Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա․ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ Ի ՏԷՐ ԶՕՐ

Ողջոյն քեզ, ժողովո՛ւրդ hայոց, Տէր Զօրի տօթակէզ անապատէն, ուր 107 տարիներ առաջ ենթարկուեցար 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան։

 

Ողջոյն քեզ, ժողովո՛ւրդ հայոց, Տէր Զօրի անծայրածիր անապատէն, ուրկէ 107 տարիներ առաջ անցաւ քու մահուանդ կարաւանը։

 

Ողջոյն քեզ, Տէրզօրացեա՛լ, բայց յարուցեա՛լ ժողովուրդ հայոց։

 

Արդարեւ, երկար տարիներ Տէր Զօր անունը հայութեան համար հոմանիշ էր արցունքի, արեան, տառապանքի ու մահուան։ Այսօր, շնորհիւ մեր նոր սերունդներու պահանջատիրական կամքին, մեր ժողովուրդը դարձաւ խորհրդանիշ յոյսի ու լոյսի, կամքի եւ յարութեան։

 

Տէր Զօրը երէկ ճանապարհ էր Գողգոթայի եւ հովիտ՝ մահուան, այսօր ան դարձած է վկայարան նահատակաց եւ արդարութիւն պահանջող անլռելի զանգակատուն հայոց։

 

Ո՞վ կրնայ Տէր Զօր անունը դուրս հանել իւրաքանչիւր հայու կեանքէն։ Ո՞վ կրնայ սրբել Տէր Զօր անունը հայութեան հաւաքական յիշողութենէն։ Ո՞վ կրնայ ջնջել արիւնաթաթախ այս բառը հայոց ժամանակակից պատմութեան արիւնոտ էջերէն։

 

Տարիներ առաջ Տէր Զօրը դարձեալ ենթարկուեցաւ նոյն ցեղասպանին ոճրագործ արարքին։

 

Եկէ՛ք Տէր Զօր, սիրելի՛ հայորդիներ, տեսնելու համար, որ դարձեալ թուրքն է անցած մէկուկէս միլիոն մեր սրբացեալ նահատակներու արիւնով շաղախուած այս սրբավայրէն եւ հոն ձգած սարսափ ու մահ, աւեր ու չարիք։ Բայց մենք դարձեալ, Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին ու պետութեան զօրակցութեամբ եւ համազգային ճիգով, պիտի վերաշինենք Տէր Զօրը՝ Հայոց Համազգային Ուխտատեղին, ազգային պահանջատիրական պայքարին հիմքը, նոր սերունդներու ներշնչման աղբիւրը, մեր ազգի յաղթանակին ճանապարհը։

 

Փառք ու պատիւ Տէր Զօրէն յարութիւն առած մեր սիրելի ժողովուրդին։

 

 

ԱՐԱՄ Ա․ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Անթիլիաս

21 Ապրիլ 2022