Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:   Հանդիպման սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Մայրավանք ժամանած թեմակալ առաջնորդները: Խօսելով միաբանական կեանքին առնչուած երեւոյթներուն՝ ան շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը այսօր ամբողջական նուիրումով լծուած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան՝ թէ՛ թեմերէն ներս եւ թէ՛…

ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԷՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2021-ին, հինգ հոգիներէ բաղկացած կրօնական պատուիրակութեան հետ միասին, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը այցելեց Անթիլիասի Մայրավանք: Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր կողքին ունենալով Շահան Սրբազանը եւ Նարեկ Սրբազանը, եղբայրական սիրով ընդունեց Հոգեւոր Տէրը:   Աւելի քան ժամ մը մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ՝ հայ ժողովուրդը, Հայաստանն ու Լիբանանը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, իր տիկնոջ ընկերակցութեամբ։ Մահտեսեան յատուկ կերպով ժամանած էր Լիբանան՝ իր վերընտրութեան առիթով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրանքները լսելու համար։   Հայրապետը իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Մահտեսեանին, ինչպէս նաեւ իր բարձր գնահատանքը՝ Կիպրոսի հայութեան մատուցած ծառայութեան համար՝ շեշտելով, որ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱՆԱԿԷՆ ՉՈՐՍ ԳՆԴԱՊԵՏՆԵՐ

Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ոյժերու խաղաղապահ բրիգադի հրամանատար ժեներալ-մայոր Արտակ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսան Մուշեղեանի ընկերակցութեամբ:   Ողջունելով հայ սպաները Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը իր Հայրապետական օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեց հայոց քաջարի բանակին՝ շեշտելով, թէ մեր ժողովուրդի…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ‘ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՆԽԱՐԳԻԼՄԱՆ ԵՒ ԶՈՀՈՒԱԾՆԵՐԸ ՄՈՌԱՑՈՒԹԵՆԷ ՓՐԿԵԼՈՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐՆ ՈՒ ՏԱՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ’ ԱՌՑԱՆՑ ԼՍԱՐԱՆԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ ընդհանուր ժողովին նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ե.Հ.Խ.ի Միջազգային Գործունէութեան Յանձնաժողովը (Commission of International Affairs) գործակցաբար Ե.Հ.Խ.ի Հոգեւոր Կեանքին (Spiritual Life) կազմակերպեց շարք մը առցանց լսարաններ՝ նշելու 75 ամեակը Ե.Հ.Խ.ի միջազգային հարցերով զբաղող յանձնաժողովին, Ուրբաթ, 19 Նոյեմբեր 2021-ին։   Կազմակերպուած  առցանց լսարանները որպէս կեդրոնական նիւթ առած էին  աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՅԱՋՈՐԴԱԲԱՐ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Շաբաթ, 20 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր աշխատանքային օրակարգը ամբողջութեամբ յատկացուցած էր միաբանական յանձնախումբերու հետ հանդիպումներու:   Առաջին հերթին, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց ծիսական կեանքի բարելաւման նուիրուած յանձնախումբի հաւաքին, ապա նորանշանակ տնօրէն ժողովին, որմէ ետք հինգ նորընծայ աբեղաներու հանդիպումին:   Յիշեալ հանդիպումներուն նպատակն էր Անթիլիասի Մայրավանքի ներքին վանական կեանքի առաւել կազմակերպումը, իր բոլոր…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան նորընտիր վարչութիւնը:   Վարչութիւնը եկած էր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու եւ զինք տեղեակ պահելու ընկերային ծառայութեան լծուած վարչութեան կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:   Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ընկերային ծառայողներուն եւ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն ծառայութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԽՍՏՕՐԷՆ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒՈՂ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի արեւելեան սահմանին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ նախաձեռնուած եւ Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը ու գերիշխանութիւնը վտանգող մարտական գործողութիւններուն։   Ազրպէյճանը արհամարհելով մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքները, ոտնակոխելով միջազգային օրէնքի տուեալները եւ անտեսելով Նոյեմբեր 9-ին կայացած եռակողմ համաձայնութեան պայմանները, կը շարունակէ իր ոճրային արարքները Հայաստանի ինքնիշխան Հանրապետութեան նկատմամբ։   Արդարեւ, Մեծի…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Շաբաթ, 13 Նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորութեամբ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց Համազգայինի մասնաճիւղերուն գործունէութեան եւ անոնց դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններու առնչուած հարցերու մասին:   Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը՝ հաստատելով, որ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Սփիւռքի տարածքին ընդհանրապէս հայապահպանման ու յատկապէս…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆԻ «ՄԱՏՆԱՀԵՏՔԵՐ»Ը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 103-րդ հրատարակութեան կ՚արժանանայ Պերճուհի Աւետեանի «Մատնահետքեր»ը։   Հատորը կ՚ամփոփէ Աւետեանին փորձութիւնները, ապրումներն ու ներաշխարհը՝ Սուրիոյ պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք։ Օրագիրի ոճով ներկայացուած սոյն հատորը ընթերցողը դէմ յանդիման կը դնէ աղէտներու հետեւանքով բխած մարդկութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ հայութիւնը յուզող հարցերու հետ.- գոյապայքար, ինքնութիւն, տուն հասկացողութիւն եւ այլն։…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽԵԱՆ 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅՈՐԴԻՆԵՐՈՒ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ

2020-ի Սեպտեմբեր 27-էն Նոյեմբեր 9-ը երկարող 44-օրեայ ճակատագրական եւ բախտորոշ պատերազմը հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ թողուց իր արիւնախառն յիշատակը։ Այս պատերազմով վերաշեշտուեցաւ թուրքին ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, որ Անդրկովկասեան երկիրներուն ներքին ու արտաքին անդորրութեան, սահմանային անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան դէմ վտանգալից ազդակ մը կը ներկայացնէ: Ողջ հայութիւնը յուզող պատերազմին հետեւանքը եղաւ՝ աւելի քան 5000 նահատակներ, 200-է աւելի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲԱՐԵՐԱՐ ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԱԼԵՔՔՕ ԵՒ ԱՆԻ ՊԷԶԻՔԵԱՆ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք Լիբանանի մէջ ստեղծուած ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններու լոյսին տակ եւ հայորդիներուն առողջապահական կարիքներուն օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութենէն մղուած, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցաբար ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան պիտի հոգան լիբանանահայ կարիքաւոր ազգայիններու հիւանդանոցային եւ ախտաճանաչման քննութիւններու առնչուած ծախսերը:   Գոհունակութեամբ կ’ուզենք…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՏԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ

Ուրբաթ, 12 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Իտալիոյ դեսպանուհին դոկտ. Նիքոլեթա Պոմպարտիէր:     Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ առաջին հերթին անդրադարձ կատարելու Յուլիսին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումին եւ ապա Լիբանանի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Դեսպանուհին պարզեց Իտալիոյ կատարած աշխատանքները թէ՛ Լիբանանին գծով եւ թէ՛ Լիբանանէն ներս:    …

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց հետ աղերս ունեցող շարք մը հարցեր:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՆԳԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2021-ին, Լիբանանի մօտ Անգլիոյ դեսպան դոկտ. Իան Քոլարտ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ երկար հանդիպում մը ունեցաւ: Քննարկումի նիւթ դարձան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքին ու մասնաւորաբար Լիբանանին առնչուած շարք մը հարցեր:   Նորին Սրբութիւնը եւ դեսպանը շեշտեցին Լիբանանի օժանդակութեան հրամայականը՝ քաղաքական, տնտեսական ու մարդասիրական բնագաւառներէն ներս: Անոնք նաեւ ընդգծեցին կառավարութեան կողմէ…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ «ՄԱՏԵՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԸՆԴԴԷՄ ՑԱՆԿԱԳՐՈՒՄԻ «ԼԻԲԱՆԱՀԱՀԱՅ ԳԻՐՔԸ…» (ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ)» ՀԱՏՈՐԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի 102-րդ հրատարակութիւնը՝ «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)», աշխատութեամբ՝ Ժիրայր Դանիէլեանի եւ խմբագրութեամբ՝ Կարօ Յովհաննէսեանի։   Հատորը կը պարունակէ յաւելումներ, մատնանշումներ, սրբագրութիւններ եւ անհրաժեշտ ցանկեր, որոնց մասին իր յառաջաբանին մէջ կը մանրամասնէ Դանիէլեան՝ դիտել տալով, որ այս աշխատանքը կու գայ ամբողջացնելու 2013…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՔՐԻՍԼԻԽԸՐ ՀԻԼՖՍՊՈՒՆՏ ԻՄ ՕՐԻԷՆԹ (CHRISTLICHER HILFSBUND IM ORIENT) ԲԱՐԵՍԻՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՐ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ

Յիշեալ բարեսիրական կազմակերպութիւնը Գերմանիոյ մէջ նշեց իր գործունէութեան 125-ամեակը: Կազմակերպութիւնը Համիտեան Ջարդերէն սկսեալ յատկապէս Կիլիկիոյ Ատանա ու Մարաշ քաղաքներու մէջ իր մարդասիրական նպաստը բերած է մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ընկերային կեդրոններ հաստատած է յիշեալ քաղաքներուն մէջ եւ ապա իր ծառայութեան դաշտը եղած է Սուրիա, Լիբանան եւ Հայաստան: Լիբանանի պարագային Այնճարի մէջ հիմնած է գիշերօթիկ դպրոց: Մինչեւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏ ՏԱՄԱՍԿԻՆՈՍԻ ՆՊԱՍՏԸ ՄԻՋ-ՕՐԹՈՏՈՔՍ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 5 Նոյեմբեր 2021-ին, Զուիցերիոյ Շամպէզի քաղաքին մէջ գտնուող Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ յիշատակի յատուկ հանդիսութիւն մը՝ նուիրուած Մետրոպոլիտ Տամասկինոսի: Հանդիսութեան սկիզբը կարդացուեցաւ Պենետիքթոս Պապին, Պարթոլոմէօ Տիեզերական Պատրիարքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին (ընթերցուած փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեանի կողմէն), Զուիցերիոյ նախագահին եւ Յորդանանի Հասան Իշխանին պատգամները:   Նորին Սրբութիւնը մօտէն ճանչցած ըլլալով Մետրոպոլիտ Տամասկինոսը,…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ՀԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Զուիցերիոյ Հին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Հարըլտ Եպիսկոպոսին միջեւ: Հանդիպումին նպատակն էր քննել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ յիշեալ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն միջեւ սկսած ժամանակակից ընկերային-բարոյական հարցերու քննարկման նուիրուած հանդիպումներու ընթացքը, ինչպէս նաեւ Պեռնի համալսարանին հետ կարգ մը ծրագիրներու շուրջ գործակցութեան…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր տարեկան ժողովը առցանց գումարեց 26-28 Հոկտեմբեր 2021-ին։ Օրակարգի վրայ էր եկեղեցիներուն տեղեկագիրներու եւ ծրագիրներու ներկայացումը, ինչպէս նաեւ «Տիեզերական Ժողովներուն Ժառանգութիւնը» թեմայով թղթածրարին աշխատանքներուն շարունակութիւնը։   Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդի ներկայացուցիչ դոկտ. Տըրք Լանճը: Հանդիպման նպատակը Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ էր ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական հարցերու ու մասնաւորաբար ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդին աստուածաբանական երկխօսութիւն սկսելու կարելութեան մասին:   Երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ու յատկապէս աստուածաբանական երկխօսութեանց փորձառութեան լոյսին տակ, Վեհափառ Հայրապետը…

ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ

Երկուշաբթի, 1 Նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Եոան Սաքայի այցելութիւնը: Դոկտ. Սաքա Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Ե.Հ.Խ.ին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:   Նորին Սրբութիւնը Ե.Հ.Խ.էն ներս ունեցած երկար տարիներու իր փորձառութեան լոյսին տակ, ընդհանուր…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄՕՏ Մ.Ա.Կ.Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ

Կիրակի, 31 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ իր իջեւանած պանդոկէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սուրիոյ մօտ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ներկայացուցիչին փոխանորդը՝ Անթուան Լահհամը: Տիար Լահհամ ողջունեց Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը Ժընեւի մէջ՝ Մ.Ա.Կ.ի ներկայացուցիչին կողմէ, որ այս օրերուն կը գտնուի երկրէն դուրս:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ քննարկելու Սուրիոյ պարզած ներքին կացութիւնը եւ երկրին…

«ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒՈՂ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ UNITÉ DES CHRÉTIENS ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻՆ ՀԵՏ

Ֆրանսայի մէջ հրատարակուող եւ միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս իր կարեւոր խօսքը ունեցող Unité Des Chrétiens շաբաթաթերթին հետ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վերջերս Ֆրանսերէնով հարցազրոյց մը ունեցաւ: Արդարեւ, միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայ իրավիճակը պարզող հարցերուն պատասխանելով՝ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը վերջին տասնամեակին սկսած է նահանջ արձանագրել. երեւոյթ մը, որ հետեւանքն է համաշխարհայնացման ստեղծած նոր…

«ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԸ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ նիւթին շուրջ զարգացուց իր յօդուածը, Արժանթինի պետութեան նախաձեռնութեամբ, Ֆրանսիս Պապին կողմէ քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ուղղութեան առնուած քայլերուն նուիրուած հատորին մէջ: Արդարեւ, վերջին տարիներուն Ֆրանսիս Պապը Եգիպտոս, Իրաք եւ Տուպայ կատարած իր այցելութիւններու ընթացքին, իր յայտարարութիւններով եւ կատարուած միացեալ հաղորդագրութիւններով շեշտեց ընդհանրապէս միջ-կրօնական ու յատկապէս Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութեան կարեւորութիւնը, որ կրնայ իր…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԴԱՇՏԸ

Սուրիոյ տագնապէն ետք, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքները միշտ կը մնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը: Անցնող տարիներուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր այցելութիւններով եւ այլ աշխատանքներով, ո՛չ միայն քաջալերեց Սուրիոյ հայութեան վերակազմակերպումն ու վերականգնումը, այլ նաեւ նեցուկ ու մասնակից դարձաւ վերականգնումին նպաստող շարք մը ծրագիրներու իրագործման:   Այս ծիրէն ներս, Հոլանտայի եկեղեցիներուն…

ՄԻԱՑԵԱԼ ԱԶԳԵՐՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2021-ին, երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ) ներկայացուցիչ՝ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքայի միջեւ:   Մ.Ա.Կ.ի ներկայացուցիչը Նորին Սրբութեան պարզեց իր ներկայացուցած միջազգային կազմակերպութեան մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները Լիբանանի գծով, յատկապէս շեշտելով տնտեսա-քաղաքական բարեկարգման անյետաձգելի հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին, նախ ներկայացուց Լիբանանի հայ…

ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՈՂՋՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՌԱՒԵԼ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍՈՎ

Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021-ին, Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ գահակալութեան արարողութիւնը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր եւ պետական ներկայացուցիչներու ու հաւատացեալ ժողովուրդի: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Վենեզուելայի Հոգեւոր Տեսուչ Գերշ.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ

Ուրբաթ, 22 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ընդունեց Արժանթինի դեսպան Մորիսիոյ Ալիսի այցելութիւնը:   Դեսպանին այցելութեան հիմնական նպատակը Արժանթինի պետութեան անունով Նորին Սրբութեան շնորհակալութիւն յայտնել էր՝ Ֆրանսիս Պապին նուիրուած յատուկ հատորի մը մէջ յօդուածի ճամբով Հայրապետին կատարած մասնակցութեան համար։ Դեսպանը Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնա-փիլիսոփայական նիւթերու դասախօս եղած ըլլալով` հանդիպման առանցքը…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՎԿԱՅԵԱԼՆԵՐԸ

Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ուրախութեամբ ողջունեց Կաթողիկոսարանի «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոնի 16 վկայեալներու այցելութիւնը: Վկայեալները, որոնք մեծ մասով կը դասաւանդեն հայ դպրոցներէն ներս, Կեդրոնին ճամբով ստացած են L.T., T.S. եւ B.T.3 պետական վկայականները: Յիշեալ վկայականներով անոնք կրնան համալսարանական աւելի բարձր վկայականներու թեկնածու ըլլալ՝ Լիբանանէն ներս թէ դուրս:…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2021-ին, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ) հովանիին ներքեւ գործող նորակազմ «Աստուածաբանական եւ Միջ-եկեղեցական Յանձնախումբ»ի առցանց անդրանիկ ժողովը: Յանձնախումբի կազմութեան նպատակն է հաւաքական կերպով քննել Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւած աստուածաբանական ու միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցերը: Սակայն, նկատի ունենալով եկեղեցիներուն ապրած ընկերային դժուարութիւնները, յանձնախումբը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց ընկերային խնդիրներուն վրայ:   Ժողովին…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ 1921-ԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ԿԱՐՍԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ

«ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԵՐ ՀԱՐԿ Է ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՇՏԱՊՈՎ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ՈՒ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ՃՇԴԵԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Երեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ համազգային գիտաժողովի մը՝ նուիրուած 1921-ին Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրութեան 100-ամեակին։ Գիտաժողովը կազմակերպած են ՀՀ Գիտութիւններու Ազգ. Ակադեմիայի պատմութեան ինսթիթիւթը, ՀՀ Գ.Ա.Ա. Արեւելագիտութեան ինսթիթիւթը, Հ.Յ.Դ.…

ՄԵԿ ՄԻԼԻՈՆ ԱՄՆ ԴՈԼԱՐ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹՅԱՆ ՀՐԱՏԱՊ ԿԱՐԻՔՆԵՐԻՆ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ   «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ տեղական մարմնի ջանքերով ս․թ․ սեպտեմբեր ամսվա ընթացքում 1,000,000 ԱՄՆ դոլար է հավաքագրվել և փոխանցվել Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսությանը՝ Լիբանանի հայ համայնքի սոցիալական, ինչպես նաև հայ կրթական հաստատությունների կարիքները հոգալու նպատակով: Սույն դրամահավաքն արձագանքն էր Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոս Արամ Ա-ի համայն հայությանն ուղղված կոչին։   Հիմնադրամը, հավատարիմ…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Համագումարը (Conference of Secretaries օf Christian World Communions) իր տարեկան ժողովը առցանց գումարեց 12-14 Հոկտեմբեր 2021-ին։ Ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։   Հայր Սուրբը համագումարին ներկայացուց մեր եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական աշխատանքներու տեղեկագիրը՝ անդրադառնալով  ձեռնարկներուն, մարտահրաւէրներուն եւ ապագայի ծրագիրներուն։ Աւարտին, ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 13 Հոկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ Միութեան նորանշանակ հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։   Հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտական ու շնորհակալական ապրումները փոխանցելէ ետք Նորին Սրբութեան՝ ներկայացուց իւրաքանչիւր վարչական անդամը ու անոր ստանձնած պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՄԻՋԵՒ

Երեքշաբթի, 12 Հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր Տիրոջ միջեւ։   Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն շնորհաւորեց Հոգեւոր Տիրոջ ընտրութիւնը իբրեւ հոգեւոր պետ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ, անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան միջեւ գոյութիւն…

ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ Ս. ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳՈՎ ԲԱՑՈՒԱԾ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԵՑԱՒ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 2021-2022 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ

Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նշումով, հայ եկեղեցին կու գայ բարձրաձայնելու, որ, հակառակ հայ ազգի դաժան ճակատագիրին, հաւատքի կորուստն ու յանձնուիլը բնաւ մաս չեն կազմած մեր պատմութեան, եւ բոլոր փոթորիկներուն դիմաց գոյապայքարի մեր կամքը միշտ հզօրացած է։ Այսպէս, գիրերու Աստուածատուր գիւտով եւ Թարգմանչաց սերունդի ջանքերով, ամրապնդուած է հայ ինքնութիւնը, որուն ապացոյցներէն մէկը հայ ազգին գոյութիւնն է՝ ի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐՈՎ ԳՆԱՀԱՏԵՑ ԱՐԺ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՒ. ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԷՐՔԷԶԵԱՆԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 8 Հոկտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Հայրապետական Օրհնութեան Գիրով իր գնահատանքը յայտնեց երկար տարիներ հայ եկեղեցւոյ ծառայած Արժ. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Քէրքէզեանին:   Տէր հայրը Դպրեվանքը աւարտած է 1967 թուականին, ապա՝ իբրեւ դպրապետ, ուսուցիչ եւ քահանայ, իր նուիրեալ ծառայութիւնը բերած է մեր եկեղեցւոյ՝ Լիբանանի ու Կիպրոսի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՏԻՒՐԶԻ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻՆ

Հինգշաբթի, 7 Հոկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի տիւրզի համայնքի նորընտիր հոգեւոր պետ Շէյխ Սամի Ապու Ալ-Մունայի, համայնքի Պէյրութի կեդրոնատեղիին մէջ:   Նորին Սրբութիւնը, ողջունելով Շէյխ Ապու Ալ-Մունայի ընտրութիւն, մաղթեց, որ անոր նուիրեալ աշխատանքով ո՛չ միայն տիւրզի համայնքը առաւել կը ծաղկի ու կը բարգաւաճի, այլ նաեւ կարեւոր նպաստ կը…

«ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒՄԸ ՀԵՆՔԸ ՈՒ ՆՊԱՏԱԿԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2021-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցած ուսուցչաց ժողովին նախագահեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։ Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Տեսչութեան անդամներու Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանի ու Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեանի ներկայութեամբ գումարուած ուսուցչական հանդիպումին նպատակն էր Դպրեվանքի 2021-2022 կրթական տարեշրջանի սեմին ընդհանուր վերարժեւորումի ենթարկել…

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ԲԱՐՍԵՂ ԿԱՆԱՉԵԱՆԻ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԵՐԿԵՐՈՒ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍ՝ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայ մեծ երաժիշտ, երգահան եւ խմբավար Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) «Երաժշտական Երկերու Ժողովածու» երկհատորեակին շնորհահանդէսը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին եւ Կոմիտասի Թանգարան-Ինստիտուտին համատեղ կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 1 Հոկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:   Արդարեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն Բարսեղ Կանաչեանի երաժշտական երկերուն շքեղ հրատարակութեան լոյս ընծայումով եւ նոյն…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Հինգշաբթի, 30 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ միաբան հայրերու, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ամենապատիւ Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքին՝ անոր ձեռնադրութեան յիսնամեակին առիթով։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն պատմական յարաբերութեանց, զանազան գաղութներու մէջ երկու եկեղեցիները դիմագրաւող դժուարութեանց, ինչպէս նաեւ երկու եկեղեցիներուն միջեւ գործակցութիւնը աւելի…

ՅՈՒՇԱԳԻՐԻ ԿՆՔՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ ԵՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ ՄԻՋԵՒ

  Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Ազգային Գրադարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Մատենադարանին միջեւ կնքուեցաւ փոխըմբռնման եւ գործակցութեան Յուշագիր՝ հայ գիրքի ու մամուլի սպասարկման եւ համագործակցութեան լայն շրջանակի ապահովումին համար, համատեղ ցուցադրութիւններու եւ համաժողովներու կազմակերպումին, հայ մամուլի թուային պատճէններու փոխանակումին, մասնագէտներու փոխայցելութիւններու, թուայնացման եւ համացանցային համատեղ ծրագիրներու իրականացումին, «Հասկ» պաշտօնաթերթի թուայնացուած տարբերակի տրամադրման…

ԱՐՑԱԽԵԱՆ 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՄԸ ԻՐ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՎ ԿԸ ՄԵԾՆԱՅ, ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ՈՒ ԿԸ ՅԱՒԵՐԺԱՆԱՅ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   27 Սեպտեմբեր 2020-ը ճակատագրական եւ հայոց պատմութեան մէջ իր սեւ կնիքը դրոշմած թուական մը եղաւ։ Արդարեւ, անգամ մը եւս թուրք-ազերիական բարբարոսութեան ենթարկուեցաւ Արցախ աշխարհը, որուն հետեւանքով հայ ազգը տուաւ աւելի քան 5000 նահատակներ, 200-է աւելի գերեվարուածներ, հարիւրաւոր անհետ կորած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆՈՐԱԿԱԶՄ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ՆԱԽԱՐԱՐ ՃՈՐՃ ՊՈՒՉԻՔԵԱՆԸ

Հինգշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին իր առաջին այցելութիւնը տուաւ նորակազմ կառավարութեան մէջ հայ համայնքը ներկայացնող ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը: Նախարար Պուչիքեան իր աշխատանքին սկսելէ առաջ Վեհափառ Հայրապետին այցելած էր անոր օրհնութիւնը ստանալու համար: Արդարեւ, նախարարը իր խոստումը տուաւ Նորին Սրբութեան Լիբանանի ու Լիբանանի հայութեան նուիրումով ծառայելու:…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

  ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՑՔՆ Է ԱԶԳԻ ՀԶՕՐՈՒԹԵԱՆ   Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։   Տխուր ու անորոշ պայմաններու մէջ կը նշենք Հայաստանի անկախութիւնը։ 44-օրեայ պատերազմին մեծ թիւով զոհեր տուինք, բազմաթիւ գերիներ եւ վիրաւորներ ունեցանք ու հսկայ տարածքներ կորսնցուցինք։ Մեր ժողովուրդը յուսախաբութեան ու…

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՆԿԱԽԱՑՄԱՆ 30 ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 30 ամեակին նուիրուած Գոհաբանական Մաղթանք կատարուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 19 Սեպտեմբեր 2021-ին։   Յընթացս Պատարագին, Նորին Սրբութիւնը Հայրապետական թափօրով բարձրացաւ Ս. Խորան։ Իր աղօթքին մէջ ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալին, որ Միածին Որդիին չարչարակից…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Շաբաթ, 18 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, ընդունեց այցելութիւնը Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի, ընկերակցութեամբ Միութեան Լիբանանի շրջանային Վարչութեան ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանի։     Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ լայն քննարկումի ենթարկելու Լիբանանի ու Հայաստանի առնչուած շարք մը այժմէական խնդիրներ։ Այս ծիրէն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐՈՒՆ ՌՈՒՊԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ

Հինգշաբթի, 9 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Սուրբ Աստուածածին Վանքի այգին ու մասնակցեցաւ Դպրեվանքի ուսանողներուն կողմէ կատարուող ռուպի պատրաստութեան աշխատանքին:   Վեհափառ Հայրապետը դպրեվանեցիներուն հետ ունեցած իր մտերմիկ հանդիպման ընթացքին յիշելով իր ուսանողութեան շրջանին կատարուած նման աշխատանքները, շեշտեց թէ Դպրեվանքին մէջ ուսանողը ո՛չ միայն հայագիտական ու աստուածաբանական ուսում կը ստանայ, այլ՝ աշխատասիրութեան եւ…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ «ԽԱՉԻԿ ՊԱՊԻԿԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ»Ը ՆՈՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ՍԵՄԻՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ի հերթական նիստը տեղի ունեցաւ 14 սեպտեմբեր 2021-ին, Պիքֆայա, նախագահութեամբ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։     Նիստին մասնակցեցան յանձնախումբի ատենապետ Երուանդ Փամպուքեան, անդամներ՝ Շահան Գանտահարեան, Կիրօ Մանոյեան (հեռակայ) եւ Խաչիկ Տէտէեան։    Վեհափառ Հայրապետը  գնահատեց մայիս 18-ին, Երեւանի մէջ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած «Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան 100-ամեակ․գիտաժողովի նիւթեր (21-23 մարտ 2018)» հատորին շնորհահանդէսը։ Հիմնադրամի այս 14-րդ հատորը Հայաստանի…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԻԲՐԵՒ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ G20 ՊԵՏԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԿԱՆԽՈՂ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՖՈՐՈՒՄԻՆ

«Միաստուածեան կրօններու երկխօսութեան հարթակը կրնայ նպաստել Միջին Արեւելքէն ներս խաղաղութեան հաստատման», ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը G20-ի միջազգային ֆորումին։   Ա՛յս էր հիմնական կէտը Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, G20-ի պետական ղեկավարներու հանդիպումը կանխող միջազգային ֆորումին ուղղած իր պատգամին: Ընդհանրապէս G20 հանդիպումէն առաջ, միջազգային ֆորում կը կազմակերպուի նոյն օրակարգի հարցերուն շուրջ՝ մասնակցութեամբ քաղաքական, դիւանագիտական, ակադեմական, տնտեսական,…

ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆԸ ՄԵԾ ՇՈՒՔՈՎ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 12 Սեպտեմբեր 2021-ին, հայ եկեղեցին նշեց հինգ տաղաւար տօներէն վերջինը եւ Տէրունի Խաչին նուիրուած տօներէն երկրորդը հանդիսացող Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը: Այս տարի եւս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, ի յիշատակ Վերացման Ս. Խաչի տօնին:   Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի…

ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Շաբաթ, 11 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեան քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի: Անոնք եկած էին Վեհափառ Հայրապետին մօտ քաղաքապետութեան ու շրջանի ժողովուրդին անունով իրենց ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնելու՝ Կաթողիկոսարանին կողմէ քաղաքապետութեան ձեռնարկած ժողովրդային տուներու շինարարական ծրագիրին չորս միլիոն տոլար յատկացնելու առիթով:   Քաղաքապետութեան կողմէ խօսք առնելով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան՝…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Ուրբաթ, 10 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Համազգայինի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան անդամները, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքի Վեհարանին մէջ։   Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին, նորընտիր վարչութեան ատենապետը Համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին զեկոյց մը տուաւ Նորին Սրբութեան, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեց մշակութային կեանքը յուզող հարցերուն ու ներկայ դժուար պայմաններուն տակ Համազգայինի դիմագրաւած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶՈՒՆԻԷԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԲՈՒԺԱՐԱՆԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆԸ

Չորեքշաբթի, 8 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ազունիէի ազգային բուժարանի խնամակալութեան դիւանը: Հանդիպման ընթացին Նորին Սրբութիւնը զեկոյց մը ստացաւ վերջին ամիսներուն  բուժարանի գործունէութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց բուժարանի խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան կատարած աշխատանքներուն, եւ ընդհանրապէս բուժարանին գործունէութեան գծով: Նորին Սրբութիւնը նաեւ գնահատեց Նիւ Եորքի խնամակալութեան կատարած հետեւողական նպաստը՝ յատկապէս տնտեսական…

ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ՄԱՏՈՒՑՈՒՄ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

  «ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒ ԿՈՂՔԻԴ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հայ ազգին ճակատագրակից հայ եկեղեցին մեր կեանքին էական կռուանն է, որուն կ՚ապաւինինք ո՛չ միայն հոգեւոր սնունդ ստանալու, այլ նաեւ, ի հարկին, շրջանցելու կենցաղային մարտահրաւէրներ։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, իր առաջնորդական տարիներէն ի վեր, թարգմանը հանդիսանալով եկեղեցւոյ առաքելութեան, գործնական եւ…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒ ԿՈՂՔԻԴ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Հատուած՝ Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն   Կիրակի, 5 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պուրճ Համուտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ իր պատգամը ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն, հակիրճ կերպով անդրադառնալով Հայաստանի ու Լիբանանի ներկայ տագնապալից կացութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայութիւնը դիմագրաւող դժուարութիւններուն ու մտահոգութիւններուն։ Իր պատգամի վերջին բաժինին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՐԻ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2021-ին, ասորի կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան Պատրիարքը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին յիշեալ եկեղեցւոյ Պաղտատի եւ Գանատայի թեմերու առաջնորդ սրբազաններն ու Պատրիարքի օգնականը, իսկ Նորին Սրբութեան կողքին ներկայ էր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանը:   Յայտնենք,…

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Ուրբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանային վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ ատենապետ եւ նոյն կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանի:   Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքին կացութեան, ապա լայնօրէն քննարկուեցաւ Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած տագնապը: Այս ծիրէն ներս, վարչութիւնը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան՝ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան գծով…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՊԱՏԳԱՄԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿՄԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատգամը Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով.-   Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 30-ամեակին առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն Հայրապետական օրհնութեամբ ու ազգային վառ ապրումներով կ՚ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահը, Ազգային Ժողովը եւ մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները:   Արդարեւ, հայրենիքի անկախութիւնը հռչակողը իր ժողովո՛ւրդն է: Հայրենիքի անկախութիւնը ամէն տեսակ տագնապներու ու…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 1 Սեպտեմբեր 2021-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ միաբանական հաւաք տեղի ունեցաւ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Նորին Սրբութիւնը Պօղոս առաքեալի կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակին 13-րդ գլխուն 5-7 համարները ու Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական նամակի երկրորդ գլխուն 14-17 համարները մէջբերելով՝ շեշտեց հաւատքին ու հաւատարմութեան առանցքային կարեւորութիւնը մարդու կեանքին մէջ եւ զանոնք կեանքի վերածելու…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Երեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեան հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի ու Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի միջեւ:     Յիշեալ հանդիպումին նպատակն…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՇՈՒՏՈՎ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ՝ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

  Լիբանանի հայոց թեմի կարիքներուն աւելի մօտէն տեղեակ դառնալու, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերէն ներս վերջին օրերուն սկսուած հանգանակութեան առաւել մղում տալու հեռանկարով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յիշեալ թեմերու առաջնորդ սրբազաններուն ու ազգային վարչութեանց յղած յատուկ նամակով թելադրեց Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեանին եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանին Անթիլիասի Մայրավանք…

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ՌՈՍՏՈՄ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆԻ ԱՇԽԱՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հրատարակչական Հիմնադրամ»-ի 16-րդ հրատարակութեան արժանացած է Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանի «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930 թթ.)» աշխատասիրութիւնը։   Գիրքին գիտական խմբագիրն է ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեան, իսկ խմբագիրը՝ պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան։   Երեք գլուխներու մէջ ծաւալած գիտաշխատութիւնը կ՚արժեւորէ Հայաստանի խորհրդայնացումը, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ խորհրդային իշխանութեան վերջնահաստատման…

«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ՆՈՒԻՐՈՒՄՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Կիրակի, 22 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Դպրեվանքին մէջ  Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Դպրեվանքի տեսչութեան ժողովին: 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանի սեմին տեղի ունեցած յիշեալ ժողովի ընթացքին քննարկուեցան Դպրեվանքի կեանքն ու առաքելութիւնը վերանորոգման առաջնորդող շարք մը ծրագիրներ: Այսպէս՝ Դպրեվանքի կրթական ծրագիրի վերանայում, առօրեայ ժամանակացոյցի վերադասաւորում, ուսուցչական կազմի վերարժեւորում եւ Դպրեվանքի կրթական, հոգեւոր, վարչական, յարաբերական ու տնտեսական մարզերուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ

Չորեքշաբթի, 18 Օգոստոս 2021-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ երկար հանդիպում մը ունեցան Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներէն Յակոբ Խաչերեանը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի հերթապահ Տարօն Տէր Խաչատուրեանը:   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Սփիւռքի եւ յատկապէս Գալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած հարցեր, նաեւ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ Լիբանանի հայութեան օժանդակութեան գծով կատարուող աշխատանքներուն:

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Բ.Ը.Մ.Ի ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Երեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Ժերար Թիւֆէնքճեանը: Հ.Բ.Ը.Մ.ի ատենապետը լայն զեկոյց տուաւ Նորին Սրբութեան երկրէն ներս Միութեան կատարած աշխատանքներուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:   Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի պատմական գործակցութեան եւ անոր անդամներուն կողմէ Կաթողիկոսարանին կատարուած…

ԼԵՀԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Շաբաթ, 14 Օգոստոս 2021-ի առաւօտուն, Լիբանանի մօտ Լեհաստանի դեսպան Փրիմիսլաօ Նիսիոլովսկի այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: Դեսպանին կ՚ընկերանային դեսպանատան հիւպատոսը, Լեհաստանի մշակութային նախարարութեան տնօրէնուհին եւ Լեհաստանի հայկական գաղութի ներկայացուցիչ Մաթէ Պօղոսովիչ:   Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Լիբանանի եւ Լեհաստանի յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լեհաստանի եւ Հայաստանի, Լեհաստանի հայկական գաղութի ներկայ իրավիճակին եւ մշակոյթի նախարարութեան…

ԱՍՏՈՒԱԾԱՄՕՐ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԵՒ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐԸ ՆՇՈՒԵՑԱՆ ՀԱՄԱՆՈՒՆ ՎԱՆՔԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

Լիբանանի ներկայ տագնապալի պայմաններուն մէջ չենք կրնար մեր աղաչական հայեացքը երկինք չյառել՝ խնդրելու եւ աղերսելու Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։ Հաւատացեալ ուխտաւորը իր հայեացքը հաւատքով ուղղելով Աստուածամօր փրկարար դերին պիտի կարենայ դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէր. իսկ հաւատքը մշտական վերանորոգման ընթացքի մէջ ըլլալով, եկեղեցին կը ստանձնէ այդ պատասխանատուութիւնը եւ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարէ իր հոգեպարար արարողութիւններուն եւ հոգեթով քարոզախօսութիւններուն…

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ուրբաթ, 13 Օգոստոս 2021-ին, յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը եւ Վատիկանի մօտ Լիբանանի Հանրապետութեան դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Ալ-Խազէնը։   Հայաստանի դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան եւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր։   Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպանին հետ Նորին Սրբութեան ունեցած հանդիպման առանցքը վերջերս Վատիկանի…

ԱՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ԽՆԿՕՐՀՆԷՔ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Սուրբ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով, 9-13 Օգոստոս 2021-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան մէջ տեղի ունեցաւ աղօթասացութեան եւ հոգեւոր խորհրդածութեան շարք մը, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքին։   Արդարեւ, յիշեալ դասախօսութեանց վերջին օրը՝ այսօր, Ուրբաթ, 13 Օգոստոսին, միաբան հայրերու կողմէ եւ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ

Առնուած «Ազդակ»էն   «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՆՔ ԿԸ ՆԿԱՏԵՆՔ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 11 Օգոստոսին՝ առաւօտեան ժամը 10։30-ին այցելեց Պուրճ Համուտ եւ Ազգային Առաջնորդարանին «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հայ երեսփոխաններուն եւ նախարարի պաշտօնակատարին, լիբանանահայ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային Իշխանութեան անդամներուն, պետական պաշտօնեաներուն, մշակութային,…

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Մ.Ա.Ե.Խ.-Ի ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) Գործադիր Վարչութեան ժողովը առցանց գումարուեցաւ 3 Օգոստոս 2021-ին։ Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցան Ծոցի Երկիրներու Եկեղեցիներու Խորհուրդի ատենապետ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջ-եկեղեցական յանձնախումբի եւ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի Գործադիր Վարչութեան անդամ Դոկտ. Ժան Սալմանեան։   Առաջին հերթին, վաւերացուեցաւ նախորդ ժողովին ատենագրութիւնը, որմէ ետք քննարկուեցան…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՅՏՆԵՑ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏԱՀՈՂ ՄԵԾԱԾԱՒԱԼ ՀՐԴԵՀՆԵՐՈՒՆ ԳԾՈՎ

Երկուշաբթի, 9 Օգոստոս 2021-ին, Յունաստանի վարչապետին, նախագահին եւ արքեպիսկոպոսին յղած իր նամակներուն մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւն ու մտահոգութիւնը յայտնեց վերջերս Յունաստանի մէջ պատահած եւ տակաւի շարունակուող մեծածաւալ հրդեհներուն գծով։ Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ յայտնեց, որ իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէ հրդեհներուն պատճառով զոհ գացած յոյն ժողովուրդի զաւակները։

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Հինգշաբթի, 5 Օգոստոս 2021-ին, Լիբանանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտլ եւ տիկինը այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան, ուր ընդունուեցան թանգարանի նախկին տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ ներկայ տեսուչ Հոգշ. Տ. Արտաւազդ Վրդ. Շարոյեանի կողմէ։ Ներկայացնելով Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն անցած եւ սակայն յարութեամբ ոտքի կանգնած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութիւնը, հայր սուրբերը դեսպանին եւ…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՆՈՐ ԹԱՓՈՎ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շեշտէ, թէ «ընկերային ծառայութիւնը սոսկ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը չէ, այլ անոր էութեան ու կոչումին անբաժանելի մասը կը կազմէ»: Այս համոզումէն մեկնած, Նորին Սրբութիւնը միշտ կը թելադրէ թեմերուն՝ ընկերային ծառայութիւնը նկատել թեմական աշխատանքներուն կենսական մասը: Յատկապէս համաճարակի ստեղծած պայմանները, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերը մղած են առաւել շեշտելու ընկերային ծառայութեան առանցքային…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ԹԵՄԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Անցնող երկու շաբաթներու ընթացքին, յաջորդական կերպով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը առցանց հանդիպումներ ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն հետ: Հանդիպումներուն Վեհափառ Հայրապետին կողքին մասնակցեցան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետները՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան (Լիբանան) եւ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեան (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տիար Խաչիկ Տէտէեան: Թեմերուն կողմէ մասնակցեցան առաջնորդ սրբազանին հետ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒՆԵՐԸ

Երեքշաբթի, 3 Օգոստոս 2021-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց հետեւեալ այցելուները.-   ա) «Labora» քրիստոնէական ընկերային-մարդասիրական ընկերութեան տնօրէնն ու վարչական խորհուրդը, որոնք Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին իրենց կազմակերպութեան կատարած ընկերային ծառայութեան մասին։   բ) «Մասիս» մարզական միութեան վարչութիւնը, որ ընդհանուր գիծերով ներկայացուց իր գործունէութիւնը յատկապէս վերջին շրջանին՝ ընկերային օժանդակութեան մարզէն…

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՏՈՒԱՒ ՔԱՌԱՍՆՕՐԵԱՅ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԱՒԱՐՏԱԾ ՆՈՐԸՆԾԱՅ ԱԲԵՂԱՆԵՐՈՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է, 20 Յունիս 2021 թուականին, Անթիլիասի Մայրավանքի Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Դպրեվանքի աւարտական հինգ սարկաւագներու աբեղայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը։ Անոնք վերակոչուեցան Տ. Եզեկիէլ, Տ. Եսայի, Տ. Եզրաս, Տ. Եղիա եւ Տ. Երեմիա աբեղաներ։   Մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, նորընծայ աբեղաները քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջան մը անցուցին աղօթելով, խորհրդածելով, ընթերցելով եւ իրենց…

«ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ՏԱՐԻ ՄԸ ՅԵՏՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ԱՆՏԵՍՈՒԱԾ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Այս խիստ բառերով իր ընդվզումը արտայայտեց Վեհափառ Հայրապետը Cilicia TV-ին, այս առաւօտ Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հոգիներուն համար կատարուած հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք:   Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ «արդարութիւնը չի կրնար զոհը դառնալ քաղաքական նկատումներու ու անձնական հաշիւներու: Ինչ որ պատահեցաւ տարի մը առաջ, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, չի կրնար…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀՐԱՒԻՐՈՒԱԾ Է G20 ՖՈՐՈՒՄԻՆ ՈՐՊԷՍ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՍԱԽՕՍ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրաւէր ստացաւ իբրեւ գլխաւոր դասախօս մասնակցելու G20 երկիրներու պետերուն հանդիպման նախօրեակին տեղի ունենալիք միջազգային ֆորումին: Նորին Սրբութիւնը պիտի խօսի «Կրօնքին դերը տագնապներու լուծման գծով յատկապէս արաբական աշխարհին մէջ» նիւթին շուրջ:   G20 Ֆորումը տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին մէջ, 12-14 Սեպտեմբեր 2021-ին, որուն պիտի մասնակցին կրօնական, գիտական, տեղեկատուական, ակադեմական…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՆՆ ՈՒ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆ

Հինգշաբթի, 29 Յուլիս 2021-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան դիւանը եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնուհին այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ։   Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին, առաջին հերթին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ հօր՝ հաստատելով, որ անցնող երկամեակին Համազգայինը յատուկ կերպով վայելած է Արամ Ա. Կաթողիկոսին հայրական…

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երկուշաբթի, 26 Յուլիս 2021-ին, Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու հովանաւորութիւնը վայելող ամառնային ծրագիրի աշակերտները, թիւով 65, ընկերակցութեամբ ուսուցիչներուն, ուղղուեցան Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանք՝ այցելելու Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ստնալու անոր օրհնութիւնը:   Վեհափառ Հայրապետը ծանօթացաւ ամառնային ծրագիրի դպրոցի աշխատանքներուն, որմէ ետք աշակերտները մտերմիկ զրոյցով մը ծանօթացան Նորին Սրբութեան առօրեային եւ նախասիրութիւններուն:   Դպրոցի աշակերտութիւնը, բաժնուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՏՈՐՆԵՐՈՒ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱԶՄԻ ԱՄՓՈՓԻՉ ՆԻՍՏ

Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25-ամեակի նուիրուած հրատարակութեան խմբագրական կազմի ամփոփիչ նիստը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 23 Յուլիս, 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ։   Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը։ Կը մասնակցէին խմբագրական կազմի անդամներ՝ Գերշ. Տ. Վարուժան Արք․ Հերկէլեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք․ Սարգիսեան, Արտեմիս Հացագործեան, Շահան Գանտահարեան եւ Վիգէն Աւագեան։   Ժողովը քննեց հատորներու բովանդակութեան…

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՈՒ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻ ՄԷՋ

1931-ին հաստատուած Կաթողիկոսարանի մատենադարանը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին անմիջական հսկողութեամբ եւ մատենադարանապետ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ վերակազմակերպման ընթացքի մէջ է։ Այս աշխատանքին նիւթապէս կ՚օժանդակէ Կաթողիկոսարանի բարերարներէն մին։ Վեհափառ Հայրապետը յաճախակի կերպով կ՚այցելէ մատենադարան՝ մօտէն հսկելու այդտեղ կատարուող աշխատանքներուն։   Յայտնենք, որ յառաջիկայ ամսուան ընթացքին մատենադարանին բացումը տեղի պիտի ունենայ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ

Շաբաթ, 17 Յուլիս 2021-ին, Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հետեւեալ հանդիպումները ունեցաւ.-   — Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէին հետ։ Քննարկուեցան Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայ համայնքի կառոյցներու աշխատանքներուն առաւել կենսաւորման եւ կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան առնչուած հարցեր։   — Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխ կառավարիչ Ալէքս Մուրատեանի հետ։ Փոխ կառավարիչը Վեհափառ Հայրապետին պարզեց Լիբանանի դրամատնային աշխատանքներուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԸ

Ուրբաթ, 16 Յունիս 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանը: Հայաստան ու Արցախ մեկնելէ առաջ, ան եկած էր Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրութիւնները իմանալու: Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցի աշխատանքներուն, որոնց նպատակը նպաստել է Հայաստանի, Արցախի ու Սփիւռքի հզօրացման եւ մեր ազգին իտէալներու իրականացման:

ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 12 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ:   Նորին Սրբութիւնը Հայրական սիրով ու օրհնութեամբ ողջունեց միաբան հայրերը՝ մաղթելով, որ ամրանյառաջիկայ ամիսները օրհնաբեր շրջան մը դառնայ մեր Ս. Աթոռին, միաբանութեան, մեր եկեղեցւոյ ուժողովուրդին համար: Վեհափառ Հայրապետը դարձեալ յիշեցուց, որ մեր Ս.…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄՕՏ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ԴԵՍՊԱՆԸ

Երկուշաբթի, 12 Յուլիս 2021-ին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան Սիմոն Քարամը։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն իմանալ Վեհափառ Հայրապետին արժեւորումը վերջերս Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի հոգեւոր պետերուն հանդիպման շուրջ։ Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ բացատրութիւնները տուաւ Սիմոն Քարամին՝ շեշտելով Վատիկանի ամբողջական յանձնառութիւնը կարգ մը…

«ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԱՂՕԹՔՆԵՐՈՒՆ» ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Խոսրով եպիսկոպոս Անձեւացիի «Մեկնութիւն Պատարագի Աղօթքներուն» գիրքը, զոր աշխարհաբարի վերածած է հոգելոյս Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան։ Այս հրատարակութիւնը կը պատկանի Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ խմբագրուած է Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի կողմէ։   Ս. Պատարագի աղօթքներուն փրկչական զօրութիւնը ներկայացնելու կողքին,…

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 11 Յուլիս 2021-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, տօնախմբուեցաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի եւ հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն երրորդը՝ Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան Ս. Տօնը:   Պայծառակերպութեան տօնին Ս. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան: Սրբազանը քարոզի մեկնակէտ…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԷՄՔԵՐ

Ուրբաթ, 9 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին Լիբանանի Խորհրդարանի փոխ նախագահ Էլի Ֆրզլի, Նախագահական Պալատի տեղեկատուական հարցերու նախկին պատասխանատու Ժան Ազիզ, Ուաշինկթընի մօտ Լիբանանի նախկին դեսպան Դոկտ. Ապտալլա Պու Հապիպ եւ ասորի համայնքի լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ:   Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էր Լիբանանի Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ…

ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ԿԱՐՕ ԵՒ ՍՕՍԻ ԷՇԿԻԵԱՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ «ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԻՇԽԱՆ»Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ

Հինգշաբթի, 8 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Լոս Անճըլըսի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան Կիլիկեան Իշխանի շքանշանով պարգեւատրեց տէր եւ տիկին Կարօ եւ Սօսի Էշկիեանը: Յայտնենք, որ Կարօ Էշկիեան անցնող տարիներու ընթացքին, իր նիւթական մասնակցութիւնը բերած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ…

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԵՒ Ն.Ս. ԱՖՐԱՄ Բ. ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ

Չորեքշաբթի, 7 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ Պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. եւ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. հոգեւոր պետերուն միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էին երկու եկեղեցիները ներկայացնող եպիսկոպոսներ ու հոգեւոր հայրեր։   Հանդիպման ընթացքին թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ Պատրիարքը անդրադարձան հայ եւ ասորի եկեղեցիներու ու ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ. ԶԷՔԻԵԱՆԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 7 Յուլիս 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Կ. Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գերապայծառ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանը։   Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր պատրիարքի ընտրութեան հոլովոյթին հետ աղերս ունեցող հարցեր։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ ՄԱՂԹԵՑ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԻՆ

Վատիկանէն վերադարձին, Վեհափառ Հայրապետը Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Պապին նամակ մը յղեց իր շնորհակալութիւնը յայտնելու անոր ջերմ հիւրընկալութեան, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպման մասնակցութեան եւ Լիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ անոր ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար։   Նոյն նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծելով Վատիկանի ժողովին աշխատանքը՝ ըսաւ, որ ա) անիկա գործնապէս արտայայտեց եկեղեցիներու սերտ գործակցութիւնը հասարակաց մտահոգութիւններուն…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՏՐՈՒԱԾ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՊԻՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՄԻՋԵՒ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾ ԺՈՂՈՎԻՆ

«ՇՈՒՏԱՓՈՅԹ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅ ՎՏԱՆԳԱԼԻՑ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԴԷՊԻ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒՄ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՂ ԱՌԱՋԻՆ ՔԱՅԼՆ Է» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ   Հինգշաբթի, 1 Յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ եւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման առաջին նիստին դասախօսութիւն տուաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Պապի փափաքին, «Լիբանանի Ընկերաքաղաքական Ներկայ Կացութիւնը Եւ Անկէ Դուրս Գալու Կարելիութիւնները» նիւթին…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Իր Վատիկան միօրեայ կեցութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապին եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հետ տեղի ունեցած ժողովին առընթեր, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ունեցաւ շարք մը այլ հանդիպումներ.-   1) Երկար հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ քարտինալ Քոխին հետ՝ էքիւմէնիք շարժումին պարզած ներկայ կացութեան եւ անոր նոր թափ տալու կարելիութիւններուն մասին։ Միջ-եկեղեցական շարժումին ապագային առնչուած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԽՆԴՐԵՑ ՆՈՐԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՖՐԱՆՍԻՍ ՊԱՊԷՆ ՕԳՏԱԿԱՐ ԴԱՌՆԱԼՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԳԵՐԻՆԵՈՒ ՎԵՐԱԴԱՐՁԻՆ

Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովի ընթացքին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յարմար առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին հետ առանձին անդրադարձաւ Արցախի պատերազմի հետեւանքներուն եւ յատկապէս ցարդ Ազրպէյճանի մօտ գտնուող հայ գերիներու վերադարձի հարցին: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններուն դէմ է պատերազմի գերիներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի ցուցաբերած հակաօրինական մօտեցումը: Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ…