Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ (2022)
«ԹՈՂ ՍՐԲԱԼՈՅՍ ՄԻՒՌՈՆԸ ՀԱՄԱԽՄԲԷ ՄԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ՝ ՄԷԿ ԱԶԳԻ ՈՒ ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՇՈՒՐՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետ Սոյն գրութիւնը խտացումն է Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեան առթիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, Ուրբաթ, 1 Յուլիս 2022-ին։ Սա խորհրդալից պահուն, Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութեամբ պայծառակերպուած Անթիլիասի Մայրավանքէն կ’ողջունեմ մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները…