5 July, 2022

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՆՇՈՒՄ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին, Շաբաթ, 2 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 07:30-ին, Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 25 ամեակին (2020-ին համավարակին պատճառով կարելի չէր եղած նշել Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 25 ամեակը) նուիրուած ձեռնարկ` ներկայութեան Լիբանանի եւ Սփիւռքի տարածքին գտնուող թեմակալ առաջնորդներու, նախկին եւ ներկայ նախարարներու, պետական երեսփոխաններու, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան եւ Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութեան, միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, քահանայ հայրերու եւ հրաւիրեալներու:

Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, անցնող քառորդ դարուն, մեր ժողովուրդին կեանքը լեցուց մեծ իրագործումներու տենդով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Ս. Աթոռին շնորհեց փառքի տարիներ` վերյիշեցնելով ներկաներուն այն օրերը, երբ մեր ժողովուրդը կրցաւ յայտնաբերել այն հոգեւոր առաջնորդը, որ մեր միջավայրի դժուարին պայմաններուն մէջ ո՛չ միայն կրցաւ երաշխաւորել Ս. Աթոռին երթը, այլ նաեւ կրցաւ զայն նոր փորձառութեամբ ճոխացնել եւ աւելի հաստատ, աւելի փառաւոր ու աւելի հեղինակաւոր պայմաններու մէջ փոխանցել յաջորդող սերունդներուն:

Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ ժողովուրդը գիտցաւ, թէ Արամ Ա. Կաթողիկոսով Անթիլիասի ամպամած երկնակամարին վրայ նոր արշալոյս մը պիտի բացուի, որովհետեւ Հայրապետական Ս. Աթոռը եւ եկեղեցւոյ շինութեան գործը ապահովաբար կարելի է վստահիլ այն հոգեւոր առաջնորդին: «Հայ եկեղեցւոյ կանչով առաջնորդուած, Արամ Ա. Կաթողիկոս, չվարանեցաւ ստանձնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հայրապետական Ս. Աթոռը ոտքի պահելու ու մեր ժողովուրդը հովուելու սրբազան պարտականութիւնը: Ան գիտէր, որ անոնք, որոնք զինք այդ ծանրագոյն պարտականութեան կը կանչէին, այդ կը կատարէին յանուն Աստուծոյ եւ յանուն մեր ժողովուրդին: Անկասկած, Վեհափառ Հայրապետը նաեւ լաւ գիտէր, որ ծառայութեամբ միայն կարելի է քալել հայ եկեղեցւոյ ճամբաներէն: Ուստի, հայրապետական սուրբ օծում ստանալով, ան իր տաղանդին լաւագոյնը ընծայեց մեր եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործին` իր ճակտին վրայ ամէն տեղ շքեղօրէն փայլեցնելով հայ եկեղեցւոյ Ս. Միւռոնին ճառագայթը», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Առաջնորդ սրբազան հայրը նշեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին հաւատքի մարդուն քով միշտ տիրականօրէն ներկայ եղաւ միտքի մարդը, միտքի մարդուն քով միշտ յայտնուեցաւ սրտի ու հոգիի մարդը եւ այդ բոլորը գեղեցկօրէն իրար զօդող հոգեւորականն ու հայ մարդը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը դիտել տուաւ, որ Վեհափառ Հայրապետը ո՛չ միայն պահեց եւ պաշտպանեց իրեն յանձնուած եկեղեցւոյ քանքարը, այլեւ ճոխացուց ու երիտասարդացուց մեր միաբանութեան շարքերը, նոր ժամանակներու լոյսով հարստացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործունէութիւնը, նոր որակ ու նոր մղում տուաւ անոր ծառայական առաքելութեան, որպէսզի Անթիլիասը մնայ մեր ազգի բարձրագոյն ձգտումներուն կեդրոնը: «Իբրեւ լայն տեսողութեան տէր եւ մեր ազգի իտէալներուն ու երազներուն տեսարանը կենդանի պահող առաջնորդ, Վեհափառ Հայրապետը Անթիլիասը մեր արդար դատին ու մեր ազգային ուխտին յառաջապահը հռչակեց, որպէսզի մեր ժողովուրդը գիտակցօրէն տեսնէ ապագայի ձգտումներուն տանող իր ճամբան», հաստատեց Գերաշնորհ Սրբազանը:

Առաջնորդ սրբազանը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ անցնող տասնամեակներու դժուարութիւններն ու տագնապները, որոնք յայտնուեցան մեր կեանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը ո՛չ միայն չտարակուսեցաւ, այլ նաեւ իբրեւ քաջ հովուապետ, մեր ժողովուրդին կողքին մնալու յանձնառու կեցուածքով, իր հայրական սէրն ու հոգածութիւնը տարածեց բոլորին վրայ եւ իր զաւակները սփոփելով յուսադրեց, որպէսզի մեր կեանքին մէջ վհատութեան եւ երկչոտութեան տեսարաններ չպարզուին. իբրեւ վարչական աշխատանքի ղեկավար, տարիներ շարունակ ան իր միտքի շնորհներով ու տեսութիւններով մեր միջավայրն ու միջ-եկեղեցական ու միջազգային հորիզոնները լեցուց եւ գործեց մեծ վաստակաւորներու եռանդով` անձանձրոյթ եւ անխորտակ ճիգով դառնալով ժամանակակից հեղինակաւոր դէմքերէն:

Եզրափակելով իր խօսքը՝ սրբազան հայրը ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին 27 տարիներու բեղուն վաստակը` հաստատելով, որ այս տարիներուն, իբրեւ առոյգ եւ կորովի Հայրապետ, Նորին Ս. Օծութիւնը մնաց պատնէշի վրայ անխախտ ու անխորտակ ճիգով, որպէսզի անխարդախ ճանապարհ ցոյց տայ մեր ազգին, որուն կէսէն աւելին Սփիւռք է այսօր: Ան հաստատեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որ իր գոյութեան իրաւունքն ու հեղինակութիւնը կը ստանայ մեր ուխտապահ ժողովուրդի հաւատքէն ու անսահման սէրէն, ամրօրէն իր տեղն ու կշիռը կը պահէ հայութեան սրտին մէջ, որովհետեւ Հայրապետական մեր Ս. Աթոռին հաւատքի ամուր եւ կենդանի պահապանները հանդիսացած են Վեհափառ Հայրապետին օրինակով այնպիսի նուիրեալներ, որոնք մեր ժողովուրդին կեանքը լեցուցած են Աստուծոյ պաշտամունքին լոյսովն ու մեր ազգի մշտնջենաւորութեան հաւատքովը:

Ապա, բեմ բարձրացան Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի», «Նարեկացի» եւ «Արմաշ» երգչախումբերը, որոնք, ղեկավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի եւ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի («Արմաշ»), Համբիկ Մարտիրոսեանի («Շնորհալի») եւ Գէորգ Սոլաքեանի («Նարեկացի»), անջատաբար ու միասնաբար մեկնաբանեցին «Խաղաղ գիշեր», «Հայրենի կարօտ», «Օրօր», «Նարօ ջան», «Սեւ ամպերը», «Քայլերգ քաջն Խանի», «Հօյ նար», «Մեղու», «Կորանի» եւ «Շուշօ» երգերը` հայ ջինջ երգին ու երաժշտութեան հաղորդակից դարձնելով ներկաները:

Խօսք առաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Յիշեցնելով, որ 1 Յուլիս 1995-ին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր անդրանիկ քարոզին մէջ հաստատեց, որ «Կիլիկեան Ս. Աթոռը պիտի ծառայէ մէկ եկեղեցի, մէկ ժողովուրդ եւ մէկ հայրենիքի տեսիլքով», ան նշեց, թէ անցնող 27 տարիներն ու անոնց ընթացքին տարուած գործունէութիւնը արդէն վկայութիւն է, որ ինչ որ կատարուեցաւ, կատարուեցաւ ի խնդիր հայ եկեղեցւոյ, հայու հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին:

Յակոբ Բագրատունի դիտել տուաւ, որ տագնապալի ժամանակներու մէջ կ՚ապրի համայն հայութիւնը, յանձնուած է Արցախը, վտանգուած է Հայաստանը, հոգիի տկարութիւնը բոյն դրած է աշխարհասփիւռ հայ մարդուն մօտ, նաեւ վիրաւոր են Կիլիկեան Ս. Աթոռի պատմական թեմերը` Լիբանանն ու Սուրիան եւ խուճապի, յուսալքումի, հիասթափութեան, տնտեսական տագնապի, արժէքային համակարգի քանդումի, հայութենէ օտարութեան հոսքի, օտարացումի, օտարը կապկելու, եկեղեցւոյ եւ ազգային աւանդներուն հանդէպ հաւատքի նահանջի, երիտասարդութեան կղզիացումի կամ ինքնամփոփումի, հաւաքականութենէ դուրս անհատակեդրոնութեան ընդհանուր վտանգաւոր երեւոյթներ կը սաւառնին համայն հայութեան երկնակամարին վրայ։ Այս մթագնած երկինքին տակ, երբ կը վերադառնանք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 27 տարիներու գործունէութեան եւ առաքելութեան հիմքերուն ու մանրամասնութիւններուն, կը գտնենք յոյսը, ճամբու քարտէսը, վերականգնումի եւ դարձեալ վերընձիւղուելու հորիզոնները: «27 տարիներ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամենայն Հայոց Հայրապետը Կաթողիկոսական գահին վրայ, հաւատարիմ իր ուխտին, եղաւ ծառան իր ժողովուրդին, հայրենիքին եւ եկեղեցիին: Պահեց հայ եկեղեցւոյ միասնականութիւնը: Քարէն անդին, եկեղեցին տարաւ դէպի ժողովուրդ եւ հայ եկեղեցւոյ հաւատքը սփռեց համայն հայութեան: Եղաւ հո՛ն, ուր կարիքը կար: Եղաւ հո՛ն, ուր եկեղեցին ամրացման, զարգացման, հիմերու ամրապնդման կարիքը ունէր: Պահեց հաւատքը, պահեց եկեղեցին, զայն ծանօթացուց միջեկեղեցական թէ ոչքրիստոնեայ այլ կրօններուն», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի: Ան շեշտեց, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս դարձաւ ժողովուրդի՛ն կաթողիկոսը ու հասաւ ամէնուրեք, խօսքէն անդին գործով, անխտիր բոլոր հայերուն, առանց դաւանական թէ գաղափարական տարբերութեան: «Կիլիկեան Ս. Աթոռի գահակալին կատարած խոստումը` ծառայելու մէկ հայրենիքի, եղաւ 27 տարիներու գործունէութեան երրորդ յենակէտ-կիզակէտը: Մէկ հայրենիք` համայն հայութեան համար: Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, եռեակ միասնութեամբ, իւրաքանչիւրը առանձին միւսին համար եւ երեքը միասին` հայ ազգին համար: Հայրենիքի եւ հայրենիքի գաղափարի զօրացման համար ոչ մէկ ճիգ խնայեց, անոնց գոյատեւման, կայունացման, հզօրացման ի խնդիր ո՛չ մէկ ընկրկում ընդունեց: Ամէնէն դժնդակ պայմաններուն մէջ բախեց աշխարհի որոշումի մայրաքաղաքներուն դռները, հետապնդեց, պահանջեց, պատասխանատուութեան հրաւիրեց, միշտ բարձր պահեց հայու հայրենիքին պայծառութիւնը եւ պահանջեց յարգանք ու պատասխանատուութեան ստանձնում»։

 

Հայ ժողովուրդի դարաւոր իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ վերատիրացման պահանջին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս եղաւ գլխագիր անզիջող Հայրապետը: Բագրատունի նշեց, որ ո՛չ միայն կրօնական, պետական, քաղաքական կամ դիւանագիտական շրջանակներու մէջ հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնը եւ անոր իրաւունքներու վերատիրացումը արծարծեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը, այլ նաեւ իրաւական մակարդակի բարձրացուց հայոց պահանջատիրութիւնը` դատական հարցի վերածելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի կալուածները իր իրաւատիրոջ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերադարձնելու վճռական պահանջը:

Յակոբ Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ այն, որ Լիբանանի մէջ ըլլալով բախտը ունեցած ենք աւելի մօտէն ճանչնալու Լիբանանի նախկին առաջնորդ մեր Վեհափառը: «Իր առաջնորդութեան ժամանակահատուածը զուգադիպեցաւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դաժան օրերուն: Մեզի հետ էիք, Վեհափա՛ռ Հայրապետ, հայկական թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան գործին, ռմբակոծումներուն տակ միասնաբար ապրելով, վերականգնումի աշխատանքը ղեկավարելով: Մեզի հետ էք նաեւ այսօ՛ր, Լիբանանի հայութեան հետ մէկ ըլլալով, անոր ցաւը բաժնելով ու լիբանանահայուն վէրքերուն բալասանը ըլլալով: Մեր կողքին գտանք Ձեզ, երբ Պէյրութի ահաւոր պայթումին գործած հարուածի ուժգնութենէն կը փորձէինք սթափիլ եւ հասնիլ մեր հայորդիներուն, պայթումէն անմիջապէս ետք Դուք Պուրճ Համուտ էիք` ձեր վիրաւոր զաւակներուն կողքին, անոնց ոյժ ու կորով ներշնչելով, յոյս տալով եւ զանոնք գօտեպնդելով», ընդգծեց ան:

Անդրադառնալով Արամ Ա. Կաթողիկոսի յատկանիշներուն՝ Բագրատունի ըսաւ. «Անխոնջ աշխատող, բծախնդիր ու պահանջկոտ, յարգալիր եւ յարգուած, անյագ ու մնայուն ընթերցող, անցուդարձերուն մօտէն հետեւող, բացառիկ ժողովական, արտադրող միտք, սահուն ու արգասաբեր գրիչ, խիստ, բայց ընդհանրական գործին համար ճկուն, երեւոյթներէ եւ պղպջակներէ անդին խորքայինը արժեւորող եւ խորաթափանց, երիտասարդութեան եւ վերանորոգութեան հաւատացող, արդիականութեան հետ քայլ պահող, բայց զայն հայկական արժէքներու պատշաճեցնող մեծ հոգեւորականն է Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը. բայց մանաւանդ մեծ է անոր սիրտը, հայուն ցաւով կոտտացո՛ղ սիրտը»:

Աւարտին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի մաղթեց, որ Վեհափառ Կաթողիկոսը մնայ առողջ, ուժեղ ու խիզախ, նաեւ անոր մաղթեց արեւշատութիւն, երկար կեանք, բեղուն գործունէութիւն, անկոտրում կամքի պահպանում եւ Հայրապետէն խնդրեց, որ աղօթէ «մեզի` տկարներուս համար, որպէսզի զօրանանք մեր հաւատքին, վճռականութեան եւ հոգիներուն մէջ, որպէսզի կարենանք աւելիով զօրակցիլ Ձեզի»:

Գեղարուեստական բաժինով կրկին բեմ բարձրացան «Շնորհալի», «Նարեկացի» եւ «Արմաշ» երգչախումբերը այս անգամ մեկնաբանելով «Ամպեր», «Դալիլօ», «Բամբ որոտան», «Գիւղի առտուն», «Ծնկըլը մնկըլը», «Երգանուագ», «Ռազմերգ», «Նանոր» երգերը:

 

Հանդիսութեան աւարտին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը իր հայրական խօսքին մէջ գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ զինք արժանի նկատեց իբրեւ Կաթողիկոս ծառայելու հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին։ Ան իր շնորհակալութեան խօսքը յայտնեց մեր ժողովուրդին, որ զինք հրաւիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը կենսագործելու, մեր ազգի եւ հայրենիքի պատմութեան վճռադրոշմ ժամանակաշրջանին: Վեհափառ Հայրապետը նկատել տուաւ, որ 27 տարիներ շարունակ քալած է Աստուծոյ, եկեղեցւոյ եւ ազգին ծառայութեան ճամբէն` աղօթքով ու հաւատքով զօրացած: «Քալեցի այդ ճամբէն մեր Ս. Աթոռին, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին ու հայրենիքին ընդհանրական եւ գերագոյն արժէքները եւ սկզբունքները ամէն բանէ վեր նկատելով: Եկեղեցւոյ, ազգին ու հայրենիքին ծառայելը նուիրական կոչում է ու սրբազան պարտաւորութիւն, զոր փորձեցի իրագործել պատասխանատուութեան ոգիով, անմնացորդ նուիրումով եւ ամբողջական սիրով: Եթէ սխալներ գործեցի, կամայ թէ ակամայ, թող Աստուած ներէ: Եթէ թերութիւններ ունեցայ, կամայ թէ ակամայ, թող մեր ժողովուրդը ներէ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Ան նկատել տուաւ, որ բարձր գագաթներ նուաճելու յանձնառութեամբ փորձած է մեր Ս. Աթոռին առաքելութիւնը հարստացնել նորանոր իրագործումներով, զայն բանալով նոր մարզերու ու հորիզոններու եւ բոլոր պայմաններուն ու տագնապներուն դիմաց իր կեանքի նպատակը եւ արժեչափը նկատած է ծառայութիւնը միայն:

Շարունակելով իր խօսքը` Վեհափառ Հայրապետը կատարեց երկու ընդգծումներ. «Խօսիլ կաթողիկոսին մասին կը նշանակէ խօսիլ Կաթողիկոսութեան մասին: Վեհափառը սոսկ Կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը հովանաւորող անձ չէ: Ան նոյնացած է Կաթողիկոսութեան հետ, իր կեանքն ու գործը շաղախելով անոր կեանքին եւ առաքելութեան բոլոր տարածքներուն հետ: Այսպէս ըմբռնեցի եւ այս համոզումով ջանացի արժեւորել Հայրապետական գահակալութեանս տարիները` հաւատալով հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան եւ արդիւնաւէտութեան։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կեանքը կարելի է խտացնել մէկ բառի մէջ՝ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ: Սովորական ու պարագայական չեղաւ մեր Ս. Աթոռին ծառայութիւնը: Ան եղաւ ու մնաց խորք ու որակ ունեցող հետեւողական ու ծրագրուած ծառայութիւն, ժողովրդանուէ՛ր ծառայութիւն, բառին գերազանց ըմբռնումով»:

Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ ամեակները առիթներ են ինքնարժեւորումի, նաեւ հրաւէր` յառաջատեսիլ մօտեցումով բացուելու նոր հորիզոններու համահունչ նոր պայմաններու եւ իրականութիւններու: Ան հաստատեց, որ կ՚ապրինք տագնապալից ժամանակներու մէջ. Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը կը դիմագրաւեն լուրջ տագնապներ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ մեր ազգի տագնապներուն նկատմամբ եւ ինչպէս միշտ ան իր ըսելիքը եւ ընելիքը ունի՝ ազգն ու հայրենիքը տագնապեցնող խնդիրներու շուրջ: «Հակառակ մեր դիմաց կանգնող ահաւոր դժուարութիւններուն եւ մեզ շրջապատող մարտահրաւէրներուն, մենք պիտի շարունակենք մեր ծառայական առաքելութիւնը վերանորոգ հաւատքով, ամբողջական նուիրումով, հաւաքական ճիգով եւ ամուր վճռականութեամբ: Միասնական ոգին, համապարփակ մտածողութիւնը, իրապաշտ մօտեցումը եւ համահայկական տեսլականը միշտ պիտի մնան մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռին առաքելութեան մղիչ ոյժերը», եզրափակեց իր խօսքը Վեհափառ Հայրապետը:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ներկաներուն միաբերան «Կիլիկիա» քայլերգի եւ Հայրապետական մաղթերգերու երգեցողութեամբ։

More News