ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով, 8-12 Օգոստոս 2022-ի առաւօտները, Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր խորհրդածութեան պահեր եւ քարոզախօսութիւններ։ Այս առիթով, Ուրբաթ, 12 Օգոստոսին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպեցաւ մեր ուխտաւոր ժողովուրդի զաւակներուն հետ եւ իր հայրական պատգամն ու…