17 August, 2022

ԱՐԺԱՆԹԻՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 17 Օգոստոս 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Արժանթինի դեսպան Մորիսիօ Ալիսին: Այցելութեան հիմնական նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնապէս յանձնել Diálogos Fraternos հատորը:

 

Յայտնենք, որ ամիսներ առաջ Արժանթինի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ յիշեալ հատորը պատրաստուած էր, ուր ներառուած էին զանազան կրօններու պատկանող կարեւոր դէմքերու յօդուածները: Նորին Ս. Օծութիւնը ընդառաջելով պատասխանատուներու խնդրանքին, իր նպաստը բերած էր յիշեալ հատորին: Հատորին հրատարակութեան տուն տուող պատճառը Ֆրանսիս Պապին Fratelli Tutti կոնդակն էր, ուր Սրբազան Քահանայապետը կոչ կ՚ուղղէր կրօններու միջեւ փոխադարձ հանդուրժողութեան ու գործակցութեան:

 

Դեսպանին այցելութիւնը նաեւ առիթ հանդիսացաւ, որ անդրադարձ կատարուի Լիբանանը դիմագրաւող խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ Արժանթինի հայութեան: