Ուրբաթ, 15 Ապրիլ 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին եւ աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Հայրապետին հետ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկումները առաւելաբար կեդրոնացան ընդհանրապէս Լիբանանի ներքին կացութեան եւ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան եւ այս ծիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետին ունեցած առանցքային դերակատարութեան։