ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 80 ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԲԱՆԱԿՈՒՄԻՆ

«Կիլիկիա» բանակումը, 7-9 Յուլիս 2022-ին, «Թռչնոց Բոյն»ի մէջ համախմբեց 10-14 տարեկան 80 պատանիներ, որոնք դաստիարակչական ծրագիրներու ճամբով հաճելի մթնոլորտի մը մէջ անմոռանալի օրեր անցուցին։ Բանակումը կայացաւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին։
 
Չորս խումբերու բաժնուած պատանիները՝ Գլաձոր, Դրազարկ, Արմաշ եւ Աղթամար, աղօթքի, շարականի եւ հայրենասիրական երգերու ուսուցումներու, զրոյց-հանդիպումներու, ձեռային աշխատանքներու եւ խաղերու ճամբով համապարփակ կերպով ծանօթացան Քրիստոսի առաքեալներուն եւ անոնց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան եւ եկեղացական ու ազգային առաքելութեան։ Ապա, իրենց ամբարած գիտելիքները անհատական եւ խմբային աշխատանքներով կիրարկեցին՝ ներկայացնելով ծառայութեան եւ առաքելութեան օրինակներ, իրենց անհատական կեանքի ոլորտէն ներս, ինչպէս նաեւ Կիլիկիոյ տարբեր շրջանները, անոնց բնակչութիւնը, վանքերը, եկեղեցիներն ու աւանդութիւնները:
 
Բանակումի վերջին օրը, պատանիները իրենց առօրեան անցուցին Դպրեվանքին մէջ։ Անոնք, առաջին հերթին, հանդիպում ունեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ։ Նորին Ս. Օծութիւնը պատանիներուն հետ զրուցեց եւ մասնաւորապէս յորդորեց, որ միշտ համախմբուին մեր եկեղեցական, ազգային ու բարոյական արժէքներու շուրջ։ Աւարտին, ան իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով՝ խաչեր նուիրեց պատանիներուն:
 
Նոյն օրը, պատանիները շրջեցան Ս. Աստուածածին Վանքի համալիրին մէջ, պտըտեցան Վանքի պարտէզներուն մէջ, ծանօթացան Դպրեվանքի առաքելութեան եւ դպրեվանեցիներուն հետ մասնակցեցան երեկոյեան ժամերգութեան։