ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 11 ՍԱՆԵՐ ՈՒԽՏԵՑԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼ ՏԻՐՈՋ ՍՈՒՐԲ ՍԵՂԱՆԻՆ

Կիրակի, 29 Մայիս 2016-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Ընծայարանի 11 սաներ սարկաւագական ձեռնադրութեան արժանանալով ուխտեցին ծառայել Տիրոջ Սուրբ Սեղանին։ Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս։ Արարողութեան ներկայ էին Միաբան Հայրեր, Դպրեվանքի Տեսչութիւնը, ծնողներ եւ ստուար թիւով հաւատացեալներ, որոնք իրենց աղօթքներով…

Մայիս 28-ի Տօնակատարութիւնը Անթիլիասի Մէջ

«ՄԱՅԻՍ 28-Ը ԱՐԹՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԶԳԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ, ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՈՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԵՐ ԱՇԽԱՐՀԻԿ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ» Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Կիրակի, 29 Մայիս 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տօնական մթնոլորտ մը պարզուեցաւ՝ Մայիս 28-ի տօնակատարութեամբ ու Վեհափառ Հայրապետի անուանակոչութեան նշումով։ Ս. եւ Անմահ Պատարագով, Հոգեհանգստեան արարողութեամբ եւ ապա Վեհարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ, արժանաւորապէս նշուեցաւ Հայաստանի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՎԵՑ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆ

  Կիրակի, 22 Մայիս 2016-ին, Ս. Եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին՝ Տէրունական աղօթքէն առաջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Լիբանանի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճան ստացան Շահինշահրի Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Անանիա Վրդ. Գուճանեան, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ.…

ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 101-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈԻԻՐՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿ

  Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական զրոյց մը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումին (Հ.Հ.Հ.):   Հ.Հ.Հ.-ի յանձնախումբին անունով Սարգիս Սեֆերեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց…

Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական Գրասենեակին Շնորհահանդէս` Սոնա Վանի «Լիբրէթօ Անապատին» Քերթողագիրքին

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն   Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-հայագիտական Գրասենեակին երէկ` Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Սոնա Վանի «Լիբրէթօ Անապատին» խորագրեալ արաբերէն քերթողագիրքին շնորհահանդէսը, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ` ներկայութեամբ հեղինակին, հոգեւոր հայրերու, հիւր անձնաւորութիւններու եւ գրասէր բազմութեան:   Սուրիահայ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեանի ողջոյնի խօսքէն ետք յաջորդաբար խօսք առին…

ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ (2015-2016)

  «Հայ Դպրոցը Մեր Ներկան Է Ու Մանաւանդ Մեր Ապագան»   Շեշտեց ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի եւ Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի կազմակերպած Հայ Լեզուի ու Գրականութեան, Հայոց Պատմութեան, Մշակոյթի ու Կրօնագիտական նիւթերու եւ Ասմունքի մրցանքներու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ի կէսօրին: Վեհարանի ընդարձակ դահլիճը լեցուն էր խուռներամ բազմութեամբ:…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ

Կը հրաւիրէ Ձեզ ներկայ գտնուելու   ՍՈՆԱ ՎԱՆի   «ԼԻԲՐԷԹՕ ԱՆԱՊԱՏԻՆ»   Քերթողագիրքի (արաբերէն) շնորհահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2016, ժամը 7:00-ին, «Կիլիկիա» Թանգարանի սրահին մէջ, Անթիլիաս։  

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎԵՐՈՆԻՔ ԿԱՐԵՒՈՐԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄՆԵՐԸ

16 Դեկտեմբեր 2014-ի հաղորդագրութեամբ, յայտարարած էինք թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մօտ, ի յիշատակ իր ամուսնոյն Տոքթ. Յարութիւն Կարեւորեանին, Տիկին Վերոնիք Կարեւորեան 700,025 Ամերիկեան Տոլարի գումարով հիմնարդամ մը հաստատած է։ Հիմնադրամին նպատակն է հայ-ֆրանսական մշակութային գործակցութեան նպաստ բերող ծրագիրներու յատկացնել հիմնադրամին եկամուտները։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ յատուկ Յանձնախումբ մը կը ճշդէ հիմնադրամին գործունէութիւնը։…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԸ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ Ա.Մ.Է. ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ

  Երկուշաբթի, 9 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Տուպայի «Ալ Պուսթան Ռօթանա» պանդոկին մէջ, կազմակերպութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Թեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 20-ամեակը մեծ շուքով նշուեցաւ։   Պաշտօնական ճաշկերոյթին ներկայ էին զանազան երկիրներու դեսպաններ, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, Եպիսկոպոսական Ժողովի Գրասենեակի տնօրէն եւ Դպրեվանքի…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՏՈՒՊԱՅԻ ԵՒ ՔԱԹԱՐԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

  Տուպայի իր իջեւանած պանդոկին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակի, 8 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ, ընդունեց Տուպայի եւ Հիւսիսային Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Ազգային Վարչութիւնը, իսկ Երկուշաբթի, 9 Մայիսի առաւօտուն՝ Քաթարի Ազգային Վարչութիւնը։ Սոյն հանդիպումները առիթ դարձան, որ Նորին Սրբութիւնը մօտէն հաղորդ դառնայ անոնց յառաջիկայ ծրագիրներուն ու շարք մը խնդիրներու…

ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ Ի ՊԱՏԻՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԷՆ ՆԵՐՍ

  Շաբաթ, 7 Մայիս 2016-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդին, իր պատուիրակութեան անդամներուն եւ գաղութի պատասխանատուներուն այցելեց Ա.Մ. Էմիրութեանց մօտ Լիբանանի դեսպանատուն, ուր ընդունուեցաւ Դեսպան Հասան Սաատի եւ դիւանագիտական պատասխանատուներուն կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետին եւ Դեսպանին զրոյցին գլխաւոր նիւթը դարձաւ ընդհանրապէս Լիբանանը յուզող հիմնական հարցերը եւ յատկապէս Ա.Մ.Է. մէջ հաստատուած Լիբանանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարան իր կեցութեան ընթացքին, Շաբաթ, 7 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին, հոգեւոր հովիւին, Ապու Տապիի ազգային երեսփոխաններուն, ազգային վարչութեան, նորակառոյց ազգային «Արա Խանոյեան» վարժարանի տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին, Եկեղեցւոյ թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբի եւ դպրաց դասի…

