«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»ի յանձնախումբի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 16 Յունուար 2023-ին, Վեհարանի մէջ։ Նիստին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Կաթողիկոսը։ Մասնակցեցան ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, փրոֆ․ Աշոտ Մելքոնեան, Շահան Գանտահարեան, Խաչիկ Տէտէեան եւ հեռակայ՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան։   Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր արժեւորումը կատարեց «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական հիմնադրամ»ի վերջին հրատարակութիւններուն եւ շեշտը դրաւ յատկապէս ժամանակակից խնդիրներուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

1908 թուականէն ի վեր, ամէն տարի, Յունուար ամսուան երրորդ շաբաթը կը յատկացուի աղօթքի՝ եկեղեցիներու միութեան համար: Աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ եկեղեցիներ աղօթքներու, շարականներու, աւետարանական ընթերցումներու եւ քարոզախօսութիւններու ճամբով կը շեշտեն եկեղեցիներու միութեան անհրաժեշտութիւնը:   Արդարեւ, Կիրակի, 15 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 06։00-ին, Լիբանանի մէջ եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան բացումը կատարուեցաւ Պսալիմի յոյն ուղղափառ Սուրբ Ճաուրճիոս…

ԶՕՐԱՇԱՐԺ Ի ԽՆԴԻՐ ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ

Արցախի պաշտպանութիւնը համահայկական անյետաձգելի հրամայական է այսօր. վաղը կրնայ ո՜ւշ ըլլալ:   Արցախի հայութիւնը ինքնորոշման իր հաւաքական կամքը բազմիցս արտայայտած է:   Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութիւնը ու անոր ընկերատնտեսական բարօրութեան օժանդակութիւնը իւրաքանչիւր հայու եւ համայն հայութեան նուիրական պարտքն է:   Զօրաշարժի պէտք է ենթարկել մեր ժողովուրդի զաւակները, ի խնդիր Արցախի փրկութեան:   Արդ, կոչ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ CILICIA TV-ԻՆ ՀԵՏ

  «ՄԵՐ ԱԶԳԻՆ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԴԻՄԱԳՐԱՒԵՆՔ»* Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մասին խօսիլը սովորական երեւոյթ մը չէ ու պէտք չէ ըլլայ։ Եռամիութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, լուրջ տագնապներու ու մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուի։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ազգընտիր Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը 2023 նոր…

ՊԱՊԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի առաւօտ՝ 12 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Պապական նուրիակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը:   Նորանշանակ նուիրակին առաջին հանդիպումը ըլլալով Վեհափառ Հայրապետին հետ, Նորին Սրբութիւնը լայնօրէն անդրադարձաւ ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, թեմական կառոյցներուն ու միջ-եկեղեցական գործակցութեան, եւ ապա Լիբանանի հայութեան:   Տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ մասնաւորաբար նախագահի ընտրութեան առնչուած…

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԹԻԼԻԱՍ

Հինգշաբթի, 12 Յունուար 2023-ին, Հըզպալլա կուսակցութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այցելեց Կաթողիկոսանիստ Վանք եւ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող այժմէական հարցեր, յատկապէս՝ ընկերատնտեսական տագնապը եւ նախագահի ընտրութիւնը: Պատուիրակութիւնը շեշտեց Լիբանանի հայութեան կարեւոր դերը մասնաւորաբար քաղաքական ու տնտեսական մարզերէն ներս:  

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 11 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորոթի Շիան: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ դեսպանին փոխանորդը եւ մարդկային իրաւանց պատասխանատու Կայ Լին:   Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր արժեւորում կատարելու Լիբանանի ներկայ կացութեան եւ յատկապէս անդրադառնալու նախագահական ընտրութեան եւ ընկերատնտեսական տագնապին:   Վեհափառ Հայրապետը…

ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ (Բ.) ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵՆԷ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ 2023

Պ Ա Տ Գ Ա Մ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍԻ ՄԵ­ԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻ­ԼԻԿ­ԻՈՅ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն, հոգեւոր դասուն, Ազգային իշխանութեանց, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն   2023 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսու­թեան Անթիլիասի Մայրավանքէն քրիստոնէական սիրով ու հայ­րապե­տական օրհնութեամբ կ’ողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողո­վը, Ազգ. Կեդրո­նական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղա­քական ժո­ղովները, Միա­բանութիւնը,…

«ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՄ ԻՐԱՆԻՆ, ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԵՆԷ ՄՂՈՒԱԾ, ՄԻՋԱՄՏԵԼՈՒ ԲԵՐՁՈՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 9 Յունուար 2023-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մուճթապա Ամանիի, ընկերակցութեամբ անոր փոխանորդին:   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկու այժմէական նիւթեր: Առաջինը՝ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն էր: Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ նկատեց ներ-լիբանանեան համաձայնութեան գոյացումը: Նախագահի անձին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելէ առաջ հրամայական է, որ…

2023 ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳՐԻ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ՅԱՏԿԱՊԷՍ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Աւանդաբար մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին յաջորդող Կիրակի օրը, Մայրավանքին եւ մեր բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ կ՚ընթերցուի տուեալ տարուան նուիրուած թեմային Հայրապետական հռչակագիրը, որուն մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ կ՚առնէ նիւթին առնչուած մտահոգութիւնները, հայ կեանքին վրայ անոնց անդրադարձը եւ իր Հայրապետական ցուցմունքները ու թելադրութիւնները կը կատարէ, որպէսզի…

Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱՆԻՍՏ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԲԵԹՂԵՀԷՄԸ՝ ԱՂԲԻՒՐ ԵՐԿՆԱՅԻՆ ՅՈՅՍԻՆ» ՊԱՏԳԱՄԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Մեր  Տիրոջ եւ Փրկչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Կաթողիկոսանիստ Վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ՝ Ուրբաթ, 6 Յունուար 2023-ին։ Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, զանգերու ղօղանջներուն ներքոյ Հայրապետական թափօրը Վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր Տաճար, ուր Նորին Ս. Օծութիւնը մատուցեց Ս. եւ Անմահ Պատարագը, կատարեց…

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՃՐԱԳԱԼՈՅՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 5 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս արժանընտիր Կաթողիկոսին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսանիստ Վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագը։   Ս. Պատարագի աւարտին, Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Ս. Խորանէն վար բերաւ Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ՊԷՆԷՏԻՔԹՈՍ ՊԱՊԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին յղած իր ցաւակցագիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վախճանեալ Պէնէտիքթոս ԺԶ. Պապը կը նկատէ որպէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծագոյն աստուածաբաններէն մէկը, որ միջ-եկեղեցական, միջ-կրօնական եւ ընդհանրապէս եկեղեցի-ընկերութիւն փոխ-յարաբերութեանց խնդիրներու գծով, իր յստակ տեսակէտներով ու խոր վերլուծումներով առանցքային դեր ունեցած է կաթողիկէ եկեղեցւոյ աստուածաբանական մօտեցումներու ձեւաւորման ու զարգացման մէջ:   Նոյն օրը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

ԴԱՌՆԱՆՔ՝ ՄԱՀԷՆ ԴԷՊԻ ԿԵԱՆՔ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ՔՐԻՍՏՈՍԻՆ   Աստուած մարդը «վերստին կեանքի կոչեց Քրիստոսով» (Եփ 2.5)։ Այսպէ՛ս կը վկայէ՝ իր կեանքին օրինակով, Քրիստոսը հալածած եւ ապա անոր մեծագոյն քա­րոզիչը դարձած Պօղոս Առաքեալ։   Աստուծոյ նկատմամբ անհնազանդութիւնը մարդը մղած էր մեղքով ու չարիքով տիրապետուած մարդակեդրոն կեանքի։   Աստուծոյ նկատմամբ  անհաւատարմութիւնը մարդը առաջնորդած էր չարաշահելու, փոխանակ խնամելու իր…

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ

Երկուշաբթի, 2 Յունուար 2023-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը Կաթողիկոսանիստ Մայրավանք այցելելով՝ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ներկայութեամբ Գերպ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ Նոր տարուան ու Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով բարեմաղթութիւններ փոխանակելու, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարելու Արցախի պարզած ներկայ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔՆԵՐԸ

Նոր Տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, անցնող շաբթուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս պետական ու կրօնական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն եւ ստացաւ պաշտօնական նամակներ։ Այս ծիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելութիւնները.-   ա) Արթիւր Խանճեան, Իսի Լէ Մուլինոյի փոխ-քաղաքապետ (Ֆրանսա)։ Հանդիպման ընթացքին, տօնական շնորհաւորանքներու փոխանակումէ ետք, արծարծուեցան Լիբանան-Ֆրանսա եւ Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն…

ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Արդէն թեւակոխեցինք 2023 թուականը՝ մեր հոգիներուն ու միտքերուն մէջ ունենալով նոր սկիզբի, երազներու, նուաճումներու ու յանձնառութիւններու վառ յոյսը եւ մեր ետին թողեցինք մեր անձնական, ընտանեկան թէ՛ հաւաքական հինը եւ  յուսախաբութեան ոգին։ Այս սպասումներով ու հաւատքով 1 Յունուար 2023-ի առաւօտուն հաւատացեալներ ուղղուեցան Հայրապետանիստ Վանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճար, ուր նախագահութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻԼ՝ Ի ԽՆԴԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ   Տագնապալից պայմաններու մէջ կʼողջունենք Նոր Տարին։ Յուսահատութեամբ ու անորոշութեամբ լեցուն է հայ կեանքը։ Ահաւոր վտանգներով շրջապատուած են Հայաստանն ու Արցախը։   Իրատես հայեացքով դիտենք հայ կեանքը։ Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. Հայաստանը դարձեալ դարձած է կռուախնձոր մեծ ոյժերու միջեւ։ Թշնամին պաշարումի ենթարկած է Արցախը։ Ան կը գտնուի նաեւ…

«ՄԱՇՏՈՑ»Ի ՉՈՐՐՈՐԴ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հրամանաւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ հայ եկեղեցւոյ խորհրդակատարութեանց գիրքը (ծիսարան)՝ «Մաշտոց»ը, քննարկուած ու վերստին կարգաւորուած Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական Ժողովին կողմէ, համաձայն Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան կանոններուն ու աւանդութեանց։   Շուրջ 400 էջերու մէջ զետեղուած են եկեղեցւոյ խորհրդակատարութեանց կանոնները՝ տաճար ընծայման, Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ «ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԳԻՐՔԸ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԵՑԱՒ ԳԵՐՄԱՆԵՐԷՆԻ

2017 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հեղինակած The Armenian Church (Հայ Եկեղեցին) անգլերէն հատորը, անցնող տարիներուն յաջորդաբար թարգմանուեցաւ արաբերէնի, պարսկերէնի, ռուսերէնի եւ ֆրանսերէնի. իսկ շաբաթ մը առաջ հրատարակուեցաւ անոր գերմաներէն թարգմանութիւնը՝ Paulinus-Verlag (Edition Cardo) հրատարակչական ընկերութեան կողմէ: Այս հատորը նաեւ Կաթողիկոսարանի գրատան կողմէ շուտով պիտի ներկայացուի ընթերցասէր հասարակութեան:   Յայտնենք, որ լայն տարածում գտած…

2023-Ի ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՕՐԱՑՈՅՑԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի տպարանէն լոյսին ընծայուեցաւ 2023 տարուան եկեղեցական գրպանի օրացոյցը։   Եկեղեցական օրացոյցը կը բովանդակէ մեր եկեղեցւոյ տօները եւ ամէնօրեայ հոգեպարար արարողութիւններու ընթացքին երգուելիք շարականները, Ս. Գիրքի ընթերցուածները, սաղմոսներն ու աղօթքները եւ ծիսական այլ մանրամասնութիւններ։   Օրացոյցի սկզբնաւորութեան, Հայրապետական պաշտօնական լուսանկարէն ետք, տեղադրուած են «Աղբիւր կենաց» շարականը…

ԻՐԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԿՑՈՐԴԸ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2022-ին, Լիբանանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանին փոխանորդը եւ մշակութային կցորդը՝ դոկտ. Ղումէյս Պաքրը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ դեսպանատան բարձրաստիճան պատասխանատուներէն դոկտ. Ալի Քասիրին:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան յարաբերութեան եւ այդ ծիրէն ներս կրօնական երկխօսութեան, որ սկիզբ առած էր…

Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ՍՈՒՐԲԻՆ ՄԱՍՈՒՆՔԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 25 Դեկտեմբեր 2022-ին, քրիստոնէական եկեղեցւոյ առաջին սարկաւագին ու նախավկային՝ Սուրբ Ստեփանոսի տօնը նշուեցաւ Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը։ Ս. Սեղանին սպասարկութիւնը կատարեցին Դպրեվանքի սարակաւագաց դասը։   Սրբազան հայրը օրուան իր քարոզին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ ՎԱՀԱԳՆ ԱԹԱԲԷԿԵԱՆ

Շաբաթ, 24 Դեկտեմբեր 2022-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Երեւանէն վերադարձէն անմիջապէս յետոյ, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։   Հանդիպման ընթացքին դեսպան Աթաբէկեան Հայրապետին փոխանցեց Հայաստանը Արցախին միացնող Բերձորի միջանցքին առնչուած կարգ մը տեղեկութիւններ։   Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, պարզեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԼԽԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՄԻՋ-ԿՈՒՍԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ԲԵՐՁՈՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻՆ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ ԳԾՈՎ

Ուրբաթ գիշեր, 23 Դեկտեմբեր 2022-ին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հրաւէրով, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.), Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) վերին մարմիններու ներկայացուցիչները՝ Ալեքսան Քէօշկէրեան, դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ տոքթ. Աւետիս Տագէսեան խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետները՝…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆԻ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկոսարանի հայագիտական կեդրոնի ուսանողներուն հետ։   Գնահատելէ ետք ուսանողներուն ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը, Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ հայագիտական ուսմանց կարեւորութեան եւ խօսեցաւ Ազգային Սահմանադրութեան հիմնական սկզբունքներուն վրայ պատրաստուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կանոնագրութեան մասին։ Ան բացատրեց, թէ ի՛նչ են Կանոնագրութեան իւրայատկութիւնները եւ…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱՆ

Չորեքշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսն ու Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցան։   Նախագահ Յարութիւնեան Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը՝ Ազրպէյճանի կողմէ բնապահպանական կեղծ պատրուակներով Արցախը մայր Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի շրջափակումով, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աղէտը կանխելու ուղղուած աշխատանքները։   Նորին Ս. Օծութիւնը, իր կարգին, նախագահին փոխանցեց Արցախի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԻ ԳԾՈՎ ԴԻՄԵՑ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ

Երեքշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պըն Ապտալլա Պուխարին։   Վեհափառ Հայրապետը դեսպանին ուշադրութեան յանձնեց Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին փակումը եւ անոր ծանր հետեւանքները Արցախի ժողովուրդին վրայ եւ խնդրեց Սէուտական Արաբիոյ միջամտութիւնը։ Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնն ու դեսպանը տեսակէտներու փոխանակում ունեցան Լիբանանի ու Սէուտական Արաբիոյ…

ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՅ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՍՐԲԱԶԱՆ ՄԱՍՈՒՆՔԸ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՒԵՑԱՒ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ

Օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս ազգընտիր Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն եւ Դպրեվանքի աշակերտներուն, Ուրբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2022-ին, Կաթողիկոսանիստ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ նախատօնակը մեր եկեղեցւոյ մեծագոյն ու ժողովրդային սուրբերէն՝ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի տօնին, ինչպէս նաեւ Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին։   Արդարեւ, Հայրապետական տնօրինումով, մեծ սուրբին՝ Ս. Յակոբի սրբազան մասունքը, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԷ ԲՈԼՈՐ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ ՄԻՋԱՄՏԵԼՈՒ ԼԱՉԻՆԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ ՎԵՐԱԲԱՆԱԼՈՒ ՀԱՐՑՈՎ

Հինգշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միջազգային համայնքին կոչ ուղղեց կարելի բոլոր ազդու միջոցներով միջամտելու, որպէսզի Ազրպէյճանի կողմէ փակուած Արցախի ու Հայաստանի միջեւ կապը երաշխաւորող Լաչինի միջանցքը վերաբացուի։ Իր կոչին մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադառնալով Արցախի մէջ ապրող հազարաւոր հայերու՝ ընդգծեց, որ անոնք շուտով ենթակայ կրնան ըլլալ հիւանդութեան ու սովի համաճարակի։ Փաստօրէն,…

ԹԵՄԵՐԸ ԱՌԱՆՁՆԱԲԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Նախագահութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ, 7-9 Դեկտեմբեր 2022-ին, կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը, որ Կաթողիկոսութեանս բարձրագոյն Ժողովն է եւ կը գումարուի չորս տարին անգամ մը։   Երեք օրերու վրայ տարածուած ժողովական աշխատանքներէն ետք, 9 եւ10 Դեկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը հերթական առանձին հանդիպումներ ունեցաւ թեմերուն հետ՝ ներկայութեամբ…

«ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՏԵՂ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ինչպէս տեղեակ են մեր ժողովուրդի զաւակները, անցնող օրերուն, Սուրբ Աթոռոյս ազգընտիր Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին նախագահութեամբ, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Ազգային Ընդհանուր Ժողով, որ Կաթողիկոսութեանս բարձրագոյն ժողովն է եւ կը գումարուի չորս տարին անգամ մը։ Յիշեալ ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր ու պատմական Ս. Աթոռին ենթակայ աշխարհատարած թեմերը՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ (ԱՆԹԻԼԻԱՍ, ԼԻԲԱՆԱՆ – 7-9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022)

Քրիստոնէական ջերմ սիրով, ազգային վառ ապրումներով եւ հայ­րապետական օրհնութեամբ կʼողջունենք Ազգ. Ընդհանուր Ժողովը։ Որ­պէս մեր ժողովուրդի ներկայացուցիչներ, եկած էք Անթիլիասի Մայրա­վանք՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեդրոնատեղին, քննար­կու­մը եւ արժեւորումը կատարելու վերջին հինգ տարիներու Կաթո­ղի­կոսութեան առաքելութեան: Արդարեւ, հակառակ մեզ շրջապատող դժուար պայմաններուն, մեր Սուրբ Աթոռին հաւատքի առա­քելութիւնը՝ ազգային ծառայութեամբ թրծուած, եղաւ առաւելագոյն չափով համա­պարփակ ու թափանցիկ.…

ԲԱՆԱՁԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻ — 7-9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովը եռօրեայ բեղուն գործունէութեամբ աւարտին հասաւ, եզրափակելով Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի բազմերես ծառայութեան ճամբով վերարժեւորման ենթարկելով իր իրականացուցած գործունէութիւնը եւ կատարած իրագործումները, ազգային-հոգեւոր ծաղկման, Սփիւռքի ամրապնդման, հայակերտումի, ազգակերտումի ու հայրենակերտումի:   Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք յատկապէս,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԸ Կ՚ՕԺԱՆԴԱԿԷ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԸ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԷ 2023-2024 ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին նախագահութեամբ 7-9 Դեկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ գումարուած Ազգային Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին, յանուն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմին, Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան թեմակալ առաջնորդ սրբազանը երախտիքի ու շնորհակալութեան խօսք առնելով՝ ուրախութեամբ յայտնեց, որ թեմը, 2023-2024 կրթական տարեշրջանին, Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն գործնապէս զօրակցելու յանձնառութենէն մեկնած, ազգային վարժարաններ յաճախող 100…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄՈՎ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ՓԱԿԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի երրորդ օրուան երկրորդ կիսուն, Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբեր 2022-ին, պատգամաւորները Ժողովին ներկայացուցին թեմերէն եկած իրենց առաջարկները, ինչպէս նաեւ լսեցին, քուէարկեցին ու վաւերացուցին բանաձեւի, ընտրական ու տնտեսական յանձնախումբերու զեկոյցները, ընտրեցին յառաջիկայ քառամեակին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովները եւ աւարտին լսեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։   Հայրապետը իր պատգամին մէջ, առաջին…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ԵՐՐՈՐԴ ՕՐՆ ԸԼԼԱԼՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՆԻՍՏԵՐԸ

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Ուրբաթ, 9 Դեկտեմբերին աւարտեց իր աշխատանքները։   Օրուան առաջին նիստը նուիրուած էր Սփիւռքի վերաբերող հրատապ հարցերու քննարկման՝ «Սփիւռքը Վերակազմակերպելու Հրամայականին Դիմաց» թեմայով։ Զեկոյցներ ներկայացուցին Քաղաքական Ժողովի անդամ Սեդա Խտըշեան (Լիբանանի թեմ) եւ Շահան Գանտահարեան (Լիբանանի թեմ)։   Սեդա Խտըշեան դիտել տուաւ, որ միջին արեւելեան գաղութներու մէջ վարչակարգերու…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ՅԱՏՈՒԿ ԹԵՄԱՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

Ազգային Ընդհանուր Ժողովը իր եռօրեայ աշխատանքներուն երկրորդ օրը, յետ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրներու զեկուցման եւ քննարկման, տրամադրեց Սփիւռքի վերակազմաւորման առնչուած հրատապ թեմաներու։ Այս գծով արծարծուեցան հետեւեալ նիւթերը.- ընտանիք, հայակերտում,  երիտասարդութիւն, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւն եւ Սփիւռքի վերակազմակերպում։ Իւրաքանչիւր նիստի աւարտին կատարուեցան լայն քննարկումներ եւ ներկայացուեցան առաջարկներ, որոնք ուղեգիծ պիտի ըլլան 2023 տարուան Սփիւռքի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

«Հայ եկեղեցւոյ վերանորոգումը, մարդուժի պատրաստութիւնը, արժէքներու վերաշեշտումը, Սփիւռքի վերակազմակերպումը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու զօրակցութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացման մասնակցութիւնը պէտք է մնան առաջնահերթութիւն» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Չորեքշաբթի, 7 Դեկտեմբեր 2022-ի ժամը 09:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովին: Չորս տարին…

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ 200,000 ՏՈԼԱՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ

Յատուկ ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտնել, որ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլը 200,000 տոլար նուիրեց Կաթողիկոսարանին՝ տրամադրուելու համար Լիբանանի ազգային վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներուն որպէս կրթաթոշակ: Յայտնենք, որ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները հրաւիրուած էին ներկայ գտնուելու Ազգային Ընդհանուր Ժողովին, սակայն բանաւոր պատճառով չկարողացան ներկայ ըլլալ: Այս առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.…

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԼՍԵԼ ԱՐԵՒԵԼՔԸ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

22-27 Նոյեմբեր 2022-ին, կազմակերպութեամբ «Փրօ Օրիանթէ»-ին (PRO ORIENTE) եւ Հռոմի «Անճելիքում» քահանայապետական համալսարանին (Pontifical University of Saint Thomas Aquinas, Angelicum), միջազգային միջ-եկեղեցական գիտաժողով մը գումարուեցաւ՝ «Լսելով Արեւելքը» խորագրեալ։ Սոյն գիտաժողովին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Կարէն Սրկ. Եօսուլքանեանը։   Գիտաժողովը կը միտէր, ինչպէս խորագիրը կը յուշէ, լսել Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներուն ժողովական տարբեր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ KAICIID-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿԻՆԵՐ՝ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ» ՓԱԿՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻՆ

Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID) կազմակերպած «Կիներ՝ Երկխօսութեան Համար» (Հիյա լիլ Հիուար — She For Dialogue) ծրագիրը Լիզպոնի մէջ կայացուց իր երրորդ եւ վերջին հանգրուանը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակից Արազ Գոճայեանը, հետեւելէ ետք միամեայ ծրագիրին եւ լիբանանեան մակարդակի վրայ կիրառելէ ետք ձեռք բերուած գիտելիքներն ու հմտութիւնները, աւարտեց ծրագիրը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ — 7-9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ (7-9 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022) Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 7-9 Դեկտեմբեր 2022-ին, Կաթողիկոսանիստ Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը:   Չորս տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ թեմերէն ժամանող աւելի քան հարիւր պատգամաւորներ։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022-ին, Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ, գումարուեցաւ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 172-րդ նիստը, օրակարգ ունենալով թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը։ Ընդառաջելով Ժողովի փափաքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միաբան հայրերէ բաղկացած եռանուն ցանկ մը ուղարկեց։ Ժողովը Հայրապետական պաշտօնագիրը ընթերցելէ ետք, փակ քուէարկութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Գերաշնորհ Տէր Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանը…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Մ.Ա.Ե.Խ.Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

28-29 Նոյեմբեր 2022-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր վարչութեան ժողովը իր անդրանիկ նիստը գումարեց Լիբանանի լատին համայնքին պատկանող Ալ-֊Պիր վանքի դահլիճին մէջ: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան եւ Սէն Ժոզէֆ եւ Հայկազեան համալսարաններու դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան։ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, իբրեւ անդամ Գործադիր վարչութեան, չկրցաւ ներկայ…

Ս. ԹԱԴԷՈՍ ԵՒ Ս. ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ԵՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ուրբաթ, 2 Դեկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ մեր եկեղեցւոյ առաջին լուսաւորիչներուն՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներուն նախատօնակը, նախագահութեամբ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ մասնակցութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերու։   Այս առիթով, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ լուսաւորիչ առաքեալներուն…

«ԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ ԱՏԱՆԱՅԻ» ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին,  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Մաշտոցի Անուան Հին Ձեռագրերու Մատենադարան Ինստիտուտի գործակցութեամբ, Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ «Ատենագրութիւն Քաղաքական ժողովոյ Ատանայի» հատորը, խմբագրութեամբ Արմէն Մալխասեանի։   Ա. Մալխասեանի, Ա. Աստոյեանի, Ա. Աւետիսեանի, Ա. Ֆահրադեանի եւ Լ. Դաւթեանի աշխատասիրութեամբ պատրաստուած յիշեալ հատորը կ՚ընդգրկէ 2 Մարտ 1905-էն 10 Ապրիլ 1915 ժամանակահատուածի Ատանայի…

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՂ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Երկուշաբթի, 28 Նոյեմբեր 2022-ին, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի առաջնորդութեամբ, հարաւային Լիբանանի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) խաղաղապահ ոյժերու մէջ ծառայող հայկական բանակի շուրջ 40 զինուորներ, իրենց հրամանատարին գլխաւորութեամբ, այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք։ Անոնք հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ եւ ստացան անոր հայրական օրհնութիւնը։   Առաջին հերթին, խօսք առաւ Հայաստանի դեսպանը։ Ան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ

Շաբաթ, 26 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Լիբանանի Շրջանի նորընտիր Վարիչ Մարմինը։ Ան եկած էր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու իր յառաջիկայ շրջանի գործունէութեան սկզբնաւորութեան։   Նորին Ս. Օծութիւնը շնորհաւորեց նորընտիր Վարիչ Մարմինը եւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ միջ-կուսակցական գործակցութեան նոր մղում տալու, Լիբանանի հայութեան ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ անոր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտ Ալ-Քարիմ Ալի: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպումին ներկայ էր նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Վեհափառ Հայրապետը իր շնորհակալութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց դեսպանին՝ շուրջ 13 տարիներու իր դիւանագիտական ծառայութեան ընթացքին Սուրիոյ հետ Կաթողիկոսարանին ունեցած յարաբերութեան մեծապէս…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Շաբաթ, 19 Նոյեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ հանդիպում մը կայացաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ միջեւ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան հետեւեալ հարցերը.- Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850 ամեակի նշում, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ եւ Լիբանանի նախագահի ընտրութիւն։   Վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ տեսակէտերու փոխանակում կատարուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ Հոգեւոր Տիրոջ միջեւ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԼՐԻՒ ԿԱԶՄԸ

Հինգշաբթի, 17 Նոյեմբեր 2022-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) բիւրոն լրիւ կազմով այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, առաջնորդութեամբ բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի։   Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին տեսակէտերու փոխանակում տեղի ունեցաւ, յատկապէս Հայաստանը ու Արցախը դիմագրաւող խնդիրներու ու մտահոգութիւններու շուրջ։ Թէ՛ Նորին Ս. Օծութիւնը եւ թէ Հ.Յ.Դ. բիւրոն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 16 Նոյեմբեր 2022-ին, Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայ Օգնութեան Միութեան (Հ.Օ.Մ.) Կեդրոնական Վարչութիւնը՝ իր լրիւ կազմով: Հայաստանի, Արցախի, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զանազան գաղութները ներկայացնող Հ.Օ.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը միշտ սերտ գործակցութիւն ունեցած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն հետ՝ ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական օժանդակութեան եւ կրթական բնագաւառներէն ներս:   ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

7-11 Նոյեմբեր 2022-ին, Վանգուվըրի (Գանատա) մէջ տեղի ունեցաւ Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու տարեկան համագումարը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանը։ Համաճարակէն ետք սա առաջին հանդիպումն էր, որ կայացաւ ժողովականներու ֆիզիքական ներկայութեամբ:   Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան աշխատանքներու վարիչ ժողովին պարզեց իր զեկոյցը։ Հայր Հրանդ իր տեղեկագիրին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԵՐ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԸ ԵՒ ՎԵՐ. ՄԿՐՏԻՉ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԸ

Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիպում ունեցաւ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեանի եւ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի հայութեան եւ այժմու կացութեան, Հայկազեան համալսարանին եւ Ազունիէյի Ազգային Բուժարանին հետ առնչուած հարցեր: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ վերաշեշտելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ տասնամեակներու վրայ տարածուած գործակցութիւնը, թէ՛ Կաթողիկոսարանի եւ…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը Լիբանանի մէջ ունեցած իր լիակատար նիստերէն ետք այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան յառաջիկայ ծրագրային առաջնահերթութիւնները ու աշխատանքային ուղեգիծը:   Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Համազգայինի կատարած կրթական ու մշակութային գործունէութեան: Ան ողջունեց Մարսէյի ճեմարանը նոր կառոյցներով ընդարձակելու Համազգայինի կարեւոր իրագործումը:…

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԵԾ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Այս օրերուն Լիբանանի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան լիակատար նիստը, ինչպէս նաեւ իր աշխարհատարած շրջաններու վարչութիւններու միատեղ հանդիպումը:   Այս առիթով, այսօր՝ Կիրակի, 13 Նոյեմբեր 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տեղի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԿԻՊՐՈՍԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏ ԽՐԻՍՈՍԹՈՄՈՍ Բ. ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Տասնվեց տարի (2006-2022) գահակալութենէ ետք, Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբեր 2022-ին, ի Տէր հանգեաւ Կիպրոսի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Խրիսոսթոմոս Բ. Արքեպիսկոպոսը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մօտէն ճանչցած էր զինք, յաճախակի հանդիպումներ ունեցած էր անոր հետ եւ միջ-եկեղեցական շարժումի ծիրէն ներս սերտ գործակցութիւն հաստատուած էր իրենց միջեւ։   Կիպրոսի եկեղեցւոյ Սինոտին ուղղած իր ցաւակցական նամակին մէջ Նորին…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ

Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց միջ-եկեղեցական պատասխանատուներ՝ Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Դանիայէն, Ֆինլանտայէն, Ամերիկայէն, Եգիպտոսէն, որոնք Լիբանան ժամանած էին խորհրդակցութիւններ ունենալու Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան ու վկայութեան գծով եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու շրջանի եկեղեցիներուն՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (Մ.Ա.Ե.Խ.) ճամբով։   Պատուիրակութիւնը երկօրեայ քննարկումներ կատարած էր յիշեալ Խորհուրդի…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանին։   Հայր սուրբը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց մանկապատանեկան երգչախումբին անցնող տարուան գործունէութեան մասին եւ պարզեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները։ Ան յայտնեց, որ երգչախումբը պիտի սորվի հայրենասիրական ու ազգագրական երգեր, որպէսզի Սրբոց Թարգմանչաց…

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐՈՒ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ ընթացք առաւ իմաստասիրական եւ բարոյագիտական նիւթերու շուրջ դասախօսական շարք:   Յիշեալ դասախօսական շարքը կը ներկայացնէ Նորին Ս. Օծութեան հրաւէրով Գերմանիայէն Մայրավանք ժամանած դոկտոր Սարգիս Քէհեաեան: Դոկտ. Քէհեաեան Կաթողիկոսարանի ՀԱՍԿ պաշտօնական ամսաթերթին մէջ ստորագրած է բազմաթիւ…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ գործող Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ ստացաւ անոր հայրական օրհնութիւնը։   Հոգեւոր խորհրդատու հայր սուրբը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց նախորդ վարչութեան տարած աշխատանքները եւ յայտնեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ին վարչական,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ-ԱՆԿԼԻՔԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Արեւելեան Ուղղափառ-Անկլիքան Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր տարեկան հաւաքը կայացուց 24-29 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անգլիոյ մէջ՝ վայելելով ղպտի եկեղեցւոյ Լոնտոնի թեմի հիւրընկալութիւնը։ Յանձնախումբը իր ժողովը գումարեց Էսսէքսի Պռէյնթրի աւանին մէջ գտնուող ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ «Պեթել» կեդրոնին մէջ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, սոյն յանձնախումբին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերապատիւ…

ՄԱԿԱՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՇԳԱՐԵԱՆ՝ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Բերիոյ Հայոց Թեմի Հայրապետական Նուիրակ նշանակեց Գերաշնորհ Տէր Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեանը։   Երեքշաբթի, 25 Հոկտեմբեր 2022-ին, սրբազանը մեկնեցաւ Հալէպ, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն. Վրդ. Նաճարեանի եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեանի։   Հայրապետական Նուիրակ սրբազանը անցնող տարիներուն ծառայած է Դպրեվանքէն ներս իբրեւ հսկիչ եւ ուսուցիչ, Յունաստանի մէջ՝ որպէս հոգեւոր հովիւ,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԺԸՆԵՒ

  Երկուշաբթի, 24 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը չորսօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ժընեւ, Զուիցերիա, ընկերակցութեամբ Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեանի։   Ժընեւի մէջ Նորին Ս. Օծութիւնը յաջորդաբար աշխատանքային հանդիպումներ պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան առնչուած կարգ մը ծրագիրներու շուրջ։

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ, ԱՖՐԱՄ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԵՒ ԹԱՈՒԱՏՐՈՍ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՄԻՋԵՒ

Հոկտեմբեր 17-19 2022-ին, Գահիրէէն (Եգիպտոս) քիչ անդին գտնուող Անպա Պիշոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Անտիոքի Պատրիարքութեան եւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում։ Յայտնենք, որ 1996 թուականին, Վեհափառ Հայրապետին, ասորի եկեղեցւոյ Զաքքա Ա. Պատրիարքին եւ ղպտի եկեղեցւոյ Շնուտա Գ. Պատրիարքին միաձայնութեամբ հաստատուած միջ-եկեղեցական գործակցութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԳԱՀԻՐԷ

Երեքշաբթի գիշեր, 18 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը միօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Գահիրէ (Եգիպտոս)։   Վեհափառ Հայրապետը, ղպտի եկեղեցւոյ Պատրիարք Թաուատրոս Բ.ը եւ ասորի եկեղեցւոյ Պատրիարք Աֆրամ Բ.ը հանդիպում պիտի ունենան ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական գործակցութեան եւ շրջանէն ներս քրիստոնէական ներկայութեան առնչուած հարցերու գծով։  

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ – ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ –» ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆԸ

Ճիշդ տարի մը առաջ (2021 Հոկտեմբերի կիսուն), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն, լոյս տեսաւ ՀԱՍԿի Գերմանիոյ մեր աշխատակից դոկտ. Սարգիս Քէհեաեանի բարոյագիտութեան վերաբերեալ «ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ — փիլիսոփայական ակնարկ —» արժէքաւոր գիրքը, մեկենասութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին։   632 էջնոց հատորը կը բովանդակէ յառաջաբան մը, վերջաբան մը եւ հետեւեալ տասը մասերը.-   Ներածութիւն, Բարոյագիտութեան…

«ՄԵՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻՆ՝ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԵՒ ՎՃՌԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐՈՒ ԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՊԷՏՔ Է ԿԻԶԱԿԷՏԸ ԴԱՌՆԱՅ ՄԵՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ» ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հոկտեմբեր 28-31-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողով»ի գծով Cilicia TV-ն Կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացաւ, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Գործերու Գլխաւոր Յանձնակատար Տիար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ «Գագաթնաժողով»ին մասնակցելու: Մեր ազգը եւ յատկապէս Հայաստանը ու Արցախը դիմագրաւող ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներ-Հայաստանեան ոչ-նպաստաւոր պայմաններուն…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՈՒՆ ԿԱՅՈՒՆ ԱՊԱԳԱՅԻ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, 28-29 Սեպտեմբեր 2022-ին, յանուն Կաթողիկոսութեան, Երեւանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Գրադարանին նախաձեռնած երկօրեայ գիտաժողովին, ուր զեկուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գրահրատարակչական առաքելութեան պատմական ընթացքին եւ ներկայ իրավիճակին մասին: Զեկոյցը զիրար ամբողջացնող հինգ մասերէ կը…

ՎԵՑ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱԿԱՆ ԳԱՒԱԶԱՆ ԿՐԵԼՈՒ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՑԱՆ

Հանդիսապետութեամբ եւ տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հինգ երիտասարդ միաբաններ ստացան վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները՝ ձեռամբ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեանին։   Եկեղեցւոյ ատեանին մէջ, Շահան…

ՎԵՑ ԱԲԵՂԱՆԵՐ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԱՃԱՌԵՐԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս ազգընտիր գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերու, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութեան Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածու վեց երիտասարդ հոգեւորականներու վարդապետական աւարտաճառի ներկայացումը՝ Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեանի, Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի, Հոգշ.…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ ԽԱՉԻԿ ԱՐԺԻՆԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մարմնակազմաւորման ախոյեան Խաչիկ Արժինեանը։ Արժինեան, իբրեւ Լիբանանի ախոյեան, զանազան երկիրներու մէջ մասնակցած է մարմնակազմաւորման մրցանքներու եւ՝ յաջողութիւններ արձանագրած։ Ան 26 տարի առաջ եղած է Դպրեվանքի աշակերտ եւ շրջանաւարտ՝ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլէճէն։ Այժմ Խաչիկ Արժինեան կը ծառայէ լիբանանեան բանակին մէջ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երեքշաբթի, 11 Հոկտեմբեր 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Էլ-Խազէնին:   Հանդիպման ընթացքին կատարուած քննարկումներուն առանցքը հանդիսացան Լիբանանի ներկայ քաղաքական կացութիւնը եւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնները:

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՈԳԻՈՎ ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2022-2023 ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

Կիրակի, 9 Հոկտեմբեր 2022-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարդակերտման հնոց Դպրեվանքը, պաշտօնական հանդիսութեամբ մեկնարկեց իր 2022-2023 կրթական—ուսումնական տարեշրջանը, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կաթողիկոսարանի Վեհարանի դահլիճին մէջ։   Նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՊԻՏԻ ՆՇԷ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱԽՃԱՆՄԱՆ 850 ԱՄԵԱԿԸ

Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի վեհարանէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կաթողիկոսարանի Շնորհալի երգչախումբի նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։   Յանուն երգչախումբին, հայր սուրբը որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, երգչախումբի գործունէութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան ու զօրակցութեան համար։ Այս առիթով, խմբավար հայր սուրբը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՈՒՍՈՒՑՉԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի 2022-2023 կրթական-ուսումնական տարեմուտի շեմին, Դպրեվանքի սրահին մէջ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Վեհափառ Հայրապետին, կայացաւ ուսուցչական ժողով, Շաբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2022-ին։ Ժողովին ներկայ էին Դպրեվանքի ուսուցչական կազմէն խումբ մը հոգեւորական եւ աշխարհական դասատուներ։   Դպրեվանքի տեսուչ Հոգեշնորհ Տէր Պարոյր Վարդապետ Շէրնէզեան իր խօսքին մէջ…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱՆՈՑԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Քանի մը օրեր առաջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Ազգային Ծերանոցի տնօրէնին եւ խնամակալութեան: Անոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին պարզելու հաստատութեան գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները։   Նորին Սուրբ Օծութիւնը, առաջին հերթին, իր հայրական գուրգուրանքն ու հոգածութիւնը յայտնեց Ազգ. Ծերանոցին, հոն հաստատուած մեր հայրերուն ու մայրերուն եւ բարձր գնահատեց տնօրէնութեան, խնամակալութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ…

ՍՓԻՒՌՔԻ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ԱՌՑԱՆՑ ԵՐՐՈՐԴ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2022-ն «Սփիւռքի Տարի» հռչակելուն առիթով, Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ երրորդ առցանց խորհրդակցութիւն-քննարկումը:   Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը, մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէօլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Հայաստանէն` Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովել Շնորհոքեան, Անգլիայէն՝ Հրաչ Գույումճեան եւ Հրաչ Չիլինկիրեան, Զուիցերիայէն` Թենի Փիրի-Սիմոնեան, Արժանթինէն` Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Լիբանանէն` Սեդա Խտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄՕՏ

Լիբանանի Համազգայինի «Քնար» պարախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ իրենց վարչութեան, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ:   Յայտնենք, որ անցնող շաբաթներու ընթացքին, ընդառաջելով Քոմոթինիի (Յունաստան) քաղաքապետութեան, պարախումբը ելոյթ ունեցած էր «Հայկական Պարերու Փառատօն»ին՝ արժանանալով բոլորին գնահատանքին: Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց պարախումբին եւ ընդհանրապէս Համազգայինի ընտանիքին ու մաղթեց, որ Համազգայինը իբրեւ…

ՀՌՈՄԷՆ ՔԱՐԻԹԱՍԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Լիբանան կատարած իրենց այցելութեան ծիրէն ներս, Հռոմի Քարիթասի ներկայացուցիչները այցելեցին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանք եւ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Լիբանանի Քարիթասի ներկայացուցիչները:   Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով պարզեց Լիբանանի ժողովուրդին ընկերատնտեսական դժուարութիւնները եւ իր գնահատանքը յայտնեց Քարիթասին՝ անոր կատարած ընկերային օժանդակութիւններուն համար, միաժամանակ ան թելադրեց, որ մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՆԱՀԱՆԳԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԸՆՕ ՄԻՒՍԷԼԻԷՆ

Ուրբաթ, 23 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, հարաւային Ֆրանսայի նահանգի նախագահ Ռընօ Միւսէլիէ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորելով տասը հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան եւ թղթակիցներու:   Հանդիպումը տեւեց աւելի քան ժամ մը: Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Լիբանանի հայութեան, Հայաստանն ու Լիբանանը դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Ֆրանսա եւ Հայաստան-Ֆրանսա…

Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) անդամները, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, իրենց տարեկան այցելութիւնը տուին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Հանդիպման սկիզբը ուղերձ ընթերցեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան ատենապետուհի Ռիթա Աստիքեան: Իր ուղերձին մէջ, յանուն Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի մեծ ընտանիքին, ան շնորհաւորեց Վեհափառ Հայրապետը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահ ընտրուելուն առիթով: Ապա, ատենապետուհին ընդգծեց, թէ անցնող տարուան ընթացքին, Նորին Ս. Օծութեան օրհնութեամբ,…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով, Չորեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Սրբոց Նահատակաց բացօթեայ խորանին առջեւ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու ու Դպրեվանքի աշակերտութեան, կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք։ Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, ընկերակցութեամբ դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։  …

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը կայացաւ 31 Օգոստոսէն մինչեւ 8 Սեպտեմբեր 2022-ին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ, մասնակցութեամբ Խորհուրդի անդամ աւելի քան 350 եկեղեցիներու շուրջ 4000 պատուիրակներու։ Համաժողովը կը կրէր «Քրիստոսի Սէրը Աշխարհը Կը Մղէ Հաշտութեան Եւ Միասնութեան» խորագիրը։ Օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը համաժողովին իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԱՆԳԼԻՈՅ ԷԼԻԶԱՊԷԹ Բ. ԹԱԳՈՒՀԻԻՆ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ՉԱՐԼԶ Գ.Ի ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԻ ՍՏԱՆՁՆՈՒՄԸ

Երկուշաբթի, 19 Սեպտեմբեր 2022-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Անգլիոյ դեսպան Հէյմըշ Գաուըլի հետ: Այս առիթով, առաջնորդ սրբազանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի հայութեան անունով ցաւակցութիւն յայտնեց դեսպանին Էլիզապէթ Բ. թագուհիին մահուան առիթով եւ ողջունեց Չարլզ Գ. թագաւորին թագաւորական պաշտօնի ստանձնումը, ինչպէս նաեւ դեսպանին յանձնեց…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԿԱՐԳ՝ ԱԶԵՐԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ՝ Հայաստանի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումներուն հետեւանքով հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած եւ իրենց կեանքը զոհաբերած հայոց բանակի քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։    Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 16 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Լիբանանի շրջանային վարչութեան:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազերի բանակին կատարած յարձակումին եւ անոր վտանգալից հետեւանքներուն: Հանդիպման ընթացքին շեշտուեցաւ Հայաստանի ու Արցախի անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգին դիմաց…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ԵՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԻԱՑԵԱԼ ԿՈՉ Կ՚ՈՒՂՂԵՆ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԶԻՆԱԴԱԴԱՐԻ ԱԶԵՐԻ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (Ե.Ա.Հ.Կ.) ուղղած իրենց միացեալ նամակին մէջ, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) եւ Եւրոպայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Ե.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղարները, իրենց խորհուրդներու անդամ եկեղեցիներու անունով կոչ կ՚ուղղեն՝ միջամտելու ազերի բանակին կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կատարուած յարձակումը անմիջապէս կասեցնելու, զինադադար հաստատելու եւ շրջանէն ներս արդար ու մնայուն խաղաղութիւն հաստատելու: Անոնք կը յիշեն, թէ շաբաթ…

ԿԻՊՐՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, այս առաւօտ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Կիպրոսի նախագահին ներկայացուցիչ Ֆոդիս Ֆոդիուին, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպան Փանայոթիս Քիրիաքոսին:   Ներկայացուցիչը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Կիպրոսի նախագահին եւ կառավարութեան բարեմաղթութիւնները։ Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադառնալու Կիպրոսի հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ներկայ ընկերատնտեսական ու քաղաքական կացութեան:   Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով պետութեան…

ՀԱՄԱՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ՁԵՌՆԱՐԿԵԼ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Չորեքշաբթի, 14 Սեպտեմբեր 2022-ի գիշերը, տեղի ունեցաւ խորհրդակցական նիստ, որուն մասնակցեցան համասփիւռքեան-համահայկական գործունէութիւն ունեցող եկեղեցական, ազգային, կուսակցական եւ միութենական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Նիստին միակ օրակարգն էր Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումին պատճառով ստեղծուած կացութեան քննարկումը եւ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական…

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՐԲԱՐՈՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Այո՛, հայոց բանակին կողքին համահայկական ու համաժողովրդային դիմադրութիւն ցեղապաշտ, արիւնարբու ու յարձակողապաշտ Ազրպէյճանի դէմ: Փաստօրէն այլ ճանապարհ չկայ՝   Երբ 4-օրեայ ու 44-օրեայ պատերազմներով ու ապա շարունակուող յարձակումներով Ազրպէյճան կը փորձէ ինքնիշխան ու խաղաղ ապրելու մեր ժողովուրդին իրաւունքը խլել:   Երբ անտեսելով միջազգային օրէնքը, թէ՛ պատերազմի եւ թէ՛ զինադադարի շրջանին, կը փորձէ դիմել անմարդկային ու…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՔԱՌՈՒՂԻՆԵՐՈՒՄ. ՍԻՍԻՑ ՄԻՆՉԵՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍ 1914-1939» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԻՆ

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի պատմագիութեան եւ հասարակագիտութեան բաժանմունքին, երկօրեայ գիտաժողով տեղի ունեցաւ յիշեալ համալսարանին մէջ, 8-9 Սեպտեմբեր 2022-ին։   Հինգշաբթի առաւօտ գիտաժողովի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ, ուր համալսարանի տնօրէն Սրբուհի Գէորգեան կարեւորեց գիտաժողովի իրականացումը ներկայ պայմաններուն մէջ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութեան խօսքը արտասանեց Գերշ. Տ. Անուշաւան…

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երկուշաբթի, 12 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանայի Վարչութեան, գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ եւ Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի։   Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Վեհափառ Հայրապետին հռչակած «Սփիւռքի Տարի»ին, Լիբանանը դիմագրաւող ընկերատնտեսական տագնապին եւ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ գործակցութեան հետ կապ ունեցող շարք…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԱՀԱԳՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՆԱՄԱԿԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի նամակը՝ ուղղուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին.-   Երեւան, 7 սեպտեմբեր 2022թ.   Վեհափառ Տեր,   Ընդունեք խնդրեմ, իմ անկեղծ եւ ջերմ շնորհավորանքը Եկեղեցիների համաշխարհային խորհրդի նախագահ ընտրվելու կապակցությամբ։   Բարձր եմ գնահատում Ձեր բազմամյա անձնվեր գործունեությունը Եկեղեցիների համաշխարհային խորհրդում՝ ի նպաստ միջեկեղեցական համերաշխության։ Դուք մեծ հեղինակություն եք վայելում…

ՎԵՐԱՑՄԱՆ Ս. ԽԱՉԻ ՏՕՆԻ ՆՇՈՒՄ՝ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ԵՒ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն 14 Սեպտեմբերի մերձակայ Կիրակին կը նշուի Վերացման Ս. Խաչի տօնը: Տաղաւար տօներուն վերջինը հանդիսացող Վերացման Ս. Խաչի տօնը խաչին նուիրուած ամենաիմաստալից ու նշանակալից տօներէն մէկն է: Պատմական իրողութիւնները կը յայտնեն, թէ Վերացման Ս. Խաչի տօնին սկզբնաւորութիւնը կը հասնի մինչեւ քրիստոնէութեան առաջին դար, երբ Յակոբոս Տեառնեղբայր Յիսուս Քրիստոսի խաչափայտին նմանութեան քառաթեւ խաչ…

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) Կեդրոնական Վարչութեան:   Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց անցնող շրջանին իր կատարած աշխատանքները եւ յառաջիկայ ծրագիրները: Կեդրոնական Վարչութեան անդամները Նորին Ս. Օծութեան յանձնեցին համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու առիթով պատրաստուած յուշանուէրը:   Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնն…

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԷ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընտրուեցաւ Ե.Հ.Խ.ի նախագահ՝ ներկայացնելով Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիները եւ Միջին Արեւելքը։   Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորութիւններ ստացաւ ազգային եւ օտար շրջանակներէ՝ գրաւոր թէ հեռաձայնով։ Ստորեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի շնորհաւորական գիրը՝ ուղղուած Նորին Ս. Օծութեան.-   Վեհափառ Տեր,   Արցախի ժողովրդի, իշխանությունների…

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ՅԱՏՈՒԿ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ Կ՚ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ԱՐՑԱԽԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ

Այս օրերուն Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ գումարուող Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովը միջազգային տագնապներու մասին իր կատարած հրապարակային յայտարարութիւններու շրջագծէն ներս, յատուկ կերպով նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին։   Յայտնենք, որ միջազգային տագնապներու անդրադառնալու կոչուած յանձնախումբի զեկուցաբերը՝ դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, որ անդամ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ քաղաքական գիտութեանց ու միջազգային…