Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՍՐԲԱԶՆԱԳՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՁԵՌԱՄԲ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ

Հայ Եկեղեցին վերանորոգող ու մարդ անհատի հոգին մաքրող արարողութիւնը՝ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, որ աւանդութեան համաձայն տեղի կ՚ունենայ եօթը տարին անգամ մը։ Հասած է ժամը Միւռոնօրհնութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան Անթիլիասական շրջանի տասներրորդ Միւռոնօրհնութիւնն է որ կատարուեցաւ։ Աշխարհի չորս անկիւններէն հայ եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակներ եկած են մասնակից դառնալու եւ դիտելու, թէ ինչպէս Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի Սրբազնագոյն Արամ Ա. Կաթողիկոսը՝ Գրիգոր Լուսաւորիչէն Սիս հասած Սրբալոյս Միւռոնը Անթիլիասի նոր Սուրբ Միւռոնին մէջ կը հեղու։

 

Արդարեւ, Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 07:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Եպիսկոպոսապետի հանդերձաւորումով դուրս եկաւ Վեհարանէն գլխաւորելու եւ նախագահելու Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան Հայրապետական շքերթն ու արարողութիւնը։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աջը պահպանող պատմական արկղը շալկող երկու հոգեւորականներ, Ս. Էջմիածնի Միւռոնը, հին Միւռոնը, բալասանը եւ վարդի իւղը բռնող եպիսկոպոսներ եւ միաբան հայրեր, հանդիսաւոր թափօր կազմած հասան Մայր Տաճարի մուտքին բարձրացած Ս. Խորան:

 

Բազմահազար ուխտաւորներ արդէն օրեր առաջ սկսած էին ժամանել Անթիլիասի Մայրավանք՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։ Ուխտաւորներու ներկայութեամբ առաւել եւս գեղեցկացած էր Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակը։ Հոծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութիւնը կը հաստատէր մեր ժողովուրդի ամուր կապուածութիւնն ու հաւատարմութիւնը հայ եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ անոր հաւատքի առաքելութեան նկատմամբ:

 

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդներու շարքին, սրբազան արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեան եւ Գերշ. Տ. Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան. իսկ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն՝ Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։

 

Սրբազան արարողութեան ներկայ եւ աղօթակից էին զանազան եկեղեցիներու՝ Ասորի եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. Պատրիարքը, Ֆրանսիս Պապին անձնական ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ Ղպտի Ուղղափառ, Մարոնիթ, Յոյն Ուղղափառ, Յոյն Կաթոլիկ, Ասորի Կաթոլիկ, Հայ Կաթոլիկ, Քաղդէացի, Աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։ Ներկայ էին նաեւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով հաւատցեալ ուխտաւորներ։ Զանազան եկեղեցիներու պետերը, որոնք չկրցան անձամբ եւ կամ ներկայացուցիչներու միջոցաւ ներկայ գտնուիլ արարողութեան, շնորհաւորական նամակներ յղեցին Վեհափառ Հայրապետին:

 

Միւռոնօրհնութեան կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Ազգային Վարչութեան փոխ ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան։ Հայրապետական Ամպ Հովանին բռնելու պատիւը տրուեցաւ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի, Կարօ Էշկիեանի, Յովսէփ Աւետեանի, Զաւէն Կէօնճեանի, Գրիգոր Մահսէրէճեանի, Վարդան Նարինեանի, Վարդգէս Մահտեսեանի եւ Հրաչ Յակոբեանի։ Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի ու Շրջակայից Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան։

 

Միւռոնօրհնէքի արարողութեան երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի:

 

Արարողութիւնը ընթացաւ Աստուածաշնչական եւ աղօթքներու ընթերցումներով՝ Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակից եպիսկոպոսներու կողմէ, աղերսելով Աստուածային օրհնութիւն ու Ս. Հոգիին ներգործութիւն: Սրբալոյս Միւռոնի պատմական կաթսային կափառիչը բացուեցաւ եւ արարողապետ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի հրաւէրով եպիսկոպոսներ հերթաբար Վեհափառ Հայրապետին յանձնեցին անուշաբոյր վարդի իւղն ու բալասանը, որ յատուկ աղօթքներու ընթերցումով Նորին Ս. Օծութիւնը խառնեց նոր Միւռոնին: Ապա, ան նոր Միւռոնին խառնեց Ս. Էջմիածնի Միւռոնը, ի նշան Հայ Եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան։ Եւ, վերջապէս, միւռոնաթափ աղաւնիին ընդմէջէն Վեհափառ Հայրապետը հեղուց եռամեծար հայրապետներուն ձեռքով պատրաստուած հին Միւռոնը։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը հայ եկեղեցւոյ հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի Աջով օրհնեց Միւռոնն ու ներկայ հազարաւոր ժողովուրդը:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեանը։ Ան Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց եղբայրական ողջոյնները, իսկ ներկայ հոգեւորականաց դասուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին՝ Հայրապետական օրհնութիւններն ու սէրը։

 

Հոգեպարար արարողութեան աւարտին, Սրբազնագոյն Հայրապետը բազմահազար ներկայ հաւատացեալներուն եւ արբանեակային ուղղակի հեռարձակումի ճամբով աշխարհի չորս ծագերուն մեր ժողովուրդի զաւակներուն իր Հայրապետական հոգեշունչ պատգամը յղեց։

 

Վեհափառ Հայրապետը խօսելով Ս. Միւռոնի մասին՝ ըսաւ. «Սոսկ ծիսական արարողութիւն մը չէ Միւռոնի օրհնութիւնը։ Ան Աստուծոյ էջքն է երկիր ու մարդուն բարձրացումը երկինք։ Աստուծոյ ու մարդու հաղորդութեան խորախորհուրդ պահն է միւռոնի օրհնութիւնը՝ Սուրբ Հոգւոյ երկնառաք շնորհներու ներգործութեամբ։ Մեր ազգին հոգեւոր պայծառակերպումի ու ազգային վերանորոգման պահն է միւռոնի օրհնութիւնը՝ մեր հոգեւոր ու ազգային աւանդութիւններու, արժէքներու ու ապրումներու միախառնումով։ Խոր է իմաստը եւ հրաշազան խորհուրդը հայու Սրբալոյս Միւռոնին։ Աստուծոյ ստեղծագործութեան բարիքները կան Միւռոնին մէջ՝ ձէթի կողքին աւելի քան քառասուն ծաղիկներու եւ հունտերու ներդաշնակ միաձուլումով։ Իր նիւթեղէն գոյութենէն անդին՝ երկնային սրբութեան ցօղն է Միւռոնը մեր մեղապարտ կեանքին վրայ ու երկնային լոյսին ճառագայթը մեր խաւար երկնքին վերեւ»։

 

Հայրապետը իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ. «Միւռոնաբոյր այս պահը մեր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման, մեր ազգային ինքնութեան վերահաստատման պահ է ու միաժամանակ՝ երկնային հրաւէր ազգին միւռոնադրոշմ զաւակներուն.

 

«Մնացէ՛ք հաւատարիմ ձեր ճակտին վրայ դրոշմուած Սուրբ Միւռոնին, անոր խորհուրդին ու հրամայականին։ Մնացէ՛ք հաւատարիմ Սրբալոյս Միւռոնի յաւերժական պատգամին։

 

«Սրբալոյս Միւռոնով մենք միակամ ենք ու հզօր։

 

«Սրբալոյս Միւռոնով Հայաստանը, Արցախը ու Սփիւռքը անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն են։

 

«Սրբալոյս Միւռոնով մենք դէպի յաղթական ապագայ ընթացող ազգ ենք»։

Իր պատգամի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը աղօթք վերառաքեց ամենակալ Աստուծոյ՝ խնդրելով Սուրբ Հոգւոյ շնորհները.- «Ո՜վ Տէր, թող այս Միւռոնը երկնային օրհնութեամբ շաղախէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքի օրերը, մեր մտածումներն ու գործերը։

 

«Թող այս Միւռոնը սրբութիւն ցօղէ տեսանելի ու անտեսանելի մեղքերով լեցուն մեր կեանքին վրայ։

 

«Թող այս Միւռոնի օծումով՝ մեր մանուկներուն կեանքը Սուրբ Հոգւոյն շնորհներով ծաղկի, մեր հոգեւոր մշակները կոչումի խոր գիտակցութեամբ կատարեն իրենց քրիստոսատուր առաքելութիւնը, մեր եկեղեցիները պայծառանան հաւատացեալներու աղօթքով ու մասնակցութեամբ։

 

«Թող այս Միւռոնի հպումով հիւանդները բուժուին, չարիքները հեռանան ու չարերը պարտուին։

 

«Թող այս Միւռոնը լուսաւորէ մեր կեանքի խաւար երկինքը ու մոլոր ճամբաները, սրբէ մեր հոգիները, մաքրէ մեր սրտերը ու օրհնէ մեր կեանքը։

 

«Թող այս Միւռոնը, ո՜վ Տէր, համախմբէ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մեր ժողովուրդի զաւակները մէկ ազգի ու հայրենիքի շուրջ՝ մեր պատմութեան այս վճռադրոշմ հանգրուանին։

 

«Թող այս Սրբալոյս Միւռոնը դառնայ յաւերժահոս աղբիւր՝ երկնային բարիքներու, հոգեւոր վերածննդեան, ազգային միասնութեան եւ յաւերժայաղթ հայութեան»։

 

Ապա, իր ողջոյնի խօսքին մէջ, Ասորի եկեղեցւոյ պետ Նորին Սրբութիւն Աֆրամ Բ. Պատրիարքը յայտնեց, թէ հակառակ աշխարհին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, քրիտսոնեայ եկեղեցիները միասնաբար կը փորձեն դիմակայել բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։ Ան վերյիշեց հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն եւ եկեղեցիներուն ունեցած դարաւոր յարաբերութիւնը՝ շեշտելով, որ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան այս արարողութիւնը առիթ կ՚ընծայէ վերանորոգելու երկու եկեղեցիներու եւ ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական ոգին։

 

Պատրիարքի խօսքէն ետք, Ֆրանսիս Պապին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց պապական ներկայացուցիչը։ Պապը իր ողջոյնի խօսքին մէջ անդրադարձաւ Վատիկանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսուեան միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան եւ իր աղօթքը միացուց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հաւաքուած ուխտաւոր ժողովուրդին։

 

Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութիւնը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ» աղօթքով, «Կիլիկիա» քայլերգով եւ «Ի վեհ բարձանց» ու «Կիլիկեան ուխտի» Հայրապետական մաղթերգերով։

 

Վեհարանի մուտքին, Վեհափառ Հայրապետը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին Աջով օրհնեց հաւատացեալ ներկայ ժողովուրդը։