Փարալիմնիի (Կիպրոս) մէջ Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2022-ին սկիզբ առաւ ուղղափառ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու համագումարը։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդին (Ե.Հ.Խ.) որդեգրած աւանդութեան համաձայն, եօթը տարին անգամ մը գումարուող Խորհուրդին համաժողովէն առաջ կը կազմակերպուի ուղղափառ եկեղեցիներու պատուիրակներու մասնակցութեամբ յատուկ համագումար մը՝ համաժողովին քննարկելիք նիւթերուն շուրջ ուղղափառ եկեղեցիներուն տեսակէտը պարզելու համար։
Սեպտեմբեր 2022-ին Գերմանիոյ մէջ կայանալիք Ե.Հ.Խ.ի համաժողովին օրակարգի հարցերու քննարկման նուիրուած է Փարալիմնիի ուղղափառներու յիշեալ համագումարը, որուն կը մասնակցին թէ՛ Արեւելեան ուղղափառ ոչ-քաղկեդոնական եւ թէ՛ ուղղափառ քաղկեդոնական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնք միաժամանակ մաս կը կազմեն իրենց եկեղեցիներու համաժողովի պատուիրակութեանց։
Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յիշեալ համագումարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։