25 April, 2022

«ՇՆՈՐՀԱԼԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵՑ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐԱԿԱՆ ԵՐԹԸ

Հայոց Ցեղասպանութեան 107 ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնները ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութին մէջ սկիզբ առին Պիքֆայայի Ս. Աստուծածին Վանքի եւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ սկաուտական հսկումներով, յաջորդ օրը դարձեալ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած երիտասարդկան-ուսանողական միութիւններու կազմակերպած հաւաքով, ապա ժողովրդային քայլարշաւով՝ Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիասի Մայրավանք, սրբոց նահատակաց նուիրուած Ս. Պատարագի մատուցմամբ եւ բարեխօսական կարգով, հուսկ ոգեշնչող եւ օրուան խորհուրդը իր մէջ պարփակող Հայրապետական պատգամով եւ վերջապէս իր աւարտին հասաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին սրտերը լեցնող եւ հայկականութեամբդ արբեցնող ազգային երգերու համերգով։

 

Առ այդ, Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, դպրեվանեցիներու, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան, ազգային ու քաղաքական կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հայրենասէր ու ազգասէր հայորդիներու, «Լիքաա» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբին ազգային երգերու համերգը՝ ձօնուած Հայոց Ցեղասպանութեան 107 ամեակին, խմբավարութեամբ Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։

 

Համերգը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի ու Արցախի քայլերգներով, ճոխացաւ ու խանդավառուեցաւ ազգայնաշունչ ու ժողովրդային երգերով եւ իր գագաթնակէտին հասաւ ամբողջ հայ ազգը ի մի խամախմբուելու եւ ազգային մարտահրաւէրները քաջութեամբ ու արիութեամբ դիմագրաւելու կոչող «Հայե՜ր, միացէ՛ք» ազգայնաշունչ ու մարտական երգով։

 

«Հիանալի, սքանչելի եւ կարելի է այլ ածականներ եւս շարել՝ բնորոշելու, բնութագրելու ու նկարագրելու համար այս գեղեցիկ համերգը» Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ հայրական խօսքը այս բառերով սկսաւ։ Խօսելով մեր ազգային երգերու արժէքներուն մասին եւ պահանջատիրական պայքարին մէջ անոնց ունեցած ազդեցութիւնը մեր ժողովուրդի զաւակներու ապրումներուն վրայ՝ Հայրապետը ըսաւ, որ Ցեղասպանութենէն ետք տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ մեր սերունդները այս երգերը երգեցին ու այս երգերով ներշնչուեցան ու կազմաւորուեցան՝ ազատ ու անկախ եւ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի երազը ունենալով մեր կեանքին առջեւ։

 

Ապա, Հայրապետը իր խօսքը ուղղելով խմբավար հայր սուրբին եւ երգչախումբի ու նուագախումբի անդամներուն՝ բարձր գնահատեց անոնց կատարումը, նուիրուածութիւնը եւ զոհողութիւնը, նկատի առնելով Լիբանանի ներկայ ընկերային-տնտեսական տագնապները։ Անդրադառնալով անդամներուն կատարողութեան, Նորին Ս. Օծութիւնը գնահատեց անոնց այնքա՜ն ներշնչումով, նոյնիսկ տագնապով երգելու եւ նուագելու ապրումները։ Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ այսօր Ապրիլ 24 է. ան մէկ պատգամ ունի մեզի փոխանցելիք՝ «միացէ՛ք, հայեր». ուստի, ան հրաւիրեց բոլոր ներկաները, մեր պահանջատիրական ոգին արտայայտող ու պայքարի կամքը հզօրացնող «հայե՜ր, միացէ՛ք» ազգայնաշունչ երգը միահունչ եւ միաբերան երգելու։