7 July, 2022

Ռ.Ա.Կ.Ի ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Չորեքշաբթի, 6 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (Ռ.Ա.Կ.) Գերագոյն Խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Հրաչ Գույումճեանը:

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ զրուցելու մեր ժողովուրդը յուզող այժմէական հարցերու շուրջ: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց մեր ժողովուրդին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը՝ Հայաստանը, Արցախն ու Սփիւռքը դիմագրաւող տագնապներու լոյսին տակ: Այս ծիրէն ներս, Նորին Ս. Օծութիւնը գնահատելով Ռ.Ա.Կ.ին ունեցած կարեւոր դերը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռքին մէջ, շեշտեց ներկուսակցական դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ կուսակցութեան միասնականութիւնը վերահաստատելու հրամայականը: