5 July, 2022

ՀՈԳԵՄՏԱՒՈՐ ԿԵԴՐՈՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 91-ՐԴ ՀՈՒՆՁՔԸ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը, տարագրութենէն 91 տարիներ ետք, տակաւին կը շարունակէ իր եկեղեցանուէր եւ ազգանուէր ծառայութիւնը։ Առ այդ, Դպրեվանքը 2021-2022 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը բոլորեց ընծայաբերելով դպիրներ, կիսասարկաւագներ, սարկաւագներ եւ նուիրեալ երեք կուսակրօն քահանաներ։

 

Կիրակի, 3 Յուլիս 2022-ի երեկոյեան, Պիֆքայայի Ս. Աստուածածնի Վանքին մէջ բարձրացած Եղեռնի Նահատակաց յուշարձանին լանջերուն եւ Սարդարապատի հերոսամարտի յուշահամալիրին կրկնապատկերին կողքին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ Դպրեվանքի 91-րդ հունձքին աւարտական հանդէսը, որուն ներկայ էին Կիլիկիոյ միաբանութեան հայրեր, ուսուցիչներ, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան արարողութեան համար Անթիլիասի Մայրավանք ժամանած ուխտաւորներ եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող բարերարներ ու բարեկամներ։

 

Հանդէսը սկիզբ առաւ Դպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք ներկաները դպրեվանեցիներուն կողմէ վայելեցին «Կտոր Մը Երկինք» եւ «Երկինքն Ամպել Է» երաժշտական կտորները։ Յաջորդիւ, նորաօծ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, յանուն իր օծակից եղբայրներուն, ընթերցեց աւարտական դասարանին ուղերձը, ուր երախտագիտութեամբ յետադարձ հայեացք մը նետեց ուսումնական-կրթական անխորտակելի ամրոցին՝ Դպրեվանքին մէջ իրենց անցուցած տարիներուն, որուն ընթացքին լծուած էին Աստուծոյ եւ ազգին ծառայութեան պատրաստութեան աշխատանքին։ Ան իր խօսքը շարունակեց՝ նշելով, որ սոյն վկայականով ո՛չ թէ վերջ կը դնեն ճանապարհորդութեան մը, այլ սկիզբ՝ ծառայութեան կատարելագործման նոր հանգրուանի մը։ Հայր սուրբը ըսաւ. «Կը յիշենք, թէ ինչպէս Դպրեվանքեան մեր առաջին օրերուն, Դպրեվանքի մուտքին զետեղուած երկու բառերը՝ «Խորհէ եւ Մտիր»ը, առաջնորդեց մեր քայլերը դէպի այն տունը, ուր կերտուեցանք իբրեւ մարդ եւ ծառայ։ Չենք կրնար մեր հոգիներէն ու միտքերէն անջատել «Աշակերտք Քրիստոսի» շարականին բառերը, որոնք մեզ մղեց ընտրելու այն ճանապարհը, որ մեր «ես»էն անդին՝ դէպի վեհ արժէքներու կ՚առաջնորդէ»։ Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Դպրեվանքի նախկին եւ ներկայ տեսչութեանց անդամներուն, ուսուցիչներուն, դպրեվանեցի եղբայրներուն, ծնողներուն, ինչպէս նաեւ Սրբազնագոյն Հայրապետին։

 

Գեղարուեստական յայտագիրը, խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբղ. Տէկիրմենճեանին, կը կրէր «Հաւատք եւ Հող» խորագիրը եւ սաները ասմունքներով ու երգերով հանդէս եկան՝ ներկայացնելով հայկական մշակութային պատառիկներ։

 

Գեղարուեստական յայտագիրէն անմիջապէս ետք, Դպրեվանքի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան արտասանեց 2021-2022 ուսումնական-կրթական տարեշրջանի տեսչական իր խօսքը։ «Անցնող Ուրբաթ օր, Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս ներկայ գտնուեցանք Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան՝ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին. իսկ այսօր մեր դիմաց ներկայ է Դպրեվանքը՝ իր ուսանողութեամբ եւ հունձքով։ Ահա երկու շարժառիթներ, որոնք մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ կը վերակենդանացնեն Սիսը, իր Կաթողիկոսանիստ փառայեղ Մայրավանքով, եւ միաժամանակ՝ մեր ոգեղէն էութեան մէջ անոր կտակի կանչին արձագանգումով»։

 

Տեսուչ հայր սուրբը անդրադառնալով Սիսի պարպումին եւ յետագային՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռի աճման՝ ընդգծեց. «1915-ի Ցեղասպանութեան օրերուն, Կիլիկիոյ Միաբանութիւնը կարաւան դարձած, Սրբալոյս Միւռոնի կաթսան եւ եկեղեցական ժառանգութիւնը գրկած, շքեղ Սիս քաղաքը կը պարպէր ու բռնի կերպով կը հեռանար իր սիրելի հողէն։ օրուան դէպքերուն վկայագրող Սրբազանը կը գրէր. «Կիլիկիեան Աթոռին համար պատմական արժէք ունեցող այս կարգի բոլոր հնութիւնները Սիս թողուցած, նոյն օրը ճամբայ կ՚ելլենք եւ հազիւ թէ հասած քաղաքին ծայրը՝ արկածով մը Միւռոնին ամանը կը կոտրի եւ Սսոյ նուիրական հողը՝ վերջինը ըլլալով, անգամ մը եւս կ՚օծուի Սրբալոյս Միւռոնով»։ Բոլոր անոնք, որոնք ականատես եղած են այս ահաւոր դէպքին, ինչպէս նաեւ բոլոր յաջորդող սերունդները, որոնք լսեցին անոր մասին, թերեւս մեր Կաթողիկոսութեան եւ ազգին մահուան պատկերացումը ունեցան։ Սակայն, այնպէս ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ՚ըսէ, այն հատիկը, որ հողին մէջ կը մեռնի, ան է, որ կ՚ապրի եւ նոր կեանք կ՚ունենայ:

 

«Նոյն օրինակով եւ սկզբունքով, հողին մէջ ծորած Սրբալոյս Միւռոնը, ահաւասիկ կը շարունակէ ծաղկիլ Անթիլիասի եւ Պիքֆայայի հողերուն վրայ։ Ո՞վ կրնար պատկերացնել, որ Սրբալոյս Միւռոնը Կիլիկեան հողին մէջ արցունքով ու ողբով ծածկող Միաբանութիւնն ու ժողովուրդը պիտի տեսնէր Կիլիկեան հողէն ծիլարձակուած նոր սերունդներ, նուիրուած Հայ Ազգին եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան՝ թէկուզ Կիլիկեան հողերէն հեռու։ Ահա Դպրեվանքի երիտասարդ սերունդները եւ հոնկէ խտացող Կիլիկեան Միաբանութեան շարքերու նոր ուժերը ցոյց կու տան, թէ Սրբալոյս Միւռոնը պարզապէս օրհնուած իւղ մը չէ, այլ՝ անիկա այն աստուածային շնորհքն է, որ կը մարմնաւորուի մարդուն մէջ, որպէսզի նոր աւիւն եւ սերմեր ցանէ մեր ազգին ու եկեղեցիին անդաստանին մէջ»։

 

Իր խօսքի աւարտին, հայր սուրբը իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, որ, հակառակ Հայրապետի իր ծանր պատասխանատուութիւններուն ու մտահոգութիւններուն, ոչ մէկ ճիգ խնայեց Դպրեվանքը պահելու իր լաւագոյն կարգավիճակին մէջ։ Հայր սուրբը իր եղբայրական շնորհակալութիւնը յայտնեց  տեսչական անդամներուն՝ Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանին, Հոգշ. Տ. Եղիա Աբղ. Մալխասեանին եւ Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբղ. Տեկիրմենճեանին, որոնք անձնազոհ նուիրուածութեամբ դպրեվանեցիներուն համար եղան մեծ եղբայրներ եւ արթուն հսկողներ։ Ապա, շնորհակալական խօսք ուղղեց Ս. Աստուածածին Վանքի վանահօր՝ Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեանին, որ իր բոլոր պատասխանատուութիւններուն առընթեր միշտ օգտակար դարձաւ Դպրեվանքին՝ հասնելով անոր բոլոր կարիքներուն։ Վերջապէս, ան շնորհակալութիւն ուղղեց նուիրեալ ուսուցչական կազմին, որոնք, հակառակ Լիբանանի ընկերատնտեսական ծանր պայմաններուն, ընդունեցին Դպրեվանքը որպէս իրենց հարազատ տունը եւ չզլացան դպրեվանեցիներուն ջամբել լաւագոյն կրթութիւնը։

 

Հուսկ, տեսուչ հայր սուրբը Դպրեվանքի ուսուցչապետ՝ Նորին Ս. Օծութիւն Արամ Ա. Հայրապետը բեմ հրաւիրեց, որպէսզի կատարէ վկայականաց բաշխումը եւ փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը եւ արդար հպարտութիւնը յայտնեց ի տես Դպրեվանքի հունձքին։ Հայրապետը շեշտեց Դպրեվանքին սոսկ կրթական հաստատութիւն մը ըլլալէն անդին մարդակերտ հնոց ըլլալը. «Դպրեվանքը մարդ պատրաստող հոգեւոր կեդրոն է։ Դպրեվանքը գլխագիր մարդու պատրաստութեան լծուած հոգեմտաւոր սրբավայր է։ Այսպէ՛ս եղաւ Դպրեվանքը եւ կը շարունակէ այսպէ՛ս մնալ։ Ա՛յս է Դպրեվանքին ինքնութիւնը, նկարագիրը, կոչումը»։ Անդրադառնալով Ցեղասպանութենէն ետք մարդու պատրաստութեան հրամայականին, Նորին Ս. Օծութիւնը հաստատեց, որ Դպրեվանքը Վեհափառ Հայրապետներու աջակցութեամբ, միշտ լծուած եղած է հաւատք, նուիրում, սէր եւ յանձնառութիւն ունեցող գլխագիր մարդ պատրաստելու աշխատանքին՝ աւելցնելով, որ անոնք, որոնք Դպրեվանքէն անցած են, կ՚ապրին Դպրեվանքը, որովհետեւ Դպրեվանքը անցեալ չէ, այլ միշտ ներկայ է. «ոգի է Դպրեվանքը, հաւատք ներշնչող, կամք կռանող, տեսիլք տուող սրբավայր է ան» յայտնեց ու շարունակեց, որ վկայականը ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, եթէ ատիկա պատասխանատուութեան ու յանձնառութեան չվերածուի՝ կոչումի բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ. «այս է, որ կու տայ Դպրեվանքը մեզի։ Այսպէս մենք կազմաւորուեցանք Դպրեվանքէն ներս։ Վայ այն անձին, որ վկայանով դպրոցին, Դպրեվանքին ուսման էջը կը փակէ։ Յատկապէս հոգեմտաւոր կազմաւորումը վերջակէտ չի ճանչնար. ան մնայուն ընթացք է։ Դպրեվանքը ա՛յս գիտակցութեամբ մեր մէջ պէտք է մնայ կենդանի ներկայութիւն», ընդգծեց Նորին Ս. Օծութիւնը։

 

Անդրադառնալով Դպրեվանքի առաքելութեան՝ Հայրապետը ըսաւ, որ Դպրեվանքը աշխարհ մըն է, ուր մենք կը բացուինք ներկայ ժամանակներու գիտութեան, կ՚առնենք ինչ որ անհրաժեշտ է, ինչպէս նաեւ կը բացուինք մեր ազգի դարաւոր պատմութեան. «Դպրեվանքի դասարաններէն ներս, եկեղեցւոյ մէջ, Դպրեվանքի մթնոլորտին մէջ, մեր պատմութեան միտքի ու հոգիի տիտանները կեանք կ՚առնեն եւ կեանք կու տան մեզի, կը շնչաւորեն մեզ, կը թրծեն մեզ մեր արժէքներով, տագնապներով, տեսլականով։ Դպրեվանքին մէջ ներկայ է մեր եկեղեցին, իր արժէքներով։ Դպրեվանքին մէջ նաեւ ներկայ է մեր հայրենիքը, մեր պահանջատիրութիւնը, մեր ազգը։ Դպրեվանքէն ներս այս տղաքը, ինչպէս մենք բոլորս այս ոգիով կազմաւորուեցանք։ Ծառայել Աստուծոյ, ծառայել եկեղեցւոյ կը նշանակէ ծառայել հայրենիքին, Արցախին, ազատ, անկախ ու ամբողջական Հայաստանին, ինչպէս նաեւ մեր պահանջատիրութեան։ Ասոնք բառեր չեն, խօսքեր չեն, լօզունքներ չեն, այլ կեանքի որակ եղան եւ մեր հոգեմտաւոր կազմաւորման առանցքը, մղիչ ոյժը կազմեցին»։

 

Վերջապէս, իր խօսքը ուղղելով ընծայեալներուն՝ Հայրապետը յորդորեց. «Դուք պիտի երթաք մեր ժողովուրդին, ձեր փառքը, ձեր պատիւը, ձեր պարտքը պիտի ըլլայ միայն ու միայն մեր ժողովուրդին ծառայել։ Ուր որ կարիք կայ, պահանջք կայ, հոն պիտի երթաք։ Աղքատին, հիւանդին, զրկեալին մօտ պիտի երթաք եւ պիտի տաք ինչ որ կարելի է տալ անոնց։ Դուք մեր ժողովուրդէն եկաք եւ Դպրեվանքին մէջ վերամարդացած ժողովուրդին կ՚երթաք»։

 

Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Ահաւասիկ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութեան կու գան միանալու երեք երիտասարդ նորընծաներ։ Ես վստահ եմ, որ մեր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութիւնը, իրենց ներկայութեամբ աւելի հզօրացած, աւելի կենսաւորուած պիտի շարունակէ Կաթողիկոսութեան ծառայական առաքելութիւնը՝ մեր հայրենիքին, Արցախին եւ մեր ազգի ընդհանրական եւ գերագոյն իտէալներու իրագործման։ Թող Աստուած անսասան պահէ մեր սիրելի դպրեվանքը իր կեանքով եւ առաքելութեամբ։ Թող Աստուած հզօր պահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ իր Միաբանութեամբ, ժողովական կառոյցներով, թեմերով եւ իր ժողովուրդով»։

 

Դպրեվանքի 2021-2022 91-րդ ուսումնական-կրթական տարեշրջանի հանդէսը իր աւարտին հասաւ ներկաներուն միաբերան «Կիլիկիա» քայլերգի երգեցողութեամբ։