ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2022-ին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Երկու հոգեւոր պետերը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցան: Հանդիպումին ներկայ էին օգնական եպիսկոպոս Պէյրութի թեմին Արհ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբի ատենապետ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հ. Սեպուհ Վրդ. Կարապետեան։

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Լիբանանի, Սփիւռքի եւ Հայաստանի կապուած այժմէական հարցեր: