Չորեքշաբթի, 29 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Վեհարանէն ներս ընդունեց Միւռոնօրհնէքի հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերելու նպատակով ժամանած Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութենէն Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեանն ու Գերշ. Տ. Վրթանես Եպս. Աբրահամեանը, իսկ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութենէն Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը։
Սրբազան հայրերը Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանի եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները։ Նորին Ս. Օծութիւնը Հայրապետական օրհնութեամբ ողջունեց եպիսկոպոսներուն ներկայութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ եւ կարեւորութեամբ շեշտեց Նուիրապետական Աթոռներուն միջեւ գործակցութիւնը առաւել ամրապնդելու հրամայականը։
Աւարտին, սրբազանները ընթրիքի հիւրը եղան Հայրապետին։