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ԿԸ ՇՆՉԱՒՈՐՈՒԻ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳՒՈՎ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հանդիսապետութեամբ, Ուրբաթ, 7 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։   Նախքան քարոզը, Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեան բարի գալուստի եւ երախտագիտական խօսքեր արտասանեց Նորին Սրբութեան հասցէին եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՊՈՒ ՏԱՊԻԻ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ «ԱՐԱ ԽԱՆՈՅԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԲԱՑՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵՑ

  Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Թեմին կատարած իր հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 6 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 5-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, պաշտօնական բացումը կատարեց «Արա Խանոյեան» Ազգային Վարժարանին եւ «Սուրէն Գոճաքեան» սրահին։   Հանդիսութեան ներկայ էին երկրին Մշակոյթի, Երիտասարդութեան եւ Գիտութեանց Զարգացման Նախարար Ն.Գ. Շէյխ Նահեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԵՑԱՒ Ա.Մ.Է. ՄՇԱԿՈՅԹԻ, ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԳԻՏՈՒԹԵԱՆՑ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԿՈՂՄԷ

Ուրբաթ, 6 Մայիս 2016-ի կէսօրին, Ա.Մ. Էմիրութեանց Մշակոյթի, Երիտասարդութեան եւ Գիտութեանց Զարգացման Նախարար Ն.Գ. Շէյխ Նահեան Պըն Մուպարաք Ալ Նահեան իր բնակարանին մէջ պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Հանդիպումին եւ պաշտօնական ճաշկերոյթին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին նաեւ Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, պատուիրակութեան անդամ հոգեւորականները եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հինգշաբթի, 5 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Մ.Ա. Էմիրութեանց մայրաքաղաք՝ Ապու Տապի։ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորելու համար օդակայան եկած էին Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, Լիբանանի եւ Հայաստանի հանրապետութեանց դեսպանները, ազգային երեսփոխաններ եւ ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչները։   Ապա, Վեհափառ Հայրապետը այցելեց նորակառոյց Ազգային Առաջնորդարանի համալիրը եւ Սրբոց Նահատակաց Մայր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ ՄԵԿՆԵՑԱՒ Ա.Մ. ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ընդառաջելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քաթարի Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանին եւ Ազգային Իշխանութեան հրաւէրին, այս առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Ա.Մ. Էմիրութիւններ։ Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Ապու Տապիի Ս. Նահատակաց եւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներուն մէջ։ Բացումը պիտի կատարէ Ապու…

Նոր Հրատարակութեան Առիթով

Մեծ ուրախութեամբ կ’ուզենք յայտնել ձեզի, թէ Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունքը լոյս կեանքի կոչեց իր 2-րդ գրքոյկը, որ կը կրէ` «Հայ մօր կոչումը իր զաւակներուն նկատմամբ» խորագիրը: Աստուածաշունչէն եւ սուրբ հայրերէն վկայակոչութիւններ կատարելով, սոյն գրքոյկին ճամբով ցոյց տուած ենք, թէ ի´նչ է հայ մօր կոչումը իր զաւակներուն նկատմամբ, եւ թէ` ո´վ է իսկական մայրը: Մեր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԻ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

    Չորեքշաբթի, 4 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Մշակոյթի եւ Միջազգային Իսլամական Կապերու Կեդրոնի պատասխանատու` Դոկտ. Ապուզար Իպրահիմի Թորքամանի այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային կցորդը, Դոկտ. Թորքամանիին երկու օգնականները, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Դիւանապետ՝ Տիար…

ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հեռաձայն մը ստացաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Բակօ Սահակեանէն։   Նորին Սրբութեան ու Նախագահին հեռաձայնային խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Ղարաբաղի ներկայ կացութեան շուրջ։ Վեհափառ Հայրապետը Նախագահ Բակօ Սահակեանին հրաւիրեց այցելելու Լիբանան, միաժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու թեմերուն ամբողջական զօրակցութիւնը վերահաստատեց Ղարաբաղի նկատմամբ։  

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Մ.Ա.Կ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 3 Մայիս 2016-ի առաւօտուն, Վեհարանի գրասենեակին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Սուրիոյ տագնապի լուծման աշխատանքները համակարգող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ենթաքարտուղար Նիքոլաս Միշէլը։ Նորին Սրբութեան եւ Նիքոլաս Միշէլին միջեւ աշխատանքային առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր Ժընեւի մէջ, 4 Մարտ 2016-ին, որու լոյսին տակ տեղի ունեցաւ այսօրուան տեսակցութիւնը։ Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ սուրիական տագնապի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆՈՐՎԵԿԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Շաբաթ 30 Ապրիլ 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Նորվեկիոյ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Պորկի Եպիսկոպոս Ատլէ Սոմըրֆէլտդը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հիւրին լայն տեղեկութիւն տուաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան մասին։               Ատլէ Եպիսկոպոս, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 29 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեան։               Հանդիպումը առիթ մը եղաւ խորհրդակցելու ընդհանրապէս Հայաստանը յուզող ու յատկապէս Ղարաբաղի ներկայ կացութեան առնչուած հարցերու շուրջ։               Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս շեշտեց Ղարաբաղի հզօրացման նպաստող աջակցութեան ու աշխատանքներուն հրամայական անհրաժեշտութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ նման համահայկական…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՇՐՋԱՓԱԿԷՆ ՆԵՐՍ  «ՄԵԾ ՍՈՎԸ» ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ԺԱՊԱՒԷՆԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

  Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Մեծ Սովը» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնն ու ներկայացումը, բեմադրութեամբ` Փօլ Ֆարշախին: Ձեռնարկին ներկայ էին պետական երեսփոխաններ, պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Արաբական պատկերասփիւռի հանրածանօթ դէմքերէն Ժորժ Քըրտահիի խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ Փօլ Ֆարշախի «Մեծ Սովը» վաւերագրական ժապաւէնը,…

ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՏԻԿԻՆՆԵՐ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց շուրջ 200 հաւատացեալ տիկիններու խումբ մը։ Նորին Սրբութիւնը Հայրական սիրով ողջունեց տիկինները Մայրավանքէն ներս, ապա յիշեցուց, թէ հայ եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, ինչպէս նաեւ՝ մեր ազգին տունը։ Հետեւաբար, այս գիտակցութեամբ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները մասնակից պէտք է դառնան մեր եկեղեցւոյ կեանքին։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՅԴ-Ի ԲԻՒՐՈՆ

Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց ացելութիւնը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ՝ Հրանդ Մարգարեանին։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Ղարաբաղի վերջին իրադարձութիւններուն ու Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան առնչուած հարցեր։      

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԶՕՐԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՀԻՄՔԸ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻՆ

  Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին պատգամին, զոր տուաւ Կիրակի, 24 Ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Ապրիլեան Նահատակաց Մատևրան առջեւ, հոծ բազմութեան ներկայութեան։                 Դա՛րձեալ կը գտնուինք Ապրիլ 24-ի խորհուրդին մէջ եւ ունկնդիր՝ անոր պատգամին։ Ապրիլ 24-ը սոսկ օր չէ, լոկ պատմութիւն չէ, այլ՝ ամէնօրեայ տագնապ ու պայքար։ Իւրաքանչիւր հայու կեանքի…

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՍԵՆԱԹՈՐՆԵՐԷՆ, ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐԷՆ ՈՒ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԷՆ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 21 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ ընդունեց, Ֆրանսայէն Լիբանան ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը՝ բաղկացած սենաթորներէ, երեսփոխաններէ, մտաւորականներէ ու հոգեւորականներէ։ Յիշեալ պատուիրակութիւնը յաջորդաբար այցելութիւն պիտի տայ Լիբանան, Սուրիա, Իրաք եւ Միջին Արեւելքէն ներս այլ երկիրներ։ Այցելութեան նպատակն է մօտէն ծանօթանալ ընդհանրապէս շրջանէն ներս տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն եւ յատկապէս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

  Հինգշաբթի, 21 Ապրիլ 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը։ Շրջանային Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ընդհանուր գծերով ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխատանքները լուսարձակի տակ բերելով յատկապէս, անոր ձեռք ձգած յաջողութիւնները մարզական բնագաւառէն ներս։ Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ին շեշտելով, թէ Հ.Մ.Ը.Մ-ը լծուած է մեր պատանիները հայկական արժէքներով ու ոգիով թրծելու իր դաստիարակչական…

ՀՈԳԵՒՈՐ ԼՍԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐ ԿԸ ԽՆԴՐԵՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒՆ ԲԱՐԵԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ իւրաքանչիւր Երեքշաբթի առաւօտ ժամը 10։00-11։00 տեղի կ’ունենայ հոգեւոր լսարան, որուն կը մասնակցին շուրջ 150 տիկիններ եւ օրիորդներ։ Լսարանը կը կազմակերպուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին կողմէ։ 19 Ապրիլ 2016-ի լսարանի աւարտին, մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Նահատակաց Մատուռ, ուր ծաղիկներ զետեղելով իրենց աղօթքները առ Աստուած բարձրացուցին, խնդրելով որ մեր…

ՎԱՆԱԲՆԱԿ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուեցաւ Տնօրէն Ժողովի հերթական նիստը։ Ժողովի ընթացքին քննարկուեցան միաբանական կեանքի հետ առնչութիւն ունեցող շարք մը հարցեր։               Տնօրէն Ժողովի աւարտին, գլխաւորութեամբ Վեհափառ Հայրապետին տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբաններու հաւաք, Վեհարանի դահլիճին մէջ։ Հաւաքի ընթացքին փոխանցուեցան Տնօրէն Ժողովի շարք մը որոշումներ։ Ապա, Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ

Հայաստան ու Արցախ կատարած իր զօրակցական այցելութենէն վերադարձին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատեց Լիբանանի Վարչապետ Թամամ Սալամի հետ, եւ իր գնահատանքը յայտնեց վերջերս Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին, Ղարաբաղի հարցի գծով Լիբանանի որդեգրած վերապահ կեցուածքին համար։               Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յայտնեց Լիբանանի Վարչապետին, որ Լիբանանի մօտեցումը առողջ կեցուածք…

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն   Կիրակի, 17 ապրիլ 2016-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններէն 190 պատանիներ այցելեցին Անթիլիասի Մայրավանք: Հաղորդութիւն ստանալէ ետք, անոնք Անթիլիասի Վեհարանի դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:             ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութենէն Կարին Մինասեան ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը, որմէ ետք ՀՅԴ «Գէորգ Չաւուշ» պատանեկան միութենէն…

ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

  14 Ապրիլի երեկոյեան, աւարտելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն երկօրեայ այցը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը վերադարձան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։               Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ արարողութիւններու ժամանակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ԼՂՀ իշխանութիւններուն,…

ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ թուրք այլախոհ գրող Քեմալ Եալչընի «Վեապրողները» հատորը, թարգմանութեամբ թրքերէնէ Օրդ. Սալբի Գասպարեանի եւ խմբագրութեամբ Տոքթ. Արմենակ Եղիայեանի։ Հատորը կ’ընդգրկէ հեղինակին՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած, այժմ թրքացած կամ քրտացած հայերու ականատեսի վկայութիւնները եւ անոնց պատմութիւնը։ Հեղինակը, վերջին տասնամեակին թուրքիոյ մէջ ձեւաւորուած յառաջապահ այն մտաւորականներէն է որ կ’ընդգծէ հայ ինքնութեան դարաւոր…

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսաւ Հալէպահայ գրող Լալա Միսկարեան-Մինասեանի «Սուրիական Օրագրութիւն» հատորը, որ կ’ամփոփէ 2012 թուականէն ասդին հայկական մամուլին մէջ լոյս տեսած անոր օրագրութիւններն ու տպաւորապաշտ էջերը։ «Սուրիական Օրագրութիւն»ը Սուրիոյ պատերազմի օրագրութիւնն է, ի մասնաւորի Հալէպի հայութեան պատերազմական առօրեան, պատերազմին ահաւոր հետեւանքներով ու անորոշ ելքով։               Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի Հրատարակութեան 83-րդ…

ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՐՑԱԽԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ  

  Հինգշաբթի, 14 Ապրիլ 2016-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի, Շուշիի Ղազանչեցոց Ս․ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ մէջկատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք Արցախի ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար:   Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ ԲակօՍահակեանը, ԼՂՀ Ազգային Ժողովի Նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, ԼՂՀ Վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, ԱԺ պատգամաւորներ, ԼՂՀ…

«ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄՆ Է ՈՐ ՂԱՐԱԲԱՂ Կ’ԱՅՑԵԼԵՄ ՍԱԿԱՅՆ ՂԱՐԱԲԱՂԸ ՄԻՇՏ ԵՂԱԾ Է ՈՒ ԿԸ ՄՆԱՅ ՍՐՏԻՍ ՈՒ ՀՈԳԻԻՍ ՄԷՋ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս Գանձասարի Վանքին մէջ

Շարունակելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն իրենց պատմական այցելութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016-ի յետմիջօրէին ժամանեցին Գանձասարի պատմական Վանքը, ուղեկցութեամբ ԼՂՀ Ազգային Ժողովի Նախագահ Տիար Աշոտ Ղուլեանի։ Երկու Հայրապետները «Հրաշափառ»ով մուտք գործեցին Սուրբ Յովհաննէս Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական աղօթք։ Արցախի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ.…

ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ ԱՐՑԱԽԸ ԴԻՄԱՒՈՐԵՑ ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ

  Չորեքշաբթի, 13 Ապրիլ 2016-ը պատմական օր եղաւ Արցախի մեր ժողովուրդին համար՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելութեամբ։   Երկու Վեհափառ Հայրապետները, Երեւանի ժամով 12:00-ին, ուղղաթիռով ժամանեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, ուր դիմաւորուեցան Ղարաբաղի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանին, հոգեւորականաց դասուն եւ…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԵՒ ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

    Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեան, Երեւանի նախագահական պալատին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ։ Նախագահ Սարգսեան Վեհափառ Հայրապետները տեղեակ պահեց Արցախի առնչուած վերջին զարգացումներուն մասին։   Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետները յանուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ԵՐԵՒԱՆ

Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ժամանեց Երեւան։   Երկու Վեհափառ Հայրապետները յառաջիկայ օրերուն հանդիպումներ պիտի ունենան Հայաստանի ու Արցախի նախագահներուն հետ եւ իրենց զօրակցութիւնը պիտի յայտնեն հայոց բանակին՝ ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

    Շաբաթ, 9 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ուաշինկթընի «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» Համախմբումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ՝ Համախմբումի Նախագահ Տիար Թուֆիք Պաաքլինիի։   Սեպտեմբեր 2014-ի Ուաշինկթընի մէջ Համախմբումին կողմէ կազմակերպուած համաժողովէն ի վեր, Թուֆիք Պաաքլինի եւ Համախմբումի ներկայացուցիչները, զանազան առիթներով կը հանդիպին Վեհափառ Հայրապետին հետ, ունենալու իր կարծիքը Համախմբումի գործունէութեան՝ յատկապէս…

ՃԵՄԱՐԱՆԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ ԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

    Շաբաթ, 9 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի ԺԱ. դասարանի (գրական բաժին) աշակերտները Մայրավանք այցելեցին, իրենց մատենագրութեան, գրաբարի եւ եկեղեցագիտութեան ուսուցիչ՝ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեանի հրաւէրով։ Աշակերտները Մայրավանքին ներս ծանօթացան Կաթողիկոսարանի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ այցելեցին Մայր Տաճար, Նահատակաց Մատուռ, Միաբանական Դամբարան եւ «Կիլիկիա» Թանգարան։   Կաթողիկոսարանի ծանօթացումէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԷ ԱՐՄԷՆ ԵՒ ԱՇՈՏ ՃԵՆՏԵՐԵՃԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ

    Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին ու Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, երէկ` Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Կիլիկիա» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Աշոտ եւ Արմէն Ճենտերեճեաններու մեծարանքի երեկոն:   Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գարեգին վրդ. Շխրտըմեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ յայտնեց, որ երեկոն կազմակերպուած է…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՀԱՆՐԻ ՀԸԼՈՒՆ

Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի նախագահական թեկնածու՝ Երեսփոխան Հանրի Հըլուն։ Անոր կ’ընկերանար պետական Երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան։   Հանդիպման ընթացքին խորհրդակցութիւնները առաւելաբար կեդրոնացան Լիբանանի քաղաքական ներքին կացութեան, ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան։   Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց նախագահական շուտափոյթ ընտրութիւն կատարելու հրամայականը՝ միաժամանակ իր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի պետական ու զինուորական պատասխանատուներուն,…

ԵՐԿՈՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ

Երկու Վեհափառ Հայրապետները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս, յառաջիկայ օրերուն պիտի մեկնին Ղարաբաղ` իրենց զօրակցութիւնը արտայայտելու հայոց քաջ բանակին եւ Ղարաբաղի մեր ժողովուրդին։

«ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՄՂԻՉ ՈՒԺԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շարունակելով իր կապերն ու խորհրդակցութիւնները Ղարաբաղի հարցին շուրջ, Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2016-ի գիշերը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանին հետ եւ այսօր՝ Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, եւ անոնց փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ժողովուրդին ամբողջական զօրակցութիւնը։ Զոյգ Վեհափառ…

«ՈՂՋ ՍՓԻՒՌՔԸ ԶՕՐԱԿՈՉԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ Է ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿՈՂՔԻՆ» Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Ղարաբաղի Նախագահին

  Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա. Վեհափառ Հայրապետը, վերջին երկու օրերու ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով, հեռաձայնային կապ հաստատեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մեծարգոյ Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ, ու յայտնեց իրեն, թէ «Ողջ Սփիւռքը զօրակոչի ենթարկուած է Ղարաբաղի կողքին եւ միակամ ոգիով, կամքով ու հաւատքով պատրաստ է օժանդակելու Ղարաբաղին՝ ամէն իմաստով»։   Հեռաձայնային խօսակցութեան…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մասնակցեցաւ Հոգեւոր Պետերու հանդիպման, որ տեղի ունեցաւ Մարոնի Պատրիարքարանի նստավայր Պքերքէի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետին ընկերացաւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յարաբերութեանց Բաժանմունքի պատասխանատու Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։   Մարոնի Եկեղեցւոյ Պշարա Րայի Պատրիարքին կողմէ հրաւիրուած Հոգեւոր Պետերու հանդիպման աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ անդրադարձաւ՝ Լիբանանի նախագահական…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՀԵՐՈՍՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 3 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան արարողութիւն, 1-2 Ապրիլ 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ Ազրպէյճանի դաւադիր յարձակումներուն զոհ գացած նահատակ զինուոր հերոսներու եւ քաղաքացի անմեղ զոհերու հոգիներուն համար։   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Հոգեհանգիստի արարողութեան, իր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԻՐ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 2 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն, իմանալով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող բախումներուն մասին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս կապ հաստատեց Լ.Ղ. Հանրապետութեան Նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին հետ ու անոր յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր զօրակցութիւնը Ղարաբաղի քաջարի բանակին նկատմամբ։ Նորին Սրբութիւնը յատկապէս ըսաւ թէ. «Բառին ամբողջական իմաստով մենք…

ԹՐՔԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԱՐՁԱԳԱՆԳԵԼ ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԻՆ

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի կալուածը պահանջող դատին բացուելէն ի վեր միջազգային, թրքական ու հայկական մամուլը, ինչպէս նաեւ թուրք մտաւորականութիւնը զանազան առիթներով անդրադարձան այս հարցին։               Անցնող շաբթուան ընթացքին, դատին թղթածրարը ներկայացնող Կաթողիկոսութեան թուրք փաստաբանը հարցազրոյց մը ունեցաւ թուրքիոյ կառավարութեան մօտիկ նկատուող թերթերէն «Հապէր Թուրք»ի (Haber…

«ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՀՐԱՒԷՐ ՄԸՆ Է ՔԱԼԵԼՈՒ ԻՐ ՅԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ԿՆՔՈՒԱԾ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՄԲԷՆ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի զանգերու ղօղանջները աւետեցին Ս. Յարութեան տօնին Հայրապետական Ս. եւ Անմահ Պատարագի թափօրին սկիզբը, Կիրակի, 27 Մարտ 2016-ի առաւօտուն ժամը 10-ին։ Դպրեվանքի ուսանողներէն եւ միաբան հայրերէն կազմուած թափօրը Մայր Տաճար առաջնորդեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, որ օրհնելով ներկայ ժողովուրդը մուտք գործեց Սուրբ Տաճար։ Պատարագի արարողութեան ներկայ էին դեսպաններ, պետական նախարարներ,…

«ԹԱՂԵ՛ՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ ՈՐՊԷՍԶԻ ՔՐԻՍՏՈՍՈՎ ՎԵՐՍՏԻՆ ԿԵԱՆՔ ՍՏԱՆԱՆՔ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Աւագ Ուրբաթ օրը քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամէնէն նուիրական օրն է։ Իբր սիրոյ գերագոյն արտայայտութիւն, մարդու փրկութեան համար Խաչափայտին վրայ Աստուածորդին կը պատարագուի Իր արիւնը հեղելով, եւ պատանքուելով կը դրուի գերեզման, շարականագրին բառերով. «Ամէնուն պարգեւ տուողը այսօր Պիղատոսէն պարգեւ կը խնդրուի, եւ լոյսը որպէս թիկնոց հագնողը՝ կը հաւանի Յովսէփին ձեռքով պատանքուիլ»։            …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

 ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԴՈՒՌԸ             Հայ եկեղեցւոյ մեծ հայրապետներէն՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, Արեւագալի ժամերգութեան յատուկ իր յօրինած յորդորակին մէջ Քրիստոսը կը ներկայացնէ որպէս Կեանքի Դուռը։             Արդարեւ, իր ապրած մարդակեդրոն ու մարդանպատակ կեանքով մարդը մոռցած էր կեանքի ճշմարիտ աղբիւրը՝ Աստուած։             Աշխարհի փառքով ու հաճոյքով իր կեանքը լեցուցած մարդը մոռցած էր կեանքի պարգեւիչը՝ Աստուած։            …

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՍԻՐՈՅ ՊԵՐՃԱԽՕՍ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆ Է» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի վերջին ժամերու դէպքերն ու խորհուրդները իր մէջ պարփակող Աւագ Հինգշաբթի օրը մեծ շուքով եւ եկեղեցական հարուստ արարողութիւններով նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Հինգշաբթի, 24 Մարտ 2016-ի առաւօտուն տեղի ունեցաւ Կարգ Ապաշխարողաց…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆԸ

Աւագ Երեքշաբթի օրուան ընթացքին Հայ Եկեղեցին կը շարունակէ նշել մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի գալստեան խորհուրդը, որուն նուիրուած են օրուան աստուածաշնչական ընթերցումներն ու շարականները։ 22 Մարտ 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Աւագ Երեքշաբթի օրուան յատուկ «Տասը Կուսանաց» յիշատակի «Երեկոյեան» ժամերգութիւնը։ Մատթէոս Աւետարանի 24-րդ գլխուն մէջ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՓՐՈՖ. ՄԻՀՐԱՆ ՏԱՊՊԱՂԸ

Երկուշաբթի, 21 Մարտ 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, միաբան հայրերու, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Վարչութեան անդամներու եւ Լիբանանի Հայ Դատի մարմիններու ներկայացուցիչներու ներկայութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց ցեղասպանագէտ եւ սփիւռքագէտ Փրոֆ. Միհրան Տապպաղը։ Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Տիկ. Վերա Եագուպեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Փրոֆ. Տապպաղի…

ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴՈՂ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ՄՈՒՏՔԻ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 20 Մարտ 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքը՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարն ու շրջափակերը, ողողուած էին հազարաւոր մանուկներով, որոնք իրենց ծաղկազարդող ներկայութեամբ մասնակից դարձան Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի տօնի յիշատակութեան՝ եկեղեցական արարողութեանց ու աւանդական մանուկներու թափօրին։     Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Միաբան հայրերէ, Դպրեվանքի ուսանողներէ, ծնողներէ եւ մանուկներէ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՈՎ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ՏԻԱՐ ՀՐԱՅՐ ԾԵՐՈՒՆԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2016-ի երեկոյեան, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ծառայութեան Տարուան» առիթով Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով գնահատեց Տիար Հրայր Ծերունեանը, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի, միաբան հայրերու, ազգայիններու, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու եւ հարազատներու ներկայութեան։     Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Տիար Ծերունեանի նկարագրային երեք կարեւոր արժէքներուն մասին՝ աշխատասիրութիւն, համեստութիւն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԻԱՐ ԱՐԱ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Երեքշաբթի, 15 Մարտ 2016-ին, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Տիար Արա Յարութիւնեան եւ իրեն ընկերակցող ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։     Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Ղարաբաղի եւ Սփիւռքի գործակցութեան առնչուած շարք մը հարցեր, ներառեալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ նախաձեռնուած Նոր Կիլիկիա գիւղի վերաշինութեան ընթացքը։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ շեշտեց Ղարաբաղի տնտեսական բարելաւման եւ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ «ԿՐՕՆՔ ԵՒ ԲՌՆՈՒԹԻՒՆ» ԽՈՐԱԳՐՈՎ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ

  Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը 3-4 Մարտ 2016-ին, կազմակերպած էր խորհրդակցական հանդիպում մը Պոսէի մէջ, որուն հրաւիրուած էին տարբեր մասնագիտական բնագաւառներէ ընտրուած սեղմ թիւով անհատներ: Սոյն խորհրդակցական հանդիպումին նպատակն էր քննարկել եւ բիւրեղացնել Ե.Հ.Խ.-ի կողմէ պատրաստուած թղթածրար մը «Կրօնք եւ Բռնութիւն» (Religion and Violence) խորագրով, որ կը միտի վերածուիլ Ե.Հ.Խ. ուղեգիծին՝ այս նիւթին առնչութեամբ, Գործադիր ու…

ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ՀԱՍՏԱՏԵՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՈՒԽՏԵՑ ԿԱՌՉԱԾ ՄՆԱԼ ԱՆՈՐ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՈՒ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ

1931 թուականին Երջանկայիշտակ Սահակ Բ. Խապայեան Հայրապետի Սրբատառ Կոնդակով հաստատուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ուխտի օրուան 85-ամեակին առիթով, ամբողջ շաբթուան մը եկեղեցական արարողութիւններով ստեղծուած հոգեւոր մթնոլորտը իր զենիթին հասաւ Կիրակի, 13 Մարտ 2016-ին, երբ Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Հայ Եկեղեցւոյ «հաւատքի հօր»՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջի մասունքով օրհնուեցաւ Ս. Տաճարն ու Կաթողիկոսարանի բակերը…

«ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՃԳՆԱԺԱՄԻՆ ՍԱՀԱԿ Բ. ԽԱՊԱՅԵԱՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՑ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շաբաթ, 12 Մարտ 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ուխտի օրուան առիթով, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն եւ ներկայութեամբ ուխտաւոր ժողովուրդին։ Հսկումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ուրուագծային ակնարկ մը նետեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետի կեանքին, հաւատքին ու առաքելութեան։ Ապա, անդրադարձաւ Լուսաւորիչ Հայրապետի…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ

  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Ուխտի Օրը, որ կը զուգադիպի Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Չարչարանքներուն եւ Վիրապ Մուտքի տօնի նշման, յատուկ կարեւորութիւն ունի Սուրբ Աթոռիս հոգեւոր կեանքէն ներս։ Արդարեւ, Ուխտի Օրը կանխող շաբթուան ընթացքին՝ երեկոները տեղի կ’ունենան հսկումի արարողութիւն, Ուրբաթ երեկոյեան՝ նախատօնակ, Շաբաթ առաւօտուն՝ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, իսկ Շաբաթ իրիկուն…

ՍԻՍԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ԴԱՏԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋՔԻ ՆԵՐԿԱՅ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԸ

Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բացած դատը, ինչպէս յաճախ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս կը շեշտէ, սովորական դատ մը չէ. ան մեր եկեղեցւոյ ու մեր ժողովուրդի՛ն դատն է։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ կը նկատենք յիշեալ դատի զարգացումներուն մասին տեղեակ պահել մեր ժողովուրդի զաւակները։   Նկատի ունենալով թէ ներկայ դատով Հայոց…

ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՕՐ

Կիներու միջազգային օրը, 8 Մարտը, յիշեցում մըն է առաւել եւս շեշտելու կանանց ունեցած դերակատարութիւնը ընկերութեան կեանքէն ներս: Հայ ժողովուրդը հինէն ի վեր յատուկ յարգանք ցուցաբերած է ու կը շարունակէ ցուցաբերել հայ կնոջ նկատմամբ: Ամէն բանէ առաջ հայ կինը մեզի համար եղած է հայ մայր, այլ խօսքով՝ առողջ հայ ընտանիքին դաստիարակը, մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն պահապանը եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՏԱԳՆԱՊԻ ԳԾՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Մ.Ա.Կ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երէկ երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ժընեւի իր իջեւանած պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման աշխատանքները համակարգող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ենթաքարտուղար Նիքոլաս Միշէլի եւ Սուրիական տագնապի բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի (անոր քաղաքէն բացակայութեան պատճառաւ) փոխանորդին հետ։ Նշենք, որ Սուրիոյ տագնապին գծով Վեհափառ Հայրապետը Տը Միսթուրայի հետ հանդիպում մը ունեցած էր 20 Հոկտեմբեր…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ»Ի ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆՔ

  Շաբաթ, 27 Փետրուար 2016-ի յետմիջօրէին, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքի երկրորդ բաժինը, որ կ’ընդգրկէր Հայ Լեզուն եւ Գրականութիւնը: Մրցանքին տեւողութիւնը 3 ժամ էր: Հսկողութիւնը ստանձնած էին դատակազմի անդամներն ու Կրթական եւ Հայագիտական Բաժանմունքի քարտուղարութիւնը: Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ մրցանքին մասնակցեցան լիբանանահայ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժին ունեցող 16 վարժարաններ՝…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԱՐՇԱԿ ԱԼՊՕՅԱՃԵԱՆԻ «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԿԵՍԱՐԻՈՅ» Բ. ՀԱՏՈՐԸ

  Քանի մը շաբաթ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանէն լոյս տեսած էր հմուտ պատմաբան եւ բանասէր Արշակ Ալպօյաճեանի «Պատմութիւն Հայ Կեսարիոյ» Ա. Հատորը։ Այժմ, լոյս ընծայուած է նոյնին Բ. Հատորը, 1175 էջ։ Երկու հատորները, միասնաբար, կը կազմեն 2469 մեծադիր էջ։ Երկրորդ հատորի աւարտին զետեղուած է զոյգ հատորներու յատուկ անուններու ընդարձակ ցանկը (շուրջ 148 էջ)։…

Պատմական Հրատարակութիւն Մը Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկոսութիւնը – Պատմութիւն, Գանձեր, Առաքելութիւն

Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկոսութիւնը – Պատմութիւն, Գանձեր, Առաքելութիւն Խմբագիր-Յօդուածագիր Սեդա Պ. Տատոյեան. Անթիլիաս, Լիբանան. Հրատարակութիւն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, 2015.   The Armenian Catholicosate of Cilicia — History, Mission, Treasures Editor, Co-Author Seta B. Dadoyan Antelias, Lebanon: Catholicosate Publications, 2015. [Hard cover, (32×24.5 cms) 400 pages ISBN: 978-9953-0-3164-4] For the complete article please follow the Link https://www.armenianorthodoxchurch.org/wp-content/uploads/2016/03/New-C-Cath-ARTICLE-ARMENIAN1.pdf  …

«ՄԵԾ ՊԱՀՔԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ՀՐԱՒԷՐ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկար տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս Միջինքի առիթով Վեհափառ Հայրապետը հրաւէրովը Լիբանանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգային Իշխանութեան, Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արեւագալի արարողութեան։ Միաբան հայրերու կողքին արարողութեան իրենց երգեցողութեամբ մասնակցութիւն բերին Դպրեվանքի սաները։               Արարողութեան ընթացքին, ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղելով Վեհափառ Հայրապետը նախ յիշեց թէ մեր եկեղեցւոյ ծիսական…

«ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ 40 ՏԱՐՈՒԱՆ ԱՆԸՆԴՄԷՋ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ, ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԻՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆՔ ԱՆՈՐ ԱՆՁԻՆ ՄԷՋԷՆ ԵՒ Ա՛ՅԴ ՎԱՍՏԱԿԸ ԿԸ ՄԵԾԱՐԵՆՔ» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Առնուած «Ազդակ» Օրաթերթէն   Երեքշաբթի, 1 Մարտ 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս արժեւորեց ազգային գործիչ, մտաւորական, մանկավարժ եւ ուսուցիչ Կարօ Յովհաննէսեանի 40-ամեայ անխոնջ ծառայութիւնը` հայ մտքի արժանաւոր մշակն ու գործիչը հանդիսաւորապէս մեծարելով եւ պարգեւատրելով: Մեծարանքի հանդիսութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, կազմակերպուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին եւ Համազգայինի Լիբանանի…

ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԱՌՆՉՈՒԱԾ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան մասնակցեցաւ Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովին կազմակերպած համագումարին, որ տեղի ունեցաւ 24-26 Փետրուար 2016-ին Հռոմի մէջ:               Արդարեւ, Միջին Արեւելքի տագնապալի իրավիճակէն մեկնելով Գերմանիոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը համագումարի հրաւիրած Էր Միջին Արեւելքի եկեղեցական պատասխանատուներ եւ ակադեմական մասնագԷտներ, քննարկելու համար ներկայ իրավիճակը, ճանչնալու իրականութիւնները…

«ՍԱՅԱԹ-ՆՈՎԱ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 28 Փետրուար 2016-ին, հայրենի «Սայաթ-Նովա» աշուղական երգի համոյթը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք եւ ներկայ գտնուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագին։ Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց համոյթը Վեհարանի դահլիճէն ներս։ Ներկայ էին միաբան հայրեր եւ Դպրեվանքի ուսանողները։   «Սայաթ-Նովա» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան Նորին Սրբութեան ներկայացուց համոյթին պատմականն ու նպատակը, ինչպէս…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ «Ի՞ՆՉ Կ’ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ» ԳՐՔՈՅԿԸ

Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օժտեց նոր Բաժանմունքով մը, որ կոչուեցաւ «Կրօնական եւ Դաստիարակչական Հրատարակութիւններու Բաժանմունք»:   Վեհափառ Հօր պատուէրով, Բաժանմունքը պիտի հրատարակէ գրքոյկներ, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս քրիստոնէական հաւատքի ու գիտելիքներու առաւել ամրապնդումը, եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ծարաւի յագեցումը:   Բաժանմունքը արդէն իսկ հրատարակեց իր առաջին գրքոյկը` «Ի՞նչ…

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍՈՒՄԿԱՅԻԹԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ Ս. ԳԻՐԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

28 Փետրուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց Հոգեհանգիստի արարողութեան՝ ի յիշատակ Սումկայիթի ջարդերու զոհերու հոգիներուն:   Այս տարի 28-ամեակն է, Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ խաղաղ բնակչութեան դէմ թուրք-ազերիներու կողմէ գործադրուած բարբարոսութիւններուն եւ ջարդերուն, որոնք իրենց բնոյթով ո՛չ մէկ…

ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ

24-26 Փետրուար 2016-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) կեդրոնատեղիին մէջ, Ժընեւ, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու ընկերային ծառայութեան նուիրուած խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան Ե.Հ.Խ.-ի ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան մասնագէտներ եւ զանազան միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններու ընկերային ծառայութեան գրասենեակներու պատասխանատուներ։ Սոյն հանդիպումին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը ներկայացուց Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ե.Հ.Խ.-Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Հինգշաբթի, 25 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց այցելութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի եւ Նորվեկիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդի ներկայացուցիչներուն, որոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը ունենալու Միջին Արեւելքը յուզող զանազան հարցերուն, Սուրիոյ տագնապին, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն մարդասիրական աջակցութիւն ընծայելու կարելիութիւններուն գծով։   Նորին Սրբութիւնը առաջին հերթին ընդհանուր գծերով ներկայացուց Սուրիական տագնապին զանազան փուլերն ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի Վարչութիւնը

Երեքշաբթի, 23 Փետրուար 2016-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Հայ Համալսարանաւարտներու Համախմբումի (ՀՀՀ) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ ՀՀՀ-ի հոգեւոր խորհրդատու Սիփան Ծ. Վրդ. Քեչէճեանի: Համախմբումը հիմնուած է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախաձեռնութեամբ` 2010 թուականին: Այս առիթով ՀՀՀ-ի վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հանտեան սեղմ գիծերու մէջ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց վարչութեան միամեայ գործունէութեան ծրագիրը եւ այս…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՈՎ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԵՐՈՒԱՆԴ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆԻ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 21 Փետրուար 2016-ին «Ծառայութեան Տարուան» առթիւ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայրապետական օրհնութեան գիրով պատուեց Տիար Երուանդ Գույումճեանը, Ազգային Ծերանոցի խնամակալութեան ճամբով, անոր աւելի քան քառասուն տարիներու մատուցած ծառայութեան համար։ Հանդիսութեան ներկայ էին Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վերապատուելի Րաֆֆի Մսըրլեան, Ազգային Ծերանոցի տնօրէնը, խնամակալութեան անդամներ, միաբան հայրեր եւ հարազատներ։   Նորին Սրբութիւնը…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՄՐՑԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ

Շաբաթ, 20 Փետրուար 2016-ի յետմիջօրէին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, սկսաւ «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներու եօթներորդ տարուան առաջին հանգրուանը:   Ինչպէս ծանօթ է, մրցանքները կ’ընդգրկեն երեք մարզեր.- ա. Հայ Լեզու եւ Գրականութիւն բ.   Հայոց Պատմութիւն, Հայ Մշակոյթ եւ Կրօն գ.   Ասմունք   Մրցանքները տեղի կ’ունենան երկու մակարդակով՝ միջնակարգ բաժին եւ երկրորդական բաժին:…

«ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒ ՊԱՏՄԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՆԻՍՏԸ

«Խաչիկ Պապիկեան» Հիմնադրամի Հայ Դատի եւ Պատմաքաղաքական Հարցերու Ուսումնասիրութիւններու Հրատարակութեան յանձնախումբը իր պարբերական նիստը գումարեց անցեալ շաբաթավերջին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Նիստին կը նախագահէր Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, եւ կը մասնակցէին յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան, Խաչիկ Տէր Ղուկասեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան: Նիստէն կը բացակայէր Փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան։  …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

         Հինգշաբթի, 18 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանը։ Շուրջ վեց տարուան դիւանագիտական ծառայութեան աւարտին Դեսպան Քոչարեան կը վերադառնայ Հայաստան։ Այս առիթով, Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Դեսպան Քոչարեանին անոր կատարած ծառայութեան համար։             Նորին Սրբութիւնը շեշտեց Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւններուն կենսական կարեւորութիւնը միջազգային համայնքէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՆԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հինգշաբթի, 18 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Իրանէն ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Լիբանանի մօտ Իրանեան դեսպանատան քաղաքական պատասխանատուներ։   Հանդիպումը առիթ մը եղաւ լայնօրէն քննարկելու Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին ու Իրանի հայութեան առնչուած շարք մը հարցեր։  

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԽՐՈՒԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՐՁԱՒ ՎԼԱՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆՑ

2-3 Փետրուար 2016-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրուած էր Խրուաթիոյ Տուպրովնիք քաղաքի Եպիսկոպոսին կողմէ ներկայ գտնուելու Վլաս Հայրապետի նահատակութեան 1700-ամեակին, ինչպէս նաեւ Տուպրովնիք քաղաքի մէջ գերեվաճառութեան կասեցման որոշումի 600-ամեակի տօնակատարութեանց: Այս առթիւ, Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան: Սոյն տօնակատարութիւնները մեծ նշանակութիւն ունին քաղաքին համար, որոնց նաեւ մասնակից դարձաւ Ն.Ս. Ֆրանսիս Պապին…

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Հրաւէրով ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, 9-11 Փետրուար 2016-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար տեղի ունեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական Ժողովներու լիակատար նիստեր, ինչպէս նաեւ Թեմակալ Առաջնորդներու ու Ազգային Իշխանութեանց հաւաքական հանդիպում։ — ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎի ընթացքին տրուած զեկոյցներու լոյսին տակ լայնօրէն քննարկուեցան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան, Երիտասարդական, Միջ-եկեղեցական ու Միջ-կրօնական յարաբերութեանց բաժանմունքներուն առնչուած աշխատանքները, իրագործումներն…

«ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԳՈՐԾԵԼԱԿԵՐՊԻ ՄՇԱԿՈՒՄԸ ՄԵԾԱՊԷՍ ՊԻՏԻ ՆՊԱՍՏԷ ԹԷ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻն, ԹԷ՛ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԹԷ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԶՕՐԱՑՄԱՆ» Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

13-14 Փետրուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տեղի ունեցող Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի արժեւորման նուիրուած համագումարի եզրափակիչ նիստին, իր խօսքը ուղղելով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Համահայկական մտածողութեան ու գործելակերպի մշակումը պիտի նպաստէ թէ՛ Հայաստանին հզօրացման, թէ՛ մեր ազգին միասնականութեան ամրապնդման եւ թէ ազգային պահանջատիրութեան»։     Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան…

«ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ, ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԱՂԲԻՒՐՆ Է ԵՒ ՊԷՏՔ Է ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱՅ ԻՐ ԿՈՉՈՒՄԻՆ»։ Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Իւրաքանչիւր տարւոյ Փետրուար 14-ին Հայ Եկեղեցին կը նշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Տաճար Ընծայման տօնը: Տէրունի այս մեծ տօնի նախօրեակին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերու: Մեր եկեղեցւոյ «Հաւատքի Հօր» անունով կնքուած Սուրբ Տաճարը զեղուն էր երիտասարդ ծնողներով,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Ուրբաթ, 12 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի եւ Սուրիոյ մօտ Կիպրոսի Դեսպան Տիկ. Քրիսթինա Րաֆթին: Նկատի ունենալով որ դեսպանին առաջին այցելութիւնն էր Մայրավանք, Վեհափառ Հայրապետը լայն բացատրութիւն տուաւ Կաթողիկոսարանին առաքելութեան եւ Սփիւռքի մէջ տարած անոր գործունէութեան: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ.…

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ Կ’ԸՆԴՈՒՆԻ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐ

Կիրակի, 7 Փետրուար 2016-ին, Հայ Եկեղեցին նշեց Բարեկենդանի Տօնը։ Այս առիթով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կիրակնօրեայ Վարժարաններ յաճախող խումբ մը փոքրիկներ ընդունեց Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը քաջալերեց զանոնք, որ կանոնաւոր կերպով կը յաճախեն Կիրակնօրեայ Վարժարան։   Այս առթիւ, Նորին Սրբութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն իրենց զաւակները առաջնորդելու հայ դպրոց ու Կիրակնօրեայ Վարժարան, որպէսզի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐ-ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

31 Յունուար-6 Փետրուար 2016, Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Գահիրէի Ս. Մարկոս ընկերային ծառայութեան կեդրոնին մէջ, Նորին Սրբութիւն Թաւատրոս Բ. Պատրիարքի հրաւէրով, գումարուեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան 13-րդ ժողովը։ Հայ Եկեղեցին իր հայրապետական երկու Ս. Աթոռներով մասնակցեցաւ այս աստուածաբանական երկխօսութեան։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

        Ուրբաթ, 5 Փետրուար 2016-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Դեսպան Աշոտ Քոչարեանը։             Նորին Սրբութեան եւ Դեսպան Քոչարեանին խորհրդակցութիւնները առաւելաբար ընդգրկեցին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները եւ Լիբանանի հայութեան առնչուած հարցեր, առաջարկներ ու ծրագիրներ։       

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

«ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏՔԻՆ ՄԱՀՈՎ, ՀԱՅՆ ԷՐ ՈՐ ՊԻՏԻ ՄԱՀԱՆԱՐ ՀԱՅՈՒՆ ՄԷՋ»   Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս   Հինգշաբթի, 4 Փետրուար 2016-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը եւ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ: Եկեղեցական արարողութիւններուն հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Պատարագը մատուցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի…

«ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ՄԵՐ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԱԳՐՈՒՄԸ ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Վերջերս հայկական մամուլը արձագանգեց Հայաստանի Ազգային Արխիւին կողմէ հրապարակուած լուր մը, թէ Պայազիտի եկեղեցւոյ առնչուած կալուածագրեր յայտնաբերուած են եւ թէ Հայաստանի Ազգային Արխիւը հրատարակութեան կը պատրաստէ Արեւմտեան Հայաստանի քանի մը եկեղեցիներու կալուածագրերը: Նկատի ունենալով մեր պահանջատիրութեան ծիրէն ներս կալուածներու հարցին առանցքային կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող Մեծի Տանն կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տարած իրաւական աշխատանքը…

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

31 Յունուար 2016-ին, Գահիրէի մէջ, սկսաւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու եւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ աստուածաբանական պաշտօնական երկխօսութեան տասներորդ ժողովը։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս ժողովին կը մասնակցի Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։   Այս երկխօսութեան շրջագիծին մէջ, Երեքշաբթի, 2 Փետրուարին, կէսօրէ ետք ժամը 2.30-ին, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ…