Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՕՐՀՆԵՑ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐԸ

Երկուշաբթի, 27 Յունիս 2022-ին, Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ նորընծայ երեք միաբան հայրերուն։

Քառասուն օրեր առաջ, Դպրեվանքի աւարտական դասարանի երեք սարկաւագները, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցան ու օծուեցան եւ վերանուանուեցան Հայր Արմէն, Հայր Առաքել եւ Հայր Ազատ:

Աւանդաբար, նորաօծ եկեղեցականը քառասուն օրեր պահեցողութեամբ անցընելէ ետք, անդրանիկ Ս. եւ Անմահ Պատարագով կը նուիրուի ծառայական նոր կեանքի: Առ այդ, Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեան ներքեւ իրենց քառասունքը լրացնելէ ետք, նորընծայ աբեղաները Լիբանանի Հայոց Թեմի եկեղեցիներուն մէջ իրենց անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցին: Արդարեւ, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան պատարագեց ու քարոզեց Այնճարի Ս. Պօղոս, Հոգշ. Տ. Առաքել Աբղ. Գատէհճեան՝ Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եւ Հոգշ. Տ. Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեան՝ Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից մանկանց եկեղեցիներուն մէջ:

Ս. Աթոռոյս աւանդութեան հետեւելով, նորընծայ միաբան հայրերը իրենց անդրանիկ Ս. Պատարագէն ետք, առաջնորդութեամբ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի, բարձրացան Նորին Ս. Օծութեան մօտ եւ անոր ներկայացուցին իրենց անդրանիկ Ս. Պատարագի մասն ու նշխարը: Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք, կարեւորութեամբ շեշտեց հաւատարիմ ու պարտաճանաչ հոգեւորական ըլլալու հրամայականը՝ յատկապէս թելադրելով, որ Դպրեվանքէն իրենց ստացած հոգեմտաւոր կազմաւորումը շարունակեն: