ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔԱՐԻԹԱՍ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ «ԲՈԼՈՐԻՆ ՏՈՒՆԸ՝ ՅՈՅՍ ԼԻԲԱՆԱՆԸ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Չորեքշաբթի, 8 Յունիս 2022-ին, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ լայն մաշտապով ընկերային ծառայութիւններ մատուցող Քարիթաս միութիւնը միօրեայ համագումարով ոգեկոչեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապին 25 տարիներ առաջ Լիբանան տուած հովուապետական այցելութիւնը:

 

Համագումարին առանցքը կազմեցին միութեան կատարած ընկերային ծառայութեանց ընդհանուր գնահատականը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այլազան համայնքներու միջեւ գոյակցութեան ամրապնդումն ու երկխօսութեան զարգացումը:

 

Համագումարին մասնակցեցան սիւննի, շիիթ, տիւրզի, ալէուի, մարոնիթ, յոյն ուղղափառ ու կաթողիկէ, ասորի ուղղափառ ու կաթողիկոսէ, հայ հւղղափառ, ղպտի ուղղափառ եւ գաղթէական համայնքներէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ պետական զանազան կառոյցներէ պատուիրակներ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեանը, Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանը եւ Հոգշ. Տ. Եզրաս Աբղ. Թէնէքէճեանը:

 

Յայտնենք, որ շուրջ ամիս մը առաջ Քարիթասի պատասխանատուներէն գոյացած պատուիրակութիւն մը այցելած էր Անթիլիասի Մայրավանք եւ Նորին Ս. Օծութեան փոխանցած էր Քարիթասի գործունէութեան շուրջ անհրաժեշտ տեղեկութիւններ եւ յիշեալ համագումարին պաշտօնապէս հրաւիրած էր Վեհափառ Հայրապետը: Հայրապետը բարձրօրէն գնահատած էր միութեան աշխատանքները, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքէն ներս եւ յատկապէս Լիբանանի ու Սուրիոյ մէջ: