ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ 11-ՐԴ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

 

Եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը եւ տուեալ ժամանակաշրջանի դժուարութիւններն ու տագնապները դիմագրաւելու եւ քննարկելու յարմար միջավայր մը ստեղծելու նպատակով 1948-ին հիմնադրուած Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ) 11-րդ համաժողովը սկիզբ պիտի առնէ Չորեքշաբթի, 31 Օգոստոս 2022-ին, Գերմանիոյ Քարլսրու քաղաքին մէջ:

 

7 տարին անգամ մը գումարուող համաժողովին կը մասնակցին աշխարհի զանազան շրջաններէն Խորհուրդի աւելի քան 300 անդամ եկեղեցիներ՝ իւրաքանչիւրը իր աշխարհագրական ներկայութեան եւ թուային պատկերին համաձայն:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1962 թուականէն ի վեր Ե.Հ.Խ.ի գործօն անդամներէն մէկը եղած է: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը երկու ընտրաշրջան (1991-1998-2005) Խորհուրդին Կեդրոնական ու Գործադիր վարչութեանց ատենապետութիւնը վարած է։

 

Ե.Հ.Խ.ի 11-րդ համաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն.-

 

Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան

Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան

Գերշ. Տ. Գեղամ. Արք. Խաչերեան

Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեան

Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան

Փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան

Սեդա Խըտըշեան

Դոկտ. Նորա Գապագեան-Պայրագտարեան

Վանա Կիտցինեան

Թամար Գանարեան

Արազ Գոճայեան