Շաբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2022-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ներկայութեամբ Կաթողիկոսարանի Նարեկացի մանկապատանեկական երգչախումբը նշեց իր հիմնադրութեան 5-րդ տարեդարձը: Հանդիսութեան ներկայ էին երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեան, վարչութեան անդամները, խնամակալութիւնն ու երգչախումբի անդամներուն ծնողները:
Հանդիսութեան սկիզբը երգչախումբի անդամներէն երկու պատանիներ արտասանեցին բացման խօսք, ուր յայտնեցին երգչախումբի առաքելութեան նպատակը եւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ հինգ տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած յաջողութիւնները: Ապա, երգչախումբի անդամները հակիրճ յայտագիրով մը ներկայացուցին Ս. Պատարագի երգեցողութենէն հատուածներ եւ Բարսեղ Կանաչեանի կտորներէն պատառիկներ:
Հանդիսութեան աւարտին, Նորին Ս. Օծութիւնը իր հայրական խօսքին մէջ իր ուրախութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեց երգչախումբին, խմբավար հայր սուրբին, վարչութեան, խնամակալութեան եւ յատկապէս անդամներու ծնողներուն: Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ անհրաժեշտ է զանազան միջոցներով մեր ժողովուրդին մշակութային արժէքները պահպանել, ծաղկեցնել ու տարածել: