Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Հինգշաբթի, 30 Յունիս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։   Շուրջ երկու ժամ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեանց եւ կարգ մը գաղութներու առնչուած հարցեր, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն իրագործուելիք շարք մը ծրագիներ։

ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆ՝ ԱՆՑԵԱԼԻ ՀԱՒԱՏՔ, ՆԵՐԿԱՅԻ ՊԱՏԳԱՄ ԵՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՏԵՍԻԼՔ

Մասնակի ակնարկութիւններով ու ընդարձակ բացատրութիւններով օծման անուշաբոյր իւղին՝ երկնաբոյր Միւռոնին, նախագործածութեան ձեւն ու պատրաստութեան մանրամասնութիւնները կը տեսնենք Հին Կտակարանի էջերուն մէջ: Սակայն, քայլ մը աւելի խորանալով, զայն կը գտնենք Հօր Աստուծոյ ստեղծագործ Խօսքին մէջ, երբ Ան կ’արարչագործէ լոյսը, որ ընդմիշտ բարի եւ սուրբ է: Ահաւասիկ սրբալոյս Միւռոնին նախապատկերը ստեղծագործութեան պատմութեան մէջ: Հոն, տեսանելի ու շօշափելի…

ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆԻՇ Է

Կամօքն Աստուծոյ, 1 Յուլիս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սրբազնագոյն Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ կանոնական աղօթքով եւ մեր հաւատոյ հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Ս. Աջով եւ այլ սուրբերու մասունքներով կաթողիկոսարանի մայրավանքին մէջ պիտի կատարէ սրբալոյս միւռոնի օրհնութիւնը։ Միւռոնը ձիթաիւղի եւ դափնիի իւղի հետ միախառնուած անուշաբոյր բոյսերով պատրաստուած իւղ է, որ կը գործածուի սրբագործելու եւ…