ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԵԿՆԱՐԿԵՑ ԻՐ 2024-2025 ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ-ԿՐԹԱԿԱՆ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԸ
Ամէն տարի, աւանդութեան համաձայն, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը կը մեկնարկէ իր ուսումնական-կրթական տարեշրջանը։ Վերամուտի առիթով կը մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Դպրեվանքի տեսուչին ձեռամբ, եւ կը կատարուի հանդիսաւոր բացման հանդիսութիւն՝ սաներուն կազմակերպութեամբ ու կատարողութեամբ։ Առ այդ, Երկուշաբթի, 14 Հոկտեմբեր 2024-ին, օրհնութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Դպրեվանքի Բրաբիոն…