15 April, 2022

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԹԱՂՄԱՆ ԿԱՐԳԸ ՄԵԾԱՇՈՒՔ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱՏԱՐՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ԵԿԷՔ, ԹԱՂԵՆՔ ՄԵՐ ՄԵՂՔԵՐԸ ԵՒ ՄՕՏԵՆԱՆՔ ԱՍՏՈՒԾՈՅ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏ

 

Աւագ Ուրբաթ, 15 Ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, բազմաթիւ ուխտաւորներ Անթիլիասի Մայրավանք գալով ծաղիկներ ընծայեցին եկեղեցւոյ դասին մէջ զետեղուած Յիսուսի դագաղին, իսկ երեկոյեան՝ միացան դարերու ընթացքին մեր հայրերէն մեզի հասած յուզումնախառն շարականներով, մեղեդիներով եւ աղօթքներով շաղախուած Թաղման Կարգին, որուն կը նախագահէր Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

 

Արարողութեան ընթացքին, Նորին Ս. Օծութիւնը փոխանցեց օրուան պատգամը։ Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալներուն վերյիշեցուց Աւագ Ուրբաթ օրուան խորհուրդը՝ վկայակոչելով Պետրոս առաքեալի ընդհանրական առաջին թուղթին մէջ նորադարձ քրիստոնեաներու ուղղած խօսքը, ուր կ՚ըսէ անոնց, որ Աստուծոյ Որդին մեղաւորներուս համար չարչարուեցաւ եւ խաչուեցաւ, որպէսզի մեզ Աստուծոյ մօտեցնէ։ Հայրապետը ըսաւ, որ Առաքեալի խօսքին մէջ խտացած է ո՛չ միայն Քրիստոսի չարչարանքին ու թաղման իմաստը, այլ նաեւ՝ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացման խորհուրդը։ Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած էր նպատակի մը համար։ Պատահական չէր Անոր էջքը երկինքէն երկիր։ Ան եկած էր աշխարհ, որպէսզի մեղքին մէջ խրուած, Աստուծմէ հեռացած մարդը մօտեցնէ Աստուծոյ եւ մարդուն ցոյց տայ փրկութեան ճանապարհը։ Վեհափառ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ Աստուած մարդը Իր պատկերին համաձայն ստեղծած եւ անոր բանականութիւն տուած էր, որպէսզի ան այս աշխարհին վրայ շարունակէ Իր գործը՝ առաւել հարստացնելով զայն, այնուամենայնիւ հսկայ պատասխանատուութեան կոչուած մարդը մերժեց Աստուծոյ կողմէ իրեն տրուած երկնային շնորհքը եւ իր կեանքը դարձուց մարդակեդրոն։ Հայրապետը պատգամին մէջ շեշտեց, որ Աստուած սիրեց մարդը ու բնաւ չհեռացաւ անկէ, այլ միշտ փորձեց մարդուն մօտենալ, ուստի Իր Որդին ղրկեց, որպէսզի մարդը վերադարձնէ Աստուծոյ. Առաքեալին բառերով՝ հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ։ Քրիստոս Իր արիւնը թափեց, որպէսզի մարդը մօտեցնէ, հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ. ահաւասիկ Քրիստոսի առաքելութեան նպատակը, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը՝ աւելցնելով, որ մարդկային պատմութեան մէջ մեծ իրագործումները կը կատարուին հաւատքով, նուիրումով, պայքարով, խաչով, նոյնիսկ՝ արիւնով ու նահատակութեամբ։

 

Նորին Ս. Օծութիւնը իր պատգամին մէջ երկու կարեւոր շեշտադրումներ կատարելով յորդորեց հաւատացեալները թաղելու իրենց մեղքերը եւ ապա վերադառնալու Աստուծոյ։ Ան ըսաւ, որ Քրիստոս Իր արիւնով եւ խաչով մեր առջեւ բացաւ փրկութեան տանող ճամբան եւ այդ ճամբէն մենք կոչուած ենք քալելու։ Փրկութեան տանող ճաբան դիւրին եւ ծաղկաւէտ ճամբայ չէ, իսկ մենք՝ անկատարներս, մեղանչական բնութիւն ունինք եւ պէտք է գիտակցինք, թէ մեղքեր կը գործենք, եւ այսօր, Քրիստոսի թաղման օրը, առիթ է բոլորիս համար, մեր մեղքերը Քրիստոսի գերեզմանին մէջ թաղելու, եզրափակեց Հայրապետը իր պատգամը։

 

Արարողութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դարաւոր գանձերուն մաս կազմող եւ Քրիստոսի Խաչափայտի մասունքը կրող գեղարդաձեւ խաչով օրհնեց հաւատացեալ ժողովուրդը, որմէ ետք հաւատացեալներ խոնարհեցան Քրիստոսի գերեզմանին առջեւ եւ զայն զարդարող ծաղիկներէն առնելով տարին իրենց տուները՝ իբրեւ օրհնութիւն։