7 June, 2022

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 25-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՏՈՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐՈԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Երկուշաբթի, 6 Յունիս 2022-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտաւորականներու հանդիպում, որուն ընթացքին ներկայացուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի հատորը, Սփիւռքի տարուան հռչակման կարեւորութիւնը եւ Նորին Սրբութեան Տէր Զօր պատմական այցելութիւնը:

 

Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց ներկաները եւ շեշտեց, թէ նման հանդիպումները անհրաժեշտ են տեսակէտներու ու մտահոգութիւններու փոխանակման եւ ընդհանրապէս մեր ազգը յուզող հարցերու քննարկման համար:

 

Մտաւորականներու հանդիպման առանցքը կազմեցին հետեւեալ երեք կէտերը.-

 

ա) Սփիւռքի տարի: Վեհափառ Հայրապետը խօսելով Սփիւռքի տարուան մասին յիշեցուց, թէ Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին կայացած մտաւորականներուն առաջին հաւաքէն ետք, յաջորդաբար առցանց հանդիպումներ տեղի ունեցան: Նորին Ս. Օծութիւնը յայտնեց, որ նման հանդիպումներ պիտի շարունակուին՝ համախմբելու աշխարհասփիւռ հայորդիները Սփիւռքը վերակազմակերպելու կարելիութեանց եւ գործընթացքին շուրջ: Սփիւռքի մէջ հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին խօսելով, Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ հարցադրումները կատարեց՝ ներկայ տագնապալից իրավիճակին մէջ ո՞ւր կը գտնուի սփիւռքահայութիւնը, ի՞նչ են այդ դժուարութիւնները յաղթահարելու միջոցները, դէպի ո՞ւր կ’ուղղուինք այսօր, ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ: Հայրապետը շարունակելով հարցադրումներու շարքը, յայտնեց, թէ նման հանդիպումները մտաւորականներու, երիտասարդներու, մասնագէտներուն հետ անհրաժեշտ են որ շարունակուին, որովհետեւ բոլորին մօտ այլեւս խոր համոզում դարձած է, թէ Սփիւռքի վերակազմակերպումը անյետաձգելի հրամայական է: Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք մտաւորականներուն կողմէ հարցումներ ուղղուեցան եւ առաջարկներ կատարուեցան:

 

բ) Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի հատորը: Անցնող երկու տարիներուն համաշխարհային եւ լիբանանեան ծանր պայմանները արգելք հանդիսացան նշելու Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակը։ Սակայն, պայմաններուն նպաստաւոր եղանակը առիթ ընծայեց լոյս բերելու Նորին Սրբութեան արծաթեայ յոբելինականին նուիրուած աշխատասիրութիւնը, որ կը ներկայացնէ անոր 25 տարուան հովուապետական ծառայութեան զանազան երեսներն ու հանգրուանները: Հատորը կը բովանդակէ 52 գրիչներու՝ եկեղեցականներու, միջ-եկեղեցական եւ միջ-կրօնական մարզի մէջ պատասխանատուներու, ակադեմիկոսներու, պետական եւ ազգային երեսփոխաններու, գիտական եւ գրական տարբեր ամպիոններու պատասխանատուներու, համալսարանի դասախօսներու, հայկական գաղութներու մէջ գործունեայ դէմքերու, հասարակական գործիչներու, ի շարս այլոց յօդուածները:

 

Հատորը ներկայացուց Ազդակ օրաթերթի խմբագրապետ Շահան Գանտահարեան: Ան ներկայացման ընթացքին կարեւորութեամբ անդրադարձաւ, թէ՝ «ո՛չ սոսկ Անձի գործունէութեամբ, ոչ այս պարագային միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսութեան բազմաճիւղ գործունէութեամբ կը սահմանափակուի հատորին բովանդակութիւնը, այլ կը տարածուի համասփիւռքեան հարթութեան վրայ։ Այս դիտանկիւնէն ընթերցում կատարողը պիտի նկատէ անպայման, որ գործադաշտի մը կը վերաբերի այս ներկայացումը, որ ներառած է Սփիւռքին առընթեր, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները եւս։

 

Իսկ այս առումով հատորի բովանդակութեան ծանօթացողը շատ արագ կը համոզուի որ գործ ունի ոչ թէ յոբելինական սովորական հատորի, այլ կարեւորագոյն ժամանակահատուածի մեր համազգային խնդիրներու վերաբերող ուղի բացող մտածումներու, քայլերու հետ»։

 

 

գ) Տէր Զօր պատմական այցելութիւն: Վեհափառ Հայրապետին Տէր Զօր այցելութիւնը չի՛ նմանիր այլ հովուապետական այցելութիւններու: Անիկա բնականոն պայմաններու մէջ տեղի չունեցաւ՝ փաստօրէն արկածախնդրութիւն մըն էր, նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ տիրող ապահովական պայմանները: Նորին Սրբութեան Տէր Զօր այցելութիւնը մանրամասն ներկայացուց Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ՝ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ փոխանցեց իր տպաւորութիւնները՝ ականատեսի վկայութեամբ: Ան գլխաւոր կէտերու մէջ ներկայացուց նախ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ-Ասատին հետ Հայրապետին եւ ընկերակցող պատուիրակութեան հանդիպումը, որուն ընթացքին նախագահը ընդգծած է Սուրիոյ զարգացման ու ծաղկման մէջ տեղւոյն հայ համայնքին կարեւոր ներդրումը  եւ շեշտած, թէ Սուրիահայութիւնը, որ երկրին կարեւոր մէկ մասնիկը կը նկատուի, պէտք է կառչած մնայ Սուրիոյ։

 

Ապա, Բագրատունին յուզումով շեշտեց, որ՝ հակառակ ապահովական անորոշ պայմաններուն, Նորին Սրբութիւնը հաւատքի քաջութիւնը ունեցած է այցելելու փաստօրէն ամբողջութեամբ քանդուած Տէր Զօր քաղաքը եւ յատկապէս՝ Նահատակաց եկեղեցին ու համալիրը: Յ. Բագրատունին յայտնեց, թէ ամբողջ յուշահամալիրը քանդուած է՝ ենթարկուած ըլլալով մասնագիտական ականակոծումի: Իր խօսքը աւարտելով, ան ընդգծեց, որ, Սուրիոյ սահմանէն սկսեալ մինչեւ Դամասկոս, Տէր Զօր ու վերադարձ, Նորին Սրբութիւնը արժանացաւ բարձր պատիւի, որ ընդհանրապէս կը կատարուի նախագահի մը այցելութեան:

 

Հայրապետը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վերաշեշտեց ներկաներուն, թէ Տէր Զօրի յուշահամալիրը պիտի վերաշինենք համազգային մաշտապով եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանաւորութեամբ:

 

Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան 25-ամեակի հատորէն օրինակներ տրամադրուեցան ներկաներուն: