18 June, 2022

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՎԵՐ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ

Շաբաթ, 18 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին այցելեց Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վերապատուելի Փօլ Հայտոսթեան:
 
Վեր. Հայտոսթեան Նորին Ս. Օծութեան յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հանգստեան կոչուելէն ետք, ինք ստանձնած է յիշեալ պատասխանատուութիւնը մինչեւ նոր նախագահի մը ընտրութիւնը, միաժամանակ շարունակելով Միութեան Կեդրոնական Խորհուրդի ատենապետի իր պաշտօնը: Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Վեր. Գարակէօզեանի նուիրեալ ծառայութեան եւ մեր եկեղեցւոյ հետ իր ունեցած սերտ գործակցութեան համար. ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ նոյն գործակցութիւնը պիտի շարունակուի Աւետարանական եկեղեցւոյ ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ:
 
 
Ապա, Վերապատուելին, իբրեւ նախագահ Հայկազեան Համալսարանի, Հայրապետին զեկուցեց անցնող տարեշրջանի համալսարանին կեանքին, իրագործումներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ հունձքին մասին, ինչպէս նաեւ պարզեց յառաջիկայ տարուան ծրագիրները: Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Հայկազեան Համալսարանի կատարած կրթական դերակատարութեան, մասնաւորաբար հայ աշակերտներուն նկատմամբ ցուցաբերուած կրթաթոշակի օժանդակութեան գծով: Ան յիշեցուց, որ ազգային-կրթական հաստատութիւն ըլլալով անհրաժեշտ է որ համալսարանը մնայ Լիբանանի պատկերը արտայայտող միջ-համայնքային գործակցութեան պերճախօս արտայայտութիւնը, կրթական մարզէն ներս:
 
 
Այս առիթով, Վեր. Հայտոսթեան հրաւէր նամակ մը յանձնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ զինք հրաւիրելով Յուլիս 1-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 175-ամեակի հանդիսութեան: