12 August, 2022

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԻՐ ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽԱՆՑԵՑ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին եւ Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտի օրուան առիթով, 8-12 Օգոստոս 2022-ի առաւօտները, Պիքֆայայի մէջ տեղի ունեցան հոգեւոր խորհրդածութեան պահեր եւ քարոզախօսութիւններ։

 

Այս առիթով, Ուրբաթ, 12 Օգոստոսին, Վեհափառ Հայրապետը հանդիպեցաւ մեր ուխտաւոր ժողովուրդի զաւակներուն հետ եւ իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց։ Այս առիթով, Նորին Ս. Օծութիւնը ընդգծեց Աստուածամօր առաքելութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով անոր կեանքէն ժայթքող առաքինութիւնները։

 

Ապա, Հայ Համայնքի Ընկերային Ծառայողներու Միութեան վարչութիւնը յուշանուէր մը յանձնեց Հայրապետին՝ առ ի երախտագիտութիւն անցնող տարիներու ընթացքին յիշեալ ոլորտին մէջ Վեհափառ Հայրապետին ցուցաբերած նիւթաբարոյական նեցուկին եւ աջակցութեան իբրեւ արտայայտութիւն։

 

Նշենք, որ արարողութեանց աւարտին, գլխաւորութեամբ Ս. Աստուածածին Վանքի վանահայր Գերպ. Տ. Շնորհք Ծ. Վրդ. Աշըգեանի, կատարուեցաւ աղի ու խունկի օրհնութեան կարգ։