Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Ռ.Ա.Կ.Ի ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Հրաչ Գույումճեանը:
 
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Հայաստանը դիմագրաւող ներկայ տագնապին, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հիմնահարցերու վրայ:
 
Դոկտ. Հրաչ Գույումճեան Վեհափառ Հայրապետին պարզեց վերջերս Գերագոյն Խորհուրդին կատարած կոչին յատկանշական երեսները ու մանաւանդ Ռ.Ա.Կ.ի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը եւ յիշեց, որ այս ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին: Նորին Ս. Օծութիւնը ողջունելով Ռ.Ա.Կ.ի ներքին միասնականութեան ամրացման ճիգերը՝ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ որեւէ ժամանակէ աւելի էական է մեր ժողովուրդի ոյժերը համախմբել՝ մեր ազգն ու հայրենիքը տագնապեցնող խնդիրներու եւ մեր գերագոյն իտէալներու շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդգծեց, որ Ռ.Ա.Կ.ին հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յարաբերութիւնը նոյն շեշտաւորումով պիտի շարունակուի, ի խնդիր մեր ազգին պահանջատիրութեան եւ ընդհանրական ձգտումներուն: