22 April, 2022

«ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ»ԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՌՑԱՆՑ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

«Սփիւռքի Տարի» հռչակելէ ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անմիջապէս նախաձեռնեց գործնական քայլերու։ Այս ծիրէն ներս տեղի կ՚ունենան զանազան շրջանակներու հետ խորհրդակցական հանդիպումներ։ Արդարեւ, Երեքշաբթի, 19 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, առցանց խորհրդակցական հանդիպում կայացաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ զանազան երկիրներու մէջ գործող 30-է աւելի երիտասարդներու հետ, որոնք գործօն մասնակցութիւն ունին իրենց գաղութներուն մէջ։

 

Նիստին նախագահեց Նորին Ս. Օծութիւնը, իսկ նիստը վարեց Արազ Գոճայեան։ Բացման խօսքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր մտածումներն ու պատկերացումները փոխանցեց երիտասարդներուն։ Ան դրուատեց անոնց դրական ներգրաւուածութիւնը իրենց գաղութներուն մէջ եւ նախանձախնդրութիւնը գաղութներու վերանորոգման՝ ընդգծելով, որ ընկերութիւն մը չի յառաջդիմեր առանց երիտասարդութեան, որ ընկերութեան արիւնն է, ներկան է եւ ո՛չ միայն՝ ապագան։ Անդրադառնալով Սփիւռքին առնչուած խնդիրներուն՝ Հայրապետը պարզեց մարտահրաւէրները եւ լուսարձակի տակ առաւ վերակազմակերպման աշխատանքներուն հրամայականը՝ երիտասարդներուն գործօն մասնակցութեամբ։ Նկատի ունենալով, որ Սփիւռքը թէ՛ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով յառաջացած եւ թէ՛ Հայաստանի տնտեսական տագնապէն մղուած արտագաղթած հայորդիներէ բաղկացած է, ինքնանպատակ վիճակ մը չէ եւ մնայուն շարժումի մէջ է. հետեւաբար, ճիշդ չէ ընդհանրական մօտեցումներով քննել եւ արժեւորել Սփիւռքը, որուն գաղութներուն միջեւ հասարակաց գիծը հայկական ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնն է։ Ինչ կը վերաբերի երիտասարդութեան շօշափելի դերակատարութեան, ան քաջալերեց, որ երիտասարդութիւնը հետեւողի դերէն դուրս գայ, միաժամանակ նաեւ ընդգծելով, որ սորվողի դերին մէջ ըլլալը կարեւոր է, սակայն երբեք չի նշանակեր կրաւորական կեցուածք ունենալ։ Աւարտին, Հայրապետը ըսաւ, որ տուեալ առցանց խորհրդակցութեան նպատակն է լսել երիտասարդները, իմանալ անոնց դժուարութիւնները, ակնկալութիւնները, խօսիլ անոնց ընելիքներուն մասին, մանաւանդ համաշխարհայնացած եւ թուային աշխարհին ու անցակապատ ընկերութեան մէջ մեր ինքնութիւնը պահելու ու պահպանելու ուղիներուն մասին։

 

Ապա, խօսք առին մասնակիցները եւ անդրադարձան իրենց յուզող հարցերուն։ Անոնք դրին մայրենի լեզուին օգտագործման նուազումին եւ օտար լեզուամտածողութեան հարցը, ուղղագրութեան անբաւարար իմացութեան պատճառով առցանց հաղորդակցութեան մէջ հայատառ հայերէնի օգտագործման պակասը, ընկերային ցանցերու վրայ Հայաստան-Սփիւռք յաճախ իրար չհասկնալու պատճառով իրար հակասելու խնդիրը, օտար վարժարան յաճախելու անպատեհութիւնները, արհեստագիտութեան անբաւարար օգտագործումը, երիտասարդութեան մօտ ինքնաճանաչման պակասը, Արցախեան վերջին պատերազմի պատճառով երիտասարդութեան մօտ յուսալքման խնդիրը, ղեկավարութիւն-երիտասարդութիւն յարաբերութիւններու խնդիրները՝ մեկնած հնամաշ հաղորդակցութեան միջոցներէն եւ սերնդային մեծ տարբերութիւններէն, տնտեսական իրավիճակի հետեւանքով գաղութը լքելու հարցը։ Յիշեալ քննարկումներուն լոյսին տակ երիտասարդները նաեւ հանդէս եկան առաջարկներով՝ կրթական, կազմակերպչական, արհեստագիտական եւ եկեղեցական մարզերու առնչութեամբ։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ բարձր գնահատեց մասնակիցներուն շինիչ ներդրումը եւ այդ գծով իր մտածումներն ու խորհուրդները փոխանցեց անոնց՝ ընդգծելով, որ այսօր չենք կրնար խուսափիլ համաշխարհայնացման մշակոյթէն, սակայն այս իրողութեան դիմաց հարկ է հասկնալ ու ըմբռնել մեր ինքնութիւնը, որ հիմնուած պէտք է ըլլայ արժէքներու եւ խարսխուած՝ իտէալներու վրայ. ուստի, հարցադրումներու ճամբով անդրադարձաւ հայ ըլլալու չափանիշներուն ներկայ դարուն մէջ եւ առաջարկեց մտածել համակարգ մը յառաջացնելու մասին, որ մեզ ո՛չ կը հեռացնէ ներկայ ընկերութենէն եւ ոչ ալ կը կղզիացնէ, այլ ներքին յարակցութիւն մը կը ստեղծէ երկուքին միջեւ։ Իր խօսքի աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը քաջալերեց երիտասարդրնեը շարունակել մասնակցութիւն բերել մեր հաւաքական կեանքին՝ դիտել տալով, որ իւրաքանչիւր կազմակերպութիւնը կամ կառոյց պէտք է վերանորոգման ընթացք մը ճշդէ, որպէսզի դառնայ ներկայ աշխարհի պահանջներուն համահունչ։

 

Նշենք, որ խորհրդակցական հանդիպումները պիտի շարունակուին տարբեր ոլորտի մասնագէտներու շրջանակներու հետ։