպտոս) մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու եւ Դպրեվանքներու Միութեան (Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ.) համագումարը, Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէ ժամանած երեսուն ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:   Համագումարը սկիզբ առաւ ղպտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Իպրահիմ Իսհաք պատրիարքին ողջոյնի խօսքով: Սոյն հաւաքին նպատակն էր վերամշակել Մ.Ա.Ա.Կ.Դ.Մ.ի ներքին օրէնքները, ընտրել նոր նախագահ եւ գործադիր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՍՊԵՏԻ ԿԱՐԳԻ ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՎԱՀԷ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆԸ

  Կիրակի, 22 Մայիս 2022-ին, տեղի ունեցաւ կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութիւն եւ օծում, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ձեռամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին: Աւանդութեան համաձայն ձեռնադրեալ քահանան կ’ունենայ կնքահայր: Երեք նորընծայ աբեղաներուն կնքահայրութիւնը ստանձնեց յիշեալ թեմին Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Վահէ Յովակիմեանը:   Ձեռնադրութենէն ետք, Դպրեվանքի գեղեցիկ աւանդութեան…