Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն Յանձնաժողովին (Commission on World Mission and Evangelism) եւ համագործակցութեամբ Միջազգային Միսիոնարական Ժողովին (International Missionary Council), 2021-2022 տարեշրջանի ընթացքին շարք մը ծրագիրներու ընդմէջէն պիտի նշուի միսիոնարական համաժողովին 100 ամեակը՝ զանազան հանդիպումներու եւ գրական աշխատութիւններու միջոցաւ եւ անդրադարձ պիտի կատարուի անոր պատմութեան, ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի տեսլականին մասին։
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ, երկրորդ հանգրուանի աշխատանքային հանդիպումը կայացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Յիշեալ ծրագիրին յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ միջ-եկեղեցական բաժանմունքի անդամ Կարէն Սրկ. Եօսուլքանեան։ Միջին Արեւելքի յանձնախումբը ունենալով տարբեր քրիստոնեայ ընտանիքներէն (Արեւելեան Ուղղափառ, Ուղղափառ, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական) ուսումնասիրողներ՝ քննարկեց նախորդ երկու ամսուան իր ուսումնասիրութիւններէն յառաջացած խնդիրներ, որոնք կը պարզեն եկեղեցւոյ առաքելութեան ներկայ իրավիճակը:
Յանձնախումբը հանդիպեցաւ Վեհափառ Հայրապետին։ Միջ-եկեղեցական շարժումէն ներս իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ, Նորին Ս. Օծութիւնը յանձնախումբին ներկայացուց իր պատկերացումները՝ շեշտելով եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան առնչուած բոլոր մարզերը համապարփակ մօտեցումով քննելու կարեւորութիւնը